Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն: Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Սիրելի եղբայներ եւ քոյրեր
Ահա որքան շուտ անցան օրերը եւ յիսուն օրեր բոլորեցինք երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր մահուընէ ցայսօր: Որոշ մարդիկ կան որ մահը աւելի կը մեծցնէ զանոնք: Այնքան կը մեծնան որ քերեզմանը չի կրնարայլեւս պարփակել անոնց մշտավառ յիշատակը: Այդպէս եղաւ նաեւ մեր սիրելի Պատրիարք հօր անմար յիշատակին: Այնքան շատ սիրտերուն մէջ տեղ գրաւած է որ մինչեւ այդ սիրտերը դադրին տրոփելէ՝ պիտի ապրի տակաւին մեզի հետ հողին վրայ, արեւին տակ: Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակը եւ մտերմութիւնը անձիս հետ՝ կը ստիպէ զիս տարբեր քարոզով մը պանծացնել այսօր իր Քառասնօրեայ Հոգեհանգստեան Պատարագը: Վստահաբար իր հոգեւոր ներկայութիւնը հոս է մեզի հետ, կը սաւառնի օդին մէջ եւ կը դիտէ այս պատկառելի բազմութիւնը եկած ի յարգանս աղօթակցելու իր հոգւոյն համար: Պիտի ուզէր ինքը խօսիլ իր քառասունքի առթիւ եւ ուղղել այն պատգամները որ հնչեցուց երեսուն տարիներ ամբողջ մեր եկեղեցիներուն մէջ, մեր սրահները, անձնական եւ հաւաքական զրոյցներու ընթացքին:
Ձեր արտօնութեամբ կը փափաքիմ խօսեցնել տալ մեր սիրելի Մեսրոպ Պատրիարքը որպէսզի կրկնէ մեզի եւ յիշեցնէ այն ինչ որ միշտ սորվեցուց իր անխոնջ վարդապետութեամբ: Որպէս անոր առաջին աշակերտը եւ գաղափարակիցը իրաւունք կը վերապահեմ ինծի իր անունով խօսելու այս պահուն:
ՈՒՂԵՐՁ՝ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ
Շնորհակալ եմ որ եկած էք քառասունքիս այս Սուրբ Պատարագին եւ Հոգեհանգիստի արարողութեանս: Երբ Սուրբ Պատարագ կը կատարուի՝ ննջեցեալներու մեր աշխարհը եւ ողջերու ձեր աշխարհը կը միանան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մարմնի եւ արեան սրբազան խորհուրդի միջոցով: Ասիկա ճիշդ այն պահն է որ երկինք ու երկիր կը կամրջեն իրարու Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ եւ Սուրբ Սեղանը կը վերածուի սննդավայրը անմահ հոգիներուն: Ես միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ուրիշ անհամար հոգիներուն հետ եւ ես ալ իմ կարգին պիտի աղօթեմ անոնց հետ միասին ձեզի համար որպէսզի դուք եւս շահիք հոգեւոր պատերազմը եւ ըլլաք այս երանութեան վայրը ու դառնաք Լոյսին բնակիչները:
Արտօնեցէք որ մէկ անգամ եւս քարոզեմ ձեզի հազար անգամ կրկնած ճշմարտութիւններս, որոնք չեն հիննար երբեք: Ճշմարտութիւննե՛ր, որոնք լոյսի հզօրութիւնը ունին ու անդադար կրկնուելու են այս սուտի աշխարհին մէջ որպէսզի խաւարը փարատի եւ մարդիկ իրենց ճամբաները գտնեն դէպի յաւիտենական կեանք: «Դուք ճշմարտութիւնը պիտի իմանաք եւ ճշմարտութիւնը ազատ պիտի թողու ձեզ» կ’ըսէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս:
Ահա մեծագոյն ճշմարտութիւնը կ’աղաղակեմ խուլ ականչներուն եւ հզօրագոյն լոյսը կը շողարձակեմ քնացող աչքերուն: Կա՛յ Աստուած, որ արարիչն է երկինքի եւ երկրի: Ոչ մէկ բան արկածով, ըստ բախտի, ինքիրեն չէ գոյացած: Տիեզերական Միտքը, Աստուծոյ Խօսքը ստեղծեց ամէն ինչ եւ ամէն ինչի մէջ իմաստ մը դրաւ: Մեր կեանքի իմաստն է ճամբորդութիւնը: Այս աշխարհը մեր մնայուն վայրը չէ: Մեր Տէրը յստակօրէն յայտարարեց. « Աղուեսները որջեր ունին, թռչունները բոյներ. Իսկ մարդու որդին տեղ մը չունի այս աշխարհին մէջ իր գլուխը դնելիք»: Ճամբորդներ ենք բոլորս եւ այս աշխարհը կամուրջ մըն է լոկ: Եւ գիտէք. Կամուրջի վրայ տուն չի շինուիր: Ես ալ ճամբորդեցի եւ կամուրջը անցայ եւ գտայ առջեւս անմահներու լոյսի աշխարհ մը:
Ամէն առած շունչս, իւրաքանչիւր քայլս պատրաստութիւն մըն էր մահուան, գիտէի հարկաւ: Մեռելակառքը չէ որ մեզ կը տանի դէպի քերեզման, այլ՝ տարիներու դանդաղօրէն յամեցող անիւը որ անձայն անշշուկ կը շարժի ընդառաջ, օր ու գիշեր ու կը հասնի ի վերջոյ վերջին կայանը:
Ես հազար անգամ քարոզեցի ձեզի որ «հող էիր,հողէն առնուեցար ու հող պիտի վերադառնաս. Իսկ հոգին պիտի վերադառնայ առ Աստուած, որմէ առնուեցաւ»:
Հոգին մահ չի ճանչնար: Ըսէ՛ք որ միայն մարմինս թաղեցիք:
Ես չսորվեցուցի ձեզի մահը երբեք առանց յարութեան գաղափարին, ես չխօսեցայ գերեզմանի մասին երբեք առանց մատնանշելու Քրիստոսի լոյս քերեզմանին, Քրիստոսի կոյս քերեզմանին, ուր ան «յարեաւ ի մեռելոց եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
Աւելի կենդանի եմ հիմա ու ազատ: Հիմա աւելի լաւ կը հասկնամ Վարդանանցի հերոսներու բնաբանը որ կ’ըսէին երբ դէպի իրենց մահը կը գալէին անվրդովօրէն. «Մահ ոչ իմասցեալ՝ մահ է. Իսկ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»: Երբ մահը չեք հասկնար, մահը այն ատեն մահ է. Իսկ մահը երբ կը հասկնաք՝ կ’իմանաք որ մահը անմահութիւն է:
Պատրաստուեցէ՛ք յետմահու կեանքին: Հաւատացեալ եղէք: Նկարագիր կերտեցէք: Որովհետեւ միայն զայն պիտի տանիք այս աշխարէն միւսը: Ձեր մկրտութեան ուխտին հաւատարիմ եղէ՛ք: Գիտցէք որ կեանքի ճամբորդութիւնը յաջող աւարտելու համար պէտք ունիք ընդմիշտ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ:
Մենք Քրիստոնեայ ենք եւ Քրիստոնէութիւնը հայութեան հոգին է: Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին մարմնաւորումն է Հայու հոգիին եւ անոր բարձրագոյն իտէալներուն: Եկեղեցին միշտ եղած է ողնաշարը մեր ազգին եւ անոր գլխուն եկած ամենալաւ բանը: Եկեղեցին տուաւ մեզի գիրն ու գրականութիւն, ճարտարապետութիւն, դպրոց, գեղարուեստ եւ գիտակցութիւն՝ գոյատեւելու: Երբ պետութիւնը կորսնցուցինք եւ հայրենիքէ հեռու մնացինք, ահա եկեղեցին է որ մեզի եղաւ պետութիւն եւ հայրենիք: Սիրեցէ՛ք այս եկեղեցին: Հասկնալու ջանացէք անոր հազարումէկ գաղտնիքները: Հայու հոգին վսեմացնելու բոլոր կարողութիւնները ունի ան: Ինչ որ իմ մէջս տեսակ վսեմ, ազնիւ ու յարգարժան՝ եկեղեցիէս սորվեցայ:
Մենք Քրիստոնեաներս Աստուածաշունչ ունինք, անձերու ուսուցիչ, ազգերու դաստիարակ: Պատմութաեն եւ աշխարհի մեծագոյն գիրքը՝ Աստուծոյ շունչով գրուած: Որքան որ շունչս բաւեց քարոզեցի անոր լոյս ճշմարտութիւնները ձեզի: Մի անտեսէք Աստուծոյ խօսքերը: Երբ որ հոս գաք, միւս աշխարհին, պիտի հասկնաք որ ամենամեծ հարստութիւնն է եղեր այդ խօսքերը իմանալ, հաւատալ եւ կիրարկել:
Մենք հայ ենք, սիրելիներ եւ հպարտ ենք մեր ազգութեամբ: Հայ ենք. Ո’չ աւելի բարձր միւս ազգերէն, ո’չ աւելի նուազ: Պարզապէս հայ ենք: Աստուծոյ կամքը այս եղած է մեզի համար: Հետեւաբար մեր ազգութիւնը պահել ու պաշտպանել Աստուծոյ կամքը կատարել կը նշանակէ: Սիրեցէք ձեզի կեանք տուած այս ազգը: Որովհետեւ մեր ազգը ազնիւ է, խելացի եւ ստեղծագործ: Աղի պէս սփռուած ենք ամբողջ աշխարհը եւ համ կուտանք ուր որ ալ գտնուինք: Դեղ ու դարման եղեք անոր վէրքերուն: Պատիւ սեպեցէք անոր ծառայելու առիթները եւ նուիրուեցէ՛ք անոր վերելքին: Միացէ՛ք: Այս պիտի ըլլայ ձեր մեծագոյն պարտքը կատարելիք մեր ազգին բազմապատառ: Իմ բազմաչարչար հոգիս պիտի հանգստանայ երբ տեսնեմ ձեզ սիրով միացած, համերաշխ ու իրարու մէջ հաշտ ու խաղաղ:
Խօսեցէ՛ք հայերէն: Խօսեցէ՛ք միշտ մեր ոսկեբարբառ սուրբ լեզուն: Ձեր աչքերը օծուին թող Մեսրոպեան տառերու շողերով: Ես ամենաշատ կ’ուրախանայի հայերէնը մանուկներու շրթներէն լսած ատենս: Ուրախացուցէ՛ք իմ հոգին հայերէն աղօթքներով, երգեր ու շարականներով: Մանուկներ թող այցելեն շիրիմս եւ ոտանաւորներ ըսեն Դուրեանէն, Մեծարենցէն, Վարուժանէն:
Հայ թերթ թող մտնէ հայկական տուներէ ներս: Հայերէնը տեսանելի եւ շոշափելի թող դառնայ ամէն հայ ընտանիքի երդիկին ներքեւ: Հայկական կեանք կերտեցէք ու հետաքրքրուեցէ՛ք ինչ որ հայկական է ու հայաշունչ: Ազգի մը գոյատեւելու կամքը կը սկսի ընտանիքէն: Երիտասարդներ, հայ ընտանիք կազմեցէք: Ասիկա պարզապէս հայու մը հետ ամուսնանալով չըլլար, այլ ամուսնութիւնը հայացնելով կ’ըլլայ: Ընտանիք մը, հայու ընտանիք կը կոչուի երբ հոն հայախօսութեան ճիգ մը կը տեսնուի, Եկեղեցիին եւ հայ դպրոցին հետ կապերը ամուր կը պահուին եւ հոն մեր համայնքի խնդիրները կը ծեծուին, հոն սիրտերը հայութեան հետ կը տրոփեն եւ հայրենիքի նկատմամբ յատուկ գուրգուրանք եւ սէր մը ներկայ է միշտ: Այս է ահա հայկական ամուսնութիւնն ու հայ ընտանիքը:
Հոգեւորական եղբայներս, ամրապնդուեցէ՛ք հաստատապէս Քրիստոսի Ժայռին վրայ, որ է մեր լոյս հաւատքը: Ձեզմէ շատերը ես առաջնորդեցի եկեղեցական ասպարէզ: Յիշեցէ՛ք իմ օրինակս թէ ինչպէս աշխատեցայ եւ նուիրագործեցի անձս Աստուծոյ գործին յաջողութեան համար: Եկեղեցականը կրնայ փոխել շատ բաներ, նոյնիսկ սրբագրել մեր ազգի դժբախտճակատագիրը եւ յուսաբեր հորիզոններ բանալ անոր առջեւ:
Սիրելիներ, ես միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ի Քրիստոս Յիսուս, երբ որ յիշէք զիս: Աղօթքները ձեր անպակաս ըրէք իմ հոգւոյս համար: Երբ որ սիրէք զիրար, ձեր սիրոյ ջերմ ալիքնըերը կը հասնին մինչեւ հոս եւ ուրախութիւն կը պատճառեն մեր հոգիներուն:
Այժմ մնաք բարով մինչեւ ցտեսութիւն ուրիշ աստղերուն ներքեւ:
Հարկաւ Մեսրոպ Պատրիարքի խօսքերը պիտի չաւարտէր հոս: Աչքերը պիտի տեսնար հայերէն չգիտցող իր զաւակները եւ պիտի հրահանգէր ինծի, «Թրքերէնով ալ խօսէ, որպէսզի հասկնան»: Ես ո՞վ եմ որ չկատարեմ Պատրիարքիս հրահանգը:
27 Ապրիլ 2019, Գումգաբու, Մայր Եկեղեցի
İlk yorum yapan siz olun