İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ. «ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍԱՏԱՐԷ ՄԵՐ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջերս Երեւան կ՚այցելէր լիբանանահայ մտաւորական եւ հասարարական գործիչ, հայագէտ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Տագէսեան Երեւան կը ժամանէր ներկայացնելու իր վաւերական ճիգերով, նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեանի անմիջական նեցուկով պատրաստուած ու հրապարակ հանուած Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Հայագիտական հանդէս»ի 39-րդ համարը։ Առիթը պատեհ համարելով յաջողեցայ հարցազրոյց մը ունենալ Տքթ. Տագէսեանին հետ, տրուած ըլլալով նաեւ, որ ան միեւնոյն ատեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մտերիմ բարեկամներն է։ Ինչ խօսք, որ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններէն անդին տակաւին կան մարդիկ, որոնք համակ նուիրումով ու հաւատքով կը ծառայեն հայագիտական ոլորտին, նաեւ իրենց կարեւորագոյն ճիգերը գործադրեն, ի խնդիր նոր սերունդներու կերտման։

Այսօր Պէյրութը կ՚անցնի բարդ ու դժուարին պայմաններէ, այդ բոլորով հանդերձ Տքթ. Տագէսեանն ու իր նմանները կառչած կը մնան իրենց վաւերական գործը իրականացնելու առաքելութեան։

-Տքթ. Տագէսեան, դուք վերջերս, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 39-րդ հատորի շնորհանդէսին հնչեցուցիք այն գաղափարը, թէ «Հայագիտութիւնը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք պէտք չէ՛ ըլլայ ա՛յն՝ ինչ որ էր անկէ առաջ»: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք:

-Հայագիտութիւնը, աւանդաբար, կը նկատուի անցեալին ուղղուած գիտական վերլուծութիւն՝ այսօրուան ելակէտերէն, մերօրեայ ակնոցներով: Հայագիտութիւնը, սակայն, աւանդական իր տարազումով ու պատմուճանով, աւելի անդրադարձած է վաղ անցեալին: Մխիթարեանները, հիմնադիրները հայագիտութեան, անդրադարձած են հայ անցեալին, ուսումնասիրած՝ ա՛յդ անցեալը: Իսկ յետագայ հայագէտները տարերայնօրէն հայագիտութիւնը ըմբռնած են դասական անցեալի ուսումնասիրութիւն սահմանումով: Բայց չէ՞ որ անցեալ է նաեւ «քիչ մը առաջ»ը: Նոյնինքն Հայր Ղեւոնդ Ալիշան իր տեղագրական հատորներուն մէջ, «անցեալ»ը կապած է իր ժամանակին: Հայր Միքայէլ Չամչեան իր հայոց պատմութիւնը գրեց «Ի սկզբանէ աշխարհից 1786»՝ իր օրերը: Լեզուաբանական բոլոր ուսումնասիրութիւնները ունին նաեւ ժամանակակից երեսակ մը, հետեւաբար այս անտեղի «շեղում» դէպի միայն անցեալ՝ հիմնաւորուած չէ:

-Ուրե՞մն:

-Հայագիտութիւնը հայութեան մասին գիտահետազօտական համակարգ է: Իսկ այդ հայութիւնը ներկա՞յ է, թէ՞ անցեալ: Ինչո՞ւ միայն «անցեալ» հայութիւնը սերտենք:

Հայագիտութիւնը նաեւ ճանաչողական արժէք ունի: Պարտի գիտականօրէն սատարել մեր ինքնաճանաչողութեան: Հարց է՝ մեր անցեալի՞ ինքնաճանաչողութիւնը կարեւոր է, թէ՞ ներկայի:

-Երկուքն ալ կարեւոր են:

-Այո, երկուքն ալ կարեւոր են եւ երկուքին միջեւ հաւասարակշռութիւն մը պէտք է յառաջացնել: Չեմ ըսեր՝ հաւասարեցնել երկուքը: Բայց կը պնդեմ, որ պէտք է քննարկենք, վերլուծենք, խորաչափենք մեր այսօրը եւս:

-Վերջին տասնամեակներուն արդէն կ՚ուսումնասիրուէին ժամանակակից հայկական հարցերը:

-Այո… բայց: Փորձեմ բացատրել: Հայագիտութիւնը վերջին յիսուն տարիներուն իր ճիգին յատկանշական մէկ մասը ուղղած է ցեղասպանագիտութեան: Տեղին է, արդարացի է: Բայց ատիկա պատճառ դարձած է, որ շուքի մէջ մնայ ցեղասպանութեան յաջորդ հանգրուանը՝ որբանոցներն ու որբանոցայինները, հայ գաղթականութեան տեղաւորումը, ապա եւ ձեւաւորումը իբրեւ սփիւռք: Անհամեմատ քիչ ուսումնասիրուած են հայ գաղթակայանները, այնտեղ վերընձիւղուող հայ կեանքը…: Նոր սկսած ենք քիչ մը ուշադրութիւն դարձնել սփիւռքագիտութեան, որուն սկիզբը գրեթէ կը կապուի ցեղասպանութեան «աւարտին»:

Օրինակի համար, լիբանանահայութեան վերաբերող հայագիտական առաջին վտիտ ուսումնասիրութիւնները ծայր կ՚առնեն 1970-ականներու երկրորդ կէսին, երբ յետեղեռնեան լիբանանահայութիւնը արդէն յիսուն տարեկան էր…:

-Ի՞նչ կ՚ուզէք հայագիտութենէն:

-Երկու մեծ ընելիքներ կ՚առանձանացնեմ մերօրեայ հայագիտութեան:

Առաջին՝ հայագիտութիւնը պարտի իր հաւասարազօր եւ «արդարացի» տեղը առնել համաշխարհային հասարակագիտական բոլոր ուսմունքներուն մէջ: Այսինքն, օրինակ՝ երբ համաշխարհային գրատպութիւնը կ՚ուսումնասիրուի, հոն պէտք է ընդգրկուի նաեւ հայկական գրատպութիւնը: Նոյնը՝ բոլոր բնագաւառներուն համար:

-Բայց համաշխարհային քաղաքակրթութեան ուսումնասիրութիւնը եւրոպակեդրոն է. անկէ անհամեմատ չափով դուրս մնացած են Ափրիկէն, Ասիան, Չինաստանը…:

-Ձեր նշած տարածքներու հասարակագիտական ուսմունքներու մասնագէտներուն պարտականութիւնն է այդ ժողովուրդներուն, այդ տարածքներուն քաղաքակրթական ձեռքբերումները, պատմութիւնը միահիւսել համաշխարհային քաղաքակրթական պատմութեան: Ատոր համար, ինչպէս իրե՛նք պարտին պատշաճեցնել-համապատասխանացնել եւ համարկել իրենց հասարակագիտութեան համակարգը, մե՛նք նաեւ պարտինք նոյնը ընել մե՛ր հայագիտութեան: Պատշաճեցնել-համապատասխանացնել կը նշանակէ նաեւ օգտագործել ժամանակակից ուսումնամեթոտաբանական եւ արհեստագիտական միջոցները, մօտեցման եղանակները, հարցադրումները…:

-Հայագիտութեան երկրորդ ընելիքը:

-Հայագիտութեան երկրորդ մեծ ընելիքը կը վերաբերի այժմէականացումին: Համաձայնեցանք, որ հայագիտութիւնը հայութեան անցեալին եւ ներկային ուսումնասիրութիւնն է: Անցեալը անփոփոխ է, բայց կարելի է եւ պէտք է զայն միշտ նորովի մեկնաբանել, վերլուծել, նոր տուեալներու լոյսին տակ եւ նոր միջոցներով քննարկել: Իսկ ներկա՞ն:

Ես մտահոգ եմ, որ ինչպէս ցեղասպանութեան խնդրով հայագիտութիւնը ծանրացաւ անցեալին վրայ ու շուքի մէջ ձգեց յետեղեռնեան վերածնունդը, այսօր եւս նոյն այդ հայագիտութիւնը շուքի մէջ թողու մերօրեայ կեանքը, վերջին երեսուն տարիներու հայկական պատմութիւնը, որուն մեծագոյն իրագործում են Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումը, Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը, սփիւռքի նորաձեւուող ինքնութիւններու գոյառումը (եւ բնականաբար ասոնց առընչուող երեսակները):

Կրնամ հարցադրել. «Ի՞նչ կը փոխուէր, եթէ հայագիտութիւնը 1950-60-ականներէն սկսէր ուսումնասիրել սփիւռքը»: Եթէ հայագիտութիւնը ինքնաճանաչում է, ապա այդ տարիներու ուսումնասիրութիւնները կրնային մեր ընկալումներուն, ապրումներուն եւ կենսագործունէութեան վրայ բանաւոր եւ բանական ազդեցութիւն ունենալ՝ հակակշռելով մեր զգացմունքային եւ զգացական ընկալումները, ապրումներն ու կենսագործունէութիւնը:

Չմոռնանք՝ մենք զգացական ժողովուրդ ենք: Հայագիտութիւնը ի վիճակի է մեր զգացականութեան չափ ու կշիռ, շրջանակ, տեսահորիզոն դնել, մէկ խօսքով այդ զգացականութիւնը պատուաստել բանականութեամբ, գիտականութեամբ:

-Ուստի՞:

-Հայագիտութիւնը պարտի ուսումնասիրել նաեւ հայութեան ներկան: Այդ ներկային մէջ մեծագոյն, ամենատարողունակ, ամենակարողունակ էութիւնը պետականութիւնն է, հայկական պետականութիւնը:

Այսօր հայկական տարածքին (Armenian space) մեծագոյն դերակատարը հայ պետականութիւնն է: Ճիշդ չէ, որ մեր ինքնաճանաչման մէջ զանց ընենք հայկական տարածքի կարեւոր մէկ բաժինը, չճանչնանք զայն գիտականօրէն: Հայագիտութիւնը չի կրնար չուսումնասիրել հայ պետականութիւնը:

Դեռ աւելի՛ն. հայագիտութիւնը առաջին անգամ այսպիսի լայն հնարաւորութիւն կ՚ունենայ ուսումնասիրելու, շփուելու կենդանի՛, ապրո՛ղ, շնչո՛ղ հայ պետականութեան հետ: Կիլիկեան, Բագրատունեաց եւ աւելի վաղ հայկական պետութիւններու ժամանակ հայագիտութիւն չկար այսօրուան ըմբռնումով:

-Բայց այդ պետականութիւնը բազմատարր է:

-Այո. եթէ համաձայն ենք, որ հայագիտութիւնը հայութեան առընչուող ամէն բանի ուսումնասիրութեան գիտական համակարգն է, ապա հայկական պետականութեան առընչուող ամէն բան կրնայ նիւթ դառնալ եւ մաս կազմել հայագիտութեան:

Դեռ աւելի՛ն. կենսագործող այս պետականութեան ուսումնասիրման մէջ կան բնագաւառներ, որոնց հայագիտութիւնը գրեթէ երբեւէ չէ անդրադարձած: Օրինակ՝ բնութիւնը, զբօսաշրջութիւնը… Հայաստանի, Արցախի բնապահպանական խնդիրները հայագիտութեան մաս չեն կազմե՞ր…:

-Այո:

-Ահա, ուրեմն, մենք՝ հայագիտութիւնը, դէմ յանդիման կը գտնուինք նորացուած բնագաւառի մը հետ՝ բնութիւն, բնապահպանութիւն, կենսոլորտ: Ասիկա միակը չէ:

Հետեւաբար, հայագիտութիւնը պարտի նոր ոլորտներ թափանցել, որդեգրել, իւրացնել՝ սերտելու համար հայ պետականութիւնը:

Այս առումով, սակայն ինծի կը թուի, թէ ամենակենսականն ու ռազմավարականը մերօրեայ հայագիտութեան համար, քաղաքական հայագիտութիւնն է:

Զգոյշ, չեմ խօսիր հայագիտութեան քաղաքականացման մասին, այլ՝ հայագիտութեան մէջ քաղաքագիտութեան ուսմունքին՝ քաղաքական գիտութիւններու ներառումին մասին: Լայն առումով, ասիկա թերեւս կարելի է կոչել “state studies”՝ պետականութեան ուսումնասիրութեան ուսմունք: Այլ խօսքով, հայագիտութիւնը պարտի ուսումնասիրել պետականութեան քաղաքականութիւն, տնտեսութիւն, արտաքին յարաբերութիւններ: Փաստօրէն հայ քաղաքագիտութեան միտքին, հայ տնտեսագիտութեան միտքին, հայ “state studies”ի առջեւ կը բացուի հսկայ նոր ասպարէզ, որուն շնորհիւ ալ հայագիտութեան ուսմունքին մէջ ծայր կ՚առնեն պետութեան եւ պետականութեան հետազօտման ուսմունքն ու անոր ծաւալուն ենթաճիւղերը:

Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ քաղաքական հայագիտութիւնը կը նպաստէ հայուն քաղաքական մտածողութեան աճումին, յառաջմղումին, մտադրոյթին բարելաւման…:

-Համաձայն եմ:

-Այսպէսով, հայագիտութիւնը ոչ միայն չի բաւարարուիր իր ուսումնասիրական աւանդական սահմաններով (ինչ որ հիմակուան իրականութեան կը մօտենայ), ոչ միայն չի բաւարարուիր հասարակագիտական որոշ ուսմունքներով (հոգեբանութիւն, ընկերաբանութիւն, տնտեսագիտական, կրթամանկավարժական միտք…), այլեւ կ՚իւրացնէ ցարդ շատ քիչ ուշադրութեան արժանացած “state studies”ի պետականագիտութեան բնագաւառը…:

-Ամփոփենք:

-Հայագիտութեան հումքը հայ մարդն է, հայկական տարածքն է, ուսումնասիրուող առարկաներուն մէջ հայ պետականութիւնը այսօր խոշորագոյն զրկեալն է ու անտեսուածը:

Հայագիտութիւնը իրաւունք չունի՛ այլեւս զլանալու հայ պետականութեան:

Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ հայագիտութեան առջեւ ծառացող այս անկիւնադարձային յառաջադրանքները նոյնպէս կը ծառանան նաեւ հայագիտութեան ուսումնասէրներուն առջեւ:

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/23-12-2019-տքթ-անդրանիկ-տագէսեան-«հայագիտութիւնը-պիտի-սատարէ-մեր-ինքնաճանաչողութեան»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın