İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

«Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Լիբանանը»… Մեր հարցումներուն Երեւանի մէջ պատասխանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան ինստիտուտի արաբական երկիրներու բաժնի վարիչ, Երեւանի Պետական համալսարանի արաբագիտութեան ճիւղի տոցենթ, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լիլիթ Յարութիւնեան։

Ներհամայնքային խնդիրներու արծարծումէն՝ մինչեւ վերջին ժամանակներու բողոքի ալիքի բարձրացումը, համայնքներու միջեւ առկայ տարակարծութիւններու խնդրէն՝ մինչեւ արաբական աշխարհի եւ Իրանի միջեւ առկայ տարակարծութիւններու խնդիրը եւ վերջապէս Մերձաւոր Արեւելքի՝ սիրտ համարուող Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող «հայկական գործօն»ին կարեւորութիւնն ու այդ երկրէն հայերու արտահոսքի մտահոգիչ պատկերը։ Այս բոլորի մասին խօսեցայ հմուտ արաբագէտ Լիլիթ Յարութիւնեանին հետ, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Լիբանանի բաւական խճճուած իրականութեան ամենահմուտ մասնագէտներէն մին։

«Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Լիբանանը». բաւական տարողունակ եւ խճճուած պատասխաններ ունեցող հարցում մըն է։ Բայց եւ այնպէս, խօսակցիս հետ փորձած ենք ներկայացնել ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կարեւոր դիտարկումներ ըրած՝ հայութեան եւ Հայաստանի բարեկամ համարուած երկրին մասին։

Մնացեալը՝ հարցազրոյցին մէջ։

-Անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ ամիսներ առաջ ընթացք առած բողոքի ալիքը նուազեցաւ։ Շատեր կը խօսին այն մասին, թէ լիբանանցի ցուցարարները արդէն իսկ յոգնած են։ Կա՞յ այդպիսի բան, եւ եթէ իրողապէս այդպէս է, ի՞նչ բեմագրութիւններու սպասել։

-2019 թուականի հոկտեմբերին, Լիբանանի մէջ սկիզբ առած բողոքի ալիքը, որ համակարգուած չէր, չունէր յստակ ծրագրային պահանջներ, քաղաքական օրակարգ եւ ղեկավարութիւն, բնականաբար ինչպէս իւրաքանչիւր բողոքի ալիք, պիտի ունենայ աշխոյժ եւ համեմատաբար անդորր փուլեր: Յետագայ զարգացումներու հարցով, շատ կարեւոր են ձեւաւորուած կառավարութեան քայլերը ու իրականացուող քաղաքականութիւնը, լիբանանեան ներքաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու՝ ընկերատնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումներու իրականացումը ու այդ հարցով նոր կառավարութեան քաղաքական կամքի դրսեւորումը:

-Վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած կառավարութիւնը բաւարար ներուժը ունի՞ երկիրը դուրս բերելու տնտեսական ճգնաժամէն ու աւելի՛ն. կառավարութիւնը պիտի կարողանա՞յ տնտեսական համընդհանուր փլուզման ուրուականը հեռացնել Լիբանանէն։

-Հասսան Տիապի ղեկավարած կառավարութեան գործունէութիւնն ու ներուժը ճիշդ գնահատելու համար նախ անհրաժեշտ է թերեւս ժամանակ տալ կառավարութեան:

Սակայն ըսեմ, որ Հասսան Տիապի վարչապետի պաշտօնի նշանակուիլը արդէն իսկ միանշանակօրէն չընդունուեցաւ լիբանանեան սիւննի համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ինչպէս գիտենք, կրօնադաւանական համակարգին համաձայն, երկրի վարչապետը պէտք է անպայման ըլլայ սիւննի համայնքէն: Սիւննի համայնքի կողմէ ան ընկալուած է որպէս շիի «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան աջակցութիւնը վայելող թեկնածու եւ սիւննիները վերապահութեամբ կը մօտենան վարչապետի պաշտօնի անոր նշանակման:

Լիբանանի մէջ առկայ ընկերատնտեսական իրավիճակն ու լրջագոյն ֆինանսա-տնտեսական խնդիրները կը պահանջեն համակարգային լուծումներ: 2019 թուականի օգոստոսէն ի վեր լիբանանեան թղթոսկին ամերիկեան տոլարի նկատմամբ արժեզրկուած է մօտաւորապէս 40 տոկոսով: Մասնաւոր ոլորտի մէջ աշխատողները, որոնք յաճախ կը վճարուին տոլարով, նոյնպէս մեծ վնասներ կը կրեն, քանի որ անոնց աշխատավարձերը նոյեմբերէն ի վեր սկսած են կրճատուիլ մինչեւ 50 տոկոսով եւ շատերու պարագային ալ տակաւին չեն վճարուած: Այն լիբանանցիները, որոնք իրենց խնայողութիւնները դրամատուներու մէջ կը պահեն տոլարի հաշիւներով, այժմ իրաւունք ունին ստանալ շաբաթական միայն 300 կամ շատ մը պարագաներու 200 ամերիկեան տոլար։ Ճիշդ այս հանգամանքին հետ պայմանաւորուած էր, որ վերջերս Լիբանանի մէջ յարձակումներ եղան դրամատնային սարքերու (պանքոմաթներու) վրայ: Այս տեսանկիւնէ ալ դիտուած, նոր կառավարութեան կազմաւորումը քայլ մըն է, բայց ոչ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու լուծում:

Լիբանանցի տնտեսագէտներու հաշուարկներով ներկայ իրավիճակէն դուրս գալու համար երկրին անհրաժեշտ է շուրջ 20 միլիառ ամերիկեան տոլարի արտաքին աջակցութիւն, որու տրամադրումը պէտք է իրականցուի փտածութեան դէմ պայքարի խստացմամբ եւ պետական միջոցներու նկատմամբ արտաքին եւ հանրային վերահսկողութեան ուժեղացմամբ:

2019 թուականի 11 դեկտեմբերին, Լիբանանի միջազգային աջակցութեան խումբի հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ արտաքին աջակցութիւնը հնարաւոր է միայն «Լիբանանի մէջ արդիւնաւէտ եւ վստահելի կառավարութեան կազմաւորմամբ, որ կ՚արտայայտէ լիբանանցիներու մեծամասնութեան սպասելիքները»: Այս տեսանկիւնէն դիտուած, գոնէ ներկայ փուլին, ակնյայտ է, որ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը չի վայելեր լիբանանեան հասարակութեան զգալի մասին վստահութիւնը, ալ չխօսիմ սիւննի համայնքի անոր թեկնածութեան նկատմամբ առկայ բաւական մեծ անվստահութեան մասին:

-Ձեր տեսակէտով՝ պատրա՞նք է այն մօտեցումը, թէ լիբանանցիք օր մը օրանց պիտի կարողանան կազմաքանդել աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր Լիբանանին իշխող վերնախաւը, որ կարգ մը համայնքներու պարագային դժբախտաբար դարձած է որոշ ընտանիքներու մենաշնորհը։

-Լիբանանի պետական կառավարման հիմքին մէջ 1943 թուականին դրուած եւ մինչեւ օրս գործող կրօնադաւանական (confessional) համակարգը մեծապէս կը նպաստէ երկրին «տոհմացեղային առաջնորդներու» (zaim-զաիմ) դերի եւ ազդեցութեան պահպանման: Այդ համակարգի առկայութեան պարագային, իրօք, ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ շարք մը ընտանիքներ, ինչպէս իսլամադաւան տարբեր համայքներէն, այնպէս ալ քրիստոնէական, կը շարունակեն պահպանել իրենց ազդեցութեան լծակները եւ մեծապէս ազդել ներլիբանանեան իրողութիւններուն վրայ:

Լիբանանի նորագոյն պատմութեան ընթացքին կրօնադաւանական համակարգը խաղացած է շատ դէպքերու վերաբերեալ բացասական, բայց երբեմն նաեւ կարեւոր կարգաւորող դեր, միջհամայնքային հակասութիւններու սրման պարագային: Հետեւաբար կրօնադաւանական համակարգի այս տեսքով պահպանման պարագային, շատ դժուար պիտի ըլլայ իրականացնել քաղաքական բարեփոխումներ, որոնք կրնան նպաստել աւանդական ընտանիքներու ներկայացուցիչներու դիրքերու թուլացման երկրի քաղաքական գործընթացներուն մէջ:

Լիբանանեան հասարակութիւնը յոգնած է աւանդական քաղաքական գործիչները անընդհատ տարբեր պաշտօններու վրայ տեսնելէ եւ կարիք ունի քաղաքական նոր մտածողութիւն ունեցող առաջնորդներու։ Ի դէպ, այս իրողութիւնը այսօր առկայ է նաեւ շատ այլ երկիրներու մէջ ալ: Հետաքրքրական է, որ 2019 թուականի հոկտեմբերին սկիզբ առած բողոքի ալիքի նախնական փուլին, շիի համայքէն ներս եւս առաջին անգամ դժգոհութիւն դրսեւորուեցաւ «Հիզպուլլահ» եւ «Ամալ» շարժումներու ղեկավարներ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Նեպիհ Պըրրի դէմ: Վերջինս օրինակ՝ 1992 թուականին գրաւած է շիի համայնքի պատկանող խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը:

-Գալով հայկական օրակարգին, ի՞նչ կը մտածէք, լիբանանահայութիւնը պիտի կարողանա՞յ դիմակայել գալիք օրերու դժուարութիւնները եւ ոտքի մնալ

-Եթէ ուսումնասիրենք Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքերու վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը, ապա կրնանք ցաւով արձանագրել, որ հայութեան թիւը հետզհետէ կը նուազի Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը արաբական երկիրներու մէջ, ընդ որում նաեւ Լիբանանի մէջ։ Այս ունի շարք մը պատճառներ: Բնականաբար անվտանգութեան խնդիրները, արաբական տարբեր երկիրներու քաղաքական ճգնաժամերն ու անկայուն իրավիճակը, իսլամական արմատականութեան եւ ահաբեկչութեան աճը կը ստիպեն տարածքաշրջանի քրիստոնեաներուն ներառեալ՝ հայերուն, լքել Մերձաւոր Արեւելքը: Ոչ-պաշտօնական տուեալներու համաձայն (յայտնի պատճառներով Լիբանանի մէջ պաշտօնական վերջին մարդահամարը իրականացուած է 1930-ականներուն), 1975-ին երկրին մէջ բռնկած երկրորդ քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին լիբանանահայ համայքի թիւը 250 հազար էր: Այսօր, կրկին ոչ-պաշտօնական տուեալներու համաձայն, հայութեան թիւը Լիբանանի տարբեր տուեալներով կը կազմէ 50-70 հազար: Դժբախտաբար այս թիւերը ցոյց կու տան, որ հայութեան արտահոսքը Մերձաւոր Արեւելքի շատ երկրներէն, ներառեալ նաեւ Լիբանանէն, յառաջիկային եւս պիտի շարունակուի:

Լիբանանահայերու հետ իմ անձնական շփումներէն կրնամ փաստել, որ զգալի թիւով մեր հայրենակիցները (բնականաբար անոնք, որոնք ունին բաւարար նիւթական միջոցներ) լրջօրէն կը մտածեն Հայաստան հաստատուելու մասին: Այստեղ շատ կարեւոր է նաեւ մեր պետութեան դիրքորոշումն ու համապատասխան ռազմավարութեան մշակումը:

-Ի՞նչ է ձեր գնահատականը Հայաստանի իշխանութիւններուն կեցուածքին եւ գործողութիւններուն կապուած լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակին։

-Վերջերս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կազմակերպած էր հանդիպում-քննարկում, որուն կը մասնակցէին շարք մը դիւանագէտներ եւ Մերձաւոր Արեւելքով զբաղող հետազօտողներ ու փորձագէտներ, որու ընթացքին ես իմ դիւանագէտ գործընկերներէն փորձեցի ճշդել, թէ արդեօք Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հաշուի առնելով ներկայ փուլի մերձաւորարեւելեան տարածքաշրջանին մէջ ընթացող զարգացումներն ու հայերու տարածքաշրջանէն դուրս գալու միտումները, այս հարցով յստակ ռազմավարութիւն մը ունի՞: Պարզուեցաւ, որ մեր պետական մարմինները յստակօրէն կը գիտակցին առկայ մարտահրաւէրները, բայց գոնէ այս փուլին յստակ մշակուած պետական ռազմավարութիւն տակաւին գոյութիւն չունի: Միասնական մօտեցում չկայ նաեւ այն հարցին վերաբերեալ, թէ ո՞րը աւելի ճիշդ է. հնարաւոր բոլոր միջոցներով նպաստել Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու հայ համայնքներու հնարաւոր պահպանման, թէ՞ աջակցիլ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու Հայաստան հաստատուելուն: Կ՚ակնկալուի, որ այս հարցով հայեցակարգի մշակումն ու ռազմավարութեան յստակեցումը, ինչպէս շարք մը այլ հարցերու մէջ եւս, ուշացած չ՚ըլլար:

-Ամիսներ առաջ Լիբանանի մէջ ընթացք առած բողոքի ալիքը՝ շատերու կարծիքով, նաեւ արտաքին ազդակներու ծնունդ է։ Համաձայն է՞ք այս տեսակէտին, եւ առհասարակ ի՞նչ տեսակէտ ունիք Լիբանանի մէջ առկայ արտաքին ազդեցութիւններուն վերաբերեալ։

-Ինչ կը վերաբերի այն հարցադրման, թէ արդեօք լիբանանեան վերջին զարգացումները արտաքին ազդեցութիւններու արդի՞ւնք են. կրնամ նշել, որ իմ կարծիքով՝ որեւէ երկրի մէջ հնարաւոր չէ դուրսէն որեւէ գործընթաց հրահրել, եթէ այդ երկրի մէջ չկան ներքին լուրջ խնդիրներ: Լիբանանի պարագային, բնականաբար առկայ են լրջագոյն ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական հիմնախնդիրներ: Ներկայ վիճակին մէջ չափազանց կարեւոր է ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական ծրագրային բարեփոխումներու իրականացումը, որ ինչպէս արդէն նշեցի, կրնայ ստանձնել հասարակութեան մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող կառավարութիւնը:

Լիբանանը, չնայած իր փոքր տարածքին եւ փոքրաթիւ բնակչութեան (տարածքը՝ 10.4 հազար քիլօմեթր քառակուսի, բնակչութիւնը 2018 թուականի տուեալներով՝ շուրջ 6 միլին), մշտապէս կը գտնուի արտաքին ուժերու հետաքրքրութիւններու եւ ուշադրութեան կեդրոնին, ինչ որ կը բացատրուի ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ գանձատրական եւ տնտեսական գործօններով: 1960-ականներէն սկսեալ Լիբանանը կը համարուի մերձաւորարեւելեան խոշոր դրամատնային եւ առեւտրային կեդրոններէն մին: Հետեւաբար պատահական չէ, որ այս երկրին մէջ տարիներ շարունակ բախում կ՚ունենան ինչպէս տարածքաշրջանային (Իրան, Սէուտեան Արաբիա, Սուրիա, Իսրայէլ, վերջին շրջանին նաեւ Թուրքիա), այնպէս ալ ոչ-տարածքաշրջանային շարք մը պետութիւններու (Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութեան զանազան երկիրներ՝ մասնաւորապէս Ֆրանսա, Ռուսաստան եւ այլն) ռազմավարական շահերը:

Պատմականօրէն լիբանանեան տարբեր կրօնադաւանական համայնքներ ունին իրենց արտաքին «հովանաւորներ»ը: Այսպէս օրինակ՝ երկրի շիի համայնքը եւ զայն ներկայացնող «Հիզպուլլահ» եւ «Ամալ» շարժումները քաղաքական եւ նիւթական աջակցութիւն կը ստանան Իրանէն եւ Սուրիայէն։ Սուրիական ճգնաժամի ընթացքին «Հիզպուլլահ» ինք քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն ցոյց տուաւ երկրի վարչակարգին եւ աշխուժօրէն ներգրաւուեցաւ սուրիական գործընթացներուն մէջ: Երկրի մարոնիթ համայնքը աւանդաբար սերտ կապեր ունի Արեւմուտքի՝ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ: Սիւննի համայնքի հիմնական «հովանաւոր»ը կը համարուի Սէուտական Արաբիան եւ այլն:

Վերջին շրջանին Թուրքիան եւս կը փորձէ, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ գործող որոշ թրքամէտե խմբաւորումներու միջոցով (տակաւին փափուկ ուժի (soft power) գործադրմամբ) աշխուժօրէն ներգրաւուիլ ներլիբանանեան զարգացումներուն: Այս կը բացատրուի քանի մը գործօններով.

1. Թուրքիան կը փորձէ իր ազդեցութիւնը հնարաւորինս ընդլայնել վերափոխուող Մերձաւոր Արեւելքի՝ ներառեալ արաբական զանազան երկիրներու մէջ:

2. Սուրիական ճգնաժամի հնարաւոր հանգուցալուծման պարագային, Լիբանանը կրնայ ստանձնել կարեւոր տարանցիկ երկրի դերակատարումը, ինչ որ չի բխիր Թուրքիոյ շահերէն, որ անմիջականօրէն ներգրաւուած է սուրիական ճգնաժամին եւ տարանցիկ երկիր դառնալու իր յաւակնութիւնները ունի:

3. Ներկայ փուլին կարեւոր է նաեւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերու ածխաջրային պաշարներու համար մղուող պայքարն ու այդ հարցով Իսրայէլի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Եգիպտոսի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնք կը մտահոգեն Թուրքիան: Ձեռք բերուած համաձայնութիւններու համատեքսով Լիբանանը կրնայ դառնալ կարեւոր տարանցիկ երկիր, որ եւս չի բխիր Թուրքիոյ շահերէն: Այս տեսանկիւնէն դիտուած, կարելի է բացատրել նաեւ Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւումը Լիպիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն, որու հետ ծովային հաղորդակցական ուղիներու նկատմամբ վերահսկողութեան հաստատումը, այսօր կենսական նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ համար:

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/15-02-2020-լիբանանի-այսօրուան-իրավիճակը-դէպի-ո՞ւր…

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın