Լրագրող Ալթան Սանճար եւ Սերհատ Թեմել լծուած են Տիարպէքիրի Էյիլ քաղաքի բնակիչ մահմետականացուած հայերու մասին վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու գործին։ Նկարահանումները կը կատարէ դարձեալ լրագրող մը՝ Սերթաչ Քայար։ «Պահուած Խաչը» խորագրեալ ֆիլմը յետ եղեռնեան տարիներուն Էյիլ գաւառի կրօնափոխ եղած հայերու ինքնութեան խնդիրներու մասին է։ Զրուցեցինք ֆիլմի հեղինակ Ալթան Սանճարի հետ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ինչպէ՞ս յայտնաբերեցիք Էյիլի կրօնափոխ հայերը։
Իրականութեան մէջ այստեղ պատմուածը մեր ընտանիքի պատմութիւնն է։ Թէ հօրենական եւ թէ մօրենական կողմէ ընտանիքիս մէջ կրօնափոխ հայեր կան։ Մենք այս պատումներով է, որ մեծցանք։ Մանկութեան տարիներէ ի վեր սովոր ենք մեզի դէմ իբրեւ անարգանք «էրմէնի» բառի գործածութեան։ Հազիւ որոշ տարիքի մը ու գիտակցութեան հասնելէ ետք է, որ կրցանք հայ ազգը ճանչնալ, հայոց ազգային եւ կրօնական խորհրդանիշներու հետ հաղորդուիլ։ Անցեալին թէեւ պահուած էին կարգ մը հայերէն բառեր, բայց այդքանը բաւարար չէր հայու ինքնութեան գիտակցելու համար։
Ե՞րբ ծագեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը նկարելու գաղափարը։
Ընտանիքի մէջ տարեցներու հետ զրուցելու ընթացքին բջջային հեռախօսի տեսախցիկի միջոցաւ սկսած էի նկարահանումներ հաւաքելու։ Ապա իմ վրայ պատասխանատուութիւն զգացի այդ նիւթերը ապագային փոխանցելու համար։ Լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է այս մէկը, քանի որ 1915 թուականի անցուդարձները այս երկրի կարեւորագոյն թապուն կը կազմեն։ Հաւատացած եմ, որ ամէն ինչ սկսաւ 1915-ով։ Ոմանք կը խուսափին այդ կատարուածները ցեղասպանութիւն կոչելէ։ Բայց եթէ անունը ճիշդ չնշենք, չենք կրնար առերեսուիլ։ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը հաստատելու համար պարտաւոր ենք անցեալը տեսնելու։ Առանց այդ առերեսման չի պիտի յաջողինք Հրանդ Տինքի պատմածներուն գիտակցելու։ Առերեսուելու համար իրողութեան հետ համերաշխ ըլլալու ենք, այլ ոչ թէ մոռանալու։ Մեր միակ նպատակն է այս տեսակի առերեսումի մը առիթ ընծայել։ Ինքնաքննադատութիւն մը զարգացնել 1915-ի մասին։ Այս դրդումներով ճամբայ ելանք։
Կրօնափոխ հայերը ընդհանրապէս կը խուսափին իրենց ինքնութիւնը պարզելէ։ Ինչպէ՞ս յաջողեցաք զիրենք համոզելու։
Թուրքիոյ մէջ կրօնափոխ հայերը եթէ ոչ առերեսուելու, բայց գոնէ հասած են խօսելու հանգրուանին։ Տակաւին կը տիրէ այնպիսի ընկալում մը, իբրեւ թէ դարեր շարունակ իրենց կրօնքով ապրած հայերը յանկարծակի որոշումով մը իսլամադաւան դարձած են։ Մենք վայելեցինք «ներսէն» ըլլալու առաւելութիւնը։ Եթէ ներսէն ես, մարդիկ աւելի դիւրին կը պատմեն իրենց մասին։ Սակայն կար նաեւ «դուրսէն» գործօն մը։ Մեզի հետ հանգիստ խօսողները տեսախցիկի դիմաց ինքնաբերաբար տարբեր նախադասութիւններ կը կազմէին։ Սակայն մենք այս երեւոյթը նկատելով հանդերձ չուզեցինք տեսագրութիւնը ընդհատել եւ շարունակեցինք բարեկամական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ։
Այդպէս ըլլալով հանդերձ մեր դիմումները մերժողներ, իրենց ինքնութիւնը ուրացողներու ալ հանդիպեցանք։ Խօսակիցները համոզելու համար կը ստիպուէինք երաշխաւորել, որ այս արտայայտութիւններու պատճառաւ իրենց գլխուն փորձանք մը պիտի չի գայ։
Տիարպէքիր վերջերս պաշարման տակ կը գտնուի։ Ի՞նչ տեսակ դժուարութիւններ ապրեցաք նկարահանումներու ժամանակ։
Որոշ գաղտնապահութիւն որդեգրեցինք։ Մեզի յաճախ հարց կու տային, թէ ինչու համար չենք հրապարակեր մեր աշխատութիւնը։ Կը խուսափէինք որոշ արգելքներու մատնուելէ։ Կարելի եղածին չափ անձայն անշշուկ յառաջացանք։ Նկարահանումները ընդհանրապէս օտար աչքերէ հեռու կը կատարէինք։ Կամ տուներու մէջ, կամ ալ անմարդաբնակ վայրերու վրայ կը կատարէինք մեր զրոյցները։ Ի դէմ մեր զգուշութեան, շշուկը կը տարածուէր քաղաքին մէջ։ Քանի մը անգամ ստուգման կէտերու վրայ ենթարկուեցանք հարցաքննութեան։ Տեսախցիկները կասկած կը յառաջացնէին։ Բարեբախտաբար մեր լրագրողի ինքնութիւնը փրկարար դեր ունեցաւ զիրենք համոզելու համար։ Տակաւին ունէինք արտաքին նկարահանումներ։ կ՚ուզէինք Էյիլի աշխարհագրութիւնը ցոլացնելու համար տրոնի միջոցաւ նկարահանում կատարել։ Մենք չկարողացանք, բայց բարեկամ մը ստանձնեց մեր բացակայութեան պայմաններուն տակ այդ նկարահանումները ընել եւ մեզի առաքելու կարեւոր գործը։ Իւրաքանչիւր օր, որ նկարահանումներ ըրած ենք, օրուայ աւարտին քանի մը օրինակներով կը բազմացնէինք, որպէսզի յանկարծ եթէ մեզմէ մէկուն քով գտնուած տեսանիւթերը գրաւուի, կարենանք շարունակել միւս օրինակներով։
Զօրակցութեան արշաւ մը կազմակերպած էք։
Քիչ առաջ նշեցի գաղտնապահութեան մասին։ Սկզբի հանգրուանին ծախսերը ապահովեցինք մեր սեփական միջոցներով։ Բայց երբ նկարահանումներէն ետք կարգը եկաւ սեղանի վրայ թեխնիքական աշխատանքի, ծախսերը գերազանցեցին մեր քսակները։ Այդ ընթացքին համացանցի միջոցաւ զօրակոչ մը յայտարարեցինք։ Թէ հայհոյանքներ տեղացին, թէ աջակցութիւններ։ Ձեր միջոցով կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին մեր գործին։ Ոմանք չէին կրցած նիւթական աջակցութիւն բերել, բայց իրենց խորհուրդներով եւ տեղեկութիւններով նոր հորիզոններ բացին։ Այդ բոլորը մեզի համար նոր մարտահրաւէրներ ալ դարձան։ 1915-ը աւելի ընդարձակ տեսանկիւնով մը փոխանցող աշխատանքի համար առաջին բանակցութիւնները ընել սկսանք։ Կ՚ուզեմ իմացնել, թէ այս առումով ամէն տեսակի գիտելիքի, փաստաթուղթի, համագործակցութեան առաջարկներու պատրաստ ենք։
Ֆիլմը ինչպէ՞ս պիտի կրնանք դիտել։
Այժմ կը յառաջանայ մոնթաժի աշխատութիւնը։ Թեխնիքական գործերու աւարտին մտադիր ենք ֆիլմը կարգ մը կինօ-փառատօներուն ուղղարկելու։ Անոնցմէ ոմանք նախապայման կը դնեն նախապէս ցուցադրուած չըլլալը։ Այս ալ արգելք պիտի հանդիսանայ ֆիլմին հանդիսատեսի հետ աւելի ուշ հանդիպելուն։ Բայց փառատօներու ցուցադրութեան հանգրուանը անցնելէ անմիջապէս ետք անգլերէն, հայերէն եւ կարգ մը բաժիններու մէջ ալ թրքերէն ներքնագիրով պիտի մատուցենք համացանցի միջոցաւ։ Սկսելով Էյիլ, Տիարպէքիր, Իսթանպուլ եւ Անգարայէ, զանազան քաղաքներու մէջ ցուցադրութիւններ պիտի կայանան։
http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/22290/mahmyedaganatsadz-hahyeru-masin-vawyerakragan
İlk yorum yapan siz olun