İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 14 Յուլիս 2020, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Ժողովոյս Դիւանի 29 Սայիս 2020 թուակիր ու 12150 համար զեկոյցով Եկեղեցիներու հաւաքական պաշտամունքի վերաբացման համար նախատեսուած էր 19 Յուլիս 2020 թուականը՝ Վարդավառի կիրակին։ Բնականոնացման շրջանի վերարժեւորմամբ, որոշուած է Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործող եկեղեցիներ հաւաքական պաշտամունքի վերաբանալ 19 Յուլիս 2020, Վարդավառի Կիրակիին՝ ճշդուած պայմաններուն համաձայն, որոնք պիտի յայտարարուին առանձնապէս։

Կը հաղորդենք առ ի տեղեկութիւն։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın