İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵԼԻՆԷ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է համայնքային շրջանակներու այնքան համակրելի դէմքերէն Մելինէ Ենիեորկան։ Բօթը շաբաթավերջին իսկապէս մեծ ցաւ յառաջացուց, որովհետեւ Մելինէ Ենիեորկան մեր համայնքի շատ սիրելի դէմքերէն մին էր, կը վայելէր համատարած յարգանք եւ համակրանք։

Նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկան ծնած էր Ենիգիւղի մէջ։ Նախակրթարանի տարիներուն յաճախած էր Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը։ Աւելի վերջ աւարտած էր Էսաեան վարժարանը, որու որպէս հպարտ սանը մնացած էր կեանքի մինչեւ վերջը։ Ուսումը աւարտելէ վերջ նուիրուած էր կրթական ասպարէզի։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէ ներս ուսուցչագործած էր՝ ձեռք բերելով նուիրեալ կրթական մշակի համբաւ։ Եղած էր նաեւ նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհին։ Իր կուտակած փորձառութեամբ մաս կազմած էր նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան, ուր եւս անսակարկ ձեւով բերած էր իր նպաստը։

 Կրթական կեանքէ ներս իր ունեցած յանձնառութիւններուն առընթեր՝ Մելինէ Ենիեորկեան տասնամեակներ շարունակ վառ ներկայութիւն ունեցած էր պոլսահայ ընկերամշակութային  կեանքէն ներս։ Գեղարուեստական ձեռնարկներու նկատմամբ միշտ ցուցաբերած էր վառ հետաքրքրութիւն։ Դեր ստանձնած էր երբեմնի «Շան» թատերասրահէն ներս բեմադրուած «Լէպլէպիճի»ի ներկայացման մէջ։

Երկար տարիներ մաս կազմած էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի տիկնանց կազմին։

Մելինէ Ենիեորկան ընտանեկան ապրումներու հետամուտ անձնաւորութիւն մըն էր։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն եւ նախկին հոգաբարձուներէն տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանին հետ միացուցած էր իր կեանքը։ Այդ երջանիկ ամուսնութենէն լոյս աշխարհ եկած էին երկու զաւակներ, որոնք եւս այսօր մեր համայնքային կեանքէն ներս կը ծաւալեն օգտաշատ գործունէութիւն։ Մելինէ Ենիեորկան տիպար մայր մըն էր եւ իր այդ շունչով սնած էին երկու զաւակները։ Հաճելի զրուցակից մըն էր եւ իր դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ կը յաջողէր բոլորին սիրտը գրաւել։ Շատ հիւրասէր, կենցաղագէտ անձնաւորութիւն մըն էր։ Կեանքի վերջին տարիներուն իրեն համար անբացատրելի ուրախութիւն մը եղած էր թոռնիկին՝ փոքրիկն Լուսին Ենիեորկանի ներկայութիւնը։

Դժբախտաբար, Մելինէ Ենիեորկան վերջին տարիներուն կը տառապէր «Քոահ»է։ Այս հիւանդութիւնը լրջօրէն կ՚ազդէր իր կեանքի որակին վրայ, որովհետեւ շնչառութեան լուրջ դժուարութիւններ կ՚ունենար։ Իր հարազատներուն զօրակցութեամբ կը ջանար դիմագրաւել անհանգստութիւնը։ Թէեւ տարիքը այդքան ալ յառաջացած չէր, սակայն հիւանդութիւնը բաւական մաշեցուցած էր զինքը, առողջութիւնը դարձուցած՝ փխրուն։ Բոլորովին վերջերս արտասահմանի մէջ իր եղբօր անժամանակ մահն ալ ցնցած էր զինքը։ Այս իրավիճակին մէջ շաբաթ ան ունեցաւ հերթական տագնապը։ Շտապօգնութիւնը զինքը անմիջապէս հիւանդանոց հասցուց, սակայն բժիշկներու միջամտութիւնը անբաւարար մնաց իր կեանքը փրկելու համար։ Մելինէ Ենիեորկան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկանի ազնիւ հոգւոյն։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր ամուսնոյն՝ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանին, զաւակներուն՝ Լենա Ենիեորկանին, Արամ-Լենա Ենիեորկան ամոլին, թոռնիկին՝ փոքրիկն Լուսին Ենիեորկանին եւ համայն պարագաներուն։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F7-09-2020-ոչ-եւս-է-մելինէ-ենիեորկան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın