İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ. «ԿԻԶԱԿԷՏԸ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՆ Է»

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի լիբանանահայութեան ուղղուած ծրագիրներու պատասխանատու՝ Գայիանէ Մածունեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

-Պէյրութի աղէտարար պայթումէն ետք ստորագրեցիք յօդուած մը, որուն միջոցաւ իրավիճակին մասին խօսելէ բացի, որոշ դառնութեամբ մը արտայայտուած էիք, մանաւանդ անոնց մասին, որոնք կ՚ըսեն, թէ լիբանանահայ գաղութը «վերջացած» է… ի՞նչ է այս դառնութեան պատճառը։

-Այո՛, ես գրառում մը հրապարակած էի «ֆէյսպուք»ի իմ էջիս վրայ, որ այլ հարթակներու վրայ ալ տարածուեցաւ։ Գրառումիս դրդապատճառը այն պոռթկումն էր, որ կարծես աւարտն էր երկար ամիսներ շարունակուող տարբեր մակարդակի ցնցումներու: Իմ արտայայտածը աւելի շատ զգացմունքային պոռթկում մըն էր, քան՝ դատողական կամ վերլուծական: Բարկութեան զգացում մը՝ Լիբանանի գաղութին «մահը» գուշակող կոչերուն հանդէպ, որովհետեւ ես Լիբանան ծնած եմ, իմ ինքնութիւնս արդիւնքն է առաւելաբար Լիբանանի հայ գաղութին. երբ շատեր կեանքի եւ մահուան լուրջ պայքար կը տանին, այսպիսի կոչեր բնականաբար ընդունելի պիտի չըլլան: Անշուշտ ապագան ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէս պիտի ընթանան զարգացումները, հետեւաբար, ո՛չ պիտի ըսեմ, որ լիբանանահայ գաղութը յաւերժ պիտի ապրի, ո՛չ ալ պիտի ըսեմ, որ լիբանանահայ գաղութը այսօր մահուան ճանապարհին է:

-Գիտենք, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ընդհանուր աշխարհագրութիւնը միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ չի պարփակուիր, այլ տարածուած է աշխարհով մէկ: Սակայն վերջին շրջանին «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Լիբանանին հանդէպ. այդ մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։

-Անոնք, որոնք տակաւին ծանօթ չեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի գործունէութեան, ապա պարտիմ նշել, որ հիմնարկը որդեգրեց արեւմտահայերէնը, որպէս իր գործունէութեան գլխաւոր առանցք: Բոլոր ծրագիրները, որոնք այսօր կը հովանաւորուին հիմնարկին կողմէ, զանոնք միաւորող տարրը արեւմտահայերէնն է: Յայտնի իրողութիւն է, որ Լիբանանի հայ գաղութը, հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի «բնական տուն»ը, ուր մարդիկ կը ծնին արեւմտահայերէն խօսելով եւ դպրոց կ՚երթան արդէն արեւմտահայերէն գիտնալով: Ճիշդ է, որ միակ գաղութը չէ, որ նման պայմաններով կ՚ապրի, սակայն Լիբանանը տակաւին այն վայրն է, ուր կարելի է գործունէութիւն ծաւալել, ի տարբերութիւն այլ գաղութներու՝ ինչպէս Սուրիոյ կամ Պոլսոյ, ուր տարբեր դժուարութիւններ առկայ են նման ծրագիրներ մշակելու համար: Հետեւաբար, հիմնարկութիւնը յատուկ ռազմավարութիւն մշակեց Լիբանանի համար, ուր հինգ հիմնական տարբեր ուղղութիւններով կը միտին արեւմտահայերէնի զարգացման, տարբեր ոլորտներու մէջ:

-Նկատելի է, որ մասնաւորապէս «Քովիտ»ի համաճարակի ժամանակաշրջանին, այսինքն առնուազն անցնող վեց ամիսներու ընթացքին, հիմնարկութիւնը շատ ճկուն ձեւով շրջանառութեան մէջ դրաւ այնպիսի ծրագիրներ, որոնց հիմքը արեւմտահայերէնը կենդանի պահելն էր, անոր հանդէպ հետաքրքրութիւն ստեղծելը, մատչելի դարձնելն ու խթանելն էր: Ի՞նչ էին այն ծրագիրները եւ ինչքանո՞վ հասան իրենց նպատակին:

-«Քովիտ»ի ընթացքին հիմնարկը նաեւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրեց թէ՛ Հայաստանին եւ թէ Լիբանանին: Բայց քանի որ հիմնարկը շատոնց դուրս ելած է միայն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրողի դերէն, երկու ծրագիրներ մշակուեցան, առաջինը՝ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու առցանց ուսուցումի օրինակները քաջալերելու համար էր, ուր ունեցանք 106 դիմումներ, եւ տուինք 49 մրցանակ: Իսկ երկրորդը՝ «Խօսք առ» անունով մրցանակ մըն էր, ուղղուած աւելի լայն հասարակութեան, որուն նպատակն էր խթանել արեւմտահայերէնով ստեղծագործելը, ժամանակակից եւ մեզի հետաքրքրող նիւթերու մասին: Արդիւնքը եղաւ այն, որ «Խօսք առ» մրցանակին մենք ունեցանք 160-է աւելի դիմողներ 8-83 տարեկան, աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Մրցանակներ տուինք Հայաստանէն՝ 25, իսկ սփիւռքէն 35 մասնակիցներու: Երկու ծրագիրներն ալ դրական շարժ մը ստեղծեցին: Այսօր Լիբանանի մէջ արտակարգ իրավիճակը կը շարունակուի տակաւին, մօտ օրէն վերամուտ է եւ դպրոցները, ինչպէս բոլոր հաստատութիւնները, շուարած կը սպասեն կառավարութեան կողմէ տարեշրջանը սկսելու թուականի եւ դասաւանդման ձեւաչափի որոշման: Մենք որոշեցինք շատ արագ ձեւով ցուցակ մը կազմել, առցանց գտնուող արեւմտահայերէն նիւթերու՝ զանազան թեմաներով, որոնք տրամադրելի եղան բոլորին, այնտեղ ուսուցիչներն ալ կրնան գտնել նիւթեր եւ իրենց դատողութեամբ ընտրել ինչ որ նպատակայարմար է, կը գտնեն: Այս ընթացքին, նաեւ կապ պահեցինք մրցանակակիրներուն հետ եւ անոնցմէ խնդրեցինք, որ իրենց նիւթերը տրամադրեն մեզի, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին տրամադրենք ուսուցիչներուն: Համոզուած ենք, որ այսպիսի թարմ եւ արեւմտահայերէնով պատրաստուած նիւթերու շնորհիւ անոնք պիտի կարողանան իրենց ուսուցումը դարձնել աւելի հետաքրքրական ու աշխոյժ:

-Ձեր նշած ծրագիրները արդեօք շարունակական պիտի ըլլա՞ն «Քովիտ»էն ետք կամ թէ այլ ոլորտ պիտի մտնէ՞ք: Յստակ ռազմավարութիւն մը կա՞յ այս առումով։

-Ոգեւորութիւնը այնքան մեծ էր, որ մեզի համար դիւրիւն պիտի չըլլայ մոռնալ այս ծրագիրները: Կրնայ ըլլալ, որ յաջորդ տարի, նոյն ձեւաչափով կամ տարբեր ձեւաչափերով կրկին փորձենք, առիթ տալով աւելի մեծ թիւով մարդոց ստեղծագործելու՝ արեւմտահայերէնով:

-Անոնք որոնք արեւմտահայերէնի մէջ կ՚ապրին, այդ աւազանին մէջ կը լողան, շատ լաւ նկատեցին, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ նոր համայնք մը, որ կարելի է կոչել «հարենադարձներու համայնք», որուն համար էական խնդիր է ունենալ արեւմտահայերէն լեզուով կամ թեքումով դպրոց, որ տակաւին կը մնայ մեծ երազ. արդեօք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն ներս երբեւէ այս նիւթը շօշափուա՞ծ է: Առհասարակ դուք ի՞նչ կը մտածէք այդ ուղղութեամբ:

-Նախքան այս նիւթին շուրջ արտայայտուիլը, պէտք է յիշենք, որ սփիւռքի մէջ մեր բոլոր դպրոցները կը պատկանին մասնաւոր ոլորտին (private sector): Իսկ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն լեզուով դպրոց մը բանալը, պէտք չէ նոյն ձեւաչափով՝ մասնաւոր դպրոց ըլլայ: Քանի որ այստեղ խօսքը հայրենի հողին վրայ իրականցուելիք ծրագրի մասին է, ուր արեւմտահայերէնի խնդիրը պէտք է դառնայ պետութեան առաջնահերթութիւններէն մին. այս մէկը երբեք միակողմանի հարց մը չէ, այստեղ չկայ պահանջող եւ տրամադրող, այլ միասնական աշխատանքի մասին է խօսքը, ու ապագային ալ այս խնդրին առընչուող բոլոր գործողութիւնները պէտք է կատարուին միայն միասնական մօտեցումով ու ծրագրով։

-Կարեւոր կէտով յիշեցիք նաեւ Հայաստանի ձեր գործունէութեան մասին, այդ առումով ի՞նչ ծրագիրներ կան:

-«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան յաճախ խօսած է այս նիւթերուն մասին եւ վստահ եմ, որ նման տարողունակ հարցի մը ամբողջական պատասխանը միայն ան կրնայ տալ։ Սակայն, նշելու համար կարգ մը կէտեր, ըսեմ, որ մասնաւորապէս Լիբանանի պայթումէն ետք լիբանանահայերու դէպի Հայաստան սպասուած հոսքին եւ անոնց հետ կապուած ապագայ ծրագիրներուն մէջ, մեծ տեղ ունի արեւմտահայերէնի զարգացման շուրջ եղող ծրագիրները: Այսօր տակաւին կեանքի կոչուած ծրագիր մը գոյութիւն չունի, բայց կը կարծեմ, որ երբ հնարաւոր ըլլայ հաւաքել այդ երիտասարդ ուժերը, որոնք այսօր Հայաստան կու գան նոր կեանքի մը սկսելու այնտեղ, կարելի կ՚ըլլայ անոնց մասնակցութեամբ ինչ որ հիմք մը ստեղծել: Արեւմտահայերէնը, ինչպէս Լիբանանի մէջ, Հայաստանի մէջ եւս պէտք է դարձնել մեր առօրեայի լեզուն, այսինքն այդ արեւմտահայերէնի մթնոլորտով առօրեան պէտք է ստեղծել, որ միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ միատարր դառնայ: Այսինքն, եթէ սփիւռքի մէջ մենք միշտ հայերէն լեզուն դիտարկած ենք որպէս՝ արեւմտահայերէնը ընդդէմ անգլերէնի, կամ ընդդէմ արաբերէնի, կը կարծեմ, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ այդ նոյն խնդիրը ստեղծենք, այսինքն՝ արեւմտահայերէնը ընդդէմ արեւելահայերէնի, որովհետեւ նոյն լեզուին մասին է խօսքը: Անշուշտ լեզուի համակարգող կոմիտէները, լեզուաբանները ուրիշ խնդիրներ կ՚արծարծեն, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի լեզուն հասարակութեան մէջ մատչելի դարձնելուն, կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր անհատ դեր մ՚ունի, երբ ան կ՚որոշէ տեղափոխուիլ Հայաստան, պէտք չէ մոռնայ իր ով ըլլալը, իր ինքնութիւնը, հասկնալով, որ իր լեզուն այդ ինքնութեան կարեւոր մէկ մասնիկն է: Կը կարծեմ, որ եկող ամիսներուն կամ եկող տարուան ընթացքին, երբ կառավարութիւնը կը սկսի աւելի յստակ ծրագիրներ ունենալ սփիւռքահայերու Հայաստանի մէջ համարկման (integration) հետ կապուած, այդ ժամանակ արեւմտահայերէն լեզուն ալ կամաց-կամաց իր ուրոյն եւ արժանի տեղն ու դերը կ՚ունենայ հայրենիքի մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın