İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ՍՐԲԱԳՐԵԼ ՍԽԱԼԸ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ԴԱՍԱՆԻՒԹԻ ԱՒԱՆԴՈՒՄԸ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Է»

«Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը կրթական դասացուցակէն հեռացնելու խնդիրը կը շարունակէ մնալ ազգային-եկեղեցական շրջանակներու ուշադրութեան առարկայ։ Մասնաւորապէս սփիւռքի զանազան հայկական գաղութներու մէջ, ուր նոյնիսկ տիրող պետական կրօնը իսլամութիւնն է, հայ աշակերտներ կը շարունակեն ստանալ կրօնական ուսմունք եւ կը ծանօթանան մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ կեանքին ագուցուած ամենահիմնական կառոյցին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութեան։

Հայաստանի անկախացումէն ի վեր եւ շնորհիւ Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկոսական Սուրբ գահը լուսաւոր պահող կաթողիկոսներու օրհնաբեր ճիգերուն եւ խորհուրդներուն, կարելի եղաւ ստեղծել եւ կերտել քրիստոնէական դաստիարակութեան ամբողջական համակարգ մը։ Իսկ վերջին տարիներուն շնորհիւ Սուրբ Էջմիածնի շնորհազարդ գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի ճիգերուն, մեր եկեղեցիին յաջողուեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը հաստատել, ներառել եւ իբրեւ դասացուցակի մաս ընդգրկել Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ։ Սակայն անհասկնալի եւ ոչ-հիմնաւորեալ մօտեցումներով՝ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները նպատակայարմար գտան կրթական դասացուցակէն հանել այդ դասանիւթը եւ խնդրի վերաբերեալ առկայ քննարկումներուն ու բողոքներուն դիմաց խուլ ձեւանալ։

Ինչո՞ւ կարեւոր է «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը եւ ինչքանո՞վ վնասակար է այդ դասանիւթը կրթական դասացուցակէն հանելու որոշումը։ Այս մասին զրոյց մը ունեցայ Թեհրանի հայոց պատմական թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին հետ։

*

-Սրբազան Հայր Հայաստանի Կրթութեան նախարարութիւնը որոշում առաւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը հանել կրթական համակարգէն: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս քայլը: Դասանիւթի հանման հետ կապուած ի՞նչ են ձեր մտահոգութիւնները:

-Պետութիւնները իրենց կրթական համակարգի ծրագիրը պատրաստած ժամանակ, վստահաբար, նկատի կ՚առնեն իրենց ժողովուրդի կեանքը իր ամբողջութեան մէջ, նաեւ զարգացած երկիրներու ուսումնական-կրթական ծրագիրները, ոչ անպայմանօրէն անոնց նմանելու, այլ գլխաւորաբար ազգային իր ծրագիրներու կողքին ունենալու համամարդկային, գիտական, ընկերային նիւթեր, որոնցմէ ինչ որ բան ներառելու իրենց ուսումնակրթական ծրագիրներուն մէջ։ Ի վերջոյ այսօրուայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր շրջապատին նկատմամբ եւ կամ կղզիացած ապրիլ ու գործել:

Անգլիա մեր ուսանողութեան տարիներուն, առիթ ունեցած եմ մօտէն ծանօթանալու ամէնօրեայ դպրոցներու ընդհանուր կրթական համակարգին եւ ակնարկ մը նետելու անոնց ուսումնադաստիարակչական ծրագիրին վրայ, հասկնալով, որ դպրոցներուն մէջ կ՚աւանդուի «Կրօնական դաստիարակութիւն» (Religious Education) բնաբանով նիւթ մը, որ կ՚ընդգրկէ աշխարհի մեծագոյն կրօններու ծագումն ու զարգացումը, գլխաւոր ուսուցումներն ու համառօտ պատմութիւնը: Իսկ համայնքային եւ մասնաւոր դպրոցներու մէջ կրօնը իր մանրամասնութեամբ կ՚աւանդուէր:

Հայաստանի վերանկախացման առաջին շրջանին, երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Վեհափառի հրաւէրով՝ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի Սուրբ Էջմիածին էի եւ մեր միաբանակից եղբայրներուն հետ կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ կրօնի ուսուցիչներու պատրաստութեամբ կը զբաղէինք: Խաչատուր Աբովեանի հետեւեալ խօսքը «Ազգը պահողը հաւատքն է ու լեզուն» դարձած էր լոզունգ այդ օրերուն:

Տարիներու ընթացքին հետզհետէ յառաջ եկաւ այն գաղափարը, ըստ որու դպրոցին մէջ կրօնի դասանիւթը պէտք է աւանդուի, ապա կրօնի դասը փոխարինուեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթով, որուն շնորհիւ ալ կանոնաւոր եւ պատրաստուած ուսուցիչներու կողմէ աւանդուելով, աշակերտը կը ծանօթանար Աստուածաշունչ մատեանին, Յիսուս Քրիստոսի կեանքին եւ ուսուցումներուն, ապա Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան։ Պատմութիւն մը, որ մեր ժողովուրդի անցեալի կեանքն է եւ որ իր մէջ կ՚ընդգրկէ ի միջի այլոց, մեր տօները, խորհուրդները եւ ինչու չէ նաեւ քրիստոնէական հոգեւոր-բարոյական արժէքները:

«Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը, մեր կարծիքով, աւելի արդիւնաւէտ եւ օգտակար կ՚ըլլայ, երբ իբրեւ առանձին նիւթ աւանդուի: Անկասկած հայոց պատմութիւնը իբրեւ գիտութիւն թերի կը մնայ առանց եկեղեցական պատմութեան:

Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւնը անքակտելի կերպով շաղախուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, այսինքն կեանքին հետ, եւ կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել: Սովետական իշխանութեան ընթացքին, հակառակ երկրին մէջ տիրող հակաեկեղեցական, հակակրօնական մթնոլորտին, պատմութեան դասախօսներ եւ պատմաբաններ չէին կրնար չանդրադառնալ հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան անուրանալի դերին ու դերակատարութեան: Ի վերջոյ կարելի՞ է արդեօք գտնել պատմական կարեւոր դէպք մը, շարժում մը եւ իրագործում մը, ուր եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը դերակատար եղած չըլլայ:

Ե. դարու մեր հայրերու կտակը իրենցմէ յետոյ եկող սերունդներու հետեւեալն է. «Քանզի հայր մեր զսուրբ Աւետարանն գիտեմք եւ մայր՝ Առաքելական եկեղեցին կաթողիկէ»: Քրիստոնէական մեր հաւատքը մեր մորթի գոյնի նման շաղախուած է մեր էութեան հետ եւ հետեւաբար հայոց եկեղեցին մեր ժողովուրդի «հաւատքի բերդն» է, որու իւրաքանչիւր քարին տակ գետնէն դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:

Մեր անձնական կարծիքն է, որ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթի աւանդումը օրհնութիւն է, որու կարիքը խիստ կերպով բոլորս ունինք: Այս դասանիւթի աւանդումով հայ աշակերտը հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ իր նախահայրերու կեանքին հետ, միւս կողմէ կ՚իմանայ իր եկեղեցւոյ դերը մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ մտաւոր ժառանգութեան մէջ, կ՚իմանայ, որ իր հայերէն գիրերը ստեղծողը եղած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը, կ՚իմանայ, որ մեր գրականութեան ռահվիրանները եղած են մեր հոգեւոր հայրերը: Որքան իմաստալից է Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի հետեւեալ հաստատումը. «Հայոց Պատմութիւն, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւն առարկաները պէտք է դպրոցներուն մէջ առանձին դասաւանդուին: Թէ՛ առաջինը, թէ՛ երկրորդը ազգային նկարագիր ձեւաւորելու առումով բացառիկ նշանակութիւն ունեցող առարկաներ են: Եթէ տարիներ շարունակ այդ կատարուած է եւ նպատակին ծառայած, կը կարծեմ նման առարկաներու կրճատումը կամ միաւորումը ճիշդ չէ»:

-Մայր Աթոռի կողմէ մինչեւ հիմա եղած մեկնաբանութիւնները եւ նման քայլի մը չերթալու յորդորները նկատի չառնուեցան պատկան մարմիններուն կողմէ, ձեր կարծիքով ի՞նչ է այս վիճակին հիմնական պատճառը:

-Նման առանցքային կարեւորութիւն ունեցող հարցերու բարւօք լուծման լաւագոյն միջոցը երկխօսութիւնն է, որ վստահաբար կողմերը պիտի հասցնէ փոխադարձ հասկացողութեան:

Մեր ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը վկայ եղած է այն ճշմարտութեան, որ եկեղեցին միշտ կողքին կանգնած է իր պետականութեան, առաւել եւս նախանձնախնդրօրէն հետապնդած՝ իր հայրենիքի ազատութիւնը: 22 մայիս, 1918 թուականին Սարտարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մէջ կռուող հայ զինուորը ներշնչողն ու զօրացնողը մեր եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջն ու հայ եկեղեցականութեան՝ գլխաւորութեամբ Գարեգին Եպիսկոպոսի (յետագայ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), մասնակցութիւնն էր:

-Սրբազան Հայր, դուք երկար տարիներէ ի վեր կը վարէք Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը, շփուած էք նաեւ իսլամական այլ երկիրներու հայկական գաղթօճախներուն հետ. այդ առումով եւ մասնաւորապէս կրօնական դասանիւթեր դասաւանդելու վերաբերեալ իսլամական աշխարհի մօտեցումները ինչպէ՞ս կը գնահատէք:

-52 տարի է, որ կը ծառայեմ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, եղած եմ Իրաք, Հալէպ, Լիբանան եւ Հայաստան ու դասաւանդած՝ վերոյիշեալ երկիրներու մէջ գործող հայոց վարժարաններուն մէջ տարրական (նախակրթարան), միջնակարգ եւ երկրորդական, աւանդելով հայոց լեզու, կրօն, հայ գրականութիւն: Արտասահմանեան մեր դըպ-րոցներուն մէջ կրօն, հայոց պատմութիւն եւ հայերէն լեզու աւանդուած են առանձնաբար:

Այստեղ՝ Թեհրանի մէջ նաեւ մեր բոլոր դպրոցներուն մէջ առանձնաբար կ՚աւանդուին կրօն, հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն: Մեզի համար վերոնշեալ նիւթերէն իւրաքանչիւրը սիւն մըն է մեր գոյութեան եւ հայրենասիրութեան: Չմոռնանք, որ իրական հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան ակունքները հայերէնաճանաչութեան, մեր պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան խորքին մէջն են:

-Ձեր խօսքէն պարզ կը դառնայ (կ՚ենթադրեմ, որ դրական պիտի խօսիք Իրանի մէջ կրօնի դասեր տալու վերաբերեալ իշխանութիւններու դրական մօտեցումներուն մասին), որ իսլամական աշխարհը յարգած է հայերուս կրօնի եւ խիղճի ազատութիւնը ու նաեւ առիթ տուած է, որ հայ պատանին ու երիտասարդը կարողանան դպրոցներու մէջ սորվիլ իրենց կրօնն ու եկեղեցւոյ պատմութիւնը: Այս բոլորը ի՞նչ պատգամ եւ թելադրութիւն ունին այսօրուան Հայաստանին:

-Հայ ժողովուրդը քրիստոնեայ առաջին ազգերէն եղած է, որ շատ վաղուց (եօթներորդ դարու կէսերէն սկսեալ) յարաբերութիւն եւ գործակցութիւն ունեցած է եւ ունի իսլամութեան եւ իսլամներու հետ։

Իրանի մէջ պատմութեան հին ժամանակներէն ի վեր հայութիւնը ապրած ու գործած է եւ իբրեւ քաղաքացի, մասնակից եղած է քաղաքական, մշակութային եւ նոյնիսկ զինուորական կեանքին: Այդ չի նշանակեր նաեւ, որ հայութիւնը դժուարութիւններ չէ ունեցած: Ուշագրաւ պարագայ մը եւս, որ Իրանն ու Հայաստանը հարեւան երկիրներ են եւ երկու ժողովուրդները կը պատկանին հնդեւրոպական ցեղախումբին եւ դարերով բարիդրացնութեամբ միասին եղած են:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները իրենց կեանքը կը տնօրինեն համաձայն իրենց եկեղեցւոյ կանոններուն եւ աւանդութիւններուն: Արդարեւ մենք ալ այդ տուեալներուն հիման վրայ, մեր դպրոցներուն մէջ առանձնաբար կ՚աւանդենք կրօն, հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն դասանիւթերը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/31-08-2020-տ-սեպուհ-արք-սարգիսեան-«պէտք-է-սրբագրել-սխալը-որովհետեւ-«հայ-եկեղեցւոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın