ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ շաբթուան առաջին օրն է՝ Աւագ երկուշաբթի։ Ան կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ արարչագործեց երկինքի հաստատութիւնը։ (ԾՆՆԴ. Ա 9-13)։
Աւագ երկուշաբթի կը խորհրդանշէ նաեւ երկրորդ շրջանը, երբ ապականուեցաւ ամբողջ տիեզերքը, եւ միայն Ենովք հաճելի եղաւ Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ։ (ԾՆՆԴ. Ե 21-24)։ Ադամը ուտելով պտուղը՝ վտարուեցաւ Դրախտէն, իսկ Ենովք չուտելով երկրի պտուղը՝ մտաւ Դրախտ ու անմահութի՛ւն։
Երկուշաբթի օր՝ նիսան 11, ապրիլ 3, Յիսուս դարձեալ Երուսաղէմ կը դառնայ։ Վերջին օրերն էին, պէտք էր վերջնակա՛ն կերպով Իր վարդապետութիւնները կրկնէր, եւ Իր սկզբունքները հռչակէր, որպէսզի ամէնուն միտքին մէջ թա՛րմ մնար իր քարոզութիւնը, եւ Ինքն ալ Իր գործին գլուխը՝ փակած ըլլար Իր ընթացքը։
Առտուն կանուխ ելան Բեթանիայէն, եւ թերեւս շատ կանուխ ելլելով բան մը ուտելու ատեն ալ չունեցան, որով քիչ մը ճամբայ առնելէն ետք սկսան անօթութիւն զգալ։ Յիսուս Ինքն ալ բան մը ուտելու պէտքը զգաց, եւ բնական բերմամբ մը ճամբուն վրայ գտնուող թուզի ծառի մը մօտեցաւ, վրան ուտելու բան մը գտնելու միտքով, սակայն ծառը տերեւէ զատ բան չունէր. սաղարթախիտ ծառ մըն էր, սակայն դժբախտաբար պտուղ բնաւ չունէր։ Բայց բոլորովին անհիմն չէր Յիսուսի թուզ գտնելու յո՛յսը։
Թուզի ժամանակէն դուրս թուզ գտնելու յոյսը թէպէտեւ բոլորովին անհիմն յոյս մը չէր, սակայն «աւետարանական ձեւ» ունի Յիսուսի այդ գործողութիւնը, ո՛չ թէ մտովի կազմուած առակ մը. այլ «իրական պատահարէն» առնուած։
Արդարեւ, մեկնիչներու համաձայն, անպտուղ թզենին «Հին Ուխտ»ը կը խորհրդանշէ, որ թէպէտ արտաքին երեւոյթով զարդարուն, եւ կերպարանքով կատարեալ, եւ արդիւնաւոր ըլլալու նշաններով հարուստ, եւ ամէնուն լա՛ւ ակնկալութիւններ յուսադրելու վիճակին մէջ էր, սակայն իրօք արդիւնք մը չէր ունեցած, եւ օգուտ մըն ալ չէր ցուցաբերած՝ բարոյական քաղցը, անօթութիւնը անցընելու բաւական արգասիք մը չէ՛ր արտադրած։
Թզենին օրինակ էր, եւ աւելի մեծ ճշմարտութեան մը խորհուրդը կը պարունակէր։ Իր անպտուղութիւնը հաստատուած էր, ո՛չ թէ հասունցած պտուղ չունենալովը, այլ ժամանակին պահանջածին չափ պտուղի նշանները չունենալովը։
Ուստի անպտուղ թզենին դարձած է «կենդանի մեռեալ» մը։ Մեռեալ մը՝ որուն դագաղը փոխանակ հորիզոնական կերպով հանգչելու, ուղիղ կեցուցած են։ Թզենիին արտադրողական կենսունակութիւնը եւ ուժը մեռա՛ծ են։ Ուստի պէտք է կտրել. «Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար՝ կը կտրուի ու կրակը կը նետուի» (ՄԱՏԹ. Է 19)։ Բայց Տէրը «չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի, այլ կ՚ուզէ որ ամէնքն ալ գան ապաշխարութեան» (Բ ՊԵՏ. Գ 9)։ Արդարեւ, առակը մարդկային կեանքին պատշաճեցուած «պատմութիւն» մը ըլլաէ աւելի «այլաբանութի՛ւն» մըն է։ Թզենին՝ Յիսուսի սիրած, սիրական ծառը՝ որմէ պտուղ կ՚ակնկալէր՝ կը խորհրդանշէ հրեայ ժողովուրդը…։
Քրիստոնէական մկրտութիւն ընդունող մէկը եթէ Քրիստոսէ եւ Իր Եկեղեցիէն հեռու մնայ, անտեսելով անոր պաշտամունքը եւ անոր հանդէպ կատարուելիք նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւնները, ստանձնած պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւնները եւ այդ մասին չունենայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը՝ պարզապէս կը նմանի անպտուղ թզենիին։ Ան «Քրիստոնեայ» անունը կը կրէ առանց որեւէ օգտակարութիւն ունենալու քրիստոնեայ աշխարհին, եւ համայն մարդկութեան։ Եւ ան կ՚ապրի պարզապէս որպէս «չոր» եւ «անպտուղ» քրիստոնեայ կոչեցեալ մարդ…։
Անպտուղ կեանքը պարապ կեանք մըն է։
Մակաբուծութիւնը աղէտ մըն է համայն մարդկային ընկերութեան համար։ Մարդ իր ընդոծին կարողութիւններով՝ աւելի՛ պէտք է տայ աշխարհին քան թէ անկէ առնէ։
Մարդ, իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ կոչուած է իրերօգնութեան. ուստի ան պէտք է ապրի ո՛չ միայն ինքն իրեն համար, այլ մանաւանդ իր նմաններուն՝ համայն մարդկութեան կերպով մը օգտակար ըլլալու համար։ Այս իմաստով ինքնակեդրոն մարդը կը նմանի անպտուղ թզենիին։
Մարդ պէտք է գիտնայ ապրիլ բնութեան հետ հաշտ եւ անոր օրէնքներուն համաձայն, պէտք է համակերպի անոր եւ երբեք չանտեսէ բնութեան անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքները, եւ այս մասին շարժի իր նմաններուն հետ միասին։
Արդարեւ, այն անհատը որ կը վայելէ դիրք մը ընկերութեան մէջ, ստանձնած է պաշտօն մը, պէտք չէ նմանի «անպտուղ թզենի»ին, որ պարզապէս ինքզինք ցոյց կու տայ եւ ո՛չինչ կ՚ընէ ընկերութեան համար։ «Պտղատու» եւ իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութեան տէր անձեր են միայն որ պտղաբեր կ՚ըլլան ընկերութեան մէջ։ Այսպէս, օգտուողը կ՚ըլլայ միշտ ընկերութիւնը՝ համայն մարդկութիւնը։ Ահաւասիկ ա՛յս է Աստուծոյ ստեղծագործութեան եւ արարչագործութեան «ծրագի՛ր»ը։
Ժամավաճառութիւնը եւ ուրիշներուն օգտակարութիւնը խափանելը, մէկ խօսքով «չարի՛ք» է մարդկային ընկերութեան հանդէպ…։
– Սկզբնաղբիւրներ.-
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան, «Համապատում», 1911, էջ 601-603։
Բաբգէն Աւ. Քհնյ. Մագսուտեան, «Յիսուս Քրիստոսի առակները», 1991, էջ 123-126։
Կարինէ Սուգիկեան, «Աւագ երկուշաբթի»։
http://www.jamanak.com/content/հոգե-մտաւոր/6-04-2020-աւագ-երկուշաբթի
İlk yorum yapan siz olun