ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր նորակերտ շիրիմը կը բացուի։ Ոմանց համար յարգանքի արտայայտութեան նշան, ոմանց համար հետաքրքրական, ոմանց համար՝ սովորական, ոմանց համար յապաղած արարողութիւն մը ըլլալ կը թուի այս մէկը։ Սա բնական երեւոյթ է, քանի որ «որքան մարդ այնքան բնաւորութիւն» ասութիւնը առակի կարգ է անցած։ Մարդիկ փոխանակ արտաքին երեւոյթէն տարուելու, լաւ կ՚ընեն եթէ թափանցեն անոր խորհրդանշական իմաստին, ինչպէս որ Քրիստոս ըսած էր. «Աչքերնուդ երեւցածին պէս մի՛ դատէք, այլ ուղիղ դատաստան ըրէք» (Յովհաննէս, 7.24)։
Քարակոյտ մը վարպետներու ձեռքին տակ կը վերածուի դամբարանի, անխօս քարերը կը դառնան խօսուն, վկայելու համար անձի մը վաստակին ու ծառայութեան մասին։ Հայ վիմագրութեան պատմութիւնը ինքնին վկայութիւն է, խօսուն հաւաքածոյ մը ոչ միայն յիշատակարաններու այլ նաեւ անոնց միջոցաւ արտայայտուած պատմական յիշատակութեանց եւ այդ ալ մեր ոսկեղնիկ բարբառով։
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր շիրիմի բացումը կ՚իրականանայ իր ծննդեան տարեդարձին օրը։ Իր ծնած օրը ոչ ոք գիտէր կամ իր մտքէն կ՚անցնէր թէ ան օր մը պիտի ըլլար առաջնորդող դէմք մը, ռահվիրայ մը, որուն առաքելութեան ընդմէջէն «բացում» բառը լիիրաւ իմաստով կեանքի պիտի վերածուէր։ Բացում մը՝ որով սկիզբը պիտի դրուէր հովուական օրհնեալ գործունէութեան մը, որ պիտի ձգտէր եկեղեցասիրութեան արծարծման, Քրիստոնէական դաստիարակութեան առաւել եւս կարեւորութիւն ընծայման եւ Հայ Եկեղեցւոյ արժէքներու պահպանման ու զանոնք նոր սերունդի փոխանցման։ Բացում մը՝ առաւել թափով լծուելու Կեանքի Խօսքին քարոզութեան, որ աւիշն էր Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքին։ Եկեղեցին երբ զինքը կը կոչէր սարկաւագութեան, քահանայութեան եւ հուսկ՝ եպիսկոպոսութեան մեծ աստիճաններուն երիցս առաջի Աստուծոյ եւ ժողովրդեան բարձրաձայնած էր. «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ, որ միշտ լնու զպէտս սրբոյ սպասաւորութեան առաքելական եկեղեցւոյ»։ Մինաս Սարկաւագը, Մեսրոպ Աբեղան եւ Մեսրոպ Եպիսկոպոսը իր ծառայութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին մնաց հաւատարիմ Սուրբ Հոգիի ներգործութեան նկատմամբ ունեցած անշեղ հաւատքին ու միշտ գործեց նոյն հաւատքով։ Եւ այսօր այս տապանին ներքեւ կը հանգչի իր մարմինը, որ «տաճար էր Հոգիին՝ որ իր մէջն էր եւ զոր ընդունած էր Աստուծմէ» (Ա. Կորնթացիս, 6.19), նաեւ «տաճար եւ բնակարան էր Աստուծոյ» (Բ. Կորնթացիս, 6.16)։
Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը հովուապետութեան մական ի ձեռին չունեցաւ երկարատեւ գահակալութիւն, սակայն իր կարճատեւ հովուապետական եւ նախանցեալ հովուական լիիրաւ շրջանները եկան հաստատել թէ հաւատքով կառուցած բարոյական շէնքը ամուր հիմերու վրայ դրուած էր։ Շէնք մը, որուն առաջին որմնադիրը եւ շաղախը հանդիսացած էր Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հայրը, իր հայրական օրհնութեամբ։
Կղզեցիները լաւ գիտեն թէ՝ Գնալը Կղզին ծանօթ է կարմրագոյն քարով եւ ունեցած է մեծ քարահանք, թէեւ այսօր ոչ գործօն։ Էր երբեմն երբ այս գեղեցկագոյն քարի բեկորներով սալայատակուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ փոքրիկ զառիվերը։ Գնալը Կղզիի մանաւանդ ամառուան ամիսներուն գիւղագնաց ընտանիքները, թէեւ ազնիւ, սակայն իրենց ձեռքբերած վարժութեամբ սովոր էին եկեղեցւոյ իրականութիւնը ընկալել լոկ որպէս ծիսակատարութեան վայր եւ այս առումով ալ օտար էին հովուական հասկացողութեան։ Այս առումով բարոյական իմաստով քարեր էին անոնք որոնք կը կարօտէին վարպետ քարակոփի մը։ Այդ վարպետ քարակոփը եղաւ Մեսրոպ Աբեղան, որ կղզի եկած առաջին իսկ մէկ օրէն անհանգստացած էր եկեղեցւոյ շուրջ տիրող ամուլ մթնոլորտէն եւ այդ մթնալորտէն գոհունակ հասկացողութենէն։ Իր հոգեւոր ծնողէն ստացած առաքելութեան ձեռնարկելու մղիչ զօրութեամբ քալեց առանց վարանելու, ոչ միայն քալեց այլ վազեց։ Իր վազքը առիթ ընծայեց որ մարդիկ համոզում գոյացնեն եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած նոր կեցուածքին բարերար դերին եւ սկսին իր հետ վազել։ Հաստատակամութեամբ յառաջ տարած իր աշխատանքներու շէնքը իմաստութեամբ կառուցած էր Տիրոջ Խօսքին վրայ, որ էր ժայռ աներեր, ատակ՝ դիմադրելու ամէն ժխտականութեան (Մատթէոս, 7.24)։
Սաղմոսաց Գրքի «Մեծ ես դու Տէր եւ առնես սքանչելիս եւ դու միայն ես Աստուած» (Սաղմոսք,85.10) համարը կարծես նոյնացած էր Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ հոգեւորականին կեանքին ու իր գործունէութեան հետ։ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր պտղաբեր գործը իր ծառայութեան վկայագիրն է։ Այդ վկայագիրը լաւ «ճանչցուած եւ կարդացուած էր գրուած ո՛չ թէ մելանով, այլ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, այլ սրտի մարմնեղէն տախտակներու վրայ» (Բ. Կորնթացիս, 3.1-3)։ Իր հոգեւոր սաները իրենց սրտերուն մէջ կը կրեն նոյն վկայագրին օրինակները։
Քրիստոս երբ Երուսաղէմ մտաւ, սաղմոսներով դիմաւորուեցաւ, բան մը որ զայրացուց փարիսեցիներու ամբոխը։ Քրիստոս յստակ կերպով պատասխանեց ըսելով. «Եթէ անոնք լռեն քարերը պիտի աղաղակեն» (Ղուկաս 19.41)։ Այս նորակերտ շիրմին առջեւ երբ կը գտնուինք, կը յիշենք Քրիստոսի խօսքը։ Այսօր, Երանաշնորհ Պատրիարքը փառքով կը յիշատակուի։ Պատահի օր մը երբ իր կատարած եկեղեցաշէն գործին ու վաստակին մասին անդրադարձող չգտնուի, այս շիրիմը իր տապանագրով պիտի աղաղակէ եւ առաջնորդ պիտի հանդիսանայ բոլոր անոնց, որոնք պիտի փափաքին ճանչնալ իր անձը եւ թափանցել իր կատարած գործի իմաստին։
Պիտի գան օրեր երբ բնութիւնը պիտի մաշեցնէ նոյնիսկ մարմարիոնը։ Սակայն Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը ունի աննիւթական եւ անմաշ յուշարձան մը եւս, կանգնուած՝ երկնային կայքերու մէջ։ Յաչս Աստուծոյ այս յուշարձանը կը մնայ անեղծ։ Եւ մենք կ՚աղօթենք որ Աստուած ընդունի իր ծառայութեամբ կերտուած անձեռագործ շիրմին արձանագրութիւնը եւ խաղաղութիւն պարգեւէ իր հոգւոյն։ Կը մաղթենք նաեւ որ քար քարի վրայ դնելով կերտած իր հոգեւոր բերդին մէն մի քարը մնայ անխախտ ու անմաշ, ի նշան երախտագիտութեան իր բազմակողմանի վաստակին, նաեւ ցուցանիշը՝ հաւատարմութեան, հանդէպ՝ իր ընդգրկած գործունէութեան սկզբունքներուն։
13 Յունիս 2020, Շաբաթ,
Գատըգիւղ
Ի Տօնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի
Ելանելոյն Ի Վիրապէն
İlk yorum yapan siz olun