İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆ

Խաչի Գիւտը Քրիստոսի խաչափայտին նուիրուած չորս տօներէն մէկն է:

327 թուականին Բիւզանդական Կոստանդիանոս կայսրի մայրը` Հեղինէն, Տիրոջ խաչը գտնելու նպատակով կ’այցելէ Երուսաղեմ:

Յուդա անունով հրեայ մը կ’օգնէ անոր։ Կ’երթան Քրիստոսի խաչուելու վայրը` Գողգոթան եւ հոն որոնումներու արդիւնքով կը հայտնաբերուի Յիսուսի և անոր խաչակից երկու աւազակներու խաչերը:

Տիրոջ խաչը զանազանելու համար պատանիի մը դիակը, հերթով կը դնեն խաչերուն վրայ, որոնցմէ մէկուն վրայ պատանին յարութիւն կ’առնէ և այդպէս կը հասկցուի տերունական խաչը:

Այդ հրաշքէն յետոյ հրեայ Յուդան քրիստոնէութիւնը կ’ընդունի և յետոյ կը դառնայ Երուսաղեմի Կիւրեղ եպիսկոպոսը:

Խաչափայտի գիւտէն յետոյ Հեղինէն կը բարեզարդէ Երուսաղեմի սրբազան վայրերը, իսկ Գողգոթան կառուցել կու տայ Ս. Յարութիւն Եկեղեցին, որտեղ յետագային կը զետեղուի Տիրոջ խաչափայտը:

Այս տարի Գիւտ Խաչի Տօնը Հայոց Եկեղեցին կը տօնէ Հոկտեմբեր 27-ին:

Աղբիւր։ Qahana

Թարգմանութիւն։ Անուշ Գարմէն Սար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın