Տարիներ կ՚անցնին եւ մենք խոր մխիթարանք կը զգանք երկու հազար տարուան աւետիսը վերստինհնչեցնելու. ,Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւե։
Մեր մանկութեան ջերմագոյն յիշատակներով խանձարուրուած է այս օրը, չենք ուզեր որ փոխուի։ Ամէն ինչկը փոխուի մեր շուրջ. մեր տարիքը, շրջապատը, աշխարհը, ժամանակները, ամէն ինչ։ Իսկ մենք կ՚ուզենքփարոսներ գտնել այս ծփծփուն եւ վաղանցուկ իրականութեանց մէջ։ Մեր լոյս հաւատքիարտայայտութիւններն են այդ փարոսները, որոնք կը փայլին ամբողջ տարի Քրիստոնէական տօներուշքեղ տողանցքովը՝ ետեւ ետեւէ։
Ահա, եղանակները յաջորդեցին իրարու եւ երկրագունդը արագընթաց շրջան մը եւս բոլորեց արեգակինշուրջ եւ մեր ճամբաները զուգադիպեցան կրկին Բեթղեհէմի խորհրդաւոր մթնոլորտին։ Կարծէք թէ այսօր էտեղի ունեցեր Ս. Ծնունդը. այնքան թարմ են պատահածները եւ յաւերժօրէն կենդանի։ ԱստուածորդւոյնԱստղը կը փայլի մեղմիկ՝ երկնակամարին վրայ պսպղուն՝ առաջնորդելով մեզ հանդիպելու տիեզերքիիմաստին: Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի. ,Աստուած մարդացաւե։
Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,
Բեթղեհէմի այրին մէջ, ուր Աստուածորդին մանկացաւ՝ եղաւ մեծագոյն յայտնութեան վայրը աստուածային սիրոյ: Հօր Աստուծոյ սիրտէն ծնունդ առնող Միածինը հաճեցաւ այս անգամ Սուրբ Կոյսի արգանդէն ծնիլ մարդկութեան պատմութեան մուտք գործելու համար 2020 տարի առաջ: Ան ծնաւ մեղքերու բանտէն ազատելու համար մարդը, որուն մէջ արատաւորուած աստուածային պատկերը վերականգնելու, անոր հոգին ազատելու, որպէսզի փրկուելով մահուան ճիրաններէն՝ ետ դառնայ Անառակ Որդիին նման, իր Հօր տունը՝ ուրախութիւն պատճառելու Հօր եւ երկինքի հրեշտակներուն: Մեծ է, շա՜տ մեծ է Աւետիսը:
Տակաւ կ՚արձագանգէ հրեշտակներու օրհներգը Բեթղեհէմի քարքարուտ հովիտներուն մէջ, բայց այսանգամ՝ երգակցութեամբը Մանկանց Եկեղեցւոյ՝ սփռուած ողջ աշխարհի մէն մի անկիւն։
,Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւնե
Հովիւներու չափ խոր սքանչացումով տպաւորուած են մեր յուզումնալից երեսները՝ պահի երկիւղովհիասքանչ եւ ուրախ. ,Փրկիչը Ծնաւե։
Շտապենք մենք ալ բարի հովիւներուն հետ միասին, լեռներէն դէպի վար ճախրենք շնչասպառ, մեզիտրուած մեծ Աւետիսով հրճուած։ Յոգնաբեկ քաղաքը քունի մէջ է շատոնց, բայց մենք արթուններէն ենք։Բաց թողելիք առիթ մը չէ այս մէկը։ Մեր ձանձրալի կեանքին ոսկեղէն պահն է հոգեթով ու սարսռուն։ Եկէ՛ք, մտնենք գոմէն ներս, խոնարհելով մեր գլուխները մսուրին մեջ խանձարուրուած Գանձին առջեւ եւծնրադրենք խոշոր բանալով մեր աչքերը զարհուրած։ ,Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրսպատեցաւե։
Կանթեղի մը աղօտ լոյսին տակ դիտենք քնքուշութեամբ տիեզերքի Արեւը, Սուրբ Մարիամի եւ Յովսէփիհետ միասին։ Առանձին չենք սակայն, հետզհետէ շրջանակը կ՚ընդլայնի, բոլոր ժամանակներէն եւազգերէն, բոլոր լեզուներէն եւ երկիրներէն մեծ ուխտագնացութիւն մը կը հոսի գոմէն ներս՝ արեւաշող գետիմը նման։ Բեթղեհէմի քարայրը այլեւս այնքան փոքր չէ, պատերը փուլ եկած են ամբողջ եւ կ՚ընդարձակուիդէպի աշխարհի չորս ծագերը՝ արեւելք եւ արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս անարգելաբար։ Այո՛, սուրբՄանուկը յաջողած է ամբողջ աշխարհը իր Բեթղեհէմին վերածել եւ իր մսուրը շատոնց դարձուցեր էհամայն մարդկութեան տրոփող սրտին։
Սուրբ Մանուկը որեւէ վերապահում չունի բոլոր մարդկութիւնը իր սուրբ ընտանիքի անդամ դարձնելու, կըբաւէ որ մարդիկ հաւատքի անկեղծ փորձ մը կատարեն։
,Ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրսե (Մատթ. 12.49)։
Մենք, մարդերս, մեղքի պատճառաւ հեռու ինկեր էինք աստուածային փառքէն՝ ստանալով թշնամիի դիրքեւ դաւաճանի կերպարան, անանցելի մեծ անդունդ մը գոյացեր էր մեր եւ մեր Արարչի միջեւ։ ԱհաԽաղաղութեան Իշխանը կու գայ միացնելու մանկան մը սուրբ էութեամբը մարդն ու Աստուած։ ԱյսՄանուկը կատարեալ Աստուած է իր սրբութեամբ եւ կատարեալ մարդ՝ իր անմեղութեամբ։ Ուստի հաճելի էԱստուծոյ եւ բաղձալի՝ մարդոց որդիներուն։ Միութեան կամուրջն է անիկա, ե՛ւ այսպէս՝ Փրկիչ բոլորի։
,Ով որ սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես եւ Հայրս անոր քով պիտիգանք եւ անոր հետ պիտի բնակինքե (Յովհ. 14.23)։
Մեր բոլոր խնդիրներու կարգաւորման վայրն է այս միութիւնը։ Երբ կը մօտենանք Տէր Յիսուսին՝ իրահարկու սէրը կ՚այլափոխէ մեզ եւս, նոր կեանք տալով, կը նմանցնէ մեզ իրեն, որ է մեր հաւատքի ժայռը,յոյսի խարիսխն ու սիրոյ մեծ խարոյկը: Երբ մօտենանք իրեն՝ կը մերձենանք իրարու նաեւ, նախկինթշնամիներ եւ մրցակիցներ, անհաշտ տոհմեր, լեզուներ, ազգեր՝ մարդկութեան բաժանեալ ընտանիքները,բաժանեալ՝ հազար ու մէկ կտորի։ Տուն վերադարձած Անառակ Որդիները ոչ միայն իրենց Հօր հետկ՚ողջագուրուին, այլ նաեւ իրարու հետ՝ որպէս վերագտնուած կորուսեալ եղբայրներ։
Տիեզերական միութեան պատմութիւնը կը սկսի Բեթղեհէմի մանկան առաջին ճիչով։ Նախ եւ առաջ, ժամանակները կը կամրջեն՝ հին եւ նոր, Քրիստոսէ առաջ եւ յետոյ։ Հրեշտակները եւ մարդիկ կը միանաննոր երգի մը շուրջ։ Աստղագէտները՝ այլ եւ այլ ազգերէն, կու գան մէկտեղուելու որպէս հեթանոսներհրեային հետ։ Հարուստը եւ աղքատը, ազնուականը եւ ռամիկը, գիտունը եւ տգէտը, արուն եւ էգը, մարդըեւ անասունը, գիշերը եւ ցերեկը մէ՛կ կը դառնան։
,Որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով՝բոլորդ ալ Աստուծոյ որդիներ եղաք։ Անգամ մը որՔրիստոսի միանալով մկտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ Հրեայի եւ հեթանոսիխտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսիմիանալով՝բոլորդ ալ մէկ եղաքե (Գաղ. 3.26-28)։
Չարերն ալ սակայն ի մի հաւաքուեցան Բեթղեհէմի մանկան շուրջ, խեղդելու համար անոր լոյսը դեռ չծնած։Սուրբ ընտանիքի վրայ յարձակեցան դժխեմ դժբախտութիւններ՝ կործանելու համար անորերջանկութիւնը. աղքատութիւն, պանդխտութիւն, առանձնութիւն, օտարութիւն, ձմեռնային ցուրտ, իրենցերեսին դէմ փակուած դռներ, Հերովդէսի դաժան զինուորները եւ ի վերջոյ դէպի Եգիպտոսգաղթականութեան դառն փորձառութիւնը։
Սակայն սուրբ ընտանիքը տոկաց ամէն ինչի իր Աստուծմով զօրացած՝ փարելով իր աներեր հաւատքին,քալեց խաւարին եւ հուրին ընդմէջէն անվնաս։ Հաւատացեալ Հայ ընտանիքն ալ փաստեց դարերուընթացքին, որ մինչ իրենց երդիքին ներքոյ մանուկ Յիսուսը ունին եւ իրենց սիրտին մէջ անոր հաւատքըամուր պահած են՝ կարող են յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն եւ կուրծք տալու բախտին փչած բոլորքամիներուն համբերատարութեամբ։
Շատ կանուխէն ողջունեց մեզ Բեթլեհէմի մանուկը եւ երկու հազար տարի առաջ արդէն ուղարկեց մեզի իրերկու առաքեալները, Ս. Թադէոսը եւ Ս. Բարթողոմէոսը՝ մեր առաջին լուսաւորիչները։ Իսկ մերիշխանաւորները 301 թուականին այցելութեան եկան եւ երկիրպագելով մատուցանեցին անոր Հայժողովուրդի ոսկին, կնդրուկն ու զմուռսը՝ համբուրելով ոտքերը Խաղաղութեան Իշխանին։ Անոնցառաջնորդող աստղը եղաւ Սուրբ Գրիգոր հայրապետը՝ Լուսաւորիչը Հայաստանեայց աշխարհի։ Այսանգամ Ս. Էջմիածինն էր երկրորդ Բեթղեհէմը, ուր Փրկիչը ծնաւ մեր ազգին համար եւս։ Ուստի մեր սրտիմաղթանքն է նաեւ, որ Լուսաւորչի Կանթեղը Արագածի կատարին անմար պլպլայ ընդմիշտ՝ կամարկապելով Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան աստղին հետ սերունդէ սերունդ:
Կ՚աղօթենք որ Լուսաւորչի տեսիլքը շարունակէ լուսարձակել Սուրբ Էջմիածնէն մեր ժողովուրդիաշխարհացրիւ զաւակներուն վրայ՝ յիշեցնելով անոնց 2020 տարուան ընթացքին եւս այն ուխտը որազգովին կնքած ենք ծնեալ Փրկիչին հետ:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօներուն առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներու վերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
İlk yorum yapan siz olun