İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԸԼԼԱՅ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Այսօր Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կը տօնենք ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԸ, որ ամէն տարի անշարժ թուականով կը տօնուի 7 Ապրիլին, որ օրուան ալ հանդիպի։ Այս թուականը կրնայ Մեծ Պահոց, կամ Աւագ Շաբթուան եւ կամ յինանց շրջանին կրնայ զուգադիպիլ։ Մեծ Պահոց մէջ եթէ հանդիպի այդ օր Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի բաց խորանով եւ խորանը մինչեւ երեկոյեան ժամերգութեան վերջաւորութիւնը կը մնայ բաց։ Ղազարու Յարութեան շաբաթ օրը երբ պատահի դարձեալ Ս. Պատարագ կը մատուցուի բաց խորանով։

Աւագ Երկուշաբթի, Աւագ Երեքշաբթի եւ կամ Աւագ Չորեքշաբթի օրերուն հակառակ անոր որ Ս. Պատարագ չմատուցուիր, այս օրերու շարականներն ու Սուրբ Գրական ընթերցումները կը կատարուին գիշերային ժամերգութեան ընթացքին եւ օրհնութեան շարականի ընթերցմամբ կը սկսի Աւետման տօնակատարութիւնը եւ կը մատուցուի Ս. Պատարագ։
Եթէ ծաղկազարդին, Աւագ Հինգշաբթի, Աւագ Ուրբաթ, Աւագ Շաբաթ եւ Ս. Զատկի օրերուն հանդիպի Աւետումը կը տօնուի Գիշերային ժամերգութեան ընթացքին եւ օրուան օրհնութեան շարականի երգեցողութեամբ Աւետման տօնը կը թողու այն օրուան տօնին, որուն զուգադիպած է։

Միասնաբար ընթերցենք Սուրբ Աւետարանէն Աւետման բաժինը.

ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻՆ.- Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։ Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։ Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։ Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։ Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է, Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։
(Ղուկաս, 1.26-37)

Սուրբ Աւետարանի այս հատուածէն կը սորվինք թէ Սուրբ Կոյսը որ սնած էր Աստուծոյ երկիւղով, իր հաւատքին պտուղը կը քաղէր եւ կիներուն մէջ օրհնեալ նկատուելով կ՚ընտրուէր ու կ՚արժանանար Աստուածամայր ըլլալու պատիւին։
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր պատասխանին մէջ պահուած է սքանչելի պատգամը, որով կը հրաւիրուինք բոլորով սրտիւ յանձնուելու Աստուծոյ կամքին ըսելով. « քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Մանաւանդ այս օրերուն կը հրաւիրուինք նոյն բառերը արտասանելով դիմել Աստուծոյ օրհնեալ կամքին, խնդրելով՝ վարակեալներու բուժում, տառապեալներու մխիթարութիւն եւ ընդհանրապէս համայն մարդկութեան քաջառողջ կեանք, հեռու՝ վարակներէ։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2629654110603107

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın