İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ

«Երբեմն թէեւ դժուարութիւններ կրնանք ունենալ, սակայն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յարգած է՝ մեր հայազգի քաղաքացիներուն, այս համայնքին տուած բոլոր խոստումները։ Եթէ ես այստեղ գալով, ձեզի հետ այս հաճելի զրոյցը կ՚ունենամ՝ սա կ՚ապահովուի շնորհիւ մեր Հանրապետութեան նախագահին։ Սա շատ յստակ է», յայտարարեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան երդիքին տակ։

Թերթիս հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձին առթիւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը տուած այցելութեան ժամանակ նախարար Սոյլուի կարծիքը շօշափեցինք թրքահայութեան օրակարգի զանազան հրատապ հարցերուն շուրջ։ Այսպէս, ան անդրադարձաւ ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցերուն եւ անոնց լոյսին տակ ձեւաւորուած ակնկալութիւններուն։ Սիւլէյման Սոյլու թէեւ շատ երկար չխօսեցաւ, իւրաքանչիւր հարցին անդրադարձաւ ամփոփ գիծերու մէջ, սակայն իր պատգամները յստակ էին, դրական շեշտադրումներով յոյս կը ներշնչէին ապագայի համար։ Յամենայնդէպս, զրոյցը ամփոփ ըլլալով հանդերձ բովանդակալից էր, իսկ նախարարի խօսքերը ուշադրութիւն կը գրաւէին իրենց անկեղծութեամբ։

Սիւլէյման Սոյլու յարգանքով ոգեկոչեց երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը ու վերյիշեց իր հետ ունեցած ջերմ յարաբերութիւնը։ Նախարարը դրուատեց հոգելոյս պատրիարքի հայրենասիրական ոգին եւ պատրաստակամութիւնը՝ պետութեան աջակցելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, այդ նոյն գիծը տեւականացուցած էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած տարիներուն։ Այժմ նոյնը կ՚ընէ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ այս առումով վառ ապացոյց մը եղած է՝ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ այս վերջերս Սուրիոյ մէջ իրականացուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններուն ժամանակ իր հրապարակած յայտարարութիւնը։

Անդրադառնալով պատրիարքական ընտրութեան՝ Սիւլէյման Սոյլու դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնին ու անոր կողմէ ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։ Ան ընդգծեց յանձնախումբի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի բազմակողմանի ջանքերը։ Կանոնադրութեան մանրամասնութիւններուն ալ ակնարկելով Սոյլու ըսաւ.

«Ես մանաւանդ համոզուած եմ, թէ ճիշդ է նուազագոյն տարիքի շեմը 18-ի իջեցնելը։ Պատգամաւորներու թիւն ալ բարձրացուեցաւ։ Այս բոլորը մեր կողմէ չեն, Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ բերուած գործեր են։ Այդ բոլորը միասնաբար արժեւորուած են։ Ես նոյնիսկ պատգամաւորներու թիւի բարձրացումը ուզեցի յետաձգել։ Սակայն, երբ Նախաձեռնարկ մարմինը այդպէս փափաքեցաւ, մենք ալ հաւանութիւն տուինք։ Կը կարծեմ, թէ այսպէսով բոլորը աւելի երջանիկ է։ Այս Նախաձեռնարկ մարմինը բարձր կը գնահատենք։ Իմ կեանքս անցած է ընտրութիւններով, ընտրութիւններու վերաբերեալ հաշուարկներով։ Այսինքն իմ դիտարկումով այս Նախաձեռնարկ մարմինը իսկապէս լաւ է։ Թէեւ միայն անգամ մը տեսայ, սակայն գլուխը գտնուող անձն ալ շատ հաւնած եմ։ Իր գործը կը կատարէ նախանձախնդրութեամբ եւ անկեղծ է իր համայնքին նկատմամբ»:

Այս բոլորին շուրջ արտայայտուելով հանդերձ, նախարարը չնախընտրեց կանգ առնել՝ կանոնադրութեան այն երեսակներուն վրայ, որոնք քննադատութիւններու դուռ բացած են մեր համայնքէն ներս։ Ըստ երեւոյթին, սա կարելի է այնպէս մեկնաբանել, թէ պետութիւնը անդրդուելի կը մնայ այս կանոնադրութեան պարագային եւ իսկապէս արդիւնք մը պիտի չտային վերանայման պահանջները։

Համայնքային օրակարգի մնացեալ հարցերու լուծման հեռանկարներուն Սիւլէյման Սոյլու անդրադարձաւ ուշագրաւ ամբողջի մը մէջ։ Այսպէս, ան վերյիշեց անցեալ ամառ, հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն վերջ Պատրիարքարան տուած այցելութիւնը։ Կրօնական ժողովի անդամներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին որդեգրուած էր հերթականութիւն մը՝ խնդիրներու լուծման համար։ Ըստ այնտեղ ընդունուած որոշման՝ առաջին հերթին պիտի կատարուի պատրիարքական ընտրութիւնը։ Յետոյ որոշեցինք՝ մնացեալ հարցերու լուծման համար առնուելիք քայլերուն շուրջ չխօսիլ այժմու միջանկեալ ժամանակաշրջանին։

«Պատրիարքի ընտրութենէն վերջ մնացեալ հարցերու մասին պիտի կատարենք ընդհանուր արժեւորում մը։ Կանոնադրութիւն մը կը պատրաստենք պատրիարքական ընտրութեան համար։ Այլեւս իւրաքանչիւր ընտրութեան ժամանակ մէկ անգամուան համար կանոնադրութիւն մը պատրաստելու փոխարէն՝ ամուր հիմքով մշտական կանոնադրութիւն մը կը պատրաստենք եւ այդ մէկը կը փոխարինէ նաեւ 1863-ը։ Այս հարցին վերաբերեալ պիտի առնենք նման քայլ մը։ Այլեւս պէտք է լուծենք այս կանոնադրութեան խնդիրը», աւելցուց նախարարը։

Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական Աթոռը չունի պաշտօնական կարգավիճակ, այսինքն իրաւաբանական անձ մը չէ՝ այս կէտին վրայ նախարարին հարց տուին, որ այդ կանոնադրութիւնը արդեօք պիտի նշանակէ՞ այս հերթին ալ յաղթահարուիլը։ Ի պատասխան Սոյլու նշեց, որ Պատրիարքարանի կարգավիճակի հարցը ունի այլ բնոյթ մը եւ այս նախատեսուած կանոնադրութիւնը կապ չունի անոր հետ, սա հետամուտ է միայն ընտրութեան խնդիրները լուծելու, ընտրական դրութիւնը մշտապէս յստակացնելու։

Համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ ալ նախարարը ըրաւ կարեւոր խորհրդածութիւններ։ Իր պատկերացումներով այս խնդրի լուծման համար ալ շարժման պիտի անցուի պատրիարքական ընտրութենէն վերջ։ «Այս նիւթն ալ դարձեալ պիտի արժեւորուի։ Մեր պատկան նախարարին եւ ընդհանուր տնօրէնին հետ քննարկումներէ վերջ, հարցը կը ներկայացուի Հանրապետութեան նախագահին։ Համապատասխան քայլերը անպայման կ՚առնենք», նշեց նախարարը։

Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ կարիքը՝ աշխարհականներէ բաղկացեալ, ընդհանրական լիազօրութեամբ կեդրոնական մարմնի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Արդարեւ, պետութեան կողմէ կատարուած բարեփոխումներու արդիւնքով մեր համայնքը տիրացած է նոր միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու։ Հիմա ա՛լ աւելի զգալի է այդպիսի մարմնի մը գոյութիւնը՝ ամէն ինչը համակարգելու եւ արդարօրէն բաժնելու համար համայնքէն ներս։ Սոյլու ըսաւ.

«Այս բոլորին շուրջ պիտի խօսինք։ Այսօր ի վիճակի ենք այս բոլորին մասին խօսելու։ Թէկուզ երէկ չէինք կրնար խօսիլ, սակայն այսօր ուժ ունինք այս բոլորին մասին խօսելու։ Իրարու հետ ունինք համապատասխան փոխըմբռնումը։ Համոզուած եմ, թէ այսօր միասնաբար հասած ենք այն կէտին, ուր կարող ենք արժեւորել այս բոլորը։ Մտածեցէք Հանրապետութեան նախագահին պայմանաւորած կամքը։ Ուստի, առաջ Աստուած, սա պատրիարքական ընտրութիւնը խերով բարիով աւարտենք, շարունակութեան այդ բոլորը կ՚արժեւորենք դէմ դիմաց»։

Սիւլէյման Սոյլուի յայտարարութիւններու այս սղագրութիւնը պատրաստելու ժամանակ կը մտածէինք, թէ սա հերթական խորհրդանշական ապացոյցն էր Թուրքիոյ անցուցած մեծ փոփոխութեան տեսակէտէ։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը, կը յիշենք, թէ երէց սերունդէ համայնքային վարիչները մեր խնդիրներու լուծման խմորումներուն տեսակէտէ, պետական համակարգէ ներս նպաստաւոր կը նկատէին Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն մօտեցումները։ Ներքին գործոց նախարարութեան արտայայտած տեսակէտները կ՚ըլլային աւելի պահպանողական։ Իսկ այսօր հասած ենք այնպիսի կէտի մը, ուր ներքին գործոց նախարարը կ՚այցելէ հայկական օրաթերթի մը խմբագրատունը եւ անձամբ կը ներկայացնէ համայնքային հարցերու լուծման հեռանկարներուն մասին մօտեցումները։

Եւ այսպէս Սիւլէյման Սոյլու հրաժեշտ առաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունէն։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/29-10-2019-անկեղծ-եւ-դրական

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın