İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր. 

Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զքեզ 

զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»:

(Ժամագիրք)

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ, սիրելի հաւատացեալներ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Տէր մեր եւ Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան Տօնը, իր գարնանային պերճանքով ու շքեղութեամբ կրկին այց կու տայ մեր տուները, որոնք տօնական ուրախութեամբ պէտք է ցնծան հակառակ Քորոնա ժահրի առթած տխրութեան եւ ստիպողական կղզիացման: 

Զատիկ բառի ստուգաբանութիւնը կը կատարուի առ հասարակ «զատուիլ» բայի եւ «զատ» բառի ածանցումէն մեկնելով: Իրապէս, առաջին Զատիկը որ կատարուեցաւ 3500 տարի առաջ, Եգիպտոսի մէջ գերիացեալ Աստուծոյ ժողովուրդի կողմէ, կրկին մեզի պէս իրենց տուներուն մէջ ամուր փակուած դռներուն ետեւ՝ «զատ»ուած միւս տուներէն, պահուըտելով, երկիւղով եւ սակայն մեծ հաւատքով եւ յոյսով սպասելով իրենց փրկութիւնը: 

Չորս հարիւր տարի գերութենէ ետք, երբ Աստուած Իսրայէլի որդիները ազատելով Խոստացեալ Երկիր տանելու ծրագիրը ի գործ դնելու սկսաւ Մովսէսի միջոցաւ, մեծ ու ահռելի հրաշք-անէծքներով՝ աղէտներով հարուածեց Եգիպտոսը եւ Եգիպտացիները: Ինը հրաշքներ չբաւեցին համոզելու Փարաւոնը, որուն համար Աստուած վերապահած էր վերջին ու վճռական հրաշքը. Մէկ գիշերուան մէջ զարնելով մեռցնել Եգիպտացիներու անդրանիկը՝ թէ մարդ եւ թէ անասուն: 

Ամբողջ երկրին ուղղեալ այս աղէտէն փրկուելու միակ միջոցը Հրեաներուն յայտնուեցաւ հետեւեալ կերպով. ամէն ընտանիք պէտք էր մորթեր գառնուկ մը, որուն արիւնը քսուելու էր արտաքին դռան վրայ: Տնեցիները պէտք էր որ ուտէին զոհը առանց կոտրելու անոր ոսկորները: Այդ գիշեր Տիրոջմէ ուղարկուած մահուան հրեշտակը պիտի այցելէր եւ պիտի մեռցնէր բոլոր անդրանիկները, բացի անոնցմէ, որոնք կը գտնուէին արիւնով կնքուած տուներուն մէջ: Մահուան հրեշտակը այն տուներուն վրայէն պիտի անցնէր առանց վնասելու: Միւս առաւօտ արդէն ամէն տունէն աղաղակ կը բարձրանար բացի Աստուծոյ խօսքին ու խոստումին հաւատալով պասեքի զոհը մատուցող ու անոր արիւնին ներքեւ պահպանութիւն գտած տուներէն: Հին Կտակարանի մէջ նկարագրուող այս դրուագը կը խորհրդանշէր որ Աստուած նոխազի մը արեան միջոցով «զատ»եց ու խնայեց իր ժողովուրդը եգիպտացիներուն վրայ ուղարկուած անէծքէն ու մահէն:

Որքա՜ն կը նմանի առաջին Զատիկը մեր տօնած Զատիկին՝ այս տարի: Մահուան հրեշտակը կը շրջի ամբողջ աշխարհ եւ մեզ կը գտնէ Քրիստոսի սուրբ արիւնով կնքուած եւ Աստուծոյ համար «զատ»ուած տուներուն մէջ՝ հաւատարիմ եւ յուսալիր իր Փրկչին մինչեւ վերջ: «Վասնզի Քրիստոս մեր զատիկը, մեզի համար զոհուեցաւ» (Ա. Կորն. 5.7):

«Հազար հոգի քու քովէդ ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ: Որովհետեւ դուն Տէրը՝ քու ապաւէնդ, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր» (Սաղմոս 91.7-9):

Այս է Սուրբ Զատիկը տօնելու հոգին: Սակայն պէտք է խոստովանինք, որ յաճախ կը տարուինք արտաքին զարդ ու բարքէն, խրախճանքի սեղաններէն, ներկուած հաւկիթներէն, կերուխումէն եւ կամ վեհական ծիսակատարութիւններէն եւ փառայեղ երգեցողութենէն ու կը թերանանք անդրադառնալու Յարութեան Սուրբ Տօնի ներկայացուցած կեդրոնական խորհուրդին:

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած առաջին Զատիկը պարզապէս ստուերն ու խորհուրդանիշն էր բուն Զատիկին, զոր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս հաստատեց իր աշակերտներուն հետ՝ սեղանի մը շուրջ համախմբուած, վերնատան մէջ, առնելով հացն ու գինին, օրհնելով զանոնք եւ յայտարարելով իր Սուրբ Մարմինը եւ Արիւնը՝ խաչին վրայ մեր մեղքերուն համար մատուցուելիք իբր զոհ՝ սուրբ Պատարագ: Քրիստոսով հիմնադրուած Զատիկն ալ տունի մէջ, փակուած դռներու ետեւ եւ մահուան ստուերին տակ իրականացաւ: Այս խորհուրդը մեծ է, խորութիւնը անհուն: Միշտ «առանձնութեան մէջ» ու միշտ «մահուան սպառնալիքի ներքեւ». Ահա՛ մարդուն իսկական վիճակը եւ ճշմարիտ Փրկիչը այն է՝ որ մեզ կը փրկէ մահուան ճիրաններէն եւ անմահութեան յոյսով կը լեցնէ մեր սիրտերը:

«Քանզի գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ չի՛ մեռնիր կրկին, այլեւս մահը անոր վրայ իշխանութիւն չունի» (Հռոմ. Զ:9):

Յիսուս իրեն թշնամի դարձած ադամորդիներուն յանցանքներու քաւութեան համար իր անձը զոհ մատուցանեց իրբ զատկական անմեղ գառն: Ստեղծիչը չվարանեցաւ երկինքի երանութիւնը լքելով «վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ»  ըլլալ՝ իր արարածներու մեղքերը կրելով խաչափայտին վրայ, որպէսզի անոնք կարենան հաշտուիլ իրենց երկնաւոր Հօր հետ: 

Զոհուած Փրկիչը յարութիւն առաւ մեռելներէն ու ունի մահուան եւ դժոխքի բանալիները ի ձեռին եւ Ի՛նքն է կեանքը, ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը: 

«Մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փա՜ռք յաւիտեանս» (Ժամագիրք)։

Մեծ աւետիսը մեր Տիրոջ եւ Փրկչի հրաշալի Յարութեան, մեր սիրտը վերստին կը լեցնէ լոյս զգացումներով ու սուրբ սպասումներով: Աստուած իր ամենասքանչելի գործը կատարած է՝ միածին Որդին աշխարհ ղրկելով, որ իր ստեղծած մարդուն մեղքերու քաւութեան համար Ա՛ն պատժուի: Իր ծրագիրն է յարուցեալ Փրկչին միացնելով, մարդուն շնորհել յաւիտենական կեանք, որ ան անվերջ դարեր ապրի իր ներկայութեան մէջ, ուր լաց չկայ, ո՛չ թշնամոութիւն, ո՛չ ցաւ, ո՛չ ալ տառապանք կամ տրտմութիւն:

Աղօթող ենք որ փրկարար այս աւետիսի շնորհները առատապէս բաշխուին մեր ժողովուորդի բոլոր զաւակներուն, որպէսզի անոնք կարող ու արժանի դառնան «որդիք լուսոյ» կոչուելու՝ միշտ աներեր մեր նախնեաց հաւատքի վէմի վրայ, միշտ հաւատարիմ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, միշտ պատրաստ՝ բարին գործելու իրենց ճանապարհին:

Մեր մշտանորոգ մաղթանքն է նախ, որ յարուցեալ Փրկչին աշխարհ թողած խաղաղութեան հոգին, աւելի ու աւելի ճառագայթէ մարդոց եւ ազգութիւններու հոգիներէն ներս, առաջնորդելու համար զանոնք դէպի նաւահանգիստը արդար եւ համերաշխ գոյացութիւն ու երջանկութիւն անխտիր:

Որքա՜ն շատ են այսօր մեր հաւաքտի թշնամիները: Որքա՜ն բազմաթիւ են մեր աւիշը ցամքեցնելու ծառայող ազդակները: Կը վխտան անոնք ամենուրեք, մեր ներսը եւ մեզմէ դուրս: Անոնք որ բախտաւոր եղած են պահելու իրենց հաւատքը Յարուցեալ Փրկչի վրայ, պիտի ծաղկին հոգեկան զուարթութեամբ ու պիտի կրնան մասնակցիլ ներքին եռանդով օրուան երգին եւ աւետիսին.

«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ եւ երկնաւոր,

Քեզ աւետիք խնդութեան, հարսն ի յերկրէ՝ Եկեղեցի.

Օրհնեա՜ ի  ձայն ցնծութեան զԱստուած քո Սիոն։»

Այս աշխահի մէջ միշտ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք, Յիսուսի ժամանակակից հրեաներուն պէս պիտի ուրանան Քրիստոսի Յարութիւնը: Բայց այդ հրաշալի դէպքին ապացոյցը պերճախօս եւ համոզիչ է միլիոնաւոր հաւատացեալներու համար: Քսան դար առաջ պատահած, Յիսուսի մեռելներէն յարութիւն առնելը անուրանալի, անժխտելի ճշմարտուիւն մըն է՝ քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքարերէն մին:

Մեր մաղթանքն ու աղօթքը այն է որ ամենքս ալ արժանանանք հաւատքը պահպանած ըլլալու այս անփոխարինելի բախտին: Որովհետւ անկէ կախեալ է մեր յաւիտենական կեանքը եւ ճակատագիրը:

Սիրելի ժողովուրդ մեր,

Զատիկը, Սուրբ Յարութեան Տօնը, աղերս ունի ո՛չ միայն անցեալին, այլ նաեւ ներկային հետ: Ան կը նշանակէ յարուցեալ եւ յաղթական կեանք մը ապրիլ հի՛մա եւ հոս: Զատիկը սոսկ քսան դար առաջ  պատահած պատմական դէպք մը չէ, այլ նոյնչափ ամենօրեայ կեանքի մէջ կրկնուող փառաւոր իրականութիւն մը՝ բոլոր անոնց համար, որոնք ճաշակած են Յարուցեալին բերած յաղթական կեանքը:

Քսան դար առաջ գերեզմանէն յարուցեալ Տէրը այսօր ալ յաղթական Փրկիչ է, եւ անոր յարութեան զօրութիւնը հիմնովին կը փոխէ հաւատացող մեղաւորը: Քրիստոսով նոր եւ յաղթական կեանք ապրող նորոգուած մարդը կենդանի վկան է անոր յարութեան:

Յարուցեալ Քրիստոսը մեզի յոյս կը ներշնչէ մեր ապագային նկատմամբ: Ան կու գայ ամրապնդելու մեր հաւատքը, թէ գերեզմանէն անդին ալ կեանք կայ: Զատիկը գերեզմաննոցէն անգամ աւետիս կը բերէ յուսահատ մարդկութեան:

Զատիկը ո՛չ միայն կ’աւետէ մեզի քսան դար առաջ տեղի ունեցած Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան լուրը, ո՛չ միայն կը հաւաստէ թէ ամէն անոնք, որոնք ընդունած են Յարուցեալ Քրիստոսը՝ իրենք ալ Քրիստոսի հետ յարութիւն առած են, այլ նաեւ կը ծանուցանէ թէ Քրիստոս մեծ յաղթանակ մը տարած է մահուան վրայ եւ քանի որ ինք կ’ապրի, մարդիկ ալ իր շնորհքով պիտի ապրին յաւէտ: Ուրեմն անդենական եւ յաւիտենական կեանքը սոսկ երազ մը կամ բաղձանք մը չէ, այլ հաստատուած ճշմարտութին մը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ: 

Հաւատալ Յիսուսի յարութեան՝ պայմանն է փրկութեան, ինչպէս Սուրբ Պօղոս կը բանաձեւէ հրաշալիօրէն. 

«եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոտովանիս, ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, պիտի փրկուիս» (Հռովմ. 10.9): 

Ուրեմն երթա՛նք Յիսուսի, յայտնե՛նք անոր մեր սէրն ու շնորհակալութիւնը, եւ փառք տանք Հօր Աստուծոյ՝ իր անբացատրելի շնորհքին համար, որով մեզ կը փրկէ անէծքէն ու յաւիտենական տանջանքէն, եւ կը պարգեւէ անվերջ կեանք՝ Իր երջանկաբեր ներկայութեան մէջ:

«Դու ես, Քրիստոս, կեանք եւ յարութիւն ազգի մարդկան. Յոյս յարութեան մերոյ, աղբիւր կենաց եւ փրկութեան» (Ողր. Շար. Ակ):

Սուրբ Զատկուան կենսանորոգ տօնին առիթով կ’ողջունենք ու սիրով կը շնորհաւորենք ԱռաքելականՄայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մերՀոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի ՏնտեսականԽորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներուվերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային ՀաստատութեանցԽնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքայինվարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութայինմարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթականհաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝մաղթելով բոլորին երջանիկ Զատկուան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւբարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Զատկուան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան ՄայրԱթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ ԱմենայնՀայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասնպայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւԵրուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակիցվանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձիրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ումերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենցաւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Զատկուան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենքնաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն,գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

 ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍ

ե՛ւ օրհնեա՜լ է լոյսը թափուր գերեզմանի, այժմ եւ յաւիտեանս. ամէն:

Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın