İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Եղիա Մարգարէի Յիշատակութեան Օր

Ս. Եղիա ՄարգարԷի Յիշատակութեան Օր
16.6.2019
Անուշ ԳարմԷն Սար
Հին Կտակարանի մեծ մարգարեներէն է, որ հայտնի է Տիրոջ հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ, հավատուրաց Աքաաբ թագաւորի ու անոր կռապաշտ կնոջ՝ Յեզաբել թագուհիի կողմէ Իսրայել սերմանուած կռապաշտութեան դեմ նախանձախնդիր պայքարով:
Ս. Եղիա մարգարէն ապրած և գործած է Քրիստոսէն առաջ 9-րդ դարուն:
Անոր մասին կը պատմուի Թագաւորաց Գ և Դ գիրքերուն մէջ: Ս. Եղիա մարգարէի անունը կը  յիշատակէն նաև աւետարանիչները: Թագաւորաց գիրքը կը նկարագրուի թէ ինչպէս Եղիան, ապացուցելով կռապաշտներու անզորութիւնը, աղօթքով կը վառէ ողջակեզի կրակը: Ս. Եղիա մարգարէին կը վերագրեն զանազան հրաշագործութիւններ, թէ ինչպէս աստուածային զորութեամբ միշտ լեցուն կը պահէ այրի կնոջ ալիւրի և իւղի ամանները, յարութիւն կու տայ անոր մահացած որդիին։
Հայ Առաքելական եկեղեցիի տօնելի սուրբերու շարքին Ս. Եղիա մարգարէին առանձնայատուկ տեղ մը  հատկացուած է: Ի տարբերութիւն միւս սուրբերու, որոնց յիշատակութիւնը կը տօնուի շաբթուան սովորական օրերուն, Ս. Եղիա մարգարէի յիշատակութիւնը կը կատարուի Հոգեգալստին յաջորդող կիրակի օրը:
Աղբիւր։ Qahana.am

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın