Անուշ Գարմէն Սար
Հայաստանէն Պոլիս ժամանաց Արին Բերդ Պարախումբը Գնալը Կղզիի “Թէօս” ճաշարանի մէջ բեմ բարձրացաւ։
Այս ելոյթին հրաւիրուած էին Պոլսոյ Պատրիարքութեան Տեղապահ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողանը եւ նաեւ շատ մը հիւրեր։
Այս ձեռնարկը «Մեր Պարերը Եւ Մենք»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր, անոնց աջակից եղած էին Իսթանպուլի Գլխաւոր Քաղաքապետութիւնը, Կղզեաց Քաղաքապետութիւնը, Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը եւ Արամեան Սանուց Միութեան Վարչութիւնը։
Ելույթին աւարտին հանդիսատեսները իրենց գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը
ջերմ ծափահարութիւններով արտայատեցին։ Սեւան Աթաօղլուն այս ելոյթի կազմակերպութեան օգուտ տուող անձերը՝ Խաչիկ ճանէլ, Արի Հերկել, Մինաս Օֆլազ, Պետրոս եւ Փենիամին Իւշենմէզ, Շանթ Պոստան, Ստեփան Պալըք, Արիս Գովան եւ Յարութիւն Էօզէրը բեմ հրաւիրեց, անոնց պարուհիներու կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան։
Ելույթին աւարտին Տեղապահ Սրբազանը իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ ըսաւ. “Արին Բերդ Պարային Համոյթը այս գիշեր մեզի սքանչէլի հանդէս մը, համերգ մը ներկայացուց, ուրախ ենք։ Ինչպէս որ հիացմունքով տեսաք ու դիտեցինք իրենց հեզասահ շարժումները, այս խումբը profesyonel պարախումբ մըն է, դպրոց մըն է լիովին։ Այսինքն անոնք ընտրած են պարելը իրենց բուն գործը որպէս կեանքի ասպարէզ:
Երբեմն մարդիկ պարը երկրորդական զբաղմունք կը նկատեն. Մարդիկ կը պարեն պարապ ատենները արժեւորելու կամ ուրախանալու համար ։ Բայց եւ այն պէս պարը մարդու հոգիի լաւագոյն արտահայտութեան ձեւերէն մէկն է”։
Յետոյ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղեց Արին Բերդի անդամներուն,
“Սիրելի տղաք, բարի եկաք, դուք մեզի համար շատ կարևոր կամուրջ մըն էք, Հայրենիքէն զեփուռներ բերիք, մեզի Հայրենիքի շունչը բերիք։ Մենք յիշեցինք մեր փառաւոր անցեալը, այնպէս որ ձեզմէ եկած հեշտագին ձայներով, քնքուշ շարժումներով եւ ձեր տարազներու փայլուն գոյներով մեր տուները պիտի երթանք։ Հարուստացուցիք մեր կեանքը եւ մեր ամառային արձակուրդը, շատ շնորհակալ ենք։ Աստուած ձեր ճամբան բանայ։ Եթէ դուք այս տարիքին այսպէս կը պարէք, 10 տարի յետոյ ի՞նչ պիտի ըլլաք, Աստուած գիտէ։ Մենք տեսանք որ այս բեմը արդէն հիմակուընէ չբաւեր ձեզի, թռչիլ կ’ուզէք, սաւառնիլ կ’ուզէք։ Թռչեզէ՛ք ու կատարելութեան կատարները գրաւեցէ՛ք”։
Յետոյ Սրբազան Հայրը “Աւանդական” պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Արի Կիւլէչի ուղղեց իր խօսքը
“Մենք հիմա աւելի լաւ կը հասկնանք թէ մեր Յակոբ Արի Կիւլէչը ո՛ր տեղերէն անցաւ, հասաւ ու եկաւ Պոլիս: Ուրեմն ինքը անոնց պէս այս դպրոցներէն անցաւ եւ վարպետութեան այս գերազանց աստիճանին հասաւ, այնպէս որ սրտանց կը շնորհաւորենք զինք։
Իրաւպէս այս վարպետութիւնը Պոլսոյ Հայութեան բերելու, մեր մանուկներու երիտասարդներու այդ հոգին փոխանցելու եւ անոնց հոգիին թռիչք տալու այդ կամեցողութիւնը եւ այդ կարողութիւնը Յակոբին մէջն յստակապէս կը տեսնենք։ Մենք անձնապէս կը ճանճնանք ինքը: Յակոբ ջան, Աստուած ուժդ աւելցնէ։ Նաեւ կը տեսնես որ, ուր մշակութային շարժում մը կայ, բանակ մը լեցուն ազգայիններ, Պոլսոյհայեր կան քեզի նեցուկ կանգնելու պատրաստ. հետեւաբար առանձին չես երբեք, ուստի սրտանց կը գնահատենք քեզ: Աստուած վարձահատոյց ընէ քեզի, մենք բոլորս քեզի հետ ենք։ Շատ ապրիս”:
Յետոյ Տեղապահ Սրբազանը յուշանուէր մը տուաւ Յակոբ Արի Կիւլէչին։
İlk yorum yapan siz olun