İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈԳԻ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կեանքը զարմանալի, երբեմն անհաւատալի զուգադիպութիւններով կ՚ընթանայ միշտ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 10 փետրուար 2020-ին, երկուշաբթի, Գումգաբուի մէջ սարքած էր համայնքային մամուլին համար ասուլիս մը։ Երկարատեւ այդ զրոյցին ժամանակ կատարուած էին բազում նկարահանումներ։ Յաջորդած օրուան մեր համապատասխան լրատուութեան մէջ օգտագործած էինք այդ դրուագներէն քանի մը հատը։ Մնացեալ դրուագները ի պահ դրուած էին մեր արխիւին մէջ։ Նոյնիսկ, մամլոյ ասուլիսէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր խնդրանքին ընդառաջելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ոսպնեակին դիմաց նկարահանուած էր իր գահուն վրայ, դահլիճին մէջ եւ այլն։ Եւ ահա այսօր մեր համակարգչի յիշողութենէն դուրս կու գան այդ արխիւային դրուագները…

Քորոնաժահրի համավարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ թրքահայութիւնը եւս անխուսափելիօրէն կը դիմագրաւէ արտասովոր շրջան մը։ Մէկ կողմէ առողջութեան առաջնահերթութիւները, իսկ միւս կողմէ համաճարակի յաջորդելիք արդէն գրեթէ ակնյայտ դժուարութիւնները՝ մեր համայնքի հաւաքական կեանքի օրակարգի գլխաւոր նիւթերը դարձած են։ Թրքահայութիւնը ներկայ տարին դիմաւորած էր՝ աւելի քան տասնամեակ մը վերջ նոր պատրիարք մը ունենալու ուրախութիւնով ու լաւատեսութեամբ։ Համայնքային կուտակուած խնդիրներու լուծման ճանապարհին դրական սպասումներ, յոյսեր կային։ Այսօր, սակայն, շատ կարճ ժամանակ անց, իրավիճակը էապէս փոխուած է։ Մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի հորիզոնը տժգունած է հասկնալիօրէն։ Միակ բանը, որ չէ փոխուած՝ Գումգաբուէն հնչած խօսքի կարեւորութիւնն ու կշիռն է։ Պատրիարքական Աթոռին աննախընթաց, եզակի դերակատարութիւն մը վիճակած է համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Նախախնամութիւնը այնպէս տնօրինած է, որ նորընտիր Սահակ Պատրիարքին բախտ վիճակած է այս պատմական մարտահրաւէրին դէմ յանդիման՝ հայրական խնամքին առարկայ դարձնել իր հօտը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս շրջանին իր օրհնութիւնն ու հոգատարութիւնը չի զլանար մեր հաւատացեալ ժողովուրդէն։ Պատրիարքարանը համաճարակի գործընթացի բախտորոշ ճանապարհը բռնած է՝ Նորին Ամենապատուութեան դատողութեամբ, ցուցմունքներով եւ իր առաքելութիւնը կը կատարէ արդէն անոր ձեռագրով։ Հոգեւոր իշխանութեան նկատմամբ ապաւինութիւնը բարձրացած է՝ հակառակ, որ մեր ժողովուրդը չի կրնար մասնակցիլ եկեղեցական արարողութիւններուն, որոնք տեղի կ՚ունենան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Զարմանալի է, որ այս իրավիճակը անհանգստութիւն կը պատճառէ նոյնիսկ անոնց, որոնք սովորաբար եկեղեցի չեն յաճախեր։ Անիմաստ է յիշեցնել, որ անկախ համաճարակէն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի մեծագոյն խնդիրներէն մին էր ժողովուրդի անտարբերութիւնը եկեղեցական կեանքին հանդէպ։ Բայց եւ այնպէս, այսօր մեր բոլորի աչքին առջեւ կը պարզուի մետայլին միւս երեսակը։ Արդարեւ, այսօր բազում շօշափելի փաստերու ականատես կ՚ըլլանք, թէ մեր ժողովուրդը խորքին մէջ հեռու չէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն, միշտ հարազատութեան զգացում կը տածէ անոր նկատմամբ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ տրուած պատգամները, փոխանցուած յորդորներն ալ այս միջավայրին մէջ կ՚ընկալուին մասնաւոր ուշադրութեամբ։ Իր տեսլականը, դիտարկումներն ու որդեգրած սկզբունքները այս շրջանին մեր հաւաքական կեանքէն ներս, ապագայի վերաբերեալ մեր ժողովուրդի մտորումներուն, որոնումներուն մէջ կրնան դառնալ ազդակ, կրնան ծառայել՝ որպէս հորիզոնին վրայ բացուած յաւելեալ պատուհաններ։

Աւագ շաբթուան սկիզբին առթիւ, Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ, այս բոլորը նկատի ունենալով փափաքեցանք հարցազրոյց մը ընել Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը սիրով ընդառաջեց մեր խնդրանքին։ Հասկնալիօրէն, դասական իմաստով հարցազրոյց մը չեղաւ այս մէկը։ Չայցելեցինք Պատրիարքարան։ Հարցումները իր նկատառման յանձնեցինք գրաւոր։ Այսինքն, այս հարցազրոյցը կազմակերպեցինք մէկ կողմէ հեռաձայնային խօսակցութիւնով, իսկ միւս կողմէ ելեկտրոնային կապով։ Ըստ երեւոյթին, արդիւնքը եղաւ բաւական գոհացուցիչ։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարի եղած է ժամանակ տրամադրել եւ մանրամասնօրէն պատասխանել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։ Միայն հարցազրոյցի ընդհանուր խորքին տեսակէտէ պէտք է կանխաւ մատնանշենք հանգամանք մը, որ վերապահութեան տեղի կրնայ տալ յամենայնդէպս։ Քանի որ դէմ դիմաց զրոյց մը տեղի չէ ունեցած՝ մենք հնարաւորութիւն չենք ունեցած պատասխաններէն ինքնաբերաբար բխելիք նոր հարցումները ուղղել Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Եւ ուրեմն այսպէս, ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տրուած այս բացառիկ հարցազրոյցը, որուն կցուած են նաեւ մեր արխիւէն դուրս բերուած իր քանի մը դիմանկարները, որոնք ցայսօր մնացած էին անտիպ։

*

-Արդէն մտած ենք Աւագ շաբաթ։ Բոլոր քրիստոնեաներուն համար սա ամենանուիրական շրջանն է։ Միեւնոյն ժամանակ, սա Ձեր գահակալութեան շրջանի առաջին Աւագ շաբաթն է, զոր մեր ժողովուրդը Ձեր հայրական հովանիին տակ կը դիմաւորէ։ Հոգեւոր հարուստ ապրումներով լի այս շաբաթը, դժբախտաբար, համաճարակի հետեւանքով այս տարի արտասովոր մթնոլորտի մը մէջ պիտի անցընենք։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ նաեւ Սուրբ Զատիկը։ Այս բոլորի լոյսին տակ ի՞նչ դիտարկումներ եւ հոգեւոր խորհրդածութիւններ ընել կ՚ուզէք մեր համայնքին համար։

-Աւագ շաբաթը մեծ մասամբ տխուր եղելութիւններու շաբաթ մըն է արդէն: Տէր Յիսուսի կեանքի ամենէն դժուար ժամանակաշրջանն էր, ըստ Ս. Աւետարանի: Անոր մատնութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը բնականաբար դիւրին ապրուած դէպքեր չէին, նոյնիսկ Յիսուսին համար: Իր տառապանքի մեծութիւնը մեզի յայտնի կը դառնայ իր վերջին գիշերը Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Երկնաւոր Հօր ուղղուած աղօթքին ընդմէջէն. «Ո՛վ Հայր, եթէ կարելի է այս բաժակը անցնի ինձմէ: Բայց թող կատարուի ո՛չ թէ իմ կամքս այլ՝ քու կամքդ»: Ի տարբերութիւն շատերու հալածանքներէ՝ Տէր Յիսուսի ապրածները կը յիշուին որպէս դրական եղելութիւններ, նկատի առնելով անոնց հետեւանքները՝ իր հրաշափառ Յարութիւնը եւ իր փառահեղ յաղթանակը մահուան դէմ: Ուրեմն, Սուրբ Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ բոլոր դժուարութիւններուն նայիլ եւ գնահատել՝ ըստ հետեւանքներուն եւ արդիւնքներուն: Յիսուս կը հրամայէ իր բոլոր հետեւորդներուն, որոնք պէտք է իրենց ցաւերը ընկալեն որպէս խաչակրութիւն՝ նմանութեամբ իր չարչարանքներուն. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ՝ իր խաչը վերցնէ ամէն օր եւ հետեւի ինծի»: Այս համաճարակն ու իր յարուցած դժուարութիւններն ալ այսպէս պէտք է ընդունինք. որպէս իմաստաւորուած ցաւ, այսինքն մեր խաչը: Թերեւս առաջին անգամ Աւագ շաբաթը քրիստոնեայ աշխարհը իրենց տուներուն մէջ պիտի անցընէ, ոչ թէ դուրսէն պարզապէս դիտելով մարդկութեան տառապանքը, այլ այս անգամ մասնակից ըլլալով անոր ցաւերուն:

-Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ վերջերս մատուցուած Ս. Պատարագին ժամանակ խօսեցաք բովանդակալից քարոզ մը։ Ձեր պատգամը մակերեսային լաւատեսութիւն ներշնչելու ջանքերէ շատ աւելի խոր էր։ Համաճարակի օրերուն Դուք տարբեր փիլիսոփայութիւնով մը հանդէս եկաք մեր հաւատացեալներուն առջեւ։ Եթէ ամփոփ ձեւով մէջբերենք՝ ըսիք, որ մեռելները մեզի համար մեռելներ են, իսկ յաչս Աստուծոյ՝ ննջեցեալներ։ Եւ Դուք բացատրեցիք, որ մենք բոլորս, նաեւ մեր ննջեցեալները՝ մեծ ընտանիք մը կը կազմենք։ Կը հաճի՞ք մանրամասնել այս մօտեցումը։

-Ասիկա մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հիմնական վարդապետութիւններէն մին է, որ կը կոչուի «Սուրբերու հաղորդութիւն», որ նաեւ կը ներփակէ սուրբերու հաղորդակցութիւնը: Սուրբ բառը հոս կը նշանակէ Եկեղեցւոյ մկրտեալ իւրաքանչիւր անդամ, որ մաքրուած է իր մեղքերէն մկրտութեամբ եւ դրոշմուելով՝ Սուրբ Միւռոնով: Եկեղեցին որ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինն է՝ կը բաղկանայ ապրողներու (Զինուորեալ Եկեղեցի) եւ ննջեցեալներու (Յաղթական Եկեղեցի) միութենէն: Յատկապէս Սուրբ Պատարագի մատուցման պահուն ասոնք կ՚անցնին հաղորդակցութեան՝ Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Խորհուրդին մէջ: Ամէնքս՝ ապրողներ եւ ննջեցեալներ, նոյն մարմնի անբաժանելի անդամներն ենք եւ կը շարունակենք մեր անտեսանելի կապը պահել ամէնուն հետ ընդմիշտ: Այս է պատճառը, որ հոգեհանգիստները պէտք է կցուին Սուրբ Պատարագին: Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ վերջերս մատուցուած Ս. Պատարագը Սուրբ Աստուածածին Մարիամի հրաշագործ «Չարխափան» կոչուած սրբապատկերի հետ առընչուած էր: Մեր Մօր թանկագին բարեխօսութիւնը խնդրեցինք՝ ընդդէմ համաճարակի: Մեր Պոլսոյ քաղաքի ալ պահապան սուրբն է ինքը եւ հզօր միջնորդ մը մեր եւ Քրիստոսի՝ իր Որդւոյն միջեւ: Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէս մենք կը յիշենք եւ կ՚աղօթենք մեր ննջեցեալներուն համար, նոյնպէս անոնք՝ մեզի համար: Ասիկա բարի լուր է. մահը մեր ապրումներուն վերջը չէ, այլ՝ տեղափոխութիւն մը պարզապէս:

-Ի՞նչպէս կը գնահատէք համաճարակի ներկայ շրջանին մեր համայնքէն ներս Պատրիարքական Աթոռի օրհնութեամբ եւ խթանումով ծնունդ առած ընկերային զօրակցութեան շարժման ընդհանուր արդիւնքը։

-Համաճարակի այս շրջանին մեր համայնքի անդամներու առկայ գործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կրկին անգամ ի յայտ եկաւ գոհացուցիչ կերպով: Պետութիւնը ինքը կը հայթայթէ ճարեր իր հայրենակիցներու պէտքերու մեծամասնութիւնը գոհացնելու ուղղութեամբ: Սակայն, որպէս հայ փոքրամասնութիւն ունինք նաեւ իւրայատուկ պէտքեր ու պահանջներ: Հայը ուրախ կ՚ըլլայ իր ազգակիցէն օգնութիւն ստանալով կամ անոր օգնելով: Սա ներմիութենական բնազդ մըն է, որ այս շրջանին, բնականաբար, ակնկալութիւններն ու սպասումները կը բազմապատկէ համայնքային կառոյցներէն, որոնք, դժբախտաբար, շատ ալ պատրաստ չէին այս արտակարգ իրավիճակը դիմագրաւելու: Բայց ո՞վ պատրաստ էր այսպիսի անակնկալի մը, որ կը պատահի հազար տարին անգամ մը: Տեսէ՛ք, քրիստոնեան դարերէ ի վեր առաջին անգամ Սուրբ Յարութիւնը պիտի չկարողանայ տօնել եկեղեցիներու մէջ: Այս կացութեան տակ Վաքըֆներու միութիւնը իմ հրաւէրով, եօթ բազմահայ թաղերու մէջ կազմակերպեց թաղի կարօտեալներուն ուտեստեղէնի օժանդակութիւն մատակարարելու աշխատանքները: Այս գործին կը մասնակցին աշխարհական կամաւորներ եւ բարերարներ, հասնելով հարիւրաւոր անձերու կարիքներուն: Բաց աստի մենք կամաւոր տիկիններով հեռաձայնի կամուրջ մը կազմեցինք այն երէցներուն հետ, որոնց տունէն դուրս ելլել չէ արտօնուած: Մեծ մխիթարանք եղաւ այս նեցուկը իրենց համար: Նաեւ հաստատեցինք աղօթքի շղթայ մը՝ ամէն գիշեր ժամը 21.00-ին, հիւանդներու համար: Բայց մօտ ատենէն մեզի պիտի սպասեն աւելի մեծ նիւթական մարտահրաւէրներ, որոնք պիտի կարօտին աւելի ազդու կազմակերպչական աշխատանքներու:

-Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ներկայիս ներգրաւուած է համաճարակի դէմ պայքարի։ Ան փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներու շարքին միակն է, որ այսպիսի առաքելութիւն մը կ՚իրականացնէ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանադանոցը մեր համայնքի արդար հպարտութիւններէն մին է անկասկած: Մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէ տարեցներուն եւ կարօտեալներուն: Սակայն մեր ժողովուրդը երբեմն տեղեկութեան պակասի պատճառով՝ կ՚ուզէ հաստատութեան վրայ բարդել չափազանցուած պատասխանատուութիւններ, որոնք, առհասարակ, իրապաշտ չեն: Ազգային հիւանդանոցէն մեր պահանջները պէտք է ըլլան չափաւոր: Հիւանդանոցն ալ ի վերջոյ տնտեսական կառոյց մըն է ու պէտք է զայն հեռու պահել արկածախնդրութիւններէ, որոնք կրնան իր սկանկացումին պատճառ դառնալ:

-Համաճարակի ներկայ շրջանին պոլսահայ վարժարանները առցանց ուսուցում կ՚իրականացնեն։ Ի՞նչ պատգամ ունիք մեր կրթական մշակներուն եւ սիրասուն աշակերտներուն համար։

-Նախ եւ առաջ իմ աղօթքները կ՚ուղղեմ առ Աստուած անոնց համար, որոնք առանց հոգեպէս վիրաւորուելու անցընեն այս արտասովոր շրջանը եւ իրենց ներքին հաւասարակշռութիւնը պահեն տուներու մէջ բանտարկուած այս իրավիճակին մէջ: Անոնք, մանկական ու պատանեկան հոգիին համար ամենէն անբնական կենցաղին դատապարտուած ըլլալով, այլեւս դուրս ալ չեն կրնար ելլել՝ նոր արգելքներու պատճառով: Անոնց հոգեկան առողջութիւնը, ըստ իս, առաջ կու գայ իրենց կրթութենէն: Հեռակայ ուսուցումը իր դժուարութիւնները ունի: Ծնողներու օգնութեամբ կը յուսանք, որ աշակերտները ձեռք կը բերեն անհրաժեշտ կարգապահութիւնը եւ շատ չեն ուշանար իրենց ապագայի վերաբերեալ ծրագիրները իրագործելու:

-Ձեր կարծիքով, մեր համայնքը ի՞նչ հեռանկարներու առջեւ կը գտնուի։ Այսինքն, երբ անցնին համաճարակի օրերը, համայնքային կեանքը պիտի վերադառնա՞յ իր բնականոն հունին։ Անշուշտ, կեանքը երբեք համաճարակի նախորդածին նման պիտի չըլլայ։ Բայց եւ այնպէս, մեր առջեւ կայ ընդհանուր մտահոգութիւն մը։ Համաճարակի շրջանը իր հետ կը բերէ նիւթական շատ ծանր բեռ մը։ Յոռետես կանխատեսումներ կան նաեւ մեր համայնքի պարագային։ Մեր համայնքի հիմնական եկամուտները կը գոյանան ազգապատկան կալուածներու վարձքերով։ Տնտեսական փխրուն հաւասարակշռութիւնները կրնան ժխտական ազդեցութիւն գործել այդ հասոյթներուն վրայ։ Մնաց, որ Ազգային հիւանդանոցի օրական հասոյթն ալ այս շրջանին անկում կրած է անհամեմատօրէն։ Թէեւ տակաւին յայտնի չէ, որ համաճարակը ե՛րբ պիտի աւարտի, սակայն, այժմու կացութեան հիման վրայ Դուք ի՞նչ կանխատեսումներ կրնաք ընել։

-Այս օրերը կը փաստեն, որ մարդոց կեանքը, տնտեսական գործունէութիւններն ու ընկերային համակեցութիւնը որքա՛ն շղթայահիւս վիճակ մը կը ներկայացնեն: Մենք միասին կը հարստանանք եւ միասին կ՚աղքատանանք: Այս տարին՝ 2020-ը, յայտնի է, թէ միասին աղքատանալու տարի մը պիտի ըլլայ համայն մարդկութեան համար: Մեր համայնքն ալ զերծ չէ այս աղքատացումէն ու տնտեսական զրկանքներէն: Պիտի սորվինք փոքրանալ եւ աւելի չափաւոր ծախսել: Մեր եկամուտները միացնելու եւ հասարակաց պիւտճէ մը կազմելու կարիքը այսքան կիզիչ չէր եղած երբեք: Թերեւս արտաքին ճնշումներ պիտի ստիպեն, որպէսզի աւելի իրապաշտ ծրագիրներ մշակուին, ի մասնաւորի, վարժարաններու վերաբերեալ ծախսերու շուրջ: Չեմ ուզեր մտածել նոյնիսկ յառաջիկայ աշնան հայկական դպրոցներու բացերը ի՛նչ պիտի ըլլան եւ մատաղները որքանով պիտի կարենան դարման հանդիսանալ գոյացած նիւթական պակասները լրացնելու: Յոռետեսութիւնը մեզ զգուշութեան պէտք է հրաւիրէ, ոչ թէ յուսալքութեան: Աշխարհի ժողովուրդներուն առջեւ բացուեցաւ նոր ճանապարհ մը, ուրկէ օր ըստ օրէ կարելի է քալել: Օրուան խնդիրները այնքան մեծ ու անծանօթ են բոլորին համար, որ նախատեսուած մեծ ծրագիրները գործի չեն ծառայեր: Այս շրջանը եւ յարուցած դժուարութիւնները, անտարակոյս, մեր համայնքի կազմակերպչական կարողութիւնները փորձի պիտի ենթարկէ:

-Մօտաւոր անցեալին, համաճարակի օրերէն անմիջապէս առաջ, Ձեր նախագահութեամբ Պատրիարքարանի մէջ առաջին ժողովը տեղի ունեցաւ նորաստեղծ Կեդրոնական սեղանի շուրջ։ Ձեր տեսանկիւնէն գոհացուցի՞չ էր այս առաջին քայլափոխին ստեղծուած մթնոլորտը։ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (Türkiye Ermeni Vakıflar Birliği) ձեւաչափին մէջ այս գործընթացը ինչպիսի՞ ապագայի մը յղի է։ Ներկայիս այս հարցումը, անշուշտ, այժմէական է նաեւ՝ համաճարակին յաջորդելիք հաւանական մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ։

-Դժբախտաբար այս կեդրոնական սեղանի աշխատանքներն ալ մեծ հարուած կրեցին համաճարակէն: Գրեթէ սառեցան միութենական մեր ձեռնարկները: Որպէս պատրիարք մեր բարոյական ազդեցութեամբ՝ Վաքըֆներուն ուղղութիւն տալ կը փորձենք: Առանց պաշտօնականացած կեդրոնական կառոյցի մը շատ դժուար է ազդեցիկ վարչական դրութիւն մը կազմել: Վաքըֆներու միութիւնը մօտ ապագային դէմ յանդիման պիտի մնայ համայնքի նիւթական հսկայ կարիքները հոգալու մարտահրաւէրին հետ: Տէրը միասնականութեան հոգի եւ կազմակերպչական իմաստութիւն շնորհէ մեր թաղային խորհուրդներուն եւ բարերարներուն:

-Ձեր գահակալութեան յաջորդած կարճ ժամանակաշրջանին ամենայատկանշական իրադարձութիւններէն մին էր Ձեր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ձեր վերադարձէն գրեթէ անմիջապէս վերջ վրայ հասաւ առկայ համաճարակը եւ այդպէս ալ յանկարծ փոխուեցաւ օրակարգը։ Յամենայնդէպս, ի՞նչ տպաւորութիւններ կը կրէք այդ այցելութեան օրերէն։

-Շատ լաւ դիմաւորուեցանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, թէ՛ Վեհափառ Հայրապետի եւ թէ միաբանութեան կողմէ: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն այս անգամ որպէս ատենապետ մասնակցեցանք: Անշուշտ քորոնաժահրի ստուերը արդէն նստած էր Հայաստանի տարածքին վրայ եւ վարժարանները փակուած: Խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ ապագայ Ազգային եկեղեցական ժողովի հաւաքման խնդրին շուրջ եւ տեղեկութիւն ստացանք Մայր Տաճարի շարունակուող նորոգութեան խնդիրներու վերաբերեալ: Մայր Աթոռը զօրացած տեսայ՝ նոր կառոյցներով եւ Վեհափառի նոր ծրագիրներով: Ինծի համար միշտ հոգեպէս նորոգող ազդեցութիւն մը ունին Սուրբ Էջմիածին այցելութիւններս: Փա՛ռք Աստուծոյ, որ Էջմիածինը ունինք որպէս լոյսի եւ յոյսի կեդրոն իբր փարոս՝ հաւաստիքը մեր հաւատքին ընդմիշտ պայծառութեան:

-Համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ մեր հոգեւոր հայրերը կը փորձեն ընկերային ցանցերու միջոցաւ հասնիլ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կապի մէջ մնալ բոլորին հետ։ Դուք նախ եւ առաջ բոլորին ծանօթ էք՝ որպէս հմուտ քարոզիչ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս հաղորդակցութեան ձեւին մասին։ Սա թէեւ ներկայիս անհրաժեշտութիւններէ ծնունդ առած է, սակայն Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման ճանապարհին ապագայի ուղղեալ փորձառութեան մը կրնա՞յ վերածուիլ։

-«Չկայ չարիք, որ չբերէ բարիք»: Ուրեմն այս տխուր շրջանի շահերէն մէկը դարձաւ մեր կողմէ ընկերային ցանցերու աւելի ազդեցիկ գործածութեան ձեռնարկումը, որուն համեղ պտուղները հիմակուընէ քաղելու սկսանք արդէն: Կիրակնօրեայ արարողութիւններու ուղիղ եթերով սփռումին առընթեր մեր քարոզիչ եկեղեցականներու ամենօրեայ քարոզխօսութեան կարելիութիւնը ստեղծեցինք մեր դիմատետրին միջոցաւ: Ես ալ սկսայ «Եութուպ»էն դասախօսութիւններ կազմակերպելու՝ «Պատրիարք Սահակ» հասցէագիրով: Այս շրջանին մեր Պատրիարքարանի համացանցային ծառայութիւնները աւելնալով պիտի շարունակուին: Այս կէտէն ետդարձ չկայ այլեւս, ճիշդ հակառակը՝ պէտք է այս ծառայութիւնը աւելի արհեստավարժ որակ ստանալով օր ըստ օրէ աճի ու ծաւալի:

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/8-04-2020-ոգի-եւ-իմաստութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın