İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Ո՛Չ ՄԷԿ ԶԻՋՈՒՄ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԷՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» թերթերու տնօրէն –
նե րը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ
Հայրապետին հետ, զրոյց-խորհրդակցութիւն մը ունենալու
համար ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ հայու –
թեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս համա –
հայկական առումով տարբեր մարզերու վերաբերող երե –
ւոյթներուն մասին:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան օրակարգային հե տեւեալ կէտե րը.-
Ա) Ներկայ համաշխարհային ճգնա ժամային պայմաններուն մէջ Կաթո ղի կո –
սարանի գործունէութիւնը թէ՛ ներ քին` վարչական, ժողովական, եւ թէ՛ թեմե –
րու հետ յարա բե րութեան առում ներով:
Բ) Յատուկ լիբանանահայու թեան պարագան. ցարդ տարուող աշխատանք –
ներու ընդհանուր արժեւո րումը: Գ) Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու
ներկայ պատ կերը եւ այս շրջածիրին մէջ եկեղեցին յուզող վերջին իրադար –
ձութիւնները: Դ) Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի արտակարգ
պայմաններու մէջ նշումը: Այս փուլին ընդգծուող առաջնահերթութիւնները`
պահանջատիրական ուղին հունաւորե լու առումով: Եւ այլ այժմէական խնդիրներ:
Վեհափառ Հայրապետը համազ գային նշանակութիւն ունե ցող արծարծը –
ւած հարցերուն առնչութեամբ կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ մտա ծում –
ները, փոխանցելով համապա տասխան թելադրանքներ:

«ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԱՐԱՐԱՏ, ԱԶԴԱԿ ԵՒ ԶԱՐԹՕՆՔ
ՕՐԱԹԵՐԹԵՐՈՒՆ»

«Հայ մամուլի պատասխանատուներուն հետ պարբերական
այս զրոյց-քննարկումները օգտաշատ են հայ հանրային կար –
ծիքը իրազեկելու եւ ժամանակակից համահայկական խնդիր –
ներու մասին տեսակէտեր յայտնելու առումով: Այս խորհրդա ծու –
թիւնները ուղենիշ են նաեւ համահայկական ծրագրերու մշակ –
ման եւ մանաւանդ այդ բոլորին գործնականացման հրա մայա –
կանին ընդառաջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ապա իր բարձր
գնահատանքը յայտնեց լիբանանահայ երեք թերթե րուն` «Արա –
րատ»ին, «Ազդակ»ին եւ «Զարթօնք»ին: «Հայրական սիրով
կ՛ողջունեմ ձեր ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս:
Այս կեդրոնը հաւաքական տունն է մեր ժողովուրդի բոլոր զա –
ւակներուն: Ես կ՛ուզեմ, որ այս գիտակցութեամբ ու նախան –
ձա խնդրութեամբ մօտենան հոգեւոր այս տան մեր ազգին զա –
ւակները: Այս տունը սոսկ վարչական կեդրոն չէ, այլ` առաքե –
լու թիւն է, մեր կեանքի հոգեւոր, մշակութային, ընկերային ու
ազգային տարածքները ընդգրկող: Իմ սպասումս է, որ մեր բո –
լոր կառոյցները ու զաւակները մասնակից դառնան Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան: Ոչ միայն ձեզ ու –
րախութեամբ կ՛ողջունեմ, որպէս երեք համահայկական կու սակ –
ցութեանց կարեւոր օրկանները, այլ նաեւ իմ բարձր գնա հա –
տանքս կը յայտնեմ ձեզի` ձեր կատարած լրագրական աշ խա –
տանքին ու յատկապէս ձեր գործակցութեան համար: Սփիւռ քի
մէջ հայ թերթը սովորական հասկացողութեամբ լրագրութիւն չէ
որ կը կատարէ, այլ ան հայապահպանման եւ ազգային իղձե –
րու հետապնդման մեր հաւաքական պայքարին կարեւոր ներ –
դրում ունի: Այս ծիրէն ներս ձեր երեք թերթերուն միջեւ ծաւա –
լող գործակցութիւնը կ՛ուզեմ որ օրինակ դառնայ այլ շրջաննե –
րու», ըսաւ Վեհափառը:

«ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՍՏԵՂԾԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ
ՏԱԳՆԱՊԸ ԻՐ ԾԱՆՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ՈՒՆԵՑԱՒ
ՆԱԵՒ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ»

Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ համաճարա –
կի ստեղծած ներկայ տագնապալից պայմաններուն: «Դժբախ –
տաբար սովորական ու գնայուն երեւոյթ մը չէ Գորոնա կոչուող
ժահրի յառաջացուցած համաշխարհային տագնապը: Համաշ –
խարհային երրորդ պատերազմը իր հիւլէական զէնքերով թե –
րեւս նման ծանր տագնապ մը պիտի չստեղծէր համայն մարդ –
կութեան համար: Նոյնիսկ գիտական ու ճարտարագիտական
լայն կարելիութիւններով oժտուած երկիրներ պատրաստ չէին
դիմագրաւելու նման ահաւոր տագնապ մը: Յայտնեմ, որ ներ –
կայ տագնապի առնչուած իմ մտածումներս սկսած եմ գրի առ –
նել անգլերէնով «PRAYING AND REFLECTING AT A TIME OF
PANDEMIC» վերնագրով: Վստահաբար, ներկայ համաճարա –
կէն յետոյ աշխարհը պիտի փոխուի. մարդոց մտածումները,
մօտեցումները, առաջնահերթութիւնները փոփոխութեան պի –
տի ենթարկուին: Աստուած մարդը օժտած է փոխուող պայման –
ներու հետ գոյակցելու, համակերպելու եւ համապատասխան
կենցաղակերպ ճշդելու կարողութեամբ: Բնականաբար համաշ –
խարհային տագնապին մաս կը կազմէ նաեւ մեր ժողովուրդը
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: Հազար փառք Աստու –
ծոյ, որ մեր վնասները յարաբերաբար նուազ են: Կարեւորը այս
փուլին մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնն է, իսկ տագնապին
ստեղծած տնտեսական դժուարութիւնները փուլ առ փուլ կեր –
պով կարելի է յաղթահարել»:
Իր խօսքը կեդրոնացնելով համաճարակի ներկայ օրերուն,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած աշխա –
տան քին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց հետեւեալը. «Բնականա –
բար մեր Սուրբ Աթոռին ենթակայ թեմերէն ներս մենք անմիջա –
պէս լծուեցանք լուրջ աշխատանքի: Մեր գործունէութիւնը ունե –
ցաւ երկու հիմնական երեսներ. առաջին, մեր զաւակներուն
մօտ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու ամրացումը: Այս առա –
քելութիւնը կատարուեցաւ մեր առաջնորդարաններուն ու ծու –
խերուն կողմէ, յատկապէս օգտագործելով ընկերային ցանցերը
եւ առցանց հաղորդակցութիւնը: Այս ուղղութեամբ, կաթողիկո –
սարանին «CILICIA TV»-ն կարեւոր դեր ունեցաւ անցնող մէկ
ամսուան ընթացքին. աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայորդիներ
հետեւեցան Անթիլիասի Մայր Տաճարի արարողութեանց ու
Մեր Հայրապետական պատգամներուն: Երկրորդ, ընկերային
ծառայութեան ծաւալումը: Համաճարակի ստեղծած տնտեսա –
կան տագնապը իր ծանր հետեւանքները ունեցաւ մեր ընտա –
նիք ներուն: Մեր թեմական ու ծխային եկեղեցիները ան մի ջա –
պէս լծուեցան գործի. հանգանակութիւններ կատարուեցան,
ուտեստեղէններ գնուեցան եւ բաժնուեցան մեր կարիքաւոր
ընտանիքներուն` բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութի ներքին
դրուածքին ու պայմաններու համաձայն: Հոս կ՛ուզեմ կարե –
ւորութեամբ յիշեցնել, որ եկեղեցին միայն հոգեւորականը չէ,
այլ նաեւ` մեր թեմական ու ծխային մարմինները, կազմակեր –
պու թիւններն ու միութիւնները, որոնք թէ՛ առանձնաբար եւ թէ՛
համախմբուելով եկեղեցիներու շուրջ կարեւոր դեր ունեցան
մարդասիրական աշխատանքներուն մէջ»:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Որովհետեւ կը
գտնուինք Լիբանանի մէջ, բնականաբար առանց թերա գնահա –
տելու միւս գաղութներու մարդասիրական ծառայութիւնը, կ՛ու –
զեմ յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել Լիբանանի հայութեան
կատարած ու շարունակուող ծառայական հսկայ աշխատան –
քը: Արդարեւ, մեր առաջնորդարանը, միութիւնները եւ կազմա –
կերպութիւնները առաւելագոյն չափով հասան մեր ժողովուրդի
զաւակներուն կարիքներուն: Այս ուղղութեամբ, բնականաբար,
Կաթողիկոսարանը եւս կարեւոր աշխատանք կատարեց: Լի –
բանանի հայութեան կողմէ կատարուած մարդասիրական ծա –
ռայութիւնը կրկնակիօրէն գնահատելի է, որովհետեւ, Գորոնա
ժահրի տագնապին առընթեր, Լիբանանի մէջ ունինք տնտեսա –
կան լուրջ տագնապ: Այս կացութեան դիմաց քանի մը օր առաջ
կոչ ուղղեցի մեր համայնքներու ունեւորներուն, շեշտելով որ
պարտաւոր են օգտակար ըլլալու մեր ժողովուրդին ծառայու –
թեան լծուած մեր կառոյցներուն եւ մեր կարիքաւոր զաւակներուն»:

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՈՒ
ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է»

Այսoր Սփիւռքը խառնաշփոթ պատկեր մը կը պարզէ: Աւան –
դական Սփիւռքին եկաւ միանալու նոր սփիւռքը եւ այսօր փաս տ –
օրէն մեր գաղութներուն կը պակսի ներքին ներդաշնակութեան
ու կազմակերպուածութեան առաւել ամրացումը: Սփիւռքի
կազմակերպումը ես կը նկատեմ առաջնահերթ եւ ճիշդ անոր
համար շուրջ երկու տարի առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթո –
ղիկոսութիւնը սկսաւ թեմերու կազմակերպման հաւաքական
աշխատանքին: Իմ հայեցակէտով այս գործընթացքը պէտք է
կատարուի փուլ առ փուլ` նախ թեմական շրջագծէն ներս, ա –
պա յիշեալ գործընթացին կազմակերպութիւններու եւ միութիւն –
ներու ներառումով: Սա դիւրին աշխատանք մը չէ. ան կ՛ենթադ –
րէ իրապաշտ ծրագրում ու հաւաքական մասնակցութիւն: Մեր
թեմերը արդէն իսկ սկսած են այս աշխատանքին»:
Հարցումի մը պատասխանելով, Վեհափառ Հայրապետը
ըսաւ, որ «Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւոր –
ման առնչութեամբ եկեղեցւոյ կողքին երեք կուսակցութիւն նե –
րու դերը առանցքային է: Այս մասին քանի մը առիթով անդ րա –
դարձած եմ: Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը սփիւռք է:
Սփիւռքը հետզհետէ, եւ դժբախտաբար, կը ծաւալի ու կ՛ըն դար –
ձակուի: Հարկ է արագ շարժինք. երեք կուսակցութիւններու եւ
քոյր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ անհրաժեշտ
է համասփիւռքեան համագումար մը կազմակերպել: Այս մա –
սին խօսած եմ կուսակցական պատասխանատուներուն հետ:
Յաճախ կը կրկնենք, որ Հայաստանի հզօրացումը կ՛ենթադրէ
Սփիւռքի հզօրացումը եւ` փոխադարձաբար: Սա պէտք չէ սոսկ
լոզունգ մնայ, այլ` դառնայ յանձնառութիւն, ծրագրում ու գործ –
ընթաց: Անցնող տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկո –
սութիւնը յաջորդական համագումարներ կազմակերպեց
Սփիւռքի կրթական, մշակութային, հոգեւոր բնագաւառներուն
առնչուած : Այս շարքին վերջին համագումարն էր.- ի՞նչ կը
նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ: Սա տեսական հարցադրում
մը չէ, այլ` գոյութենական: Հայու ինքնաճանաչումը Սփիւռքին
մէջ սկսած է իր արմատներէն, առանցքէն ու շրջագիծէն հեռա –
նալ եւ գունաթափիլ ու դառնալ փխրուն: Ահա թէ ինչու, կը
կրկնեմ, Սփիւռքի վերակազմակերպումը կը նկատեմ էական ու
անյետաձգելի: Օր մը կարելի է նաեւ առանձնաբար խօսիլ
Սփիւռքի վերակազմակերպման մօտեցումներուն եւ առնչակից
այլ երեւոյթներուն մասին»:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ
Է ՅՍՏԱԿ ՀՈՒՆԱՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՕՐԱԿԱՐԳ ՈՒՆԵՆԱՅ»

Նորին Սրբութեան հետ մեր ունեցած զրոյցին մէկ կարեւոր
մասը կազմեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: Այս մա –
սին Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով.-
«Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին պէտք չէ խօսիլ,
այլ` գործակցութեան մասին, որովհետեւ մենք մէ՛կ ազգ ենք`
մէ՛կ անցեալով, մէ՛կ ներկայով, մէ՛կ ապագայով, ինչպէս մենք մէկ եկեղեցի
ենք` նո՛յն հաւատքով, նո՛յն ծէսով եւ նուիրապետական չորս աթոռներով:
Վայ մեզի եթէ մեր մէկութեան ու ամբողջականութեան իրողութիւնն ու գի –
տակցութիւնը ստուեր տեսնէ: Այս հաս տատ համոզումով Հայաստանը
պէտք է մoտենայ Սփիւռքին եւ Սփիւռքը` Հայաստանին: Թշնամի՛ն պար –
տադրեց Սփիւռքը. մենք կոչուած ենք, հակառակ այս պարտադրուած գոյա –
վիճակին եւ այս գոյավիճակէն յառաջացող տարբերութիւններուն, մեր ազ –
գին ամբողջականութիւնը ու միասնականութիւնը պահել ամուր` ներկայ
Հայաստանը ունենալով կիզակէտը մեր մտածումներուն, ծրագրերուն ու
աշխատանքներուն եւ՝ ամբողջական Հայաստանը ունենալով մեր վախճա –
նա կան նպատակը: Արդ, այս տեսլականէն ու յանձնառութենէն մեկնելով,
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ համազգային
օրակարգի մը շուրջ եւ այդ oրակարգի պատրաստութեան, օրակարգէն բխող
ծրագրերու մշակման ու իրականացման մէջ Սփիւռքը պէտք է իր ամբողջական ու գործoն մասնակ –
ցութիւնը բերէ: Այլ առիթներով ըսած եմ ու կը կրկնեմ. ընդունե –
լի չէ, որ Սփիւռքը հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ ըլլայ,
այլ՝ մասնակցողի դերին մէջ: Հետեւաբար, եթէ ՀայաստանՍփիւռք
գործակցութեան նպատակը Հայաստանի կողմէ օգ –
տա կար ըլլալ է Սփիւռքի հզօրացման եւ՝ փոխադարձաբար,
անհրաժեշտ է որ այսպէ՛ս ըլլայ գործակցութեան մեր մօտե –
ցումը. այլապէս, պարագայական, միակողմանի ու զգացական
մօտեցումներ ո՛չ մէկ ձեւով կրնան օգտակար ըլլալ Հայաս –
տան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման ու արդիւնա –
ւորման: Համազգային օրակարգի ճշդումը եւ համահայկական
արժէքներու շուրջ համախմբումը եւ համահայկական մտածո –
ղութեան մշակումը անյետաձգելի առաջնահերթութիւններ են,
որոնց մասին յաճախ անդրադարձած եմ»:
Շարունակելով ի պատկերացումը Հայաստան-Սփիւռք գոր –
ծակցութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Անցնող տարի –
նե րուն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ այդ ծիրէն
ներս տեղի ունեցած համագումարները անկասկած դրական
մթնոլորտ ստեղծեցին. սակայն, չկրցան լուրջ արդիւնքներու
հասնիլ: Արդարեւ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներ –
կայ վիճակը ես կը նկատեմ անորոշ ու պղտոր: Բացատրեմ:
Նախ ես համաձայն չէի Սփիւռքի նախարարութեան վերացու –
մին: Սփիւռքի նախարարութիւնը որեւէ նախարարութեան
համազօր նախարարութիւն պէտք է ըլլայ` եթէ ոչ աւելի՛ն, եթէ
Սփիւռքը կը նկատենք մեր ազգին կենսական մասը: Սփիւռքի
հետ յարաբերութեան ընդհանուր պատասխանատուութիւնը
վարչապետին յանձնելը դարձեա՛լ ես կը նկատեմ սխալ` մեկ –
նելով ներքին թէ արտաքին պատճառներէ: Այս մասին օրին
անդրադարձած եմ, նաեւ իմ մտահոգութիւնս փոխանցած՝
վարչապետին: Ինչ կը վերաբերի յանձնակատարի աշխատան –
քին, սպասելի էր որ ան իր պաշտօնի ստանձնումէն անմիջա –
պէս յետոյ եւ իր աշխատանքային ծրագիրը պատրաստելէ ա –
ռաջ հանդիպումներ ունենար երկու Հայրապետներուն, Հոգե –
ւոր Տիրոջ, Աւետարանական համայնքի նախագահ վերա պատ –
ւելիին, ինչպէս նաեւ երեք կուսակցութիւններու, բարեսի րա –
կան, կրթական, մշակութային կազմակերպութիւններու վերին
պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի մօտէն ճանչնար
ընդհանրապէս Սփիւռքի իրողական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ
մեր գաղութներու դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրա ւէր –
ները: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Անհրաժեշտ է, որ Հայաս –
տանի իշխանութիւնը Սփիւռքի ամբողջական, յստակ ու իրա –
պաշտ ճանաչումը ունենայ, որպէսզի Հայաստան-Սփիւռք գոր –
ծակցութիւնը դառնայ արդիւնաշատ:

«ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԵԿԵՂԵՑԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ»

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան իր պատկերացումը
պարզելէն յետոյ, հարցումի մը պատասխանելով` Նորին Սրբու –
թիւնը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանէն ներս եկեղեցի-պե –
տութիւն յարաբերութեան: «Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերու –
թիւնը որեւէ երկրէ ներս ու յատկապէս ազգային նկարագիր
ունեցող եկեղեցիներու պարագային կենսական է: Կարգ մը
երկիրներու սահմանադրութիւններուն մէջ եկեղեցի-պետութիւն
յարաբերութիւնը ճշդող յատուկ յoդուածներ գոյութիւն ունին,
նոյնպէս Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ: Սակայն, սահ –
մանադրութեամբ ճշդուած որեւէ սկզբունք կամ ուղեգիծ բան
մըն է, զայն կեանքի վերածելը՝ ուրիշ բան: Յաճախ պատաս –
խանատու անձերու խառնուածքը, մօտեցումը, գործելաոճը
իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան, դրական կամ բացասական,
եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեանց վրայ: Այս ուղղութեամբ,
անհրաժեշտ է յստակ տարբերութիւն դնել պետութեան ու իշ –
խանութեան միջեւ: Չմոռնանք, որ պատասխանատուներ գնա –
յուն են. կառոյցները` մնայուն: Հայաստանի վերանկախացու –
մէն յետոյ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները ունեցան
վերիվայրումներ: Անհրաժեշտ է սահմանադրութեամբ ճշդուած
սկզբունքները ու հանգամանքները յարգել: Թերացումներ բնա –
կանաբար կրնան ըլլալ: Զանոնք հարկ է սրբագրել փոխադարձ
յարգանքով, գործակցական ոգիով եւ երկխօսութեամբ: Չմոռ –
նանք, որ եկեղեցին վայր չէ, հոգեւորականը չէ, վարչակազմա –
կերպչական դրութիւնը չէ. այս բոլորը եկեղեցւոյ ինքնարտա յայ –
տութեան կերպերն են: Եկեղեցին մենք ենք` բոլորս միաս նա –
բա՛ր: Եկեղեցին յարգել կը նշանակէ յարգել մեր անձերը, մեր
ազգը, մեր հայրենիքը, որոնց հետ մեր եկեղեցին ինքզինք նոյ –

նացուցած է, նոյնիսկ իր արիւնը թափած անոնց անկա խու թեան
համար: Անկասկած առողջ քննադատութիւնը հրամայական է,
որպէսզի կարենանք մեր թերութիւնները սրբագրել: Մենք բա –
ցարձակօրէն չենք բաժներ Հայաստանէն ներս պատասխանա –
տու կամ ոչ-պատասխանատու անձերու կողմէ կատարուած
տհաճ արտայայտութիւններ: Մեր սիրելի զաւակները հարկ է
հեռու մնան միակողմանի մեկնաբանութիւններէ ու վտանգա –
լից բեւեռացումներէ, ինչպէս նաեւ պատասխանատու անձեր,
հոգեւորական կամ աշխարհական եւ կարեւոր հանգամանքներ
ու կառոյցներ անարգող մօտեցումներէ: Նման մթնոլորտ երբեք
չի նպաստեր մեր ներքին միասնականութեան ամրացման եւ
Հայաստանի հզօրացման»:

«ՄԵՆՔ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷ՛Ր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՆՔ»
Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ մեր ունեցած հետաքրքրական
ու շինիչ զրոյցի վերջին բաժնին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ
անդրադարձաւ Հայ Դատին` նկատի ունենալով, որ Ապրիլ 24-ի
սեմին տեղի կ՛ունենար մեր հանդիպում-զրոյցը: Վեհափառ
Հայ րապետը իրեն յատուկ յստակ շեշտաւորումով սկսաւ իր
խօսքը.- «Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք ու միշտ կը մնանք
պահանջատէր: Պիտի ըսէք, թէ ինչո՞ւ այս յիշեցումը: Մեր հան –
դիպումէն առաջ պատահմամբ տեսայ մամլոյ ասուլիս մը Երե –
ւանի մէջ` մասնակցութեամբ պետական պատասխա նատունե –
րուն: Հարցումի մը պատասխանելով, մասնակիցներէն մէկը
յայտնեց, որ «ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ» լոզունգին «պա –
հանջատէր» բառը դուրս հանելու վերաբերեալ քննարկումներ
կատարուած են եւ պիտի շարունակուին: Ապա, արտաքին գոր –
ծոց նախարարը տեղին միջամտելով ըսաւ, որ այդ կարգախoսը
համազգային կեցուածք մը կ՛արտայայտէ, հարկ է զգոյշ ըլլալ:
Դուք լաւ գիտէք, որ «կը պահանջեմ»ը մեր ժողովուրդին համար
լոկ կարգախoս չէ, այլ՝ տագնապ է ու պայքար. ան հայու ինք –
նաճանաչման ու լինելութեան անբաժան մասը կը կազմէ: Հե –
տեւաբար, ինծի համար անհասկնալի ու անընդունելի են այլ
մօտեցումներ: Հարկ է հետեւիլ համահայկական հռչակագրին
սկզբունքներուն եւ ուղղութեան: Մեր ազգը պահանջատէր է,
որովհետեւ իրաւազրկուած է. մենք ոչ միայն կը պահանջենք
Ցեղասպանութեան դատապարտումը, այլ` մեր եկեղեցիները,
վանքերը, տուները, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան
կալուածները, մեր հողերը: Ահա այս յանձնառութենէն մղուած,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ բացաւ թուրք
պետութեան դէմ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկո –
սա րանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ` մեր ժողովուրդին: Արդ,
իբրեւ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կը սպասեմ, որ պա –
հան ջատիրութիւնը կարգախօսէն ջնջելու առաջարկը երբեք
չքննարկուի Հայաստանի իշխանութեան որեւէ մարմինի կամ
կառոյցի կողմէ»:
Անթիլիասի Մայրավանքի Հայաստանի Անկախութեան Յու –
շակոթողին հովանիին տակ շուրջ երկու ժամ տեւող զրոյցը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ իր աւարտին հասաւ
Նորին Սրբութեան մաղթանքով, որ համայն մարդկութիւնը
յուզող համաճարակը շուտով վերջ գտնէ եւ մեր ժողովուրդը՝
Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի, վերադառնայ իր բնականոն կեանքին:

http://www.araraddaily.com/DailyNews-հայկական-լուրեր-Lebanese-Political-News/8647/article/30/Lebanese-Armenian-News/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın