ԼԻԼԻԹ ՀԱՆՉԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«Ես Պէյրութ ծնած եմ։ Մինչեւ 21 տարեկանս Պէյրութ անցուցած եմ բացառապէս։ Վերջին եօթ տարիներուն Պէյրութէն հեռու եղած եմ, Պէյրութի մէջ չեմ ապրիր, բայց եւ այնպէս ազդեցութիւնը այս պատահած աղէտին իսկապէս շատ մեծ է նաեւ ինծի համար։ Եւ ես կրնամ ցաւով մտածել, թէ՝ եթէ ինծի համար այսքան մեծ է, ալ ո՞ւր մնաց մարդոց համար, որոնք դեռ այնտեղ կգտնուին կամ որ շատ աւելի վերջերս բաժնուած են Պէյրութէն կամ որ շատ աւելի երկար ժամանակ անցուցած են Պէյրութի մէջ։ Ընտանիքս կապրի Արեւմտեան Պէյրութի մէջ (մեր տունն այնտեղ է) եւ այդ նաւահանգստի կողքի ճամբան մեր ամենօրեայ ճամբան եղած է մինչեւ օրս։ Դպրոց, ակումբ, հայկական թաղամաս Պուրճ Համուտ երթալու համար ամէն օր մենք այդ ճամբայով կ՚անցնէինք. նաեւ կը սիրէի ես այդ մասը անկեղծօրէն։ Այդ իսկապէս սոսկալի պայթումը տեսնելը, այդ ալ քեզի համար հարազատ վայրի մը բաւարար ազդեցիկ եւ յուզիչ է։ Անշուշտ երջանկութեամբ չէ որ կ՚ըսեմ, բախտաւորութիւնը ունիմ անձնապէս բաւական աժան պրծած ըլլալու այս պատահարէն, որովհետեւ թէեւ մեր տունը մօտ է (մեքենայով այդ վայրէն 5 վայրկեան, ոտքով 15 վայրկեան), բայց եւ այնպէս ոչ մէկ ֆիզիկական վնասուածք իմ ընտանիքիս որեւէ անդամ չի ունեցած։ Այդ առումով իմ ցաւս աւելի քիչ է, քան շատ ուրիշներու, եւ կը կարեկցիմ այդ միւս բոլորին։ Ցաւը աւելի շատ հարազատ վայրի, հարազատ յիշողութիւններու վայրի մը եւ նաեւ հարազատներու եղած վայրի մը մէջ պատահած այդպիսի մեծ աղէտի մը հետ կապուած ցաւն է։ Եւ նաեւ այն ցաւը, որ կզգամ՝ մտածելով սիրելիներուս, ընտանիքիս, ընկերներուս շոքին եւ բնականաբար վախին մասին։ Այնպիսի սարսափ մը, որ կը կասկածիմ որ կրնայ գոնէ ոմանց համար մշտական ազդեցութիւն թողած ըլլայ»,-ասում է Օքսֆորտի համալսարանի մարդաբանական գիտութիւնների թեկնածուն՝ լիբանանահայ Հրակ Փափազեանը։
-Անորոշ ապագայի հետ դէմ առ դէմ կանգնած լիբանանահայերը ի՞նչ վիճակում են։
-Ընտանիքս հրաշքով է փրկուել. այնտեղէն կրնային անցնիլ (ամենօրուայ մեր ճամբան է) կամ նոյնիսկ կրնային փողոցը կամ տան մէջ ըլլալ։ Մեր տան մէջ ալ ապակիներ ջարդուած են, բայց այդ պահուն այդ միջանցքի մէջ մարդ չէ եղած, թէեւ այդ միջանցքէն մենք օրը հարիւր անգամ կ՚անցնինք։ Այդ իմաստով մերինները շատ չեն ազդուած. մարդկային եւ նիւթական կորուստներ չունեցանք։ Մեր պատշգամբի դռները բաց եղած են այդ պահուն եւ նաեւ ետեւի պատուհանները բաց եղած են, եւ այդ ահաւոր ճնշումը միջանցիկ ձեւով դուրս գնաց, մինչդեռ եթէ փակ ըլլային պիտի ամեն ինչ փշրուեր։
Հայ համայնքի գլխուն հասած աղէտը իսկապէս մեծ է, ճակատագրի հեգնանքով մեծ է նաեւ թերեւս քիչ մը աւելի քան որոշ այլ համայնքներու։ Մահուան թիւերը եթէ նայինք, ուրեմն 150 մահուայ մէջ մօտաւորապէս 15-ը, այսինքն տասը տոկոսը հայեր են, մինչդեռ հայերու թիւը ամբողջ Լիբանանի բնակչութեան 10 տոկոսէն պակաս է։ Իմացայ, որ մէկ շէնքի մէջ 5 հայ մահացած է, այն չափազանց մօտ էր նաւահանգստին։ Նաւահանգստին շատ մօտ հին հայաբնակ Աշրաֆիէհ, Քարանտինա, Մար Մըխայէլ եւ այլ թաղամասերում տակաւին կան հայեր եւ անոնց պարագան շատ գէշ է։
Մեծ է համայնքին նիւթական վնասը։ Ըստ մեզ հասած տեղեկութիւններու՝ միայն Աւետարանական համայնքը, որ փոքր համայնքն է համեմատած Առաքելական, Լուսաւորչական, Կաթողիկէ համայնքների հետ, նիւթական վնասը (համայնքային գոյք՝ դպրոցներ, եկեղեցիներ) 100 միլիոնէն աւելի դոլարի կորուստ ունի։ Ասոր վրայ ալ եթէ աւելացնենք միւս համայնքների կորուստները եւ դեռ հաշուած չէ անհատ ընտանիքներու ստացած նիւթական վնասը…։
Այդուհանդերձ քիչ մը կանուխ է հայրենադարձութեան մասին յստակ կոչեր առնելու, որովհետեւ նախ պէտք է յստականայ, թէ ով ինչ վիճակում է։ Այդ ընտանիքներուն նախ ցանկութիւնը ինչ է՝ կուզեն մնալ, թէ կուզեն դուրս գալ։ եթէ կուզեն մնալ, կարելիութիւն կա՞ նիւթապէս անոնց տուները վերականգնելու կամ իրենց արժանապատիւ բնակավայր տրամադրելու։ Այս ամենը քննարկելու եւ հաշուարկելու խնդիրներ են, որոնց չափագրումէն եւ արձանագրումէն ետք միայն նախ կարելի պէտք է ըլլայ գնահատել իսկապէս համայնքի անդամներու հասցուած վնասը եւ այդ վնասի անդառնալիութիւնը։ Միւս կողմէ՝ Հայաստանի մէջ անոր փոխարէն կեցութիւն եւ կեցութեան վայր ապահովելու կարելիութիւնը իսկապէս կայ թէ չկայ, որովհետեւ շատերը ամեն ինչ կորսնցուցած են եւ այս պայմաններում Հայաստանն ինչքանով է պատրաստ իրենց հիւրընկալելու։
-Իբրեւ դրսից դէպքերին հետեւող անձ՝ անդրադառնալով Լիբանանում ստեղծուած ներքաղաքական վիճակին՝ ի՞նչ պատկեր է ստեղծուել։
-Անդրադառնալով քաղաքական ազդեցութիւններուն ոչ իբրեւ փորձագէտ՝ հեռուէն դիտարկումներու եւ հետեւածի հիման վրայ պարզապէս փոխանցեմ իմ լսածը, գիտցածը եւ որոշ մտածումները։ Անշուշտ, ազդեցութիւնները կան, անոնց մէկ մասը բնական, արդարացի եւ իրական է, մէկ մասն ալ քաղաքական շահարկումի առիթ է։ Եւ այդ իմաստով աւելի քաղաքական է ըսենք, քան թէ բնական են եւ իրական պայմաններէն մեկնած քաղաքական։ Իրականն ու բնականն այն է, որ իսկապէս կառավարութիւնը, ամբողջ պետական համակարգը շատ խոշոր ձախողութեան առաջ կանգնած է՝ տարիներով այդպիսի թոննաներով պայթուցիկ նիւթը ամբարելու եւ այդպիսի պայմաններու մէջ՝ կենտրոնական քաղաքի սրտի մէջ, նաւահանգստի մէջ այդպիսի կարեւոր տնտեսական ռազմավարական դիրքի վրայ պահելու համար. որեւէ պետական համակարգ պիտի կամ յիմար ըլլայ, կամ ծայրաստիճան անհոգ, անպատասխանատու եւ անկազմակերպ։ Այդ առումով այս քաղաքական իշխանութիւնները իրենց մեղքի մեծ բաժինը ունին, բայց միայն այս կառավարութիւնը չէ, որովհետեւ այդ կառավարութիւնը 6 ամսուայ է մօտաւորապէս, բայց անկէ առաջ եղած են այլ կառավարութիւններ եւ այդ պայթուցիկ նիւթերու այդտեղ հասնիլը եղած է տարիներ առաջ։ Այնպէս որ, խօսքը միայն ներկայ կառավարութեան, ներկայ վարչապետի մասին չէ, այլ շատ աւելի լայն քաղաքական ընդհանուր կառոյցներուն մասին է։ Բողոքի ցոյցեր արդէն իսկ կան եւ զրպարտութեան ձայները աւելի քան արդարացուած են։ Բնականաբար, երբ որ ներկայ կառավարութիւնն է եւ առաջնային պատասխանատուն գործնապէս ինքն է, իր դէմ պիտի ելլայ ցասումը։ Այն քաղաքական ուժերը, որոնք կը փորձեն այս կամ այն ձեւով քաղաքականացնել եւ առիթէն օգտուիլ եւ կառավարութեան ծնկի բերելով իրենք գալ, այդպէս չէ, որ իրենք ժողովրդի շահերը ներկայացնող ուժեր են։ Իրենք շատ նմանատիպ նոյն ընդհանուր համակարգի ներկայացուցիչներ են, որոնք ունին իրենք իրենց քլանային շահերը։ Այս խօսքը ոմանց մասին է։ Ուրեմն այդ իմաստով կայ նաեւ քաղաքական շահարկման կարելիութիւնը եւ ասոր մէջ կարելի չէ անտեսել արտաքին քաղաքական շահարկման հնարաւորութիւնը, որը նոյնքան եւ աւելի նոյնիսկ մտահոգիչ եւ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ։ Արդեն իսկ մենք տեսանք՝ ինչպէս յաջորդ օրը Ֆրանսայի նախագահ հասաւ այդտեղ, ինչպէս վստահաբար կազմակերպուած ձեւով, չեմ գիտեր որ կողմէն 40-60 հազար լիբանանի քաղաքացիներ խնդրեցին Լիբանանը մտցնել ֆրանսական կառավարման տակ։ Եւ այս եթէ ամենածայրայեղ բանն է, բայց ատոր կողքին բնականաբար կան արտաքին ուժեր, որոնք ներքին այլ ուժերու, արեւմտամէտ ուժերու գործածմամբ պիտի փորձեն անել ամէն ինչ, որպէսզի այս ամբողջ կացութեան, ամբողջ պատասխանատուութիւնը բարդէն ոչ արեւմտամէտ, այլ իրանամէտ, սուրիամէտ, Հըզպուլլայի եւ իր դաշնակիցներու վրայ։ Այդպիսով փորձեն խփել այդ աւելի լայն ռազմաքաղաքական ճակատին եւ փոխարէնը Լիբանանը, իրենց կոմէ դիտուած ազատագրել այդ ճակատեն եւ տեղադրել աւելի արեւմտամէտ եւ նաեւ մասամբ սունիամէտ դիրքի մէջ, որու փորձը իրենք արդէն տարիներէ ի վեր կընեն եւ ասի յաւելեալ առիթ է, որ իրենք օգտագործեն։ Իսկ այդ օգտագործումը կրնայ յաւելեալ սրացումներու եւ բախումներու տանի, նոյնիսկ մինչեւ վատագոյն պարագային քաղաքացիական պատերազմի տանիլ, որու հիմնական տուժողը դարձեալ պիտի ըլլայ ժողովուրդը՝ բոլոր կողմերէն եւ բոլոր առումներով։ Մինչդեռ ժողովուրդի մէջ կան նաեւ բարեբախտաբար այլընտրանքային մտածում ունեցող, երրորդ գծի մասին մտածող որոշ հաւաքականութիւն մը, որ կը խօսի այս ամբողջ համակարգեն դուրս գալու եւ արդար եւ ժողովրդավար պետութիւն ստեղծելու մասին։
İlk yorum yapan siz olun