Լուսինէ Աբրահամեան
Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը վերջերս վերադարձած է Հարաւային Ամերիկա կատարած շրջագայութենէն, որուն ընթացքին ունեցած է ո՛չ միայն համերգներ, այլեւ տարբեր հանդիպումներ ու այցելութիւններ: Այս առիթով կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը սիրուած երգչուհիին հետ:
– Սիրելի՛ Սիպիլ, վերջերս վերադարձած ես Հարաւային Ամերիկայէն: Այցելած ես Արժանթին, Պրազիլ, Ուրուկուէյ: Իւրաքանչիւր երկիր ի՞նչ նպատակով գացած էիր, ի՞նչ համերգներ ունեցար:
-Պրազիլ այցելութիւնս փառատօնին մասնակցելու նպատակով էր: Մարտ 2-ին Սան Փաուլօ քաղաքի «Rosas de Ouro» («Ոսկէ վարդեր») սամպայի դպրոցը Պրազիլի ազգային փառատօնին ներկայացաւ Հայաստանին նուիրուած ծրագիրով, որ կը կոչուէր «Կեցցէ, Հայաստան»: Ես մաս կազմեցի Շառլ Ազնաւուրին եւ Արամ Խաչատրեանին ձօնուած շքեղ զարդարուած կառքին:
Մէկ շաբաթ յետոյ մեկնեցայ Արժանթին: Առաջին համերգս տեղի ունեցաւ մարտ 13-ին` Քորթոպայի մէջ: Համերգին քանի մը կատարումներով ինծի միացան «Գուսան» նուագախումբը եւ «Արարատ», «Սասուն» պարախումբերը: Մարտ 15-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ կայացած համերգին ժամանակ ինծի ընկերակցեցան «Նայիրի» պարախումբը:
Այնուհետեւ մեկնեցայ Ուրուկուէյ, ուր մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ մարտ 19-ին մասնակցեցայ «Ռատիօ Արաքս»-ի 12-ամեակին նուիրուած համերգին, որ ամբողջութեամբ կենդանի նուագակցութեամբ էր: Ինծի միացած էին նաեւ Ալվարօ Յակոբեանի ղեկավարած նուագախումբը, «Կռունկ» երգչախումբը, Պուէնոս Այրէսէն ժամանած պարուհի Տեփորա Պալայեանը եւ երգչուհի Նեկտարը:
Հարաւային Ամերիկա այցելութիւնս միայն համերգային ծրագիրով չսահմանափակուեցաւ, շարք մը հանդիպումներ ունեցայ:
Ուրուկուէյի մէջ հիւրընկալուեցայ հեռուստատեսութիւններուն, ռատիօհաղորդումներուն, այցելեցի հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ, դասախօսութիւն ունեցայ Մոնթեվիտէոյի հայերուն համար եւ այլն: Ինծի ընդունեց նաեւ Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիամ Քեշիշեան:
Շատ արդիւնաւէտ էր Պուէնոս Այրէսի Վինսէնթէ Լոփես քաղաքի քաղաքապետարանի կանանց կեդրոն, համալսարան եւ շատ այլ վայրեր այցելութիւնները: Այդ այցերուն շնորհիւ համերգին շատ այլազգիներ ներկայ գտնուեցան, որ ինծի մեծ ուրախութիւն պատճառեց:
– ի՞նչ տպաւորութիւններով վերադարձած ես:
– Անկեղծօրէն պիտի նշեմ, որ սպասուածէն շատ աւելի լաւ տպաւորութիւններով վերադարձած եմ: Հարաւային Ամերիկայի մէջ համերգ կազմակերպելը հեշտ չէ` յատկապէս փառատօնի շրջանին, երբ մարդիկ միայն այդ ձեռնարկին մասին կը մտածեն:
Բայց կազմակերպուածութեան շնորհիւ համերգներն անցան մարդաշատ դահլիճներու մէջ: Բոլոր քաղաքներուն մէջ ալ հանդիսատեսին կողմէ ջերմութեամբ շրջապատուած էի: Վստահ կրնամ ըսել` անմոռանալի համերգային շրջագայութիւն մը ունեցայ:
Այս առիթով շնորհակալութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր կազմակերպիչներուն` ցուցաբերած հոգատարութեան եւ նուիրուած աշխատանքի համար, որուն շնորհիւ իրականութիւն դարձան համերգները:
– Սիրելի՛ Սիպիլ, կը ցանկայի, որ խօսէիր Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հայկական համայնքներուն մասին: Ին՞չ դժուարութիւններ կը յաղթահարեն հայ մնալու համար, ինչը անոնց կը միաւորէ թէ՛ համայնքի, թէ՛ Հայաստանի շուրջ: Կարծիքովդ, ի՞նչ պէտք է, որ անոնք չկորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը եւ կապը Հայաստանի հետ:
– Պրազիլի, Արժանթինի եւ Ուրուկուէի մէջ բաւականին հայեր կ՛ապրին: Հանդիպումներուն ժամանակ անոնք ինծի կը պատմէին իրենց արմատներուն մասին: Անոնց մէջ շատ էին Ատանայէն, Մարաշէն, Սվազէն, Վանէն, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսէն եկածները: Ինծի համար այնչափ յուզիչ էր անոնց հետ ծանօթանալը:
Սփիւռքի մէջ, ինչպէս գիտէք, ամենամեծ խնդիրը Մայրենիի պահպանումն է: Դժբախտաբար, նկատեցի, որ նոր սերունդը հայերէն խօսելու դժուարութիւններ ունի: Բայց, այնուամենայնիւ, շատ համախմբուած են Հայրենիքի, հայ ժողովուրդի եւ մշակոյթի շուրջ: Քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու համար կան եկեղեցիներ, Եռագոյնը ծածանող հայկական դպրոցներ, միութիւններ, երգչախումբեր, պարախումբեր եւ այլ կազմակերպութիւններ: Այդ ամէնը տեսնելը շատ յուզիչ էր ու գնահատելի:
Որքան ալ Մայրենին չտիրապետող երիտասարդներ կան, միեւնոյն ժամանակ ընտանիքներու, հայկական վարժարաններու եւ ուսուցիչներու, ամառնային արձակուրդներուն Հայաստան այցելելու շնորհիւ հայերէն շատ վարժ իմացող երիտասարդներ կան:
Հարաւային Ամերիկայի մեր հայրենակիցներու ջանքերուն շնորհիւ այնտեղ զգացի հայու ոգին եւ հպարտութեամբ լեցուեցայ:
Շատ զարմացայ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեսնելով, թէ ինչպէս հայ երիտասարդները շաբթուան վերջը հայկական ճաշարաններու մէջ աւանդական ուտեստներ կը պատրաստեն եւ կը վաճառեն, որմէ գոյացած գումարով ինքնաթիռի տոմս կը գնեն եւ ամառը Հայաստան կու գան: Սա մեծ գովասանքի արժանի նախաձեռնութիւն է:
Առհասարակ, կը կարծեմ` իրենց ինքնութիւնը, Մայրենին չկորսնցնելու համար աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներն ամէն տարի պէտք է գան Հայաստան, լեզուն զարգացնելու, Հայրենիքին մօտէն ծանօթանալու համար: Այս առումով շատ կարեւոր է Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» («Քայլ դէպի տուն») ծրագիրը, որ պէտք է շարունակուի:
– Հարաւային ամերիկայէն վերադառնալէ ետք նաեւ Ֆրանսայի մէջ համերգ ունեցար:Կը պատմես, թէ ինչ համերգ է՞ր, ովքեր էին կազմակերպիչները եւ ի՞նչ նպատակով կազմակերպուած էր համերգը՞:
– Ֆրանսայի մէջ կայացած համերգը նախաձեռնած էր «Ֆրանս-Ջաւախք»-ը: Այս կազմակերպութիւնն ամէն տարի տարբեր ձեռանարկներ կը կազմակերպէ, եւ հանգանակուած գումարները կ՛ուղղէ ջաւախահայերու խնդիրները լուծելուն: Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ ես նոյնպէս կրցայ իմ համեստ ներդրումն ունենալ այս գործին մէջ եւ ծանօթանալ կազմակերպիչներուն հետ, որոնք շատ օգտակար գործ կը կատարեն: Յանձնախումբի անդամներուն հետ շուրջ մէկ շաբաթ շփուելով` շատ յուզուեցայ, հպարտացայ անոնց կատարած աշխատանքով:
– Յառաջիկային ինչ ծրագիրներ ունի՞ս:
– Շուրջ երկուքուկէս ամիս տունէն հեռու կը գտնուէի: Արդէն վերադարձած եմ Պոլիս եւ կը մտածեմ յետագայ ծրագիրներու եւ ընելիքներու շուրջ: Շուտով պէտք է Հայաստան այցելեմ, քանի որ շատ կարօտցած եմ: Այն կարծես կրկին ինծի կը կանչէ:
İlk yorum yapan siz olun