İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Ամեն. Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամներու եւ համայնքային ու թաղային մարմնիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 18 Փետրուար 2020-ին կայացած խորհրդակցական հանդիպումին կազմուած Կեդրոնական Սեղանը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով 12 Մարտ 2020, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին ունեցաւ իր անդրանիկ հանդիպումը, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

Նորին Ամենապատուութեան արտասանած Տէրունական Աղօթքով սկած հանդիպումին, նախ քան օրակարգը առաջարկով խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ առողջապահական այժմէական հարցին՝ Քորոնա վիրուսի  հետ առընչուած լուրերու շուրջ։ Յայտնի դարձաւ թէ այս ծանօթ առողջապահական հարցի կապակցութեամբ պաշտօնական մարմիններ արդէն իսկ պէտք եղած միջոցառումներ ձեռք առած են եւ որոշուեցաւ պետական պաշտօնական զեկոյցներու եւ կամ հրահանգներու ուղղութեամբ ընթանալ ու այս ուղղութեամբ մեր վարժարաններէն ու աղօթատեղիներէն ներս հարկաուր միջոցառումներու դիմել։ 

Այս կարեւոր հարցին մասին կատարուած խորհրդակցութենէն յետոյ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ նորակազմ սեղանը անուանել «Հայ Հիմնարկներու Միութեան Վարչական Խորհուրդ»։ Այս անունը որդեգրուեցաւ նկատի ունենալով մեր համայնքային ու թաղային հիմնարկներու մեկտեղումը որոշուած էր կոչել «Հայ Հիմնարկներու Միութիւն», որ վերանուանումն էր «Հիմնարկներու Միջեւ Երկխօսութեան Հարթակ», այսինքն «Վատիփ» անուան

Ձեռնարկուեցաւ դիւանի կազմութեան, որուն կ՚անդամակցին Պետրոս Շիրինօղլու՝ Ատենապետ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Իսքէնտէր Շահինկէօզ՝ Փոխ Ատենապետներ, Յարութիւն Շանլը՝ Ատենադպիր, Սարվէն Սէրթշիմշէք, Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու ստանձնեց աշխատանքային խումբի համակարգչի պաշտօնը։

Յետ խորհրդակցութեան որոշուեցաւ կանոնագրութեանց մշակման աշխատանքները տանիլ ներխմբային խորհրդակցութեամբ եւ նկատի ունենալով ի ձեռին գտնուած կանոնները, ի պահանջել հարկին դիմելով իրաւաբաններու։ Բնականաբար տարուած աշխատանքներէն յետոյ պատրաստելի կանոնագրի շուրջ տեսակցութիւններ պիտի ըլլան պաշտօնական պատկան իշխանութեանց հետ։

Նկատելով որ համայնքային կեանքէն ներս համայնքային եւ թաղային հիմնարկներու միջեւ տնտեսական զօրակցութիւն մը ապահովելու լուրջ պահանջքը կար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկով եւ միաձայնութեամբ կազմուեցաւ Տնտեսական Զօրակցութեան Յանձնախումբը, որուն կ՚անդամակցին Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Իսքէնտէր Շահինկէօզ, Թորոս Ալճան, Սիմոն Չէքէմ, Սարվէն Սէրթշիմշէք, Վարուջան Մաղաքեան, Յարութիւն Շանլը, Սէվ Հիմնարկէն՝ Արետ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան։ Յանձնախումբը կը գլխաւորէ Նորին Ամենապատուութիւնը

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց  ներկաներու մասնակցութեան համար եւ արձակման աղօթքով վերջացաւ հանդիպումը։ 

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın