İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԵՒԱՆ ԵՒ ՍԱՐՕ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասը, օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, կը պատրաստուի երկու քահանաներ ընդունիլ իր շարքէն ներս։

Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութեան ընդառաջ, 21 Փետրուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Տիրացու Սեւան եւ Տիրացու Սարօ սարկագներու կոչման արարողութիւնը։ Պատրիարք Հայրը, երբ եկեղեցի ժամանեց, եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ տեղւոյն թաղային խորհուրդի եւ հոգեւորականաց դասու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցի։ Արարողութեան ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան եւ քահանայ հայրեր, սարկաւագներ, դպիրներ, ընծայեալներու հարազատները, ինչպէս նաեւ Օրթագիւղի ընտանիքէն անդամներ։ 

Նախ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ ժամերգութեան աւարտին սկիզբ առաւ խորհրդաւոր արարողութիւնը։ Ընծայեալներ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ մայր դռնէն դէպի դաս ծնկաչոք մօտեցան։ Այս պահուն, վկայութիւն տրուեցաւ Տիրացու Սեւանի եւ Տիրացու Սարօի արժանաւորութեան, իրենց վարքին ու կենցաղին մասին։ Անոնք, յանձն առին քահանայութեան լուծը, աշակերտիլ եւ հետեւիլեկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ հայրապետներուն եւ վարդապետներուն ու նզովեցին բոլոր հերձուածողները։Ապա կարդացին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառ դաւանութեան հանգանակը։

Կոչման արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ յատկապէս երկու ընծայեալներուն։ Իր խօսքերուն մէջ կոչման արարողութեան մասին տեղեկութիւն տալով, ըսաւ թէ՝ քահանայական ձեռնադրութեան այդ սուրբ պահուն քայլ մը եւս մօտեցած են եւ վաղը առաւօտ յընթացս Ս. Պատարագին պիտի ձեռնադրուին քահանաներ։ Յայտնեց թէ՝ իրենց մասնակցութեամբ Պոլսոյ Աթոռը առաւել եւս պիտի զօրանայ եւ երբ հաւատքի պահպանութեան պայքար պիտի մղէ պիտի տեսնէ ներկայութիւնը՝ այս երկու ընծայեալներուն։ Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարեւորութիւնը շեշտելով, ըսաւ թէ ձեռնադրութեան կարգի օրհնութիւնը կուգայ Աստուծմէ, հետեւաբար հաւատարիմ մնան Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ ուսուցումներուն, որպէսզի թէ՛ իրենք օրհնուին Տիրոջմով եւ թէ՛ օրհնեն իրենց յանձնելի ժողովուրդը։ Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերու աւարտին աղօթելու հրաւիրեց ժողովուրդը, որպէսզի յիշեն երկու ընծայեալները, վաղուան ձեռնադրութեան ընդառաջ։

Պատգամի աւարտին, Պատրիարք Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ընծայեալներն ու ներկայ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ բարեմաղթութիւններով եւ շնորհաւորանքով։

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın