İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Զատիկի յաջորդող Կիրակին կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։

Յիսուս, իր յարութենէն յետոյ յաճախակի առիթներով երեւցաւ իր աշակերտներուն։ Յարութեան ութերորդ օրը, Յիսուս դարձեալ երեւցաւ անոնց։ Այնտեղ էր նաեւ Թովմաս առաքեալը, որ Յարութեան օրը չէր տեսած Տէրը եւ ըսեր էր. «Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ Անոր կողին, չեմ հաւատար» (Յովհ. 20.25)։ Յիսուս կը հրաւիրէ Թովմասը, որ իր ձեռքերը կողին մէջ խրէ եւ շօշափէ։ Բայց ան միայն կը բացագանչէ՝ «Տէ՜րս եւ Ա՜ստուածս»։ Յիսուս կ’ըսէ անոր. «Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞։ Երանի՜ անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»։ 

Եկեղեցին, այս յիշատակը կը տօնէ որպէս նաւակատիք Զատիկի։ Յոյները Նոր Կիրակին կը կոչեն ԹՈՎՄԱՅԻ ԿԻՐԱԿԻՆ։Կիրակի կամ Կիւրակէ յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ Տէրունի օր։ Սկզբնական շրջաններուն տարածուած չէր Կիրակի բառը, այլ կը գործածուէր Միաշաբաթ անունը, որպէս շաբթուան առաջին օրը, երբ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն։

Յետագային է, որ Միաշաբաթի փոխարէն տարածուեցաւ յունարէն Կիրակի բառը։ Կիրակի օրուան համար Առաքելական 34 կանոններու երկրորդը հետեւեալ հրահանգը կու տայ. «Բոլոր Կիրակի օրերը տօն կ’ըլլայ եւ պատարագ կը կատարուի, կը կարդացուին մարգարէական Գիրքեր եւ առաքելական Նամակներ, եւ ապա կը կարդացուի Ս. Աւետարան»։

Քրիստոնեաներուն համար Կիրակի օրը հանգստեան օր է։ Սակայն սիրելի ընթերցող, հանգիստը տունին մէջ ամբողջ օրը հանգիստ ընել չէ, ոչ ալ մինչեւ ուշ ժամեր քնանալ։ Ֆիզիքական հանգիստէն աւելի կարեւորը հոգիի հանգստութիւնն է։ Եւ այդ հանգստութիւնը կը զգանք պատարագի մասնակցութեամբ, աղօթքով։

Յայտնի է, որ Քրիստոսի յարութեամբ միաշաբաթ օրը նուիրագործուեցաւ եւ դարձաւ Կիրակի, ուստի անոր յաջորդող միաշաբաթը կոչուեցաւ Նոր Կիրակի կրկնազատիկ՝ Կրկին Զատիկ։ Նոր Կիրակին կը խորհրդանշէ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաստատման եւ ծաւալման սկիզբը։

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=908108729357562&id=377062759128831

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın