İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻԻ ՍԵՄԻՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արեւմտեան աշխարհի մէկէ աւելի հեղինակաւոր պարբերականներ այս շրջանին շարունակ կը հաղորդեն, որ հայազգի յայտնի գործիչ եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն՝ Նուպար Աֆէեանի Moderna Inc. ընկերութիւնը (որու պարագային Աֆէեան նոյնպէս համահիմնադիր է) կարողացած է դրական առաջին արդիւնքները արձանագրել՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պատուաստի մը գիւտի ընդհանուր ծիրին մէջ։ Ի դէպ, Նուպար Աֆէեան նոր անուն մը չէ, պոլսահայ շրջանակներուն եւ յատկապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն համար։ Ամիսներ առաջ իրեն հետ Երեւանի մէջ մեր կատարած հարցազրոյցը հրատարակուած էր այս սիւնակին մէջ։ Այսօր, երբ ամբողջ աշխարհ ոգի ի բռին «կռիւ կու տայ» այս մահաբեր վարակին դէմ՝ կան մարդիկ, որոնց գլխաւորած կազմակերպութիւնները ներգրաւուած են ժահրը չէզոքացնելու միտուած պատուաստին վրայ տարուած աշխատանքներուն։ Անոնցմէ մին է Նուպար Աֆէեանի Moderna ընկերութիւնը։ Առ այդ, յարմար նկատեցի սղագրել օրեր առաջ «Շանթ» հեռուստակայանի եթերով Աֆէեանին հետ իմ կատարած ծաւալուն հարցազրոյցը եւ զայն ներկայացնել՝ հաշուի առնելով այժմէականութիւնն ու շահեկանութիւնը։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Աֆէեան կարեւոր մատնանշումներ կը կատարէ ո՛չ միայն «Քովիտ-19»ի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակներուն, վարակի վտանգին եւ «անհասկնալիութեան» մասին, այլ նաեւ՝ կը խօսի համավարակի յաջորդելիք փուլի հաւանականութիւններուն եւ ընդհանուր ընթացքին մասին։

-Պրն. Աֆէեան, վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած էիք, որ ձեր ընկերութեան՝ Moderna-ի պատրաստած պատուաստով 50 անձեր արդէն փորձարկման փուլի մէջ են։ Այսօր ի՞նչ տեղեկութիւն կրնաք փոխանցել այդ անձերուն, հիւանդներուն մասին, որոնք ձեր ընկերութեան պատրաստած պատուաստի առաջին փորձարկման կ՚ենթարկուին:

-Մենք տակաւին քանի մը շաբաթ պիտի հետեւինք մեր պատրաստած պատուաստի արդիւնքներուն։ Եթէ ապացուցանենք, որ ապահով է եւ եթէ արդէն իսկ կարենանք տեսնել ախտազերծումը, այդ ժամանակ կրնանք խօսիլ փաստացի արդիւնքներու մասին: Ներկայիս առաջին քայլերը կ՚առնենք, չեմ գիտեր որքա՛ն պիտի ըլլայ յաջողութեան տոկոսը, սակայն, պարզ է, որ քանի մը շաբաթէն առաջին քայլերու արդիւնքները պիտի երեւին։

-Գիտէք, որ այս համաճարակի ծագելէն ետք աշխարհի յառաջատար երկիրներ. ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Չինաստան, Ռուսաստան, զանազան առիթներով պատուաստի մասին կը խօսին։ Իւրաքանչիւրը կ՚ըսէ՝ ինքն է, որ կատարեալ պատուաստը պիտի գտնէ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս մօտեցումները:

-Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ ես կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, թէ պատուաստի պատրաստութեան ձեռնարկած բոլոր կողմերու փորձերը յաջողին։ Արդարեւ, աշխարհի մէջ մի քանի միլիառ մարդ էակ կայ եւ պատուստի միայն մէկ տարբերակը պիտի չբաւարարէ: Հետեւաբար, մենք երբեք այդ մրցակցութիւնը չենք զգար, որ պէտք է մենք յաջողինք եւ ուրիշները ձախողին՝ ընդհակառակն, կը յուսանք, թէ բոլորն ալ կը յաջողին։ Միայն այդպէս կարելի կ՚ըլլայ պատուաստը շատ աւելի շուտ եւ աւելի մեծ քանակով հասցնել մարդկութեան:

Անշուշտ, մենք մեր փորձառութեամբ կրնանք գնահատել, թէ ո՛ր փորձերը կրնան յաջողիլ: Մեր փորձարկման հիմքը ամենաարդի արհեստագիտութիւնն է, որ կը կոչուի «Messanger RNA»։ Այս ձեւը ստեղծեցինք ինն տարի առաջ, որպէսզի կարենանք շատ արագ ընթացքով աշխատիլ եւ շատ աւելի բնականին մօտ ըլլայ։ Որովհետեւ մեր պատրաստած պատուաստը կ՚աշխատի այն նոյն դրութիւնով, որով բնութեան մէջ մեր մարմինը այս ժահրին կը հակադրուի։ Յոյս ունինք, թէ այս մօտեցումը կրնայ յաջողիլ, նաեւ կը փափաքինք, որ միւսներն ալ յաջողին:

Անշուշտ, կան շատ մը մեծ ընկերութիւններ, որոնք ուրախ չեն, որ մեզի նման փոքր ընկերութիւն մը կրնայ շատ աւելի արագ քալել եւ յաջողիլ: Կան Չինաստանի մէջ եղած փորձեր, բայց մեզմէ բոլորովին տարբեր մօտեցումներով եւ առանց բաւարար փորձառութեան։ Կան նաեւ մեծ ընկերութիւններ, որոնք շատ աւելի մեծ փորձառութիւն ունին եւ անցեալ տարիներուն ուրիշ պատուաստներ պատրաստած են, բայց անոնք դեռ քանի մը ամիս պիտի սպասեն, որպէսզի սկսին։ Բայց սա իրենց համար շատ ձեռնտու չէ, որովհետեւ իրենք միշտ կ՚ուզեն իշխող ուժ ըլլալ։ Հետեւաբար, հասկնալի է՝ ինչո՛ւ զանազան երկիրներէ տարաբնոյթ յայտարարութիւններ կը հնչեն: Բայց մեր մօտեցումը յստակ է: Մենք արդէն աջակցութիւն ստացանք ԱՄՆ-ի կառավարութենէն՝ մօտաւորապէս կէս միլիառ տոլար, որպէսզի մեր աշխատանքը շատ աւելի արագ ըլլայ եւ մեծ քանակութեամբ սկսինք արտադրել պատուաստը:

-Օրերս, քաղաքական գործիչներուն չափ ըսելիք կարեւոր խօսք ունին՝ վարակաբանները, գիտնականները։ Անոնցմէ մին է ֆրանսացի՝ Տիտիէ Ռաուլ, որ այս օրերուն զգայացունց յայտարարութիւն մը ըրաւ։ Ան ըսաւ, որ «Քովիտ-19» վարակը յանկարծ պիտի անհետանայ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս մօտեցումը:

-Ես երկու տարբեր գաղափար յայտնեմ ձեզի։ Նախ եւ առաջ՝ երբ այս տեսակ միջազգային ծաւալով համաճարակի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ ամբողջ աշխարհ շոքի ենթարկուած է, այս պարագային դժուար է վստահիլ ոեւէ մասնագէտի կարծիքին։ Արդարեւ, այդ մասնագիտութիւնները կը ծառայեն բնական պարագաներու համար եւ ո՛չ թէ այս տեսակ՝ բոլորովին անսպասելի դէպքերու մէջ: Այլապէս, եթէ մասնագիտութիւնը բաւարարէր, այդ նոյն մասնագէտները կրնային կանխատեսել այսպիսի դէպք մը եւ մեզ աւելի լաւ նախապատրաստել: Հետեւաբար, կը թելադրեմ, որ մարդիկ ուշադիր ըլլան: Իսկ միւս կողմէ, պարզ է, որ նման համաճարակի մը պարագային հնչեցուին զանազան միտքեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ճիշդ ըլլալու հաւանականութիւն կ՚ունենայ։ Վստահաբար, այդ բոլոր արտայայտութիւններէն գոնէ մէկը իրաւացի կ՚ըլլայ եւ այդ ժամանակ՝ ան, որ այդ արտայայտութիւնը ըրած է, պիտի դառնայ մարգարէ, իսկ մնացեալը՝ ըսենք, անկարող: Բայց, իմ կարծիքով, այդ մարգարէութիւնը պէտք է ապացուցանել նախքան փաստի գալը:

Անձամբ, ինձ համար՝ իբրեւ գիտնական, շատ դժուար է երեւակայել, թէ այս ժահրը կրնայ անհետանալ։ Որովհետեւ մենք դեռ նոր կը տեսնենք անոր ազդեցութիւնը, թէ ինչպէ՛ս կը վարակէ, ինչպէ՛ս կը տարածուի, ինչպէ՛ս կ՚ազդէ մարմնի տարբեր բջիջներուն վրայ: Այս բոլորը տեսնելով՝ դժուար կը գտնեմ ենթադրել, թէ պիտի անհետանայ։

-Շատեր կ՚ըսեն, որ «Քովիտ-19» վարակի պատճառով աշխարհի մէջ շատ բան փոխուեցաւ։ Մենք ականատես եղանք անսպասելի վիճակներու, նկատեցինք դատարկ մայրաքաղաքներ ու ապրեցանք՝ պատկերաւոր ըսուած «սառած կեանք»ի մէջ։ Ձեր կարծիքով, այս վարակը կեանքի նոր մեթոտ, նոր մարտահրաւէրներ, ապրլու նոր ոճ մը պիտի բերէ՞։ Կա՞յ այդ հեռանկարը:

-Այս համաճարակը մինչեւ հիմա ամբողջ աշխարհի մէջ արդէն շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ թէ՛ մարդ էակին առողջութեան, թէ՛ կեանքին եւ թէ աշխարհի տնտեսական ուժին վրայ։ Այնպէս որ՝ դժուար պիտի ըլլայ եւ շատ ժամանակ պիտի պահանջէ վերադարձը արդիւնաւէտ աշխատանքի, որ բնականաբար նախկինին նման պիտի չըլլայ։ Անխուսափելիօրէն մենք պիտի ապրինք տարբեր ժամանակներ։

Գիտէք՝ աշխարհ նման իրավիճակներու մէջ երբեմն աւելի արագ կը յառաջդիմէ, քան երբ ամէն ինչ բնականոն հունով կ՚ընթանայ։ Այսինքն՝ ունեւորները աւելի կը զօրանան, տկարները կը տկարանան եւ այդ ձեւով կը շարունակուի: Բայց այսպիսի պարագաներով թէ՛ ունեւորը, թէ՛ աղքատը կը տառապին եւ նոր մօտեցումները նոր հնարաւորութիւններ կու տան ամբողջ աշխարհին, որպէսզի ստեղծագործեն եւ յառաջդիմեն:

Որպէս փոփոխութիւն՝ ես կը սպասեմ, որ նորարարութիւնները պիտի շատնան, մարդիկ պիտի անդրադառնան, որ ամէն հարցի լուծման համար կառավարութիւններուն վստահիլը եւ ամէն ինչի ապահովումը անոնցմէ սպասելը՝ շատ բնականոն ակնկալութիւն մը չէ: Կրնամ ըսել, որ թէեւ բոլորս ցաւի մէջ ենք հիմա, սակայն այս վիճակը մեզի կրնայ ներկայացնել նոր կեանք, նոր աշխարհի ծրագիր եւ սա աւելի մեծ հնարաւորութիւն կու տայ՝ քան մինչ այդ մեր ըրածը շարունակելը։ Այն ինչ, որ կ՚ընէինք՝ ձեւով մը արդէն մեզ հասցուց այս վտանգին:

-Վստահ եմ, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր սրտցաւ հայ՝ նոյնպէս եւ դուք կը հետեւիք «Քովիտ-19»ով պայմանաւորուած Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին վերաբերմունքը այս իրավիճակին նկատմամբ:

-Այո՛, կարելի չափով կը հետեւիմ՝ կարդալով եւ խօսելով ընկերներու հետ: Անշուշտ, հիմա, ճգնաժամի ընթացքին ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի ժողովուրդը անցընէ այս դժուարութիւնները։ Բայց, յաջորդ քայլերը, կը կարծեմ, շատ աւելի դժուար կրնան ըլլալ՝ այլ ոլորտներու, սակայն առաւել չափով տնտեսութեան մէջ շատ մը հարցեր կրնան յառաջ գալ։ Կը յուսամ, թէ կառավարութիւնը, իշխանութիւնը արդէն զօրաւոր պատրաստութիւններ կ՚ընէ այդ առումով։ Կրնամ ըսել, որ մեր Եկեղեցին եւ միւս կազմակերպութիւնները եւս պէտք է պատրաստուին, որպէսզի հոգեբանական կերպով օգնեն ժողովուրդին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհի մէջ։ Մենք՝ իբրեւ ազգ հարիւր տարի առաջ այս տեսակ շոքէ մը անցած ենք։ Նմանութիւնը, անշուշտ, ո՛չ թէ ձեւին մէջ է, այլեւ՝ ազդեցութեան. անիմաստ ձեւով հարիւր հազարաւոր հայեր՝ մարդիկ մեռան, մնացածները տառապեցան, կարգ մը հերոսներ իրենք զիրենք դրսեւորեցին, ազատեցին մարդոց կեանքը։ Այդ բոլորը մենք անցուցինք ու մենք փաստեցինք, որ աւելի քան հարիւր տարի թէ՛ տառապած ենք, թէ՛ աշխատած, որպէսզի վերականգնենք մեր ինքնութիւնը։ Ես կը կարծեմ, թէ մեր այս փորձառութիւնը, նաեւ հրեաներու փորձառութիւնը, որոշ ձեւով կարեւոր կրնան ըլլալ աշխարհին՝ յաջորդ քայլերու տեսակէտէ։ Որովհետեւ աշխարհ այդ փորձառութիւնը չունի, չէ ապրած այդ տեսակ վտանգ եւ մահ, որ շատ արագ կը ծաւալի: Բայց, չմոռնանք, թէ մեր ազգն ալ պէտք ունի այդ տեսակ խօսակցութեան, նոր իմաստ գտնելու, հաւատքի։ Հետեւաբար, մեր կազմակերպութիւնները պէտք է օժանդակութիւն բերեն, յոյս տան… Այս բոլորը զիս կը մտահոգեն եւ կարեւոր են ո՛չ միայն մեր վերապրումին, այլեւ՝ վերականգնումի քայլերուն համար, երբ կամաց կամաց կը սկը-սինք նոր իրավիճակին համակերպիլ: Շատ գործ ունինք ընելիք, բոլորս:

-Պրն. Աֆէեան, դուք այն գիտնականներէն էք, որ քանիցս յայտարարեցիք, թէ բացառուած է այս վարակի ստեղծման առումով մարդկային գործօնի մը գոյութիւնը։ Սակայն այսօր մենք կը տեսնենք, որ վարակը կը քաղաքականացուի եւ կը լսենք, որ նոր «քաղաքական աշխարհ» մը պիտի գոյանայ։ Այլ խօսքով՝ տարբեր բեւեռներ, նոր ճակատներ, նոր դաշինքներ պիտի ձեւաւորուին։ Դուք ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը:

-Այս համաճարակը ազդեցութիւն գործեց թէ՛ մեր մարմիններուն, թէ՛ մարդ էակի միտքին վրայ։ Ընդհանրապէս, աշխարհի տարբեր ազգերու մտածելակերպը «վարակուեցաւ» այս ժահրով, որովհետեւ բոլորս վախ ապրեցանք, անպատրաստ եւ անպաշտպան ըլլալու զգացում ունեցանք։ Տեսանք, որ մահու առջեւ կրնանք գտնուիլ, ընտանիքի անդամներ կը տառապին, եւ այլն։ Հետեւաբար, դժուար է այս բոլորէն ետք ըսել, որ գէշ երազի պէս անցաւ, այլեւս չի կրկնուիր, վերադառնանք մեր նոյն կեանքին: Այս առումով ես բաւական խօսակցութիւններ կ՚ունենամ զանազան ոլորտներէ մարդոց հետ, որոնց բոլորը ունին նոյն կարծիքը, թէ պէտք է միասնաբար սպասենք նոր երեւոյթներու, նոր ծրագրերու:

Վերջերս մենք տքթ. Լորտ Արա Տարզիի (Անգլիա) հետ տպագրեցինք «Opinion Peace» գիրքը, որուն մէջ նկարագրեցինք, թէ մեր առողջութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է դառնայ անվտանգութեան հարց (health security), թէ ինչպէ՛ս մենք պէտք է երթանք ո՛չ միայն հիւանդութենէ դարմանուելու ուղղութեամբ, այլեւ՝ նախքան հիւանդանալը պէտք է ունենանք այդ բոլոր արհեստագիտութիւնները եւ գիտութիւնը, որպէսզի կարենանք հիւանդութիւնը մեզմէ հեռու պահել՝ ինչպէս որ երկիրներ իրենց թշնամիին դէմ նախքան պատերազմը բոլոր քայլերը կ՚առնեն: Այս մէկը. օրինակ՝ health security-ն (առողջական անվտանգութիւն) այդ նոր երեւոյթներէն մէկն է, որ պիտի ծնի այս համաճարակէն ետք։ Վստահ եմ, թէ հարիւրաւոր այսպիսի այլ մօտեցումներ եւս պիտի զարգանան:

Այս ծիրին մէջ վերջին բան մըն ալ ըսեմ, որ իմ կեանքիս միւս կողմը՝ «Աւրորա»ի մասով, մարդասիրական ծրագրերու կը վերաբերի։ Գիտէք՝ մարդասիրական գործունէութեան մէջ ներգրաւուած է թիւով շատ քիչ մարդ եւ հիմա բոլորս առիթ ունինք մարդասիրական գործունէութեամբ զբաղելու։ Որովհետեւ եթէ առաջ այդ աշխատանքը Միջին Արեւելքի կամ Ափրիկէի ժողովուրդներուն համար պէտք է ըլլար եւ հոն գտնուելու խնդիր կար, ապա հիմա այդ մարդասիրական մօտեցումի կարիքը ամէն տեղ կայ՝ մեր քաղաքէն, մեր թաղամասէն սկսեալ։ Աննախադէպ վիճակ է սա, երբ մարդ էակը կրնայ աւելի շատ իր բարութիւնը դրսեւորել՝ քան կրնայինք այդ մէկն ընել նախքան քորոնայի յայտնուիլը։

-Արդեօք մարդկութիւնը բան մը սորվեցա՞ւ այս վարակէն՝ ստեղծուած ընդհանուր վիճակի լոյսին տակ:

-Շատ կանուխ է ենթադրութիւններու համար, թէ արդեօք բան մը սորվեցա՞նք՝ մանաւանդ, որ, դժբախտաբար, այնքան անվստահութիւն կայ տարածուած նիւթերուն եւ լուրերու շուրջ։ Յայտնի չէ՝ ո՛ր մէկը իրականութիւն է, որո՛նք կռահումներ են: Ուրեմն, այսպիսի ժամանակներու մէջ շատ դժուար է դասեր քաղել։ Իրապէս, ես կը կարծեմ՝ մենք պէտք է աւելի խոնարհինք մեր տգիտութեան առջեւ եւ անդրադառնանք, որ ժամանակ պիտի պահանջէ մինչեւ որ նախ հասկնանք՝ ի՛նչ եղած է իրականութիւնը, ինչպէ՛ս կրնանք դուրս գալ այս վիճակէն եւ յետոյ դասեր քաղել։ Եւ տակաւին պէտք է տեսնենք այդ դասերը ճի՞շդ են, թէ՞ ոչ: Զիս նաեւ կը մտահոգէ հետեւեալը. ինչպէս ըսի, մենք կ՚ապրէինք եւ դեռ կը շարունակենք ապրիլ մասնագիտական աշխարհի մէջ, ուր, օրինակ, դուք կ՚ուզէք, որ ես իմ կարծիքս յայտնեմ իբրեւ մասնագէտ, գիտնական, բայց ես կարծիքս կ՚ուզեմ արտայայտել ոչ որպէս մասնագէտ-գիտնական, որովհետեւ ես վստահ չեմ, թէ իմ մասնագիտութիւնս բաւարար նախապայման է՝ վստահեցնելու համար ոեւէ մէկը, թէ իմ ըսածս ճիշդ է: Ես այսպէս կ՚ընկալեմ եւ մնացեալ մասնագէտները կը հրաւիրեմ, որ նոյնպէս չպնդեն, թէ իրենց պնդումները ճիշդ են: Անշուշտ, սա չի նշանակեր՝ պէտք է լուռ մնալ։ Պէտք է արտայայտուինք եւ ժամանակի ընթացքին, քաղաքական ուժեր կամ մարդիկ, որոնք նոր իրականութիւններով կը զբաղին, նոր փիլիսոփայութիւններ կը ստեղծեն՝ տեսնեն ի՛նչ դասեր եղած են, ո՛ր մէկը ճիշդ է եւ ի՛նչ կրնանք տարածել:

-Եթէ պատահի, որ ձեր ընկերութիւնը գտնէ պատուաստը, հայութիւնը կամ Հայաստանը բաժին մը կամ նախապատուութիւն մը պիտի ունենա՞ն այդ պատուաստէն։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք այդ դեղաբաշխումը հայ ժողովուրդին:

-Գիտէք, դեռ կանուխ է այդ հարցով զբաղուելու համար, որովհետեւ տակաւին մեծ գործ ունինք ընելիք այդ ուղղութեամբ։ Ընդհանրապէս, ամբողջ աշխարհ պէտք ունի այս տեսակ պատուաստի մը: Անշուշտ, իմ մասնակցութիւնը այս ընկերութեան մէջ գոնէ կ՚ապահովէ, որ Հայաստանի պարագան ուսումնասիրենք, բայց կան շատ ուրիշ երկիրներ, որոնք Հայաստանէն շատ աւելի վատ վիճակի մէջ են եւ որոնց կարիքները Պիլ Կէյցի «Կէյց» հիմնարկը կը հոգայ։ Բայց, Հայաստանի կարգավիճակով, այսինքն, միջին կարգի երկիրներ շատ կան։ Մենք, անշուշտ, կը մտածենք ձեւեր, որպէսզի կարենանք արտածել դեղերը, բայց գուցէ հարցեր կրնան ըլլալ։ Ամերիկայի մէջ պատրաստուած պատուաստը նախ Ամերիկայի մէջ պէտք է գործածուի։ Հետեւաբար, մենք արտասահմանի մէջ եւս արտադրամասեր կը սարքենք եւ այդ ուղղութեամբ արդէն կ՚աշխատինք քանի մը տարբերակի վրայ, որոնք կրնան շատ արագ գործի դրուիլ:

Ուրեմն, ես կ՚ակնկալեմ, որ զանազան երկիրներու մէջ այդ պատուաստը կարելի կ՚ըլլայ պատրաստել եւ այդ միջոցով Հայաստանին հասցնել: Ես՝ իբրեւ հայ, անշուշտ, կ՚ուզեմ, որ այդ պատուաստը Հայաստան հասնի եւ պայման չէ, որ այդ մէկը մեր պատրաստած պատուաստը ըլլայ, այլեւ՝ որեւէ պատուաստ, որ դրական արդիւնք պիտի տայ։

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/8-06-2020-անխուսափելիի-սեմին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın