Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան
Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր վերափոխման տաղաւարի իննօրեայ տօնակատարութեան յաջորդող երեքշաբթի օր (այս տարի 27 Օգոստոս 2019) կը տօնենք Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ծնողաց՝ Յովակիմի եւ Աննայի, նաեւ իւղաբեր կիներու յիշատակը։
Յովակիմ եւ Աննա աղօթասէր ու հաւատացեալ անձեր, իրենց յոյսը դրած էին աղօթքի վրայ, սպասելով իրենց ընտանիքի օրհնութեան։ Անոնք ապաւինած էին Աստուծոյ հրաշագործ զօրութեան։ Իրենց վստահութիւնը չէին կորսնցուցած եւ այս վստահութեամբ ու հաւատքով շարունակեցին մնալ իրենց աղօթանուէր գիծին վրայ։ Ի վերջոյ Աստուած գործեց իրենց կեանքէն ներս ու վարձահատոյց եղաւ անոնց։ Ծնաւ Մարիամը, որ պիտի ըլլար ապագայի Տիրամայր Սուրբ Կոյսը։
Իսկ իւղաբեր կիները Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ընթացքին Իրեն մօտ կը գտնուէին։ Անոնք Քրիստոսի անապական թաղումէն յետոյ որոշած էին իւղերով ու անուշահոտ խունկերով օծել իրենց Վարդապետին մարմինը։ Իրենց կանացի փութկոտութեամբ պատրաստութիւն տեսան եւ «շաբթուան առաջին օրը առաւօտուն արեւածագին» եկան գերեզման։ Իրենց մտահոգութիւնն էր թէ «ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար գլորել գերեզմանի դրան ծանր քարը։ Սակայն երբ եկան տեսան թէ քարը արդէն գլորած էր եւ Տէր Յիսուսի մարմինը այնտեղ չէր։ Հրեշտակէն ստացան աւետիսը թէ ՏԷՐԸ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱԾ ԷՐ։ Ուրեմն Քրիստոսի յարութեան աւետիսը առաջին անգամ ստացան իւղաբեր կիները։
Եւ մենք այսօր կը դիմենք, թէ Սուրբ Յովակիմի եւ Սուրբ Աննայի եւ թէ իւղաբեր կիներու բարեխօսութեան։
Սուրբ Կոյսի ծնողաց ամուր հաւատքը եւ իւղաբեր կիներու Քրիստոսի նկատմամբ ունեցած սէրն ու յարգանքը թող օրինակ ըլլայ բոլորիս, ապրելու համար հաւատքի կեանքը, կապուած մնալով Յիսուս Քրիստոսի։ Բոլորս այդ հաւատքը վառ պահելու կարիքը ունինք Աստուծոյ փառքին եւ մեր հոգեւոր շինութեան համար։
https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=2199160316985824&id=100006756308705
İlk yorum yapan siz olun