Պատրիարքական Աթոռը ցաւով կը գուժէ մահը Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահերի։
Իր մահուամբ առյաւէտ կը բաժնուի մեր համայնքի մտաւորական ու հանրային երախտաշատ ծառայութեամբ ծանօթ դէմք մը, որ բժշկագիտական գործունէութեան առընթեր ծառայած էր Հայ գիրին ու գրականութեան, ստորագրելով բանաստեղծութիւններ, առաջնորդող ու ուսուցանող յօդուածներ։
Բժշկական ասպարէզի կիրարկման մէջ տիրացած էր ակադեմական տիտղոսներու, դառնալով հանրածանօթ դէմք մը, համալսարանական դասախօսական շրջանակներու մէջ։
Ոչ միայն ծառայած էր Մեսրոպեան տառին, այլ նաեւ տիրաբար դասաւանդած էր Հայ լեզուի ու գրականութեան դասեր, Մխիթարեան, Էսաեան ու Ֆէրիգիւղի վարժարաններուն մէջ։
Իր վարչական կարողութիւնը ի սպաս դրած էր գործելով որպէս Հիմնադրի ներկայացուցիչ Էսաեան Վարժարանի։
Բազմակողմանի գրչի մշակ մըն էր, իր հեղինակած «Կիսադարեան Պատմութիւն Թրքահայ Բժշկութեան 1923-1975», «Լուսայգ», «Մխիթարեանի Պարտէզէն», «Չորս Տող Միայն», «Նոյն Արեւուն Տակ», «Բարի Աստղի Տակ», «Հերկ ու Բերք», «Sadece Dört Dize», «Իմացումներ եւ Ապրումներ», «Երեք Ահաւոր Փորձանք», «Թառէ Թառ», «Սպիտակ Ամպեր», «Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան -Գ. Շնորհալի», «Պարտիզակ» հատորներով։
Աշխարհաբարի վերածած էր Պատարագամատոյցը, «Պատարագամատոյց կամ Օրէնք Եկեղեցւոյ Սպասարկութեան» խորագրով։
Պարգեւատրուած էր շքանշաններով. Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշան՝ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Պատուոյ Ա. Կարգի շքանշան, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան շքանշան, Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով։
Այս կորուստին առթիւ Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամները, Հոգեւորականաց Դասը, համայնքային ու թաղային մարմինները իրենց վշտակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանեկան հարազատներուն ու մերձաւորներուն, ինչպէս նաեւ համայնքիս Հայ գիրի սպասաւորներուն։
Ողբացեալին համար Ազգային Յուղարկաւորութիւն պիտի կատարուի 18 Յուլիս 2020, Շաբաթ, ժամը՝ 15.00-ին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
ՏՈՑ. ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ (Կենսագրութիւն)
Որդի Տ. Թովմա Ա. Քահանայի, ծնած է 26 Դեկտեմբեր 1926ին, Պէշիկթաշ։ Մինչեւ նախակրթութեան երրորդ կարգը կþուսանի Մաքրուհեան եւ Էսաեան վարժարաններուն մէջ։ Երրորդ կարգէն սկսեալ կþաշակերտի Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան հայրերու Վարժարանը, որուն լիսէի բաժնէն կը վկայուի 1944ին։ Բարձրագոյն ուսման կը հետեւի Ստանպուլի Համալսարանի Բժշկական Ֆաքիւլթէի մէջ, ուրկէ բժիշկ կը վկայուի 1951ին։ Մասնագիտական ուսման հետեւելով 1957ին «Լեարդի ինքնածին չարորակ նորգոյացութիւնները եւ երկարօրեայ լեարդատապերը -սիրօզ- իրենց համատեղ ծագումներով, ընթացակից զարգացումներով եւ իրենց սկզբնապատճառներու աղերսներով» աւարտաճառով կþըլլայ սրտի եւ ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ, իսկ՝ 1968ին՝ «Շաքարախտաւորներու մօտ, շնչերակներու ներքնակողերուն վրայ լիբիտներու կուտակումը եւ այդ կուտակման աղերսը՝ արեան լիբիտներու քանակին եւ ենթաբաժանումներուն հետ, իբրեւ գործօն՝ երակակարծրութեան պատճառագիտութեան մէջ» խորագրեալ գիտաշխատութեամբ նոյն ճիւղերուն մէջ կը ստանայ «տոցենդ»ի պատուաբեր տիտղոսին։
Բժշկական գործունէութեան առընթեր 1944-1945 տարեշրջանէն սկսեալ մինչեւ 1981, Մխիթարեան եւ Էսաեան լիսէներու, Ֆէրիգիւղի միջնակարգ վարժարանի մէջ կþուսուցչագործէ, աւանդելով Հայ լեզուի եւ գրականութեան դասեր։ 1966-1981 տարիներու միջեւ կը ստանձնէ Էսաեան Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչի պաշտօնը։
Ծանօթ դէմք մըն է նաեւ որպէս գրչի մշակ։ Մխիթարեանի ուսանողութեան տարիներէն սկսեալ կþաշխատակցի Թրքահայ ընթացիկ եւ պարբերական մամուլին եւ տարեգիրքերուն։ Երկար ժամանակ կþաշխատակցի Մարմարա Օրաթերթի գրական էջերուն եւ կը ստորագրէ քրոնիկներ՝ «Դէտ» ծածկանունով։ Հեղինակած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, նորավէպեր, մենագրական եւ վերլուծական գրութիւններ, քրոնիկներ եւ բժշկագիտական յօդուածներ, հայերէն եւ թրքերէնով։ Լոյս կþընծայէ առանձին հատորներ. Մեր կենսաբանական ցաւերն ու Աննա Ասլանի նիւթ Հ-3ը (1964). Կիսադարեան Պատմութիւն Թրքահայ Բժշկութեան 1923-1975 (1975), Լուսայգ (1989), Մխիթարեանի Պարտէզէն (1992), Չորս Տող Միայն (1993), Նոյն Արեւուն Տակ (1996), Բարի Աստղի Տակ (1999), Հերկ ու Բերք (2001), Sadece DՓrt Dize (2004), Իմացումներ եւ Ապրումներ (2006), Երեք Ահաւոր Փորձանք (2007), Թառէ Թառ (2008), Սպիտակ Ամպեր (2010), Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան -Գ. Շնորհալի (2012), Պարտիզակ (2015)։ Աշխարհաբարի կը վերածէ Պատարագամատոյցը, որ 1999ին լոյս կը տեսնէ «Պատարագամատոյց կամ Օրէնք Եկեղեցւոյ Սպասարկութեան» խորագրով։
Կը պարգեւատրուի շքանշաններով. 9 Հոկտեմբեր 1991ին՝ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշան՝ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, 1 Դեկտեմբեր 2001ին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Պատուոյ Ա. Կարգի շքանշան, 17 Սեպտեմբեր 2002ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան շքանշան։ Հուսկ՝ 17 Սեպտեմբեր 2016ին կը պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով։
https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1580054935487717?__tn__=K-R
İlk yorum yapan siz olun