Ս.Յարութեան, Ս.Զատկի Տօնի նախորդող շաբաթը կը կոչենք “Աւագ Շաբաթ”: Այսինքն ,Մեծ Շաբաթե, Աւագ կամ Մեծ կոչուելու պատճառն այն է որ, ան մեզի կ’աւանդէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի ամենակարեւոր շրջանը, վերջին եօթը օրերու ուսուցումները, թելադրանքները, չարչարանքները, մահը եւ յարութիւնը:
Աւագ Շաբաթը կ’սկսի Ծաղկազարդի կիրակիով, այս շաբաթուայ եօթը օրին իւրաքանչիւր օրը եւս կը կրէ աւագ անունը ու իր այլաբանական խորհուրդը ունի:
Աւագ շաբաթը կը խորհուրդանշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերի տնօրինութիւնները։
“Աւագ Շաբաթ” էն ներս մուտք կը գործենք աղօթքներու խորհուրդով, մեր հոգեկան աշխարհով ու ապրումներով մասնակից կը դառնանք, մեր Տիրօջ երկրային կեանքի վերջին խորհրդաւոր իրադարձութիւններուն, մեր Փրկչի կրած չարչարանքներուն, խաչելութեան ու մահուան, նաեւ սքանչելագործ յարութեան, որով մարդկութեն շնորհուեցաւ յարուցեալ կեանք երկրի վրայ եւ յաւիտենական կեանք երկրային արքայութեան մէջ:
Աւագ Շաբթուայ առաջին օրը,<<Աւագ Երկուշաբթի>> օրով մեր առջեւ կը բացուի Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները եւ զայն դէպի մահ ու յարութիւն տանող խորհուրդասքանչ դէպքերու շաբաթը։ Մենք Քրիստոնեաներ խաչակնքելով կը մտնենք եօթը օրերու մեծ խորհուդներէն ներս: Աւագ երկուշաբթիով մենք նախ կը սորվինք որ, հաւատքը հրաշագործ է, հաւատացեալ ըլլալ եւ չի հաւատալ հաւատքի հրաշագործութեան, ոչինչ կը նշանակէ: Ինչպէս՞ որ, Յիսուս կ՚ըսէ.”Եթէ՚ կը հաւատաս, լեռն իսկ կրնաս տեղէն շարժել:
Աւագ Երկուշաբթի օրը մենք կը մտաբերենք <<Անպտուղ Թզենի>>ի չորնալու դեպքը, երբ Յիսուս անեծքով չորցուց անպտուղ թզենին եւ <<Երուսաղեմի Տաճառի մաքրագործումը>>:
Աւագ Երկուշաբթի օրը արարչագործութեան յիշատակի, անպտուղ թզենիի անիծման եւ նաեւ տաճարը վաճառորդներէ մաքրելու օրն է: Անպտուղ Թզենիի օրինակին մէջ, պտուղը, այլաբանօրէն կը խորհուրդանշէ, մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւններն, որոնցմէ զուրկ մարդը կը պատժուի: Տաճարի մաքրագործումը կատարուեցաւ ի խնդիր հաւատքի մաքրութեան:
Յիսուս Երուսաղէմ վերդարձի ճամբուն վրայ կ՚անօթենայ եւ կը տեսնէ թզենի մը որուն վրայ պտուղ չի կար, Յիսուս կ՚անիծէ թզենին ու նոյն պահուն կը չորնայ թզենին: Հոս պտուղը կը խորհրդանշէ մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւնները, որոնցմէ զուրկ մարդ կը պատժուի թզեննի օրինակով:
Երբ Յիսուս Երուսողէմի Տաճառ կը մտնէ, կը տեսնէ վաճառորոդեր, որոնք տաճառին մէջ առեւտուր կ՚ընեն: Յիսուս անոնց կ՚ըսէ.՛՛Իմ տունը, աղօթքի տուն է, դուք զայն, աւազակներու տեղ դարձուցած էք՛՛: Աստուծոյ Տաճառը աղօթքի եւ պաշտամունքի տուն է եւ կարելի չէ ան առքուվաճառքի տեղ դարձնել:
Այս արարքով Տէրը մեզի կը սորվեցնէ սրբութիւններու հանդէպ պատշած վերաբերմունք ցուցաբերել:
Այսօր մենք, մեր արդի գիտութիւններով ու մտածելակերպերով զօրացած կրնանք հասկնալ եւ որպէս քրիստոնեայ պէտք է որ հասկնանք թէ՚, ինչպիսի՞ պատգամներ կան այդ թզենիի հրաշքին մէջ:
Յիսուս հրաշքներ գործելով հիւանդները բուժելու ատեն հիւանդի մը ըսած էր, “Քու հաւատքդ է որ, պիտի բժշկէ քեզ”: Այսօր արդիկան բժշկագիտութեան պայմաններու եւ միջոցներու մէջ հիւանդ մը կրնայ աշխարհի ամէնէն զօրաւոր դէղը գործածել, կրնայ աշխարհի ամէնէն հանճարեղ բժիշկը ունենալ, սակայն, եթէ՛ չի հաւատար որ, ինք, իր հիւանդութիւնը պարտութեան պիտի մատնէ, այդ զօրաւոր դեղը ու հանճարեղ բժիշկը իսկ իրեն օգնական չեն կրնար ըլլալ։ Այսինքն պիտի հաւատաս հաւատքի հրաշագործութեան ու կամքի ուժին։
Տոքթ.Սարգիս Ատամ
Խմբագրությունը: Անուշ Գարմէն Սար
İlk yorum yapan siz olun