İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Պէյրութի պայթումը Լիբանանի մէջ ընթացող «պաղ պատերազմ»էն մասնիկն մըն էր» Տօքթ. Կոստան Եափուճեան

Լիբանանահայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ Կոստան Եափուճեան պատասխանեց «Արեւելք» ի հարցումներուն

-Շաբաթ մը առաջ ամբողջ Լիբանանը  ցնցած   պայթումը ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ, եւ այս պայթումէն ետք, Լիբանան ի՞նչ քաղաքական փուլ կրնայ մտնել:

 Եղածը , «մեկա» պայթում մըն էր, այլ խօսքով պայթումներու պայթումը… Այն մեզի յիշեցուց Հերոշիմայի կորիզային պայթումին ընդհանուր պատկերը եւ անշուշտ, որ եղածը իր հետքը պիտի թողու երկար ժամանակի վրայ …։

 Պայթումին հետեւանքը նոյն վայրկեանին չենք տեսներ, այլ յաջորդող օրերուն, երբ մարդիկ կը սկսին զգալ, թէ ինչ պատահեցաւ իրենց կեանքին մէջ: Արդէն կիսափուլ, մահաքունի մէջ մտած տնտեսութիւնը, եւ ընկերային վիճակը աւելիով վատանալու միտումներ ունին։

Ժողովուրդին ընդվզումը, եւ ծայրայեղութիւնը ձեւով մը կը նմանցնեմ 1988 թուականին երկրաշարժին յաջորդող օրերուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին…

Այս պայթումը ինքը խթանը պիտի ըլլայ վերջնական փոփոխութեան։ Սակայն այդ մէկը նոյն օրը պիտի չըլլայ, մարդիկ մի քանի օր ետք պիտի ընկալեն եղածը, երբ սկսին զգալ, մտածել, թէ ով զոհ ունի, ով վիրաւոր ունի, ով իր տունը կորսնցուց, մանաւանդ որ հարուածը եղաւ քրիստոնէական եւ հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Մեծ թիւով արուարձաններ վնասուեցան եւ այս ամէնը Պէյրութի դէմագիծը կրնայ փոխել. երեւակայեցէք Պահ մը երեւակայացէք Պէյրութը առանց նաւահանգիստի…։ Ի դէպ Պէյրութը փիւնիկեան օրերէն ունէր իր նաւատորմը, այդ ատենուայ աշխարհին հետ կապեր ստեղծած էր իր նաւերով, քաղաքը հռչակաւոր էր իր նաւատորմերով։ Եւ այսօր Պէյրութը մնացած է առանց նաւահանգիստի… Ամբողջ աշխարհ օգնութեան կը փութայ, գիտնալով հանդերձ, որ կատարուած օգնութեան մեծ մասը կրնայ թալանուիլ… սակայն այս բոլորը հաշուառելէ ետք կարելի է ըսել, որ պայթումը մեկնակէտ պիտի ըլլայ հիմնական փոփոխութեան:

-Այս պայթումը որեւէ կերպ կ’առնչէք նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով դատավճռի արձակման հետ, յատկապէս որ այն պիտի կատարուէր այս օրերուն:

Ճիշդ ակնարկութիւն մը ըրիք։ Անցնող մարտ 14-ին նահատակ վարչապետի սպանութեան 15—րդ տարելիցն էր, նոյն շրջանին Լիբանանի համար կազմուած միջազգային յատուկ դատարանը լիբանանցիներուն խոստացած էր, որ 8 օգոստոսին սպանութեան գործով դատավճիռը պիտի յայտարարուի , սակայն բոլորիս յայտնի պատճառներով դատավճռի յայտարարութիւնը յետաձգուեցաւ։ Արդեօք պայթումին այդ օրերուն տեղի ունենալը եւ ապա դատավճիռին յետաձգուիլը պատահականութեան կամ զուգադիպութեան արդիւնք է՞ին..կարելի է երկար մտածել այս տիպի վարկածներու մասին, որովհետեւ այսօրուայ դրութեամբ մենք «պաղ պատերազմ»ի մէջ ենք. պատերազմ ՝ շիիթներու եւ սիւննիներու, Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ. Եւ այդ պատերազմին արդիւնքները մենք կը տեսնենք, բայց բացատրութիւնները տարբեր են։Պայթում մը եղաւ, եղածին առաջին բացատրութիւնը բաւական ծիծաղելի էր , բայց կարելի է հարց տալ, որ, այո, ինչու ամիսներ առաջ չեղաւ եւ հիմա եղաւ. հիմա հարց կը ծագի՝ պայթում առաջացնողը ո՞վ է, նոյնինքը՝ Իսրայէ՞լը ըրաւ, որպէսզի այս վիճակը ստեղծէ, բայց միւս կողմէն եթէ ճիշդ նայինք, պիտի տեսնենք, որ Իսրայէլ պէտք չունէր պայթում իրականացնելու, որովհետեւ պայթումը պիտի ըլլար Լահայէն … Լահայի վճիռն էր որ պայթում պիտի առաջացնէր, ուրեմն ներքի՞ն ուժեր այդ պայթումը ըրին, կրնայ ըլլալ, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ հնարաւոր է։ Անշուշտ նպատակը ժողովուրդը զբաղցնելն էր եւ կերպով մը ցատկել Լահայի դատավճիռի փուլին վրայէն:

 Իսկ վերադառնալով դատավճիռի յետաձգման, ապա դատավճիռը պիտի հրապարկուի 18 օգոստոսին եւ պայթումէն 14 օր ետք կիրքերը արդէն հանդարտած պիտի ըլլան, հետեւաբար դատավճիռի հարցը դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնայ։ Չմոռնանք, որ դատավճիռը պիտի ներգրաւէ վարչապետ Հարիրիի սպաննութեամբ մեղադրեալններուն անունները եւ այդ մէկը կրնայ առիթ հանդիսանալ ներքին խլրտումներու…

-Լիբանանեան խնդրի հիմնական առանցքը արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնն է, որուն լիբանանեան թեւը՝ «Հըզպալլա»ն, մինչեւ հիմա կը շարունակէ լուռ մնալ: Արդեօք ներկայ փուլը ե՛ւ «Հըզպալլա»ին, ե՛ւ Իսրայէլին համար նպատակայարմար չէ՞ ամբողջական բախումի երթալու:

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւն որ կ’ըսէք, Լիբանանը որպէս պետութիւն ոչ մէկ որոշում ունի այստեղ. ընդհանրապէս արաբական լիկան երբ որ որոշում առաւ, պաղեստինցիները օգտուեցան այդ որոշումէն եւ երկար տարիներ շարունակեցին իրենց պայքարը Լիբանանի հողերէն, իսկ լիբանանեան պետութիւնը ըսելիք չունէր, բան մըն ալ չէր կրնար ընել: Հիմա վերջին շրջանին «Հըզպալլա»ն է որոշում առնողը եւ պետութիւնն ալ դիտողն է. որոշումներ կ’առնուին, գործողութիւններ կ’ըլլայ եւայլն, եւ այս ամէնը պարզապէս ամենօրեայ խլրտումներ են՝ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

Հիմա հարցումը, թէ՝ արաբները, կամ «Հըզպալլա»ն՝ Իրանը, պատրա՞ստ է այս դրութեան մէջ պատերազմի երթալու, կամ՝ Իսրայէլը պատրաս՞տ է հակամարտութեան երթալու:

Ըսեմ, որ Իսրայէլը դիմացինին ուժերը կը փորձէ՝ հարուածներով, բախումներով, իր լրտեսական համակարգով կը փորձէ գիտնալ «Հըզպալլա»ի ուժեղ եւ թոյլ տեղերը եւ մօտաւորապէս ամէն ինչ գիտէ, իսկ «Հըզպալլա»ն կը փորձէ իր հակա-աշխատանքը տանիլ՝ զէնքերը շատցնելով կամ խելացի հրթիռներ ունենալով: Բայց նպատակայարմա՞ր է այս երկուքին պատրեազմ սկսիլ, շատեր կ’ըսեն՝ ո՛չ, յարմար չէ, իսկ ես պիտի ըսեմ՝ ինչո՞ւ յարմար չէ, թերեւս յարմար է. երկուքն ալ կ’ուզեն առճակատում մը, բայց վերջ ի վերջոյ երկուքն ալ ոչ պիտի յաղթեն, ոչ ալ պիտի պարտուին, համաձայնութիւնը այդ է, այդ վիճակէն մենք դուրս պիտի ելլենք փլուզուած, իսկ Իսրայէլի՝ քիչ մը խոցուած թէկուզ, բայց Իսրայէլը պիտի յայտարարէ որ իրենք իրենց նպատակին հասան, «Հըզպալլա»ն ալ պիտի յայտարարէ, որ «մենք այսպիսով ծանր հարուած տուինք թշնամիին եւ նահատակներ ունեցանք», եւ այստեղ մարդիկ պիտի ծափահարեն, որովհետեւ նահատակներ ունին։ «Հըզպալլա» կը գործէ «օթոքրաթիք» մօտեցումներով, հետեւաբար անոր գաղափարախօսական կազմուածքը թոյլ կու տայ, որ անպայմանօրէն օգտուի նոր նահատակներ ունելու դրոյթէն։

Բայց այն կարծիքը, որ՝ եթէ ներքին ճակատին վրայ «Հըզպալլա»ն ինքզինքը թոյլ կը զգայ եւ չուզէր առճակատիլ, կը կասկածիմ. «Հըզպալլա»ն բոլոր ներքին «պատերազմներ»ուն կը մասնակցի շատ մեծ ուրախութեամբ, Սուրիոյ ներքին պատերազմին կը մասնակցի, Եէմէնի ներքին պատերազմին կը մասնակցի, եւ իրենք վարպետ են «կերիլլական» ռազմերուն մէջ։

Կ’ուզեմ բան մը աւելցնել, ըսելու համար, որ պատերազմը ոչ ոք կ’ուզէ, որովհետեւ առանց պատերազմի իշխանութիւնը արդէն լաւ բռնած են. պատերազմի պիտի դիմեն միայն այն ժամանակ, երբ որ զգան, որ իշխանութիւնը իրենց ձեռքէն պիտի սպրդի, երթայ, այն ատեն պիտի ըսեն վերջին անգամ գոնէ կռիւ մը ընենք եւ ետ հրահրենք զգացումները, կիրքերը:

Իմ կարծիքովս պատերազմը սկսիլը չէ հարցը, այլ վերջացնելն է: Պատերազմը շատ հեշտութեամբ կարելի է սկսիլ, բայց վերջ տալը բաւական դժուար եւ անորոշ…։

http://arevelk.am/am/content/2/5262/«Պէյրութի-պայթումը-Լիբանանի-մէջ-ընթացող-«պաղ-պատերազմ»էն-մասնիկն-մըն-էր»-Տօքթ.-Կոստան-Եափուճեան.html?fbclid=IwAR1sZj7O8B9OC-byrbUuBIjuR8z6gJjj6qS2N_Rn3nWfZ18tzuJGEd9qe2A

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın