İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԿԱՅՔԷՋ «HYPERALLERGIC»-Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ՀՐԱԿ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Hyperallergicը համացանցային կայքէջ մըն է, որ բացառապէս կը վերաբերի արուեստի եւ մշակոյթի զանազան ոլորտներուն, ինչպէս՝ նկարչութիւն, ֆիլմաշխարհ, երաժշտութիւն, թատրոն… եւ այլն։ Կայքէջ այցելողը հո՛ն կը գտնէ համաշխարհային արուեստին վերաբերող լուսաբանութիւններ, փորձագրութիւններ, վերլուծական յօդուածներ, կարծիքներ, լուրեր, տեղեկագրութիւններ, հարցազրոյցներ, տեսերիզներ եւ զանազան նիւթեր։ 

Hyperallergic առցանց հրատարակութիւնը հիմնուած է Հրակ Վարդանեանի եւ Վիգէն Կուիկեանի միասնական ջանքերով։ Այս կայքէջին (https://hyperallergic.com/) մասին մանրամասնութիւններ իմանալու համար, «Հայրենիք»-ի թղթակից՝ Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան  զրուցեց սոյն կայքէջին գլխաւոր խմբագիր, արուեստի քննադատ եւ գրող, նախկին Հալէպցի, այժմ՝ Նիւ Եորքաբնակ Հրակ Վարդանեանին հետ։

  1. Hyperallergicը քանի՞ տարեկան է։ Ինչպէ՞ս յղացաք այս կայքէջը ստեղծելու գաղափարը եւ անունին ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կատարեցիք։

2008-ին, երբ համաշխարհային տնտեսական տագնապը սկսաւ, ես եւ Վիգէն Կուիկեանը միտք յղացանք մեր ունակութիւնները ի մի բերել եւ նոր գործի մը ձեռնարկել։ Այդ մէկը hyperallergic կայքէջի ստեղծումը եղաւ, որ իրականութիւն դարձաւ 2010ի Հոկտեմբերին իր առաջին հրապարակումով։ Ինչպէս ամէն բանի սկիզբ, այս մէկն ալ դիւրին չեղաւ, սակայն հետզհետէ էջը լայն տարածում ունեցաւ եւ մեր հիմնական զբաղումը դարձաւ։ Առաջին ամիսը մօտաւորապէս 10 000 հետեւորդ ունէինք, այսօր էջը միլիոնէ աւելի հետեւորդ կը հաշուէ։ Վիգէնը ստեղծեց նաեւ արուեստի վերաբերող համացանցային առաջին գովազդային ցանցը։ Կայքէջի տարածման հետ, ընդարձակուեցաւ նաեւ մեր աշխատակազմին թիւը։ Այսօր էջը ունի 12 աշխատակից, որոնք կը հրամցնեն բազմազան հետաքրքրական յօդուածներ։

Անունին ընտրութիւնը շատ պատահական եղաւ։ Կատակով մը Hyperallergic անունը տուինք, նկատի առնելով որ մարմինս շատ հակազդեցութիւններ կ՚ունենայ տարբեր ուտեսներու, կամ ծաղիկներու եւ այլ բոյսերու նկատմամբ, սակայն աւելի խորացումով, սիրեցինք այս գաղափարը եւ որոշեցինք այդպէս ալ կոչել կայքէջը, մտածելով որ ուշագրաւ անուն մը կ՚ըլլայ եւ համացանցին մէջ՝ դիւրաւ գտանելի։ Այսպիսով, Hyperallergicը իր հակազդեցութիւնը կ՚արտայայտէ արուեստի տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ։

  1. Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ արուեստը այսօր. ըսել կ՚ուզեմ, այսօրուան արուեստը գեղագիտական առումով կ՚ուրանա՞յ դասական աւանդութիւնները եւ հակոտնեայ ուղղութեա՞մբ կ՚ընթանայ։ Ինչպիսի՞ն են արդի ձգտումները։

Անգլերէնով խօսք մը կայ, որ կ՚ըսէ. «They wear many hats», որ կը նշանակէ թէ արուստագէտը այսօր միակողմանի ստեղծագործութեամբ չի զբաղիր, այլ իր ստեղծագործութիւնը համաձուլումն է տարբեր արուեստներու։ Այս առումով ալ այսօրուան արուեստագէտը պէտք է շատ աւելի աշխարհահայեաց ըլլայ եւ ունենայ բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ։ Նախապէս, արուեստի ընկալումը աւելի նեղ էր եւ եւրոպական մտածողութեամբ կ՚առաջնորդուէր. արձան մը, յուշարձան մը, կտաւի գործ մը արուեստի գործ կը համարուէին ու կը ցուցադրուէին յատուկ ցուցասրահներու մէջ։ Այսօրուան արուեստը աւելի յղացքային արուեստ է (conceptual art) եւ պայման չէ, որ շօշափելի նիւթ ունենայ, մանաւանդ համացանցային այս հարթակին վրայ, ուր նոր աշխարհներ կը ստեղծուին, մեզի համար սովորական թուող երեւոյթներէն շատ անդին։ Արուեստագէտը արուեստի տարբեր ոլորտներ իրարու խառնելով հասարակութեան կը յղէ իր մտածումը։ Եթէ նախապէս արուեստագէտը բնութեամբ կը ներշնչուէր եւ բնութիւնը իրեն համար ծառն էր, ծաղիկը, օդը կամ ջուրը, այսօր բնութիւնը բոլորովին այլ ընկալում ունի արուեստագէտին համար։ Բնութիւնը միայն դուրսի աշխարհը չէ այլեւս, այլ համացանցային աշխարհն է իր բազմազան շերտերով։ Մէկ խօսքով՝ կարելի է ըսել, որ այսօր արուեստի ըմբռնումը փոխուեր է ու մեծապէս ընդլայներ։

  1. Իսկ հասարակութիւնը կ՚ընկալէ՞ այսօրուան արուեստագէտին ստեղծագործութիւնը։ Այլ խօսքով՝ արուեստագէտը իր ժամանակին ու վայրին մէ՞ջ, թէ դուրս է որ կը ստեղծագործէ. որովհետեւ յաճախ կը պատահի, որ արուեստագէտներ իրենց ժամանակի մէջ չեն հասկցուած եւ աւելի ուշ գնահատուած են անոնք։ Այսօրուան վիճակը ի՞նչպիսին է։

Արուեստագէտները միատեսակ չեն։ Կան անոնք, որոնք ընդելուզուած են ներկային եւ շրջապատի անցուդարձին ու առ այդ ալ կը ստեղծագործեն, կան նաեւ անոնք, որոնք տակաւին չեն հասկցուած կամ հասկցուիր։ Սակայն այս երեւոյթը նոր չէ, արուեստի պատմութեան մէջ միշտ ալ պատահած են նման երեւոյթներ։ Թորոս Ռոսլին որպէս մանրանկարիչ յայտնի դարձաւ միայն 19-20րդ դարերուն, որովհետեւ ինք եւս ինքզինք իբր գրիչ կը համարէր ծաղկող ըլլալէ աւելի։ Ահաւասիկ դարեր ետք է, որ մարդիկ ուշադրութիւն դարձուցին իր մանրանկարչութիւններուն եւ ըստ այդմ արժեւորեցին զանոնք։ Այսօր մենք Թորոս Ռոսլինը կը ճանչնանք իբր յայտնի մանրանկարիչ եւ ոչ թէ իբր գրիչ։ Այս կը նշանակէ, որ մարդոց հայեցողութիւնը երեւոյթներու հանդէպ փոփոխական է։ Ժամանակի ընթացքին ընկալումները կը փոխուին եւ կ՚ընդլայնին ու երբեմն կը պատահի, որ ի՛նչ որ արժէք էր նախապէս, կրնայ շատ սովորական եւ պարզ երեւոյթ մը թուիլ, եւ կամ հակառակը։ Այսուամենայնիւ, արուեստագէտը շատ մեծ դեր ունի կատարելիք  ընկերութեան մէջ։ Ան ունի սրատես նայուածք եւ կարողութիւն՝ տեսնելու եւ առնչուելու այնպիսի երեւոյթներու հետ, որ ուրիշներու համար բոլորովին աննկատ կրնան համարուիլ։ Ահա այդ մանրամասնութիւնն է, զոր կը ներկայացնէ արուեստագէտը իր արուեստով։

  1. Հայկական արուեստը որքանո՞վ ներկայ է Hyperallergicին մէջ։ Ճիգ կա՞յ հայկականը օտարներուն ծանօթացնելու, տրուած ըլլալով որ թերթը ամբողջութեամբ անգլերէնով է եւ օտար ընթերցողներ եւ հետեւորդներ ունի։

Հայկականը միշտ ներկայ է հոն, ոչ ամէն թիւի մէջ, սակայն պարբերաբար անդրադարձ կայ հայ արուեստագէտներուն։  2015ի Վենետիկի «Awards of the Biennale Arte» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, երբ Հայաստանը «Golden lion» մրցանակը շահեցաւ, այս առթիւ մեր աշխատակիցներէն Նիրի Մելքոնեան հանդէս եկաւ յօդուածով մը, ուր ներկայացուց մանրամասնութիւններ հայ արուեստէն՝ նպատակ ունենալով զայն հասանելի դարձնել օտարներուն։ Անցեալ տարի, շատ կարեւոր յօդուած մը տպեցինք քաղաքագէտ վերլուծաբան Սիմոն Մաղաքեանի գրիչով Ջուլֆայի խաչքարերու մասին։ Սիմոն Մաղաքեան, որ 10 տարիէ աւելի այս նիւթին ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ, իր յօդուածին մէջ մանրամասն ներկայացուց Նախիջեւանի խաչքարերը, զորս Ազրպէյճանցիներու կողմէ քանդուեցան եւ Արաքս գետը նետուեցան։ Ասիկա մեծ արձագանգ ձգեց օտար հանրութեան մէջ եւ անոնք տեսան, թէ ինչպիսի՜ ցաւալի վախճան կ՚ունենան հայկական վանքերն ու յուշարձանները։ Այլ առիթով մը անդրադարձած ենք հայ արուեստագէտ Կարինէ Թորոսեանին, որ սինեմայի արուեստագիտուհի է, եւ տակաւին շատ ու շատ ուրիշներու։ Նպատակը, ինչպէս ըսի, միշտ եղած է ցոյց տալ հայ արուեստի ուրոյն տեղը համաշխարհային արուեստներուն մէջ։ Ունինք օտար արուեստագէտներու լայն շրջանակ մը, որոնք լաւապէս կը ճանչնան Հայ անուանի  արուեստագէտները։ Երբ Արշիլ Կորքի կ՚ըսենք, օրինակ,  բոլորը գիտեն ու կը ճանչնան. երբ ֆիլմաշխարհին անդրադառնալով Փարաջանովին անունը կու տանք, նոյնպէս կը ճանչնան։ Սակայն կը զգամ, որ տակաւին շատ աշխատանք պէտք է թափուի հայկական մշակոյթը օտարներուն առաւել ճանաչելի դարձնելու համար։

  1. Այս առումով, կ՚ուզէի իմանալ, արդեօք կապ կը հաստատէ՞ք Հայաստանի արուեստագէտներուն հետ։

Ունինք կապեր, բայց շատ չեն, դժբախտաբար։ Կը համարձակիմ ըսելու, որ հայ արուեստագէտը այսօր չունի իր գրող-քննադատը։ Ես գոնէ հայերէնով այս առումով որեւէ նիւթ չեմ կարդար պարբերաթերթերու մէջ։ Եթէ նոյնիսկ հատ ու կենտ ըլլան անոնք, մասնագիտական չեն, այլ շատ մակերեսային, գրեթէ ոչինչ ըսող յօդուածներ, որովհետեւ հոն վերլուծական միտքը կը պակսի. այնպէս որ չեմ գտներ հարթակ մը, որուն կարենամ յենիլ հայկականի իմաստով։ Կապը արուեստագէտին եւ քննադատին շատ կարեւոր է։ Արուեստագէտը կը ստեղծագործէ եւ երբեմն այդպէս աննշան կը մնայ եւ իր նեղ սահմանէն դուրս չի գար։ Օրինակ մը տամ ո՛չ Հայաստանէն, այս անգամ՝ Սփիւռքէն։ Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, Պէյրութ գացի եւ պէյրութցիներուն հարցուցի, թէ Սեդա Մանուկեանը կը ճանչնա՞ն։ Բացասական պատասխաններ ստացայ, հակառակ որ անցեալ տարի Պէյրութի մէջ ցուցահանդէս ունեցեր էր ան։ Սեդան նախկին լիբանանցի, այժմ ամերիկաբնակ նկարչուհի է։ Հայերը տեղեակ չէին։ Կը  զարմանամ, որ եթէ Պէյրութի պէս տեղ մը, ուր հայկական տարբեր լրատուամիջոցներ ունի, ունի ձայնասփիւռի կայաններ, եւ եթէ հո՛ն չեն կրնար արուեստի մասին կամ արուեստագէտներու հետ յարաբերութիւն ստեղծել, այլեւս միւս գաղութներէն ի՛նչ սպասել. եւ ասիկա վտանգաւոր է, որովհետեւ այդ կապի չգոյութիւնը չ՚օգներ արուեստագէտին իր ստեղծագործութեան ճանաչման եւ ըստ արժանւոյն մատուցման։

  1. Այս կարեւոր նկատառումներէ ետք, անդրադառնանք մեր առօրեան յուզող այլ տհաճ երեւոյթի մը. խօսքը կը վերաբերի պսակաձեւ ժահրի մեկուսացման այս դժուար պայմաններուն։ Կայքէջը ի՞նչ վիճակի մէջ է այսօր եւ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ դժուարութիւնները։

Բոլորին պէս, սկիզբի օրերուն շատ ցնցուեցանք, մանաւանդ երբ Մարտ ամսուն կայքէջի գովազդները մեծաւ մասամբ կասեցուեցան՝ թերթը դժուար կացութեան մատնելով, սակայն ուրախութեամբ կրնամ ըսել, որ Ford Foundationէն նիւթական մեծ ներդրում ունեցանք, առաւել՝ անդամակցութեան թիւը մէկ ամսուան մէջ 2000ի աճ (վճարովի) արձանագրեց։ Այսպիսով, թերթը կրկին ոտքի կանգնեցաւ եւ իր գոյութիւնը պահպանեց։ Ուրախ ենք, որ պահանջուած կայքէջ է Hyperallergicը եւ հիմա կամաց-կամաց իր բնական վիճակին կը վերադառնայ։ Աշխատակիցները անշուշտ տնային պայմաններու տակ կ՚աշխատին տակաւին, մինչեւ նոր տնօրինում։


https://hairenikweekly.com/2020/06/03/43099

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın