İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏԵՍՈՒՉ Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցազրոյցը՝ Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի հետ: Զրուցած ենք հայութեան օրակարգէն ներս այս օրերուն քննարկման առարկայ կարգ մը նիւթերու շուրջ.

-Հա՛յր Սուրբ, հակառակ որ երկրին մէջ օրակարգը, մէկ օրէն միւսը, անմիջապէս փոխուեցաւ եւ այժմ բոլորի հայեացքը ուղղուած է դէպի սահման, սակայն որոշ շրջանակներէ ներս կը շարունակուին քննարկումները՝ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը Հայաստանի դպրոցական ծրագրէն դուրս մղելու կառավարութեան որոշումին շուրջ: Դուք ինչպէ՞ս կը վերաբերիք այս որոշումին:

-Նախ կ՚ուզեմ արձանագրել, որ, ըստ իս, կրթական ոլորտէ ներս մեծագոյն ձեռքբերումը անկախութենէն ասդին՝ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկային դասաւանդումն է հանրակրթական դպրոցներու մէջ։ Կարելի է երկար խօսիլ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բացառիկ դերին, անոր հայապահպան գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր-բարոյական արժեհամակարգի կերտումին մասին, սակայն անդրադառնանք «Հայ եկեղեցւոյ պամութիւն» առարկայի կարեորութեան։ Շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր՝ մեր հանրակրթական դպրոցներէ ներս կը դասաւանդուի այս առարկան, եւ արդիւնքները արդէն տեսանելի են մեր երիտասարդ սերունդի կեանքին մէջ: Կրնամ օրինակ բերել մեր Ճեմարանի դիմորդները, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ, անոր աւանդութեան, քրիստոնէութեան եւ հոգեւոր կեանքին մասին հիմնական գիտելիքները ստացած են դպրոցէն: Այսօր ցաւով պիտի ըսենք, որ վտանգուած է այդ առարկայի դասաւանդումը։

-Խօսակցութիւններ կան, որ այսպիսի որոշում մը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հայ աշակերտին հոգեկերտումին եւ հայեցի դաստիարակութեան վրայ: Ի՞նչ են Ձեր մեկնաբանութիւնները այս առընչութեամբ:

-Մեր ժողովուրդի ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնն ու պահպանումը եւ անոր փոխանցումը գալիք սերունդներուն, դարեր շարունակ, եղած է ազգին շարունակականութեան եւ ինքնապահպանման գրաւականը։ Այս գիտակցութեամբ եւ աստուածասէր ու հայասէր սերունդ պատրաստելու միտումը եղած է վանական դպրոցներուն, միջնադարեան համալսարաններուն ու վարժարաններուն՝ Հայոց Դպրոցին առաքելութիւնը։ Իրավիճակը ըստ էութեան շատ չէ փոխուած եւ այսօր ալ ազգային նկարագրի եւ հոգեւոր արժեհամակարգի ձեւաւորման առումով բացառիկ նշանակութիւն ունի «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթը: Անոնք որոնք ծանօթ են «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» խորագրով դասագիրքերուն, կրնան վկայել, որ անոնք աշակերտին կը ներկայացնեն Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան կարեւորագոյն դրուագները, Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր ծէսերն ու աւանդութիւնները, քրիստոնէական բարոյականութիւնն ու արժեհամակարգը։ Այս կերպով հայորդիները կ՚առընչուին իրենց ինքնութեան եւ կը կրթուին քրիստոնէական արժեհամակարգի վեհագոյն գաղափարներով։ Նոյնիսկ քրիստոնէութեան հակառակորդներն ու աստուածամերժները ստիպուած են ընդունիլ, որ վերջին քսան դարերու հայկական մշակոյթը քրիստոնէութեան պտուղն է՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծոցէն ծնած:

-Կը խօսուի նաեւ այն մասին, որ Եկեղեցւոյ դերը վերջին տարիներուն նահանջած է եւ այս որոշումին պատճառը, մէկ կողմէն, կրնայ այս մէկը ըլլալ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:

-Բնաւ համաձայն չեմ այս կարծիքին. ըսեմ՝ ինչու։ Վերջին տարիներուն Եկեղեցւոյ դերը ոչ թէ նուազած, այլ հակառակը՝ աճած է եւ տակաւին կը շարունակէ աճիլ։ Եթէ խորհրդային տարիներուն, հասկնալի պատճառներով, Եկեղեցւոյ դերը սահմանափակուած էր զուտ ծիսական շրջանակով, ապա Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարիներուն Հայ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը մեր հասարակութեան մեջ շարունակական կերպով կը ներառնէ այնպիսի ասպարէզներ, ինչպիսիք են՝ աղքատախնամ ծառայութիւնը, ազատազրկման վայրերը, կրթական գործունէութիւնը, առողջապահական համակարգը, Հայոց բանակը, Հայորդեաց տուները, բարձրագոյն հոգեւոր կրթական հաստատութիւնները եւ այլն։ Ընդամէնը քսան տարի առաջ այս բոլորի մասին միայն երազով կը խօսէինք:

Գալով նոր չափորոշիչներուն, ըսենք որ անիկա բոլորովին կապուած չէ հայ հասարակութեան մէջ Եկեղեցւոյ դերին հետ։ Այդպիսի կարեւորութիւն ունեցող փաստաթուղթի առընչութեամբ հանրային լայն քննարկումներ պէտք է կազմակերպուէին եւ փաստաթուղթը պէտք է հետեւանքը եւ միաժամանակ ամփոփումը ըլլար հասարակութեան մէջ քննարկումներու միջոցաւ կատարուած յստակեցումներուն եւ գոյացած համաձայնութեան։ Պէտք է այս գործընթացին մասնակից ըլլային ոչ միայն Հայաստանի լաւագոյն մասնագէտները, այլեւ հայ հասարակութիւնը եւ ազգային հաստատութիւնները, այդ կարգին՝ Հայոց Եկեղեցին, որոնք ժամանակներու թելադրութեամբ եւ այսօր իրաւունքի ուժով յանձնառու են մեր ժողովուրդի ինքնութեան եւ ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման։ Նման բան չեղաւ, այլ խումբ մը մարդիկ, որոշ նպատակներով ձեռնարկած եւ պատրաստած են այս փաստաթուղթը։

-Մայր Աթոռի կողմէ այս նիւթին շուրջ եղած արձագանգները ինչպիսի՞ հակազդեցութիւններ ունեցան կառավարական շրջանակներէն: Տեղեա՞կ էք: Կամ՝ ի՞նչ հակազդեցութիւններու, արձագանգներու ակնկալիք ունիք:

-Կառավարական շրջանակներէն, ցաւօք, յարձակողական, երբեմն նաեւ անպատշաճ հակազդեցութիւններ դրսեւորուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ, ինչպէս նաեւ՝ մեր հոգեւորականներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողաց մտահոգութիւններուն եւ արձագանգներուն։ Հանրային քննարկումներ կազմակերպելու ցանկութեան փոխարէն, ականատես կ՚ըլլանք շտապողականութեան եւ հապճեպութեան՝ նոր կրթական չափորոշիչները կիրառութեան մէջ դնելու ուղղութեամբ։ Մեր ակնկալութիւնն է, որ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը դադրեցնէ գործընթացը եւ ձեռնամուխ ըլլայ լայն հասարակական քննարկումներու:

-Նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ առարկան պիտի վերցուի, բայց նիւթը պիտի բաշխուի «Հայոց պատմութիւն» դասանիւթին մէջ, այդ մէկը բաւարար պահանջ չէ՞ այս որոշումին դէմ հանդէս եկողներուն համար:

-«Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան, որպէս անջատ գիտակարգ, չի կրնար ներգրաւուիլ կամ տարրալուծուիլ «Հայոց պատմութիւն» առարկայի դասընթացքին մէջ, հետեւաբար մեր երեխաները դպրոցէն ներս պիտի չսերտեն «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան։ Պարզապէս խաբկանք է այն պնդումը, թէ առարկան դուրս պիտի չհանուի դպրոցէն։

Մենք չենք ըսեր, որ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն»ը հայ Ժողովուրդի պատմութիւնը չէ։ Ճիշդ հակառակը՝ Հայ Եկեղեցին այնքան վճռորոշ ու էական դեր ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, որ կարելի է ըսել՝ առանց «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» չկայ հայ ժողովուրդի պատմութիւն։ Այս է պատճառը, որ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք, երջանկայիշատակ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան իր կոթողային եռահատոր աշխատութիւնը, որ իրականութեան մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն է, կոչած է «Ազգապատում»։

-Ակնկալիք կա՞յ, որ նախարարութիւնը, ընթացող քննարկումներու հետեւանքով, փոխէ իր որոշումը եւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկային համար սահմանէ դասաժամ:

-Ակնկալիքներ անշուշտ ունինք եւ լիայոյս ենք, որ մեր պետական այրերը տակաւին կ՚անդրադառնան, կը լսեն ժողովուրդին արդար պահանջքը եւ կը վերանային իրենց որոշումին։

-Հայր Սուրբ, Դուք այս տարուան սկիզբը ստանձնած էք Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը: Ինչպիսի՞ պատասխանատուութիւն է ըլլալ Հայաստանի ամենահին բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան գլուխը եւ այդ հաստատութիւնն ալ մեր եկեղեցւոյ ականաւոր այրերէն մէկուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսին կողմէ 1874 թուականին հիմնուած հոգեւոր կրթական կառոյցն է, որմէ անցած են հայ մշակոյթի եւ պատմութեան երեւելի բազմաթիւ անձինք:

– Ինչպէս իրաւամբ նշեցիք, մեծագոյն պատասխանատուութիւն եւ միեւնոյն ժամանակ պատիւ է ըլլալ Հայաստանի հնագոյն ու Հայ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան տեսուչը եւ շարունակել այն առաքելութիւնը, որ սկիզբ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսի ջանքերով եւ շուրջ 150 տարի իրագործուեցաւ այնպիսի նուիրեալ անձերու շնորհիւ, ինչպիսիք են՝ Գաբրիէլ Արք. Այվազովսքին, Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանցը, Օրմանեան Պատրիարքը, Կարապետ Եպիսկոպոս Տէր-Մկրտչեանը, Մանուկ Աբեղեանը, Կոմիտաս Վարդապետը եւ այլ մեծանուն հայորդիներ։

Մենք կարիքն ունինք մեր ժողովուրդի աղօթքներուն, որպէսզի Աստուած մեզի իմաստութիւն, ուժ եւ կորով տայ՝ շարունակելու Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի այս նուիրական առաքելութիւնը՝ պատրաստել աստուածասէր եւ հայասէր հոգեւորականաց նոր սերունդ։

-Ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կեցած է այսօր Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանը:

-Հայաստանի միւս բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն պէս, այսօրուան մեր մարտահրաւէրներէն առաջնայինը դիմորդներու հաւաքագրումն է։ Կը նախատեսենք նաեւ կրթական ծրագրերու բարեփոխում եւ պատշաճեցում՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր համայնքներու պահանջներուն եւ ակնկալիքներուն։ Կը նախատեսենք կազմակերպել նաեւ գիտաժողովներ, ունենալ հրատարակութիւններ, այլ ձեռնարկներ, բայց այս աշխատանքները, ինչպէս բազմաթիւ այլ ձեռնարկումներ, սպասողական վիճակի մէջ են՝ համավարակին յառաջ բերած դժուարութիւններուն պատճառով։

-Ի՞նչ արդիւնքներ ունիք այս տարուան դիմորդներէն. հետաքրքրուա՞ծ են երիտասարդ տղաք՝ հոգեւոր ուսում ստանալու առումով եւ ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէք զանոնք հոգեւոր կրթական ասպարէզի մէջ ներգրաւելու:

-Նախորդ տարիներուն հետ համեմատելով, այս տարի բաւարար թիւով դիմորդներ ունինք, բայց մեր ակնկալիքները անշուշտ աւելին են։ Այս ուղղութեամբ, մշակած ենք դիմորդներու հաւաքագրման մասնաւոր ռազմավարական ծրագիր մը, որ կիրառութեան մէջ պիտի մտնէ համավարակին յարուցած արտակարգ դրութեան աւարտէն ետք։

-Հայութեան այսօրուան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերը ինչպէ՞ս կը տեսնէք, Ճեմարանէն կրթութիւն ստացած եւ դէպի հայաշխարհ ուղեւորուող հոգեւորականները ի՞նչ առաքելութիւն ունին:

-Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մարտահրաւէրները նոյնը չեն, տարբեր են։ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մեր զանազան թեմերէն ներս, երկար տարիներու իմ ծառայութեան փորձառութեամբ կրնամ ըսել, որ Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ ամենաէական եւ ամենառաջնային դերակատարն է հայապահպանութեան, հայրենիքին օժանդակութիւն ապահովելու եւ հայութիւնը մէկտեղելու գործին մէջ։ Հայաստանի մէջ Եկեղեցին հայապահպանութեան հարց չի դներ, քանի որ կան պետական կառոյցներ եւ ազգային ռազմավարութիւն գոյութիւն ունի։ Հայաստանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այդ ազգային ռազմավարութեան ոգին հաղորդելն է։ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր-բարոյական արժեհամակարգը Քրիստոնէութեան ծնունդն է՝ Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն, բնական է, որ Հայ Եկեղեցին այսօր ալ պէտք է շարունակէ հոգ տանիլ իր ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն։

Հայ հոգեւորականին առաքելութիւնը, անցեալին եւ ներկայիս նոյնն է՝ հոգեփրկչական առաքելութիւն։ Հայ հոգեւորականը կոչուած է քարոզել մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը ապրուած եւ մեկնաբանուած Հայ Եկեղեցւոյ Սրբազան Աւանդութեան մէջ։

-Գալով սահմանային լարուած իրավիճակին, ի՞նչ պատգամներ կը հնչեն այս օրերուն Հայ Եկեղեցիէն, Հայ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ:

-Եկեղեցին եւ հոգեւորականները միշտ կեցած են մեր զինուորի կողքին։ Խստօրէն դատապարտելով թշնամիին իւրաքանչիւր սադրիչ գործողութիւնը՝ մենք միշտ պատրաստ ենք պայքարիլ թշնամիին դէմ եւ պաշտպանել մեր հայրենիքն ու մեր սրբութիւնները, հարկ եղած պարագային՝ նաեւ զէնքով։ Մենք մեր աչքին առջեւ ունինք Սարդարապատի պատերազմին ժամանակ Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գարեգին Վարդապետ Յովսէփեանցի եւ ճեմարանականներու արիասիրտ օրինակը, որոնք, զէնքեր ի ձեռին, դուրս ելան Սարդարապատի դաշտ՝ պաշտպանելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Սրբազան Հայաստանը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/16-07-2020-հարցազրոյց՝-գէորգեան-հոգեւոր-ճեմարանի-տեսուչ-տ-մեսրոպ-վարդապետ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın