Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել շարունակեց 13 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով հոգեւորականաց դասէ անդամներ, այցելեց եկեղեցիներ ու փոխանցեց իր պատգամը։
Պատրիարք Հօր այցելութեան առաջին կայանը եղաւ Ետիգուլէի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը։ Ժամը 13.30-ին Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը ժամանեց հիւանդանոց եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Զաքար Քտնյ. Գոփարեանի եւ խնամակալութեան անդամներուն կողմէ։ Պատրիարք Հայրը, նախ կանգ առաւ խնամալութեան վարչատան մէջ, ուր խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի եւ ներկայ խնամակալներ պաշտաճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ լսեց հիւանդանոցի ծավալուն գործունէութեանց մասին, գործունէութիւն մը որ, ո՛չ միայն կը ծառայէր հիւանդանոցին, այլ՝ հանուր Պոլսահայութեան։ Հակիրճ զրոյցի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւորականաց թափօրով, առաջնորդուեցաւ դէպի հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ Մատուռը եւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց մատուռէն ներս։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հիւանդանոցի պատսպարեալներն ու պատասխանատու վարիչները։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը, իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, հովուապետական այս այցելութեան առիթը իրեն ընծայելուն համար։ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը, որպէս խնամակալութիւն Պոլսահայ իրականութեան ամենէն կարեւոր հաստատութիւններէն մին էր իր գործունէութեամբ եւ այս պատճառաւ համայնքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ էր։ Հաստատութիւնը, Յարութիւն Ամիրայ Պեզճեանի թողած աւանդն էր եւ այժմու վարիչները կը ջանային իրենց կարողութեանց սահմաններով պահպանել այս աւանդութիւնը։ Ուրախացուցիչ պահ էր նաեւ, այս հաստատութեան հովանիին ներքեւ համախմբուած երէցներու հետ ըլլալ եւ իրենց աղօթքները խնդրել, ծանր եւ պատասխանատու պաշտօնին սկզբնական պահերուն։
Պատրիարք Հայրը յիշեցուց թէ, մատրան անունը Ս. Փրկիչ էր եւ այս անուան շուքին տակ միշտ պիտի յիշատակուի թէ՝ Քրիստոնէական հաւատքին մէջ միակ փրկիչն ու ապաւէնն է Յիսուս Քրիստոսը եւ կեանքի ծանր պայմաններուն մէջ իր ներկայութիւնը միշտ պիտի մնայ որպէս մխիթարիչ զօրութիւն։ Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը ներկաներուն մաղթեց արեւշատութիւն եւ օրհնութեամբ լի օրեր։ Արարողութեան աւարտին, խնամակալութեան անդամներ եւ հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները, Պատրիարք Սրբազան Հօր մօտեցան եւ օրհնութիւնը ստացան։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին իր օրհնաբեր ներկայութեան եւ այցելութեան համար։
Պատրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ կայանը եղաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին։ Ժամը 15.30-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի ու Ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի գլխաւորաւորած թաղային խորհուրդի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Սահակ Մեսրոպ Դպրաց Դասու սարկաւագներն ու դպիրները։ Եկեղեցւոյ մուտքին, Եշիլգիւղի վարժարանէ աշակերտներ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեցին ծաղկեփունջ մը։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցականաց թափօրով եւ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցի։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ուխտաւոր հաւատացեալ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէն Մէլիքճան Զաման։ Պատրիարք Հայրը, այս առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ ուրախութիւնը յայտնեց, քանի որպէս Պատրիարք մուտք կը գործէր այս եկեղեցիէն ներս։ Եշիլգիւղը, իր եկեղեցական կառոյցներով, արդէն իսկ կը ներկայանար հաւատքով ջերմացած եկեղեցիի մը տիպարով։ Իսկ, եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ջանքերով, թաղի մարմինները կը գործէին, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց հարազատ մշակութային ինքնութիւնը վայելեն թաղէն ներս։ Այս ուղղութեամբ, մաղթեց որ թաղին առաքելութիւնը միշտ բարձր պատնէշի վրայ մնայ ի փառս Հայ ժողովուրդին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, իր խօսքերուն աւարտին մաղթեց որ այս նոր շրջանը օրհնաբեր ըլլայ թէ՛ իրեն եւ թէ՛ Պատրիարքական Աթոռին համար։
Արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը թէյասեղանով հիւրասիրուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ զրուցեց ներկաներուն հետ։ Այս առթիւ, յանուն թաղին բարի գալստեան խօսք արտասանեց Կորիւն Աւագ Քահանան եւ յայտնեց թէ Պատրիարքական Աթոռոյ ամենէն բարձր մակարդակի հոգեւոր վերին իշխանութեան թաղէն ներս ներկայութիւնը պատուաբեր էր։ Ինք վստահ էր թէ, ազգընտիր գահակալի իմաստուն առաջնորդութեամբ, եկեղեցին եւ ժողովուրդը, աւելի ամուր քայլերով պիտի ճամբորդէր դէպի ապագայ։ Տէր Հայրը մաղթեց որ, Նորին Ամենապատուութեան գործունէութիւնը օրհնաբեր դառնայ եւ իր խանդն ու եռանդը անպակաս մնայ։ Ատենապետ Էօզֆուրունճուն եւս միացաւ Տէր Հօր բարեմաղթանքներուն եւ յայտնեց թէ, Եշիլգիւղի ընտանիքը պատրաստ է իր բոլոր մարմիններով միշտ կողքին կենալու Պատրիարքական Աթոռոյ եւ իր ազգընտիր գահակալին։ Այս առումով, ազգանուէր ծառայութեան մէջ կարողութիւն մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ մեկնեցաւ Եշիլգիւղէ։
Պատրիարք Հօր այցելութեանց վերջին կայանը եղաւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցին։ Ժամը 17.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց Պաքըրգիւղ եւ դիմաւորուեցաւ Երէց՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Ուհանեանի ու Ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի կողմէ։ Պատրիարք Հայրը, եկեղեցւոյ խորհրդարանը կանգ առնելէ յետոյ, «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ տաճար եւ ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ներկայ էին բազմաթիւ ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ Ալիս Պայրամի գլխաւորութեամբ Տատեան Վարժարանէ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։ Այնուհետեւ Պատրիարք Հայրը, նախ քան Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան սկիզբը, իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց ներկաներուն։ Պաքըրգիւղը, իր եկեղեցական արժէքներու նախանձախնդիր թաղերէն մին էր եւ այս եկեղեցւոյ մէջ յայտնի կը դառնար Ս. Գիրքի քարոզութեան ներկայութիւնը։ Ժողովուրդը եւս միշտ կողքին էր եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ այս մէկը մխիթարական երեւոյթ էր Պատրիարքական Աթոռին համար։ Մաղթեց որ, եկեղեցւոյ նորանշանակ քահանայ հօր առաջնորդութեամբ շարունակէ նոյն ոգին առաւել եւս զարգանալով։ Այս առթիւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն եւ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն։ Պատրիարք Հայրը յիշեց նաեւ թաղային խորհուրդի առաջնորդութեամբ կատարուած գործունէութիւնը, որուն կիզակէտը կը հանդիսանար Տատեան Վարժարանը։ Իր յաջողութեամբ գովելի վարժարաններէն մին էր թաղի վարժարանը եւ այս ուղղութեամբ յարատեւութիւն մաղթեց Նորին Ամենապատուութիւնը։
Անդրանիկ ողջոյնի խօսքերէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակի արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը «Քրիստոս Փառաց Թագաւոր» տաղի երգեցողութեամբ, Ս. Խորանի կանթեղէն ստացած ճրագով, լուսաւորեց եկեղեցւոյ կեդրոնի մոմը։ Ապա, եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուողներ իրենց ձեռքի մոմերը վառեցին ու միացան նախատօնակի աղօթքներուն։ Պատրիարք Հայրը, Տեառնըդառաջի կարեւորութիւնը շեշտելով, փոխանցեց նաեւ իր պատգամը։ Ներկաներուն յիշեցուց թէ՝ Տեառնընդառաջի նախօրեակին կատարուած այս արարողութիւնը, խորհրդանշական իմաստ ունէր, որով հաւատացեալները կը թափանցէին լոյսի կարեւորութեան։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց թէ, խաւար աշխարհին մէջ հաւատացեալներ կրնան իրենց համար լուսաւոր ուղի մը գծել, Ս. Աւետարանի լոյսով եւ իր մէջի վարդապետութեամբ։ Անհատներու եւ ժողովուրդներու, եւ յատկապէս մեր պարագային Հայ Ժողովուրդի առողջ գոյատեւման համար անհրաժեշտ գաղտնիքը կը յայտնուէր սոյն արարողութեամբ։ Լոյսը կը յիշեցնէր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու ներկայութիւնը եւ զանոնք լուսաւորուած աչքերով դիտելու եւ անոնց տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս առթիւ մաղթեց որ, ներկաներ ստացուած տեսանելի լոյսով լուսաւորեն իրենց հոգիները։ Պատգամի աւարտին, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ անդաստանի արարողութիւն, որով ներկաներ օրհնուեցան։ Հոգեւոր արարողութենէ յետոյ, ներկայ հոգեւորականներ հիւրասիրուեցան խորհրդարանի մէջ։ Այս առթիւ, Ատենապետ Էօզտէմիր շնորհակալութիւն յայտենց Պատրիարք Հօր տուած հովուապետական այցելութեան համար եւ ուրախութիւնը յայտնեց քանի թաղի ժողովուրդը եւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը գիրկընդխառնուելու առիթն ունեցած էին Տեառնընդառաջի աւանդական արարողութեան առիթով։ Ներկաներ եւս անմիջական մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին Պատրիարք Հայրը եւ իր աջն առնելով իր օրհնութիւնը ստացան։
İlk yorum yapan siz olun