İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ եւ ԴԻՑՈՒՀԻ ԱՆԱՀԻՏ

Հայերու համար “Մայրը” միշտ սուրբ եղած է։ Հայրենիքը կը կոչենք ՛՛Մայր Հայրենիք՛՛, մեր եկեղեցին կը կոչենք ՛՛Մայր Եկեղեցի՛՛, մեր լեզուն կը կոչենք ՛՛Մայր Լեզու՛՛ եւ պետականութեան կեդրոն քաղաքը կը կոչենք ՛՛Մայրաքաղաք՛՛: Հայ կեանքի մէջ “Մայր” բառը կը խորհրդանշէ ՛՛Սրբութիւն՛՛, ՛՛Ջերմութիւն՛՛, ՛՛Գութ” եւ “Սէր՛՛:
Հեթանոսական շրջանին հայոց ամենամեծ ու ամենազօրաւոր չաստուածը Արամազդն էր, որուն դուստրը Անահիտը եղած է։ Նախաքրիստոնէական շրջանի հայ ժաղովուրդի չաստուածուհին կը պաշտուէր որպէս ՛՛Մայրութեան չաստուածուհի՛՛:
Այդ շրջանին Ապրիլ 7-ի օրը, մեծ ուախութեամբ ,աղօթով, երգերով ու խնջոյքներեվ կը նշուէր որպէս ՛՛Անահիտ Չաստուածուհիի Տօնի Օր”։ Անահիտ դիցուհիի տօնը, որ կը կապուէր բերքի հասունացման հետ։ Տօնախմբութիւնները կը վերածուէին պտղաբերութեան տօնի, որի ժամանակ բազմաթիւ ուխտաւորներ կը հաւաքուէին Անահիտին նուիրուած մեհեաններեւ շուրջը։

Քրիստոնէութեան հաստատումէն յետոյ Անահիտի պաշտամունքը վերածուեցաւ “Մայրերու Օր” եւ դարձաւ Մարիամ Աստուածածնի ՛՛Աւետման Տօն՛՛։
Հեթանոսական շրջանի հայոց Անահիտ չաստուածուհին կը համապատասխանէ Պարսիկ ՛՛Անահիտա՛՛, Յունական ՛՛Արտէմիս՛՛ եւ Հռոմէական ՛՛Տիանա՛՛ի չաստուածուհիներու հետ Դիցուհի Անահիտի պաշտամունքը Հայաստանի մէջ հաստատուած է Պարսկական Աքեմենեան ժամանակներէն և սերտորեն կապուէր է, մայր ծնողի հանդէպ յարգանքին։ Հին շրջանին եղեր է նաև հայկական դիցարանի ռազմի աստուածուհին։
Անահիտը, Հայաստանի մէջ կը համարուէր խոհեմութեան ու պարկեշտութեան մայրը, մարդ սնուցող, ապրեցնող ու փառաւորող աստուածուհի: Հայ ժողովուրդը հեթանոսական շրջանին Անահիտ դիցուհիի համար կառուցած է բազմաթիւ հեթանոսական տաճառներ ու ուխտատեղիներ, որոնցմէ մին ալ կը գտնուի Թուրքիոյ Երզնկա -Էրզինճան- քաղաքի մէջ, որը այսօր տեղւոյն ժողովուրդի կողմէ կը ներկայացուի որպէս ոչ թէ հայկական, այլ Հելլանական մշակոյթի նմոյշ եւ Յունական-հռոմէական տաճառ:
Տքթ.Սարգիս Ատամ

խմբագրությունը: Անուշ Գարմէն Սար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın