Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան առկայ իրադրութիւնը մեկնաբանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար:
Հակառակ քորոնա վարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութեան՝ Լիբանանի մէջ ծայր առած է բողոքի նոր ալիք մը, որուն հիմնական պատճառն է երկրի բաւական բարդ եւ ծանր հետեւանքներու տանող տնտեսական տագնապը։
Ի դէպ, անցեալ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ ծայր առած քաղաքացիական պայքարը, որ զանազան երանգներ փոխեց, հետեւանք էր տնտեսական որոշ բարդացումներու, որոնք օրըստօրէ աւելի կ՚ուռճանան ու կը հասնին իրավիճակը անվերահսկելի դարձնելու կարմիր թելին։
Ամէն պարագայի անոնք, որոնք քիչ թէ շատ տեղեկացուած են Լիբանանի ներքաղաքական զարգացումներուն մասին, լաւապէս կը հասկնան, թէ առկայ տագնապը նորութիւն մը չէ։ Սակայն այդ տագնապը աւելիով մեծցնելու եւ լուծումներու հեռանկարը անկարելիութեան հորիզոնի մը տանելու փորձերը կը կատարուին բացորոշ ճնշումներով արտաքին ուժերու, որոնք այլապէս ալ մաս կը կազմեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող բաւական խոր արմատներով ներքին եւ արտաքին պայքարներու։
Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան ներկայ վիճակին, ապագայի վտանգներուն եւ առկայ մարտահրաւէրներուն մասին յաւելեալ պատկերացում մը ունենալու նպատակով, օրերս հեռավար կապով զրուցեցի Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, յայտնի հը-րապարակախօս տիար Շահան Գանտահարեանին հետ։
*
-Նկատեցինք, որ քորոնաժահրի նուազումէն անմիջապէս ետք Լիբանանի մէջ ընթացք առաւ բողոքի նոր ալիք մը. ի՞նչ են իրական պատճառները այդ մէկուն։
-Սպասելի էր, որ քորոնաժահրի առումով ապամեկուսացման գործընթացին առընթեր բողոքի գործողութիւններ վերսկսէին։ Նախ ընկերային, տըն-տեսական եւ ֆինանսական-ելեւմտական առումով իրավիճակը ծանր է եւ բնականաբար կացութեան դէմ բողոքելու տրամադրութիւններու ենթահողը՝ պարարտ։ Այնպէս ինչպէս քորոնա վարակի ստեղծած տագնապէն առաջ զանգուածային դարձան բողոքի շարժումները։ Քաղաքագիտական կիրարկուող տեսութիւն է նաեւ այն, որ կառավարութեան ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակները կ՚աշխուժանան, երբ նման կամ այլ պատճառով ենթահող ձեւաւորուի եւ բնականաբար ուղղակի կամ անուղղակի կը նպաստեն բողոքի գործողութիւններու դրսեւորման կամ զանգուածայնացման։ Այս գործընթացներն են, որ կ՚արձանագրուին այսօր Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ։
-Քաղաքական տեսանկիւնէ դիտուած՝ նկատեցինք, որ տնտեսական առկայ ծանր իրավիճակը կը շահարկուի Լիբանանի ներքին գործերուն միջամուխ ուժերու կողմէ։ Ի՞նչ է ուզուածը եւ արդեօք վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը պիտի կարողանա՞յ դիմակայել առկայ դժուարութիւններուն եւ երկիրը դուրս բերել տնտեսական բարդ վիճակէն։
-Շահարկումներ կան, քաղաքականօրէն ըմբռնելի, բայց նաեւ ենթահողը կայ, որ յատկապէս խոցելի խաւի զարգացման եւ նիւթական տագնապի խորացման հետ կապ ունին։ Տիապի կառավարութիւնը տարբեր մասնագիտական ծրագիրներու մշակումով կ՚առաջադրէ որոշակի լուծում բերել խորացող տագնապին։ Տակաւին լուծման ուղիները տեսանելի չեն, այդուհանդերձ կայ ի սկզբանէ կառավարութեան չսատարելու մօտեցում։
Կը խորհիմ, որ միջազգային ընտանիքը եւ յատկապէս Լիբանանին աջակցող երկիրները քաղաքական պայմանականութեամբ կը շարունակեն մօտենալ խնդիրն եւ հանգուցալուծումը կը պայմանաւորեն տարբեր հանգամանքներով։
Այստեղ կան երեք հանգոյցներ, յաչս միջազգային ընտանիքին՝
Առաջին. իրանամէտ ուժի հեռացում, չէզոքացում երկրի պետական-քաղաքական կեանքէն:
Երկրորդ. պաղեստինցի գաղթականական կարգավիճակէն վերջնական բնակեցումի համապատասխան որոշումներ:
Երրորդ. ընդծովեայ ուժանիւթային աղբիւրներու օգտագործման ներլիբանանեան եւ միջազգային համաձայնութիւն եւ առընչակից երկիրներու հետ սահմանազատման վերջնականացում:
Երեքն ալ ներլիբանանեան համաձայնութեամբ չսահմանափակուող օրակարգեր են. թէեւ ներլիբանանեան համաձայնութիւնը անքակտելիօրէն փոխկապակցուած է միջազգային համաձայնութեան հետ, այս պարագային՝ բացասական ընկալումով: Արտալիբանանեան կեդրոններէն հեռակառավարումը կրնայ համաձայնեցնել կամ չհամաձայնեցնել օրակարգերը:
-Լիբանանը համակեցութեամբ եւ համայնքային դրութեամբ գործող երկիր է, այսօր, ըստ ձեզի, այդ համակեցութեան կանոնները յարգուա՞ծ են։
-Լիբանանի պետական եւ հասարակական համակարգը միջհամայնքային համակեցութեան վրայ կառուցուած է: Ամէն ինչ որոշուած է նրբանկատ հաւասարակշռութիւններով, իւրաքանչիւր համայնքի չափաբաժինները յարգելով պետական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ։ Որեւէ հիմնական խախտում կը տանի պետական այս կամ այն կառոյցի անդամալուծման։ Ժողովրդային շարժման պահանջներուն մէջ կար համայնքային դրութենէն քաղաքացիական դրութեան անցում։ Նման առաջադրանք կար նաեւ հանրապետութեան նախագահի նախընտրական եւ յետընտրական ուղերձներուն մէջ։ Խնդիրը այն է, որ գործադիր-օրէնսդիր իշխանութիւնը այս առաջադրանքը կ՚ուզէ կիրարկել փուլային, անցնցում, մինչ ժողովրդային շարժումի տարբեր գործողութիւններու ընթացքին կը հնչեն այս նպատակի իրականացման անմիջականութեան պահանջներ։
Շատ բարդ է պատկերացնել, թէ ինչպէս պիտի ձեւաւորուի քաղաքացիական համակարգը, քաղաքացիական պետութիւնը։ Այդ արդէն նոր հանրապետութիւն կ՚ենթադրէ իբրեւ վարչակառավարում եւ վարչակարգ։ Պետաիրաւական մասնագիտական աշխատանք կ՚ենթադրէ նախագիծի, օրինագիծերու եւ ամբողջ պետութեան նոր կառուցակարգային յատակագիծերու պատրաստութիւնը։ Տակաւին հոն չենք հասած կը կարծեմ։ Խնդիրը այն է, որ այս բոլորը եւս պէտք է որոշուին միջհամայնքային համախոհութեամբ։
-Լիբանանի արդի պատմութեան իրազեկներ գիտեն, որ նախապատերազմեան շրջանին երկրի քաղաքական ընթացակարգին տրուած էր «Մարունիյէ սիասիյէ» ընդհանուր վերնագիրը, որ կը բնորոշուէր քրիստոնեայ Մարոնի համայնքի ազդեցիկութեան հանգամանքով, որուն կը յաջորդէր Սիւննի համայնքի գերակայութեան փուլը, իսկ այսօր արդէն կը խօսուի Շիի համայնքի գերակայութեան մասին։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այսօրուան Լիբանանի քաղաքական տրամաբանութեան ընդհանուր պատկերը, արդեօք լիբանանցիք գո՞հ են ներկայ ընթացակարգէն։
-Որքան ալ իւրաքանչիւր համայնք պահէ իրեն վերապահուած եւ համաձայնեցուած չափաբաժինը՝ պետական հաստատութիւններու եւ ամենաբարձր պաշտօններու մէջ ունենայ իր առանձնաշնորհումը, ընդհանուր միտումը տեսանելի է։ Ամբողջ տարածքաշրջանը եւ այս պարագային Լիբանանը բռնած է ապաքրիստոնէացման ուղին՝ ազգաբնակչութիւններու առումով։ Մեծ հաշուով տարածքաշրջանին մէջ կը ձեւաւորուին Շիի-սիւննի բեւեռացումներ եւ այդ ներկապնակին մէջ Քրիստոնեայ երանգներ հազիւ կ՚երեւին հետզհետէ։ Կառավարելի քաոսի տեսութիւնը տարածքաշրջանին մէջ կը յատկանշուի իսլամական երկու դաւանանքներու զինուորաքաղաքական լարուածութեամբ եւ բախումներով։ Նախադրեալները տակաւին չեն փոխուած այս առումով ։
-Շիի համայնքին ու յատկապէս «Հիզպուլլահ»ին ընդդիմադիր շրջանակներ Լիբանանի խնդիրներու լուծումը կը տեսնեն այդ կուսակցութեան զէնքերը իշխանութեանց յանձնելուն մէջ։ Անոնք նաեւ «Հիզպուլլահ»ի զէնքը կը համարեն «ապօրինի զէնք», որ երկրին համար դարձած է բեռ մը։ Իսկ անոնք, որոնք «Հիզպուլլահ»ի դաշնակից են, կը հաւատան, թէ այդ կուսակցութիւնը կարողացաւ Իսրայէլի ճիրանները հեռու պահել երկրէն ու վերջ տալ Լիբանանի նախագահներէն՝ Շարլ ալ Հըլուի յառաջ քաշած այն վարկածին, թէ «Լիբանանի ուժը անոր տկարութեան մէջ է»։ Ո՞րն է ճիշդ մօտեցումը եւ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք «Հիզպուլլահ»ի դերակատարութիւնը։
-Տարածքաշրջանային բեւեռացումի ձեւաւորման մէջ հեռակառավարումը պարտադիր եղանակ է եւ կը ներառնէ տարբեր պետութիւններ։ Այս պարագային «Հիզպուլլահ»ը, յատկապէս իր զինեալ կառոյցով, կ՚ընկալուի իբրեւ իրանեան բանակին լիբանանեան ստորաբաժանումը։ Իսկ այս առումով եւ աւելի վերէն օգտագործուած դիտակէտով հանգոյցը կամ հակամարտութիւնը պէտք է դիտարկել Իսրայէլ-Իրան յարաբերակցութեամբ։ «Հիզպուլլահ»ը փաստեց, յատկապէս սուրիական պատերազմին իր ներգրաւումով, որ տարածքաշրջանային տարողութիւն ունեցող ուժ է եւ կարեւոր յենակէտ՝ մէկ կողմէ ազդեցութեան գօտի ապահովելով, միւս կողմէ հակառակորդ կողմի ծրագիրները ձախողեցնելու իր ներուժով։ Շիի գործօնը այս հանգամանքներով պէտք է դիտարկել եւ ըստ այնմ նաեւ հասկնալ միջազգային ընտանիքի կազմակերպած տնտեսական պաշարումին շարժառիթները Լիբանանի դէմ։
-Այս բոլորէն անդին, ինչպիսի՞ն է լիբանանահայութեան վիճակը. գաղութը, որ մեծ ներուժ ցոյց տուաւ պայքարելով քորոնա վարակին դէմ, պիտի կարողանա՞յ դէմ դնել օրըստօրէ ծանրացող տնտեսական տագնապին։
-Լիբանանահայութիւնը անմասն մասնիկն է Լիբանանի հասարակութեան եւ, բնականաբար, կը կրէ լիբանանեան բոլոր ճգնաժամերուն հետեւանքները իր վրայ։ Բայց նաեւ ճգնաժամ յաղթահարելու տարբեր փորձառութիւններ կուտակած է, եւ շահած՝ աւանդութիւնը ինքնակազմակերպուելու եւ համայնքին կարիքներուն փութալու։ Ամբողջ համակարգ մը այսօր կ՚աշխատի ոչ միայն քորոնա վարակի ստեղծած իրավիճակը յաղթահարելու, այլ նաեւ ժողովուրդին սնունդի, դեղօրայքի եւ բժշկական զանազան կարիքներուն հասնելու համար։ Կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակ կը ցուցաբերէ համայնքի Շտապը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնները, հայահոծ շրջաններուն մէջ օժանդակութեան աշխատանքները արդիւնաւէտ իրականացնելու առումով։
-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք լիբանանահայութեան ապագան. արդեօք գաղութը վտանգուա՞ծ է։
-Ընդհանուր միջինարեւելան մեր գաղութները բնականաբար նախկինը չեն մանաւանդ իբրեւ քանակ։ Խօսեցանք տարածքաշրջանի ապաքրիստոնէացման մասին, որ նաեւ ուղղակի կը վերաբերի հայ համայնքներուն։ Այդ գաղութները նօսրացած են, այո, բայց կը շարունակեն իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը։ Հաւատացած եմ, որ պիտի շարունակեն, հակառակ արտահոսքին եւ դէպի հայրենիք ներհոսքին։
Հայրենամերձ երկիրներու մէջ ապրող մեր համայնքները աշխատանքի նպատակուղղուած պարագային կամուրջի անշրջանցելի դեր կրնան ունենալ Հայաստանի Հանրապետութիւն-միջինարեւելեան տուեալ պետութիւն յարաբերութիւններու բազմակողմ զարգացման առումով։ Լիբանանահայութիւնը կարեւորագոյն կամուրջ է այդ առումով եւս։
Լիբանանի մէջ կը շարունակեն գործել համասփիւռքեան, ինչու չէ նաեւ համահայկական հոգեւոր, կուսակցական եւ միութենական կեդրոններ եւ այդ մէկը կը խօսի լիբանանահայութեան ոչ միայն տեղական հանգամանքին եւ կարգավիճակին մասին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
İlk yorum yapan siz olun