İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Երբեմն կ՚աղօթեմ, սակայն աղօթած ատենս միտքս կը ցրուի, կ՚արագացնեմ աղօթքս ու կը մտածեմ թէ երբ կը վերջանայ… թէեւ կը սիրեմ աղօթել։

Պատասխան. Միտքի ցրուումը բազմաթիւ պատճառներ ունի, որոնք երկու տեսակի կը բաժնուին.

ա) Սատանային կողմէ պատերազմ, որպէսզի խանգարէ մարդ արարածին աղօթքը եւ մարդուն մէջ չէ ասոր պատճառը, կամ միտքին սխալ մտածումներէն կամ ենթագիտակցութենէն, այլ՝ արտաքին պատերազմ է։

Այս տեսակը աղօթքի ընթացքին հաստատութիւն կը պահանջէ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու այդ մտածումներուն կամ անոնց մասին մտածել եւ կարելի եղածին չափ միայն ուշք դարձնլ աղօթքին։

բ) Պատերազմը, որ մարդ արարածին մէջէն է եւ բազմաթիւ պատճառներ ունի.

1) Աղօթելու սկսիլ առանց հոգեկան պատրաստութեան, երբ մարդ աղօթքի կը կենայ, մինչ իր միտքը աշխարհիկ մտահոգութիւններով լեցուն է, մարդոց հետ բազմաթիւ հանդիպումներով, եւ ինչ որ միտքին հասած է մարդոց ցաւերէն, ընթերցումներէ (գիրք) ու դիտումներէ (հեռատեսիլ)։

Լուծումը. աղօթողը պէտք է նախապէս հոգեւոր աշխատանք ընէ, որ կը պատրաստէ զինք Աստուծոյ ներկայութեան. օրինակ՝ հոգեւոր ընթերցումներ, շարական երգել, ինքնաքննութիւն եւ կամ հոգեւոր որեւէ մէկ խորհրդածութիւն, որ միտքը դէպի հոգեւոր վիճակ կը տանի։

2) Ինչ որ ենթագիտկացութեան մէջ տեղ գտած է՝ մտածումներ, զգացումներ, փափաքներ ու ցանկութիւններ, եւ ինչ որ զգայարանքները՝ լսողական ու տեսողական հաւաքած են, եւ ինչ հակադարձութիւներ կ՚ունենան սիրտն ու հոգին։ Աղօթքի ժամանակ արթուն միտքին առջեւ կու գան այս բոլորը, որոնք աղօթքը կը խանգարեն։

3) Որքան ատեն որ մարդը աշխարհիկ բաներուն արժէք կու տայ, ատոր համաձայն ալ իր սիրտին մէջ կը խորանան ատոնք եւ եթէ իր հետաքրքրութիւններուն վրայ իշխեցին, աւելի ոյժեղ ազդեցութիւն կ՚ունենան աղօթքի նախադասութիւններուն վրայ, զանոնք մէկ կողմ կը դնեն ու այդ մտածումները կը գրաւեն աղօթքի նախադասութիւններուն տեղը։

Մարդ կարիք ունի որ այս աշխարհին հարցերը պարզութեամբ դիմագրաւէ, առանց իրար անցնելու, կամ ալ ամէն զգացումներուն վրայ ազդելու եւ կամ չափէն աւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու. այսպիսով պատրաստ կ՚ըլլայ երբ աղօթքի կենայ, մոռնալ ամէն ինչ որ օրուան ընթացքին պատահած է իր հետ։ Հակառակ պարագային, եթէ այդ հարցերը խորութեամբ ընկալէ, ո՛չ թէ միայն աղօթքի ժամանակ նեղութիւն կու տան մարդուն, այլ՝ ամբողջ օրը ջիղերը կը յոգնեցնեն ու թերեւս ալ երազին մէջ ալ գան, ինչպէս՝ աղօթքի ընթացքին կու գան։

Իսկ եթէ ունիս նեղութիւններ, որոնք կը նեղացնեն քեզ, Աստուծոյ վրայ ձգէ ու յիշէ զանոնք աղօթքիդ մէջ, սիրտդ մի՛ զբաղեցներ ատոնցմով, որպէսզի աղօթքներուդ ընթացքին չցրուիս։

4) Ցրուելու պատճառդ կրնայ ըլլալ՝ որովհետեւ աղօթքով չե՛ս հետաքրքրուած, այսինքն՝ առանց խոր գիտակցութեան կ՚աղօթես, կամ առանց հասկնալու, կամ առանց խորհրդածելու, կամ առանց ջերմեռանդութեան. այս պատճառով՝ եթէ աղօթքին խորութիւն չտաս, մտածումները կու գան ու այդ խորութիւնը կը գրաւեն…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՂՕԹԵՄ

Հարցում. Երբեմն կը կանգնիմ աղօթելու, բայց չեմ գիտնար ի՛նչ ըսեմ, կամ սակաւաթիւ արտայայտութիւններ կը կատարեմ ու կը կանգնիմ. հետեւաբար ինչպէ՞ս աղօթեմ եւ ի՞նչ ըսեմ:

Պատասխան. Եթէ բան չգտնես ըսելու՝ անգիր աղօթքները ունիս, բռնէ արարողութեան գիրքը ու ան կը սորվեցնէ քեզի ինչպէս աղօթել:

Գիրքը սորվեցուց մեզի անգիր աղօթքներու սկզբունքը, երբ Տէրը մեզի (Հայր մեր, որ յերկինս ես) աղօթքը ներկայացուց: Տակաւին, ինչպէս Առաքեալը ըսաւ, իւրաքանչիւրը իր սաղմոսը թող ունենայ (տե՛ս Ա. Կր 14.26): Եկեղեցին հին ժամանակներէն ի վեր սաղմոսներու աղօթքները կը գործածէր, ինչպէս Համբարձիներու սաղմոսները:

Ամէն պարագայի, որպէսզի աղօթել սորվիս, հետեւեալ կէտերը ունիս.

ա) Կան խնդրանքներու աղօթքները, որոնցմով Տիրոջ ներկայացուր բոլոր կարիքներդ:

բ) Կան շնորհակալութեան աղօթքները, որոնցմով շնորհակալութիւն կը յայտնես Աստուծոյ Իր քեզի ըրած բոլոր բարիքներուն համար։

գ) Մեղքերը խոստովանելու աղօթքներ, որոնցմով կը յիշես բոլոր մեղքերդ Տիրոջ դիմաց ու կը զղջաս անոնց համար եւ սրտի ճմլումով ներում կը խնդրես:

դ) Կան փառաբանութեան եւ գոհաբանութեան աղօթքներն ալ, որոնցմով կը յիշես Աստուծոյ ստորոգելիները եւ անոնցմով կը փառաւորես զԻնք:

ե) Կան նաեւ սիրոյ, գգուանքի եւ տարբեր զգացումներու արտայայտութիւնները, որոնցմով սրտանց Տիրոջ հետ կը խօսիս գգուանքով…:

Եւ ընդհանրապէս Տիրոջ հետ անկեղծ սիրտով խօսէ, մի՛ փնտռեր որոշակի արտայայտութիւններ, կամ յատուկ զգացումներ մի՛ շիներ, այլ՝ ըսէ՛ այն ինչ որ կայ սիրտիդ մէջ ամենայն պարզութեամբ, ինչպէս ընկեր մը՝ որ իր ընկերոջ հետ կը խօսի, կամ ինչպէս մարդ մը՝ որ իր սիրտը կը բանայ ուրիշ մարդու մը դիմաց՝ որուն սիրոյն ու խնամքին կը վստահի:

Եթէ այսքանը չկարենաս կամ գիտնաս, ունիս կրկնուող կարճ աղօթքները:

Որոշակի նախադասութիւն մը, որով կը հանգչիս, ինչպէս օրինակ՝ «Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, ողորմէ ինծի» նախադասութիւնը, կամ «Աստուած իմ, օգնէ՛ ինծի», կամ «կը սիրեմ Քեզ Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս ու կ՚օրհնաբանեմ անունդ»…, եւ այլն: Յաճախակի կրկնէ նմանօրինակ նախադասութիւններ քու սիրտիդ խորերէն, այնքան որ հոգին կշտանայ ու դուրս գայ քու զգացումներուդ հետ միախառնուած եւ վստահ եղիր, որ Աստուծոյ դիմաց այն նման է երկար ու ամբողջական աղօթքի:

Կրնաս աղօթքդ նախապատրաստել հոգեւոր նիստով մը:

Հոգեւոր ընթերցումը կրնայ ըլլալ աղօթքիդ միտքերուն ու խորհրդածութիւններուն զօրաւոր աղբիւր մը, որ քեզի ըսելու բան մը կու տայ… ինչպէս նաեւ շարականները, ինքզինք դատապարտելը եւ Գիրքին մէջ խորհրդածելը…, ասոնք բոլորը աղօթքի միտքերուն աղբիւրներ են: 

ԵՐԴՈՒՄՍ ԳՈՐԾԱԴՐԵ՞Մ, ԹԷ՞ ՈՉ

Հարցում. Բարկացած վիճակի մէջ էի եւ որոշ կարծիքի մը կառչեցայ ու յամառեցայ գործադրելու զայն, ու Տիրոջ անունով երդուեցի, որ եթէ չկատարուի, անմիջապէս տունէն դուրս պիտի գամ: Ի՞նչ ընեմ, եթէ չկատարուի այդ բանը: Գործադրե՞մ երդումս:

Պատասխան. Եղբայր, կարելի չէ ընդհանրապէս որոշելու վիճակդ բարկութեան պահու մը, որովհետեւ բարկութեան պահուն մարդուն միտքը կշռադատուած չ՚ըլլար ու կը վարուի իր ջիղերուն եւ ներքին ապրումներուն ազդեցութեան տակ եւ ինքն իրեն համար վտանգաւոր որոշումներ կը կայացնէ, որ պէտք չէ անոնց գերին դառնայ: Այդ պատճառով որոշումներդ խաղաղ վիճակի մէջ կայացուր: Կեանքիդ մէջ նախքան կարեւոր որոշում մը կայացնելդ, աղօթքով Աստուծմէ առաջնորդութիւն խնդրէ, խորհրդակցէ խոստովանահօրդ հետ եւ հարցը քննարկէ հոգեւոր ընկերներուդ հետ:

Սխալ է, որ բարկանաս ու զայրանաս: Սխալ է նաեւ բարկացած պահուդ որոշումներ կայացնելդ: Երրորդ սխալ մըն է, Տիրոջ անունով երդում ընելդ: Չորրորդ սխալ մըն է, ոգեւորուած պահուդ տունը ձգելդ: Հինգերորդ սխալ մըն է նաեւ, որ ստիպես մարդոց կատարելու բան մը սպառնալով, թէ տունը կը ձգես: Վեցերորդ սխալ մըն է, որ չմտածեցիր յաջորդ քայլին մասին, այսինքն՝ թէ ինչ պիտի ըլլայ վիճակդ, երբ տունը ձգես…: Եւ այնքան ատեն որ հարցը սխալներով ողողուեցաւ, որեւէ արգելք չկայ ընդհանրապէս վերանայելու այդ հարցին մասին: Եւ շատ լաւ է, որ սկսած ես խորհուրդ հարցնել:

Սխալ որոշումէ մը ետ կանգնիլդ՝ առաքինութիւն մըն է, իսկ սխալ երդում մը չգործադրելը՝ արդար վարուելակերպ մըն է, որովհետեւ անձին արգելումն է սխալը շարունակելու: Հերովդէս թագաւորը երդում ըրաւ պարուհիին տալու ինչ որ խնդրէ, որով ան Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը խնդրեց: Տղամարդկութի՞ւն էր Հերովդէսին կողմէ, որ գործդրեց իր երդումը ու կտրեց Յովհաննէսին գլուխը. ո՛չ, ընդհակառակը, ան պէտք էր ետ կանգներ իր երդումէն, որովհետեւ սխալ երդում էր:

Խնդրէ՛ Աստուծմէ, որպէսզի ներէ՛ քեզի այդ երդումդ: Մի՛ գործադրեր զայն: Խաղաղ վիճակի մէջ մտածէ ու թող որ Տէրը առաջնորդ ըլլայ քեզի, թէ ինչ պէտք է ընես:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın