İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

«Յիսուս Քրիստոս խափանեաց զմահ եւ

լուսաւոր արար զկեանս եւ զանեղծութիւն

ի ձեռն Աւետարանի»

(Բ. Տիմ. Ա.10)

Սիրեցեալ Ժողովուրդ մեր,

Ինչ աղիտալի բան կ’ըլլար մահը, երբ չըլլար յարութիւն մեռելոց, երբ այդպէս  գիտնայինք ու հաւատայինք՝ թէ մահուամբ կը հողանանք, եթէ այդպէս գիտնայինք՝ թէ մեր մարմինն ու հոգին պիտի մնան նեխած ու փտած ու յաւիտենապէս խառնուած՝ կոշտ ու կարծր հողին հետ, այսպիսի գաղափար մը մեզի համար սոսկալի բան մը պիտի ըլլար։

Բայց, փառք Աստուծոյ, երանի՜, հազա՜ր երանի հաւատացեալներուս, ալ մենք չունինք այսպիսի երկիւղ մը, սոսկում մը. գիտենք ու կը հաւատանք՝ թէ մահուամբ չէ որ կ’անէանանք, այլ՝ թէ կ’անցնինք միջոցէ մը, ծնանելու համար նոր կեանքի մը մէջ յաւիտենապէս։ Մեզի համար մահը խորունկ քուն մըն է եւ ոչ ուրիշ բան։ Թող մահը նեխէ ու փտեցնէ մարմինը եւ դադրեցնէ կենդանութենէ: Գերեզմանը թող առնէ զայն իր մութ ծոցին խորը, մենք դեռ կը հաւատանք ու պիտի հաւատանք՝ թէ այդ սոսկալի քայքայումէն յետոյ ունինք նոր կեանք մը ու Խաւարին արհաւիրքներէն յետոյ խաղաղ առաւօտեան մը արշալոյսը: Թող մահը դեռ ձայնէ ու գոռայ, գոչէ իր յաղթութիւնը, թող ձայնէ, ինքն անէացում մըն է, դարձեալ քուն մը, երկար, խորին ու անձայն քուն մը պիտի համարենք զայն։ Թող հաւատացեալներ զոհուին մահուան մանգաղին տակ, բայց մենք կը հաւատանք, թէ անոնք կը ծնանին նոր կեանքի մը արշալոյսին առջեւ։ Քրիստոս այս հաւատքը ներշնչեց իր վարդապետութեամբ եւ հաստատեց իր յարութեամբը։ Մահը խափանեցաւ Յիսուս Քրիստոսով, անոր միակ զօրութեամբը ու յարութեամբը: Մահը իր կապանքներով լուծուեցաւ, իր սպառնալիքներով տկարացաւ ու Յիսուսով  յաւիտենական  կեանքը փառաւոր  երեւեցաւ։ Յիսուսով նոր օրուան մը արշալոյսին տակ, նոր ոգի մը, նոր ակնկալիք մը երեւան եկաւ մարդկային սրտին մէջ, առանց որոյ մարդը մարդ ըլլալէ պիտի դադրէր։

Միթէ կարո՞ղ էր բանական արարածը մահը խափանել, ո՛չ երբեք։ Միայն Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին պիտի կարենար մահուան կապանքները լուծել ու մահը խափանել։ Քրիստոս չարչարանքներով մահուան կապանքները լուծեց, խափանեց զայն իր զօրութեամբը եւ խաղաղութեամբը։ Փարատեց գերեզմանի վրայ ծանրացած մշուշը, ցոյց տալու համար անկէ անդին եղած յաւիտենական կեանքը։ Վերջապէս, Յիսուս կատարելապէս յաղթեց մահուան, վասն զի մահը ոչինչ կրցաւ իրմէ յափշտակել, այն սքանչելի կարողութիւններէն, իր իմաստութենէն, իր փառքէն, ո՛չ ալ իր բարութենէն զորս զգեցած էր Յիսուս։

Յաւիտենական կեանքն ու յարութիւնը աղօտ կերպով յայտնուած են Հին Կտակարանի մէջ։ Քրիստոսով էր որ բացայայտ հռչակուեցան յարութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը։ Հին ազգերու մէջ ալ անմահութեան մասին աղօտ գուշակութիւններ եղած են, բայց չկար մշտական ազնուացուցիչ համոզում, ճշմարիտ լոյս։ Հեթանոս փիլիսոփաները անմահութիւնը համարելով բոլորովին անստոյգ, մերժեցին զայն առ հասարակ. ո՛չ մէկ հեթանոս ընդունած էր մարմնոյ յարութեան վարդապետութիւնը, մինչեւ այն ատեն՝ երբ հռչակուեցաւ Աւետարանի վարդապետութիւնը։ Քրիստոս խափանեց մահը ոչ միայն իրեն համար, այլ եւ անոնց համար, որոնք իրեն կը հաւատան՝ իրենն են։ Ով որ հաւատայ Քրիստոսի, չի մեռնիր, այլ՝ կը ննջէ միայն եւ այդ քունին պիտի յաջորդէ օրհնեալ եւ փառաւոր զարթնում մը։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Քրիստոս իր յարութենէն առաջ ու յարութենէն վերջ, շատ լաւ ներկայացուցած է անմահութինը, դնելով հաւատք մը, ակնկալիք մը մարդկային սրտին խորը։ Հաւատքը քրիստոնեային սրտին ամենէն նուիրական, ամենէն սուրբ գանձն է։ Հանեցէք այդ հաւատքը քրիստոնեային սրտին խորէն, հանեցէք յարութեան հաւատքը, ոչինչ կը մնայ այլեւս, եւ Աւետարանի բովանդակ վարդապետութիւնը կը ցնդի, ալ ամէն ինչ յուսահատութիւն, յոռետեսութիւն, կեանքի քայքայում ու յաւիտենական մահ է։ Ան որ հաւատք չունի Քրիստոսի յարութեան, չի կրնար հաւատալ Աւետարանին, այնպիսին քրիստոնեայ ըլլալէ կը դադրի, այնպիսին մեռեալ մըն է, եւ չի կրնար վերակենդանանալ Քրիստոսով «զի թէ ոչ հաւատացէք թէ ես եմ, մեռանիցիք ի մեղս ձեր»։ Հաւատքին տեղ կարելի չէ համարժէք բան մը դնել, ո՛չ յոյսը , ո՛չ բարոյականը, եւ  ո՛չ փիլիսոփայութիւնը։

Եթէ Քրիստոս դեռ գերեզմանի մէջ է իբեւ մահկանացու հասարակ մարդ մը, Փրկիչ ըլլալէ դադրած է, եթէ Քրիստոս չէ յարուցեալ, հովին տուէք քրիստոնէութիւնն ալ, Քրիստոսի անունն ալ, գործն ալ, հաւատքն ալ։ Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ, «Եթէ Քրիստոս չիցէ յարուցեալ, ունայն է հաւատք ձեր, ընդունայն են քարոզութիւնք մեր»։

Ուրեմն բոլոր աշխարհին հռչակենք, թէ, Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ Հաստատապէս համոզուած ըլլանք, թէ Յիսուս Քրիստոս ջախջախած է մահուան շղթաները, խափանած է զայն, փարատած է գերեզմանի վրայ թանձրացած մշուշը իր յարութեամբը, ու բարձրացած է դէպի յերկինս, լուսաւորելով կեանքը ու անմահութիւնը։

Օրհնեալ ըլլայ իր յարութիւնը։ Ամէն

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք ու կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական Մարմնի, Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներու վերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, Ստանպուլի, Գաւառի եւ Կրետէի համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Զատկուան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Ս. Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Կեդրոնական, Էսաեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/պատրիարքական-ընդհանուր-փոխանորդ-սրբ-40/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın