Մեծ պայքար. այս օրերուն եղած դէպքերը կրնանք վերագրել այս երկու բառերուն մէջ։ Պայքար մէկ կողմէ ապրելու եւ կեանքը շարունակելու համար, բայց մանաւանդ պայքար՝ վերադառնալու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք վերջին ժամանակներուն սկսած են նուազիլ։
Մեր «փոքր ածու»ին համար կայ արժէքային համակարգի մեծ պարունակ մը, որ ընթացք առած է շատ հինէն՝ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական ընկալումները ընդունելու եւ այդ ընկալումներով ապրելու օրերէն ի վեր։
Շատ պարզ են այդ կանոնները, որոնք ոչ միայն կը համակարգեն մեր կեանքը, կարգ ու կանոնի կը դնեն մեր մարդկային վերիվայրումները եւ ամէն պարագայի մեզի քիչ մըն ալ կ՚օգնեն քալելու համար այս կեանքի ճանապարհէն։
Օր ըստ օրէ դժուարին դարձող եւ բազմաբնոյթ բարդութիւններով խճողուող մեր կեանքի հունը, յաճախ կը ցնցուի, մենք կ՚անցնինք մեծ ու փոքր փորձութիւններէ, որոնց պատճառով ալ կը հեռանանք մեզի ժառանգաբար փոխանցուած արժէքներէն ու այդ արժէքները կրելու աւանդութիւններէն։
Մեզի փոքրուց չե՞ն սորվեցուցած, որ պէտք չէ յափշտակենք սովածին հացը, բայց այդ երեւոյթը մեզի տրուած ու փոխանցուած է մեր մօրենական կաթին հետ։
Ընկալումը դարձած է բնազդ եւ բնազդը աւելի բարձր որակի տարողութիւն ստացած է, երբ մենք մեր կեանքի ամենայետին մանրամասնութեան մէջ կարողացած ենք դնել կաթիլ մը Քրիստոսի նուիրական արիւնէն, որուն հիմնական նպատակը անշուշտ մարդ արարածին մաքրութիւնն էր, անոր բժշկուիլը եւ պայծառացումը։
Զանազան առիթներով Քրիստոս ինք, իր էական կերպարով մեզի համար բացաւ այնպիսի շերտեր, որոնց ճիշդ ընկալումը, հասկացողութիւնը եւ, մանաւանդ, կիրառումը մեզի պիտի դնէին ճիշդ հունի մը վրայ։
Ու շատ պարզ եւ բնական երեւոյթ մը պիտի դառնար այն, որ երկրային կեանքի մեր օրերուն մէջ մեր գործած սխալները, մեղանչումները եւ ուրացումները մեզ պիտի հանէին մեր իրական հունէն ու տանէին փորձութեան գիրկը։
Այսօր այդ պայքարն է, որ կը մղուի։
Ճիշդ է, որ վարակը ամէնուրեք եւ տարբեր-տարբեր կրօններով ապրող երկիրներու մէջ տարածուած է, բայց եւ այնպէս յստակ է նաեւ, որ առողջապահական դրոյթի բոլոր տեսակի պայքարներէն անդին՝ մարդ արարածը ինկած է մեծ հարցականներու յորձանուտին մէջ։
Ինչո՞ւ այսպէս, ինչպէ՞ս ապրիլ եւ մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր դիմադրել այս համավարակին, որ իր նոր «կանոններ»ով կը փորձէ ստեղծել այնպիսի աշխարհ մը, որուն «խորհուրդներ»ուն տակաւին անծանօթ ենք։
Ու այս մեծ հարցումներուն ականջ տալով՝ փորձենք լսել մեր եկեղեցւոյ նուիրական անուններէն մէկուն՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին խօսքերը, որոնք մեր առջեւ կը բանան ոչ միայն քրիստոնէական ընկալումներու ենթաշերտերը, այլ նաեւ կարեւոր շերտեր կը գծեն մեզ այսօր փոխառընչելով մօտիկ անցեալի մեր փառահեղ ու յաճախ տխուր անցեալին, մեզ կապելով մանաւանդ մեր կեանքի, մեր գալիքի ու պայծառ ապագայի ճանապարհներուն։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն պատասխանեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք մեր ժամանակները. մէկ կողմէ մարդկութեան հոգելքութեան ատեններ, իսկ միւս կողմէ անասելի եւ անսպասելի քորոնաժահրին երեւումը. ինչպիսի՞ փուլ մը կը մտնէ մարդկութիւնը։
-Ձեր հարցումին ընդառաջ կ՚ուզենք պատասխանել պարզ բացատրութեամբ մը միայն: Թերեւս ժամանակները կը փոխուին, բայց խորքին մէջ մարդկութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Ինչքա՜ն ալ գիտութիւնը կը զարգանայ, թերեւս մարդկութիւնը կը յամենայ բարձրանալ բարոյական կեանքի այն մակարդակին, որուն ակնկալութիւնը Աստուած միշտ ունեցաւ եւ սակայն նոյն մարդկութիւնը միշտ ալ նահանջեց: Քորոնաժահրին անսպառ երեւումը թող երբեք չզարմացնէ մարդկութիւնը, քանզի նոյն մարդկութիւնը՝ հեղինակն է եղած այսպիսի ժահրերու: Բոլոր պարագաներուն ալ ժամանակի մը համար մարդկութիւնը ապրած է հոգելքութեան ատեններ եւ սակայն, շուտով այն մոռացութեան է տրուած:
-Կայ տեսակէտ, որ մարդկութիւնը անզօր դուրս եկաւ այս մահաբեր վարակին առջեւ եւ ամէն անգամ, որ մարդիկ տկարանան, տկարութիւն զգան, կը դիմեն Բարձրեալին։ Այս անգամ ալ այդպէ՞ս էր. ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
-Մարդը՝ տկար է, երբ հեռու կը մնայ Աստուծմէ եւ կամ արդէն իսկ հեռացած է Արարիչ Աստուծմէ: Վարակը չի կրնար հոգին մեռցնել, եթէ հաւատքը արմատ է նետած մեր ներաշխարհին: Մենք մեր անձնական կեանքի օրինակով կ՚ուզենք հաստատել, որ թերեւս երբեմն ունեցանք տկարութեան պահեր, բայց մեր հաւատքին զօրութիւնը աւելի շեշտադրուած կերպով կեանքի կոչեցինք: Եւ ինչպէ՞ս. աղօթքով, կարգապահ կեանքով, աւելի աշխատունակ կեանքի ընթացքով: Մէկ խօսքով, թոյլ չտուինք եւ ոչ ալ թոյլ պիտի տանք, որ վարակը ընկճէ մեզ: Յիշենք մեր պատմութեան դասերը: 20-րդ դարը ծայրէ ծայր դարձաւ մահուկենաց պայքար: Բայց յաղթեցինք: Միայն թէ վարակը մեր մէջ չծնի, որովհետեւ դուրսէն հասած վարակին հմուտ ենք յաղթել:
Իսկ թէ մարդը վարակի պատճառած վտանգէն ազդուած կը դիմէ Աստուծոյ, ապա իմ մաղթանքն ու աղօթքն է, որ այսուհետեւ իր կեանքը շարունակէ Աստուծոյ երկիւղով:
-Պիտի ուզէինք սեղմ տողերու մէջ իմանալ ձերդ սրբազնութեան առաջնորդած թեմին կատարած աշխատանքներուն մասին եւ առհասարակ ինչպէ՞ս կը գնահատէք թեմի ընդհանուր կացութիւնը։
-Արեւմտեան թեմը ամէն օր յառաջընթացի մէջ է եւ հակառակ վարակի ստեղծած ծանր պայմաններուն, հոգեւորականներուս հետ ձեռք-ձեռքի տուած հնարաւոր բոլոր միջոցները ի գործ կը դնենք, որպէսզի եկեղեցին շարունակէ իր առաքելութիւնը: Այս ընթացքին թէ՛ թեմի սահմաններէն ներս, թէ՛ մինչեւ Հայաստան մեր մարդասիրական ծառայութիւնները ի կատար կ՚ածենք եւ քաջ կը գիտակցինք, որ տակաւին գալիք ամիսներն ու տարիները կրնան նոր դժուարութեանց դուռ բանալ մեր առաջ: Բայց երբեք պիտի չտկարանանք: Հայ քրիստոնեայի հաւատքը կը մերժէ տկարութիւնը: Եւ այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ տակաւին նոր եւ պատասխանատու ծրագրեր կը վերցնենք մեր ուսերուն, մեր թեմի կարգ մը ծուխերուն մէջ ձեռնարկելով եկեղեցական կառոյցներու նոր ծրագրերու իրականացումը: Կարճ ըսած, թեմը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ բազմերանգ ծրագրերով. թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ մշակութային եւ թէ ընկերային առումներով:
-Իմացանք նաեւ, որ ձերդ սրբազնութեան առաջնորդած թեմը, այս դժուարին օրերուն կարեւոր նեցուկ ցոյց տուաւ Մայր Աթոռին։ Տեղեկութիւններ կրնանք ունենալ այդ նախաձեռնութեան մասին։
-Արեւմտեան թեմը մշտապէս զօրավիգ է Մայր Աթոռին: Բոլոր թեմերու համատեղ կատարուած ջանքերով պիտի զօրակցինք Մայր Աթոռին: Արդէն տեղեակ դարձաք մամուլէն, որ կոկիկ գումարով մը մեր մասնակցութիւնը բերինք Մայր Աթոռին եւ նոր յանձնառութիւններով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը: Այստեղ յստակ կերպով կ՚ուզենք ընդգծել, որ մեր թեմը եւ բոլոր թեմերը միասին երախտապարտ ենք Մայր Աթոռին ու Նորին Սրբութեան, որ անցնող քսան տարիներուն հրաշքի համազօր ու ծաւալային ծրագրեր են իրականացուցած եւ կը զարմանանք, թէ ինչպէս մարդիկ կը դժուարանան գնահատել կատարուածը:
Լուսաւոր էջեր են բացուած մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ, եթէ կան թերութիւններ, ապա բարի տրամադրութեամբ բոլորով պարտ ենք ծաղկեցնել Եկեղեցին: Դատաւորը Աստուած է եւ մենք մնանք ծառայական կերպի մէջ:
-Գիտնականներ, լրագրողներ, հանրային կարծիք ձեւաւորողներ կը խօսին յետքորոնայի ժամանակներուն մասին. կա՞յ այդպիսի բան. ի՞նչ է ձեր կարծիքը սրբազան հայր։
-Անտարակոյս յետքորոնայի հետքերը պիտի մնան, բայց այս պահուն դեռ շատ կանուխ է եզրայանգումներ կատարելը: Ժամանակի ընթացքին բարդութիւնները կը լուծուին եւ եթէ նոյնիսկ որոշակի նոր դրոյթներ իրենց հետքերը թողեն գալիք սերունդներուն վրայ, ապա նոր ժամանակներուն բոլորը պիտի համակերպին նոր իրավիճակներուն։ Յուսալից ենք, սակայն, որ մարդը մնայ պատասխանատու Աստուծոյ տուած կեանքի պարգեւին եւ բնութեան նկատմամբ:
-Ձեր կարծիքով՝ քորոնան դաս մը եղա՞ւ մարդկութեան համար, կամ առհասարակ այս համաճարակի վերջանալէն ետք մարդկութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ՞ իր մօտեցումները։
-Քորոնան այսօր եւ անցեալի բոլոր համաճարակներն ալ անկասկած մեզ կ՚առաջնորդեն անդրադարձումի մը: Մարդը իր բովանդակ կեանքով պիտի ապրի աղօթքով, ինչ որ մեզ կը պահէ մշտական ինքնաճանաչումի մէջ, որպէսզի վտանգներու պահին իր մէջ վերածնի յաղթելու ոգին:
Մեր աղօթքն է, որ այս դժուարին փորձութեան օրերուն, մեկուսացումը ընդունինք որպէս աղօթքի հրաւէր եւ աղօթենք ինչպէս Քրիստոս մեկնեցաւ անապատ եւ այնտեղէն վերադարձաւ երկիր՝ սկսելու համար իր աստուածային առաքելութեան, յեղաշրջելու մարդուն կեանքը եւ զայն ուղղորդելու դէպի Աստուած:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
İlk yorum yapan siz olun