Հայերէնի ուսուցիչներ Շուշան Մուրատեան եւ Սեւան Տէյիրմենճեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանին հետ զրուցեցին «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»-ի նախաձեռնած արեւմտահայերէնի առցանց դասընթացքներուն մասին։ Անոնք այս առիթով անդրադարձան նաեւ պոլսահայ համայնքէն ներս հայախօսութեան երեւոյթին, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու ցանց մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան։
İlk yorum yapan siz olun