İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԱՔՐՈՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ» ԿԱՄ ԻՆՉՔԱՆՈՎ ՊԻՏԻ ՅԱՋՈՂԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ «ՓՐԿԵԼՈՒ» ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՓՈՐՁԵՐԸ

Պէյրութի պայթումէն անցած են գրեթէ երեք շաբաթներ։ Մինչ քաղաքի վիրաւոր շրջանները կը փորձեն ձեւով մը բուժել իրենց վէրքերը, անդին քաղաքական կարեւոր զարգացումներ կ՚արձանագրուին։ Լիբանանցիներուն համար, որոնք վերջին վեց ամիսներուն բողոքի զանազան միջոցներով իրենց ցասումը արտայայտեցին երկրի բոլոր մակարդակներու իշխանութեանց դէմ, գոյացած է կարեւոր եւ դրական շեշտերով նոր փուլ մը, որ կրնայ հաստատուիլ՝ նոր կառավարութեան մը կազմութեամբ։

Այս իրավիճակին մէջ է նաեւ, որ զանազան կողմեր եւ մասնաւորապէս երկրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առաջարկած է, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին դարձեալ վերստանձնէ այդ պատասխանատու պաշտօնը եւ այդ հիմքով ալ կազմուի քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայացնող «ազգային համերաշխութեան» կառավարութիւն մը, որուն մաս կազմեն նաեւ քաղաքացիական շարժումներու անդամ ներկայացուցիչներ։ Այս բոլորին առընթեր, լիբանանցիք «անհամբերութեամբ» կը սպասեն Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դարձեալ Պէյրութ այցելութեան, որ շատ հաւանաբար տեղի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին։

Ինչո՞ւ համար կարեւոր է Մաքրոնի այցելութիւնը. պարզապէս այն պատճառով, որ վերջին օրերուն խօսակցութիւններ շրջան կ՚ընեն, թէ Մաքրոն ունի յստակ ծրագիր մը, որ պիտի ունենայ նաեւ Թեհրանի նեցուկը, որուն հիմքով ալ շրջանային մակարդակի կարեւոր վերադասաւորումներ պիտի կազմուին։

«Հիզպուլլահ», որուն ներկայացուցիչները երկու տարբեր առիթներով հանդիպեցան Մաքրոնի հետ, առաջին անգամն է, որ Արեւմուտքի հովանաւորչութիւնը (մանտաթ) իր ձեռքին ունեցող պատասխանատուի մը հետ տեսակցեցան եւ շիի կուսակցութեան աղբիւրները դրական շեշտադրումներով խօսեցան այդ հանդիպումներուն մասին։

Միւս կողմէ, բազմաթիւ շրջանային վերլուծաբաններ այն կարծիքը յայտնած են, որ Մաքրոնի կողմէ շատ հաւանաբար գործադրութեան դրուելիք «համաձայնութեան ծրագրին» հիմնական կէտը պիտի ըլլայ վերադասաւորել «Հիզպուլլահ»ի դերը եւ առիթ տալ Թեհրանի նեցուկով գործող կազմակերպութեան, որպէսզի ան վերստին դասաւորէ իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ, բայց մանաւանդ Եմէնի մէջ։ Իբր այդ ալ ներքին ճակատին վրայ հեռու մնայ Պարսից կամ Արաբական ծոցի ու յատկապէս Սէուտական Արաբիան թիրախաւորելէ։

Ինչքանով «Հիզպուլլահ» պատրաստ է այս գործընթացին, տակաւին պարզ չէ, սակայն աւելի քան պարզ է, որ նման համաձայնութեան մը պարագային բազում առումներով նեղ կացութեան մատնուած կուսակցութիւնը կարեւոր առիթ մը պիտի ունենայ ինչ-որ տեղ արդարացման նոր փուլ մը մտնելու, ինչպէս նաեւ իր դէմ առկայ միջազգային ամպարկոյէն դուրս գալու։ Յստակ է նաեւ, որ արտաքին կտրուածքով կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բնորոշել շրջանային պարունակով՝ «Հիզպուլլահ»ին ներկայացուած ծրարը նպատակ ունի նախ եւ առաջ վտանգի գօտիէն դուրս հանել Սէուտական Արաբիան (Եմէնի խնդրով) ու շրջանային քաղաքական նոր գործընթացի մը սկսելով, որ պիտի յատկանշուի Սուրիոյ ճակատին վրայ ֆրանսական հաւանական վերադարձով կամ մասնակցութեամբ։

Թեհրան, որ ուշի ուշով կը հետեւի Պէյրութի զարգացումներուն՝ կարծես թէ, համաձայն է Փարիզի կողմէ յառաջացող նախաձեռնութեան հետ, անշուշտ միշտ գծելով ու բացատրելով, որ Լիբանանի թատերաբեմին վրայ եւ, մասնաւորապէս այս փուլին, «Հիզպուլլահ»ի դերին տկարացումը անընդունելի է։

Այս բոլորի կողքին Լիբանան կ՚ապրի տնտեսական բարդ օրեր եւ մէկ կողմէ Պէյրութի պայթումն ու միւս կողմէ քովիտ համավարակի տարածումը իրավիճակը դարձուցած են տագնապալի։ Իբր այդ ալ քաղաքական որեւէ նախաձեռնութիւն Լիբանանի համար պիտի ընկալուի որպէս «փրկութեան» ճանապարհային քարտէս։

ԱՐԱԲԱԳԷՏ ՀԱՅԿ ՔՈՉԱՐԵԱՆ. «ՊԱՅԹՈՒՄԸ «ՊԱՅԹԵՑՈՒՑ» ՆԱԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ»

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ Երեւանի Պետական համալսարանի Արաբագիտութեան ամպիոնի վարիչ Հայկ Քոչարեան:

-Վերջին շաբաթներուն Լիբանանի օրակարգը դարձեալ դարձաւ կիզակէտային. գոյութիւն ունի կարծիք, որ այս զարգացումները ունին բաւարար ներուժ՝ շրջանին մէջ քաղաքական նոր քարտէս մը գծելու. կա՞յ նման պարագայ։

-Գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր, Լիբանանի ներքաղաքական կեանքը աշխոյժ ցնցումներու փուլի մէջ կը գտնուի, ինչ որ պատճառ դարձաւ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին երկու կառավարութիւններու հրաժարման։ Անշուշտ, աւելի երկար պատմութիւն ունին ներքաղաքական խնդիրները, որոնց մեկնարկը կարելի է համարել 2005 թուականին նախկին վարչապետ՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը։

Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը փոխաբերական իմաստով պայթեցուց նաեւ լիբանանեան քաղաքական համակարգը, ի ցոյց դնելով անոր ժամանակավրէպութիւնը եւ անարդիւնաւէտութիւնը։ Այսինքն, ընդգծեց գոյութիւն ունեցող կառավարման համակարգի վերանայման խիստ անհրաժեշտութիւնը։ Այս առումով, այո, քաղաքական վերադասաւորումները Լիբանանի մէջ անխուսափելի են։ Հարցը այն է, թէ ո՞ր ուղղութեամբ կ՚երթան այդ քննարկումները՝ ազգային համաձայնութեա՞ն, թէ՝ քաղաքացիական պատերազմի։

-Լիբանանի դիմադրութեան յառաջատար՝ «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլահ իր վերջին ելոյթի աւարտին առանց թաքցնելու յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ ապագան կը պատկանի այն ուժերուն, որոնք գետնի վրայ ուժեղ են բոլոր առումներով. այս յայտարարութիւնը, ինչ-որ տեղ, Լիբանանի միւս քաղաքական թեւերը ընկալեցին որպէս սպառնալիք։ Գոյութիւն ունի՞ նման բան։

-Պէտք է հասկնալ, որ լիբանանեան խնդիրներու հիմնական աղբիւրը, գոյութիւն ունեցող կառավարման համակարգի կարգաւորումներու մէջն է, երբ քաղաքական իշխանութիւնը կը ձեւաւորուի դեռ 1989 թուականին հաստատուած «Թաէֆ»ի համաձայնագիրով նախատեսուած կարգաւորումներով, որոնց հիմքը եղած է Լիբանանի զանազան համայնքային-դաւանական միաւորներու «համակեցութեան» եւ «համապատասխան քաղաքական ներկայութեան ապահովման» սկզբունքները։ Այսինքն՝ անկախ այս կամ այն կառավարութեան լաւ կամ վատ աշխատանքէն, քաղաքական համակարգը կը վերարտադրուի ըստ ամրագրուած քաղաքական «բաժնետոմսեր»ու։

Խնդիրը այն է, որ ցեղա-դաւանական պատկերը վերջին երեսուն տարուայ ընթացքին փոխուած է եւ խախտած՝ «համապատասխան քաղաքական ներկայութեան ապահովման» սկզբունքը։ Ըսուածը առաւելապէս կը վերաբերի շիի համայնքին։ Ես կը հակիմ այս կտրուածքով դիտարկել Սէյիտ Հասան Նասրալլահի յայտարարութիւնները։ Փաստացի, խօսքը «Թաէֆ» համաձայնագիրի վերանայման մասին է, ինչ որ ազգային երկխօսութեան ճանապարհ կրնայ ըլլալ Լիբանանի համար, սակայն, ցաւով պէտք է արձանագրել, որ օր ըստ օրէ կ՚ընդլայնի եւ կը խորանայ տարածքաշրջանային եւ արտատարածքաշրջանային խաղացողներու ներգրաւուածութիւնը լիբանանեան ճգնաժամին մէջ։ Այս իր հերթին կը կարծրացնէ զանազան խումբերու առանց այդ ալ բանակցութիւններու երթալու ցանկութիւնները։ Իւրաքանչիւր օր կը թուլացնէ Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը։

-Պէյրութը ցնցած եւ ահաւոր վնասներու պատճառ դարձած պայթումէն ի վեր բազմաթիւ վերլուծաբաններ, որոնց մեծամասնութիւնը արեւմտամէտ, տեսակէտ յայտնեցին, որ «Լիբանանեան խնդիր»ը պիտի միջազգայնացուի. կա՞յ նման գետին եւ ի՞նչ կրնանք հասկնալ խնդրի միջազգայնացում բառակապակցութենէն։

-Այս հարցին մասնակի անդրադարձ եղաւ նախորդ պատասխանիս մէջ։ Մասնաւորապէս, այս պէտք է դիտարկել, որպէս այս կամ այն ուժային կեդրոնի կողմէ «փափուկ ուժ»ի կիրառութիւն, որով փորձ կը կատարուի գործընթացը շեղել եւ տանիլ իրենց ցանկալի ուղղութեամբ։

-Ի դէպ, այս կարեւոր զարգացումները տեղի կ՚ունենան այն պահուն, երբ Լահէյի միջազգային դատարանը ի վերջոյ պիտի արձակէ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործի վճիռը։ Այդ մէկը կրնա՞յ ազդել երկրի ներքին զարգացումներուն վրայ։

-Արդէն իսկ հրապարակուած որոշումով՝ սպանութեան իրականացման համար մեղադրանք կ՚առաջադրուի խումբ մը մարդոց նկատմամբ, որոնք կապ ունին «Հիզպուլլահ» շարժման հետ։ Չնայած այն հանգամանքին, որ հետաքննութիւնը չէ ապացուցած «Հիզպուլլահ»ի վերնախաւի եւ սուրիական բարձրագոյն իշխանութեան ներգրաւուածութիւնը։ Այս վճիռը լարուածութեան նոր շրջան պիտի յառաջացնէ առնուազն շիի եւ սիւննի համայնքներուն միջեւ, ինչ որ իր հերթին աւելի մշուշոտ կը դարձնէ ազգային համաձայնութեան գալու հեռանկարը, ասկէ բխող ինքնիշխանութեան ոտնահարումով, իսկ շարունակական բնոյթ կրելու պարագային, նաեւ ինքիշխանութեան կորուստով։

-Լիբանանահայութիւնը ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ է այս օրերուն: Ձեզի համար, որպէս փորձագէտ, Մերձաւոր Արեւելքի ամենէն ուժեղ ներկայութիւն ունեցող համայնքի ապագան վտանգուա՞ծ է։

-Նախ ըսեմ, որ ես այն կարծիքին եմ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է իրականացնէ այնպիսի քաղաքականութիւն, որ հնարաւորութիւն կու տայ ունենալու կայուն, զարգացած եւ ապահովուած համայնքներ, իսկ Հայաստան կ՚ըլլայ այդ համայնքներու ցանցը համակարգող կեդրոնը։

Ըստ այդմ, անդրադառնալով լիբանահայութեան վերաբերող մարտահրաւէրներուն, ես կը ցանկայի առանձնացնել երկուքը՝ անկայունութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անվտանգային միջավայրի բացակայութիւնը։ Այս տեսանկիւնէն, հաշուի առնելով լիբանանահայ համայնքի առանցքային դերը եւ ստեղծած նիւթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, անհրաժեշտութիւն է համահայկական կառոյցներու միասնական աջակցութիւնը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու յստակ մշակուած գործողութիւնները, ամրապնդելու եւ հզօրացնելու լիբանանահայ համայնքի դիրքերը, յառաջիկային սպասուող բարդ եւ հիւծող գործընթացներուն մէջ, որոնցմով յագեցած պիտի ըլլայ Լիբանանի ճգնաժամի լուծումը։

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/24-08-2020-«մաքրոնի-նախաձեռնութիւն»-կամ-ինչքանով-պիտի-յաջողին-լիբանանը-«փրկելու»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın