İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յայտարարութիւն

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ՄԻՆՉԵՒ ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ 9 ԱՊՐԻԼ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՌԱՆՑ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Այս առաւօտ, երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան Քորոնավիրուսի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին: Երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի եպիսկոպոսներուն հետ: Արդարեւ, մեկնելով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն, միաժամանակ հետեւելով բժիշկներու ու մասնագէտներու թելադրութիւններուն, որոշուեցաւ որ մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի 9 Ապրիլ մեր եկեղեցիներէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուի եւ բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները տեղի ունենան առանց հաւատացեալներու ներկայութեան: Նոյն որոշումը առնուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ:

Հետեւաբար, ջերմօրէն կը թելադրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին.-

1) Անթիլիասի ուխտի օրը՝ Կիրակի, 29 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին միայն հաւատացեալներ առանձնաբար եւ իրենց ընտանիքի անդամներով մօտենան Ս. Խորանին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Սուրբ Աջին օրհնութիւնը ստանալու: Նոյնպէս Ծաղկազարդի օրը՝ Կիրակի, 5 Ապրիլ 2020-ի յետմիջօրէին միայն եկեղեցի երթան՝ ստանալու օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր:

2) Հոգեհանգիստները բնական կերպով պիտի կատարուին՝ միշտ առանց սգակիրներու ու հաւատացեալներու ներկայութեան: Անհրաժեշտ է այս գծով նախապէս տեղեակ պահել եկեղեցւոյ պատկան մարմինները կամ քահանայ հայրերը:

3) Թելադրելի է որ մեր ժողովուրդի զաւակները ընկերային ցանցերու, հեռատեսիլներու եւ ձայնասփիւռներու ճամբով հետեւին սուրբ եւ անմահ պատարագին:

4) Բնականաբար, մեր եկեղեցիները միշտ բաց պիտի մնան հաւատացեալներու առջեւ, որոնք օրուան ընթացքին կ’ուզեն եկեղեցի գալ խոկումի ու աղօթքի համար:

5) Մկրտութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարել սահմանափակ թիւով անձերու ներկայութեան:

Վստահ ենք որ մեր ժողովուրդի զաւակները հասկացողութիւն եւ պատասխանատու վերաբերում պիտի ցուցաբերեն վերոյիշեալ թելադրութիւններուն գծով: Ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդին ուղղած իր հայրական պատգամին մէջ ըսաւ.-

Աղօ՛թքը պէտք է դառնայ մղիչ ոյժը մեր կեանքին, մեր մտածումներուն ու գործերուն: Հաւատքով շաղախուած աղօթքն է, որ մեզի հոգեկան քաջութիւն կու տայ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր չարիքները: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ՝ «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրանքը պիտի տրուի ձեզի» (Մր 11.24): Սիրելի հայորդիներ, «միշտ աղօթեցէ՛ք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէն ազատելու» Աստուծոյ Որդւոյն խոստումին համաձայն: Հետեւաբար, եկէ՛ք դառնանք Քրիստոսի ու Սաղմոսին աղօթասաց բառերով ըսենք.- Դո՛ւն ես իմ յոյսը, Տէր, … ինձմէ հեռու մի մնար, փութա՛, ինծի օգնութեան հասիր (71. 5, 12):

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով

16 Մարտ 2020
Անթիլիաս

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/photos/a.472768652745040/2998922276796319/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın