İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուրդ իր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րը ու­նի։ Հայ ժո­ղո­վուրդն ալ ու­րիշ տօ­նե­րու շար­քին ու­նի իր «լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի տօն»ը։ Այս կար­գին է՝ Սրբոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Ուս­տի դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րէն՝ բո­լո­րը գի­տեն հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրուած ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը. «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ, ի­մա­նալ զբանս հան­ճա­րոյ»։ Բայց, հա­ւա­նա­բար քի­չե­րու յայտ­նի է, թէ այդ նա­խա­դա­սու­թիւ­նը Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նէն է՝ որ հա­յե­րէն գի­րե­րը Աս­տու­ծոյ պար­գեւն, շնորհն են հայ ժո­ղո­վուր­դին։

Հա­յաս­տան աշ­խար­հի քրիս­տո­նէա­ցու­մէն մին­չեւ 5-րդ դար հայ ե­կե­ղե­ցին տա­կա­ւին չէր «հա­յա­ցած», քա­նի որ չու­նէր սե­փա­կան գիր եւ գրա­կա­նու­թիւն։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ «պե­տա­կան կրօն» ըն­դու­նե­լէն՝ մօտ մէկ դար ան­ցած էր։ Վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ կա­նո­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ծէ­սեր կը կա­տա­րուէին, Սուրբ Գիրք կը կար­դա­ցուէր, եւ սա­կայն ժո­ղո­վուր­դին մեծ մա­սը «օ­տա՛ր» էր ա­նոնց, քա­նի որ ան­հասկ­նա­լի էր այդ ա­մէ­նը ի­րենց հա­մար, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէն գի­րե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ, ե­կե­ղե­ցա­կան լե­զուն ա­սո­րե­րէն էր։ Ուս­տի եւ, Աս­տու­ծոյ խօս­քը շա­տե­րու սրտե­րուն չէ՛ր հաս­ներ։ Ա­հա այս պայ­ման­նե­րուն մէջ էր, որ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց Վար­դա­պե­տը, Սա­հակ Պար­թեւ Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ հա­յոց տա­ռե­րու ստեղծ­մա­նը։ Եր­կար ո­րո­նում­նե­րէ, պրպտում­նե­րէ եւ ու­րիշ ազ­գա­րու տա­ռե­րը հա­յե­րէն լե­զուի հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լու ան­յա­ջող փոր­ձե­րէն յե­տոյ Մաշ­տոց ինք­զինք նուի­րեց ա­ղօթ­քի եւ խո­կու­մի, եւ Աս­տուած լսե՛ց ա­նոր ա­ղօթք­նե­րը։ Մաշ­տոց, ո՛չ թէ ե­րա­զով՝ քու­նի մէջ, ո՛չ տե­սիլ­քով՝ ար­թուն վի­ճա­կով, տե­սա՛ւ, թէ «ձեռք» մը տա­ռե­րը կը գրէր։ Գրուած տա­ռե­րը կը պահ­պա­նէին ի­րենց ձե­ւը, ինչ­պէս ձիւ­նի վրայ։
Ա­ղօթ­քէն պահ մը ետ կե­նա­լով, Մաշ­տոց Վար­դա­պետ, գրի ա­ռաւ հայ նշա­նագ­րե­րը։ Ա­ւե­լի քան 1600 տա­րի ան­ցած է այդ օ­րուը­նէ, բայց հայ գի­րե­րը չեն փո­փո­խուած եւ պահ­պա­նած են ի­րենց նախ­նա­կան տես­քը, քա­նի որ շատ կա­տա­րեալ են, այն­պէս՝ ինչ­պէս Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած ա­տե­նը, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած ա­մէն ինչ կա­տա­րեալ է։
Ա­պա սկսաւ Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նի ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը՝ որ մշա­կում­նե­րով եւ լրա­ցում­նե­րով տե­ւեց շուրջ 30 տա­րի։ Աս­տուա­ծա­շուն­չը այ­լեւս հա­յե­րէն էր։ Աս­տուած կը խօ­սէր հա­յե­րէն։ Սուրբ Սա­հակ Պար­թեւ եւ Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տոց, Եզ­նիկ Կող­բա­ցի եւ Յով­սէփ Պա­ղու­նա­ցի, Կո­րիւն, Ղե­ւոնդ Վա­նան­դե­ցի եւ միւս­նե­րը ի­րենց հո­գիի ամ­բողջ ջեր­մու­թիւ­նը ներդ­րե­ցին, ի­րենց հո­գին նուի­րե­ցին Աս­տուա­ծա­շուն­չի թարգ­մա­նու­թեան սրբա­զան գոր­ծին։ Ա­նոնց անկրկ­նե­լի թարգ­մա­նու­թեան շնոր­հիւ Աս­տուա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն օ­րի­նա­կը բո­լոր ազ­գե­րու կող­մէ ա­նուա­նուե­ցաւ «ԹԱՐԳ­ՄԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻ»։ Աս­կէ վերջ, շու­տով բա­ցուե­ցան դպրոց­ներ, դպրա­նոց­ներ, եւ սկիզբ դրուե­ցաւ «հայ դպրու­թեան»։
Գ­րուե­ցան ա­ղօթք­ներ, հո­գեզ­մայլ շա­րա­կան­ներ, զարկ տրուե­ցաւ թարգ­մա­նա­կան եւ ինք­նու­րոյն գրա­կա­նու­թեան, մարդ­կա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րով լե­ցուե­ցան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ճո­խա­ցան Փրկչի տօ­նե­րը։
Եւ վեր­ջա­պէս, լու­սա­ւո­րուե­ցաւ ողջ հա­յոց աշ­խար­հը։ Հայ գի­րե­րու գիւ­տով եւ Աս­տուա­ծա­շուն­չի լման թարգ­մա­նու­թեամբ հի­մը դրուե­ցաւ «հայ հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին» նոր շարժ­ման, որ հայ ազ­գի «ՈՍ­ԿԵ­ԴԱՐ»ը դար­ձաւ։

«Թարգ­մա­նիչ» բա­ռը ներ­կա­յիս ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցա­կան ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ լոկ լե­զուէ մը ու­րիշ, տար­բեր լե­զուի թարգ­մա­նող անձ։ Եւ սա­կայն մեր Թարգ­մա­նիչ հայ­րե­րը ո՛չ միայն թարգ­մա­նե­ցին Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նը, այլ ապ­րե­ցան, կեան­քի կո­չե­ցին եւ հա­յա­ցու­ցին զայն։
Ար­դա­րեւ Սուրբ Գիր­քը, հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կեան­քի ձեւ, ապ­րե­լա­կեր­պի հան­գա­մանք ստա­ցաւ։ Ուս­տի, թարգ­մա­նիչ­նե­րը զԱս­տուած ի­ջե­ցու­ցին հայ մար­դու հո­գիին մէջ։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, այս թարգ­մա­նու­թեամբ «միս» եւ «ա­րիւն» դար­ձաւ հա­յուն հա­մար, դար­ձաւ զօ­րու­թիւն եւ հա­յը «հայ» պա­հեց բո­լոր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու մէջ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ
Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Աղբիւր։ Ժամանակ Օրաթերթ Յու­նիս 11, 2016 Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի գրութիւնէն  առնուած է։ http://www.jamanak.com/content/հոգե-մտաւոր/16-06-2016-սրբոց-թարգմանչաց-տօն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın