İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ծաղկազարդի Հայ Ժողովրդական Սովորութիւններ

Ծաղկազարդ անունով կը նշուի Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան տօնը, որ Սուրբ Յարութեան Տօնէն -Զատկէն- շաբաթ մը առաջ կը կատարուի: Տօնին հանդիսութիւնները հնագոյն արմատներ ունին եւ ըստ մասնագէտներու համաձայն, Ծաղկազարդի Տօնը եւս հայոց հին հեթանոսական շրջանի տօներէն է:
Սակայն, Քրիստոնէութեան հռչակումէն յետոյ այս տօնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մտնելու տօնին հետ նոյնացած է։ Հայ ժողովուրդը դարեր Ծաղկազարդի Տօնը կը յիշատակէ եկեղեցական արարողութիւններով եւ տօնի առթիւ իր աւանդական սովորութիւնները պահպանած է։
Սակայն 19-րդ դարու վերջերէն սկսեալ հայ ժողովուրդի աւանադական որոշ սովորոյթները, ինչպէս տօնի առթիւ փեսային ընտանիքէն հարսնցուին ընտանիքին նուէր ուղարկել, ուխտագնացութիւն, պարտիզագնացութիւն։ Հանրային տօնախմբութիւնները զանազան պատճառներու բերմամբ աստիճանաբար, այժէականութիւնը կորսնցնելով դուրս մնացած են հայ կեանքէն:
Ծաղկազարդի Կիրակիի երեկոյեան ժամերգութեան <<Դռնբացէք>> արարողութիւնը կը կատարուի, եկեղեցական խորհրդաւոր ծիսակարգով ժողովուրդի խուռն ներկայութեամբ: Պատարագիչ հոգեւորոականը, սարկաւագները, դպիրները եւ ուխտաւորներու խումբը եկեղեցիէն դուրս կ՛ելլեն եւ դուռը կը գոցուի: Պատարագիչ քահանան գաւազանով դուռը կը զարնէ։
Սարկաւագներու, դպիրները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար կ՛երգեն << Բաց մեզ Տէր զդուռն ողորմութեան>> շարականը, քահանան երեք անգամ դուռը կը զարնէ։ Ապա եկեղեցիի դուռը ներսէն բանալիով դուռը կը բացուի։ Քահանան, դասը եւ ժողովուրդի թափօրը հանդիսաւորապէս մուտք կը գործեն եկեղեցի, շարականներ երգելով:
Այս իրիկուն բոլոր աղջիկները եկեղեցի կ՚երթան, հաւատալով որ իրենց ,բախտի դուռըե պիտի բացուի: Մայրեր իրենց աղջիկներուն կ՚ըսեն. ,Աղջիկս, այսօր ժամ գնայ, որ բախտդ բացուիե: Նաեւ չխօսող երեխաները այսօր եկեղեցի կը տանին, քահանան դռնբացէքի բանալիով ,կը բանայե չխօսկան մանուկներուն բերանը:

 

Տքթ.Սարգիս Ատամ
Ակ: Ժողովրդական Սովորութիւններ-Յուշամատեան-

խմբագրությունը: Անուշ Գարմէն Սար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın