İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Միթէ,Պատրիարքական ԸնտրուԹեան Համար Սուգի 40 Օր Սպասելը Պարտադրութիւն Մըն ՞

Գաղտնիք մը չէ որ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը շատ երկար տարիներէ ի վեր չունի պաշտօնական կարգավիճակ ու գրաւոր կանոնադրութիւն մը, կը կառավարուի անգիր կանոններով,հաստատգիրերով ,վաւերագիրերով  Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններու գիծի հաւատարիմ մնալով:

Խոր վիշտի ցաւ մըն էր,Թուրքիոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Ամենապատիւ  Տ.Մեսրոպ Արք.Մութաֆեանի վախճանումը:Անտարակոյս ,անոր վախճանումը մեծ կորուստ մըն է,Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի համար:Ան դժուարին ու դաժան քաղաքական  պայմաններու տակ իմաստութեամբ եւ խոր նուիրումով քրիստոնէական ճշգրիտ հաւատքով ծառայեց իր ժողովուրդին :Ոչ միայն որպէս, հոգեւորոկան ու հովապետ ,այեւ որպէս հեղինակաւոր ,բարենորոգասէր, եւ յառաջադիմական անձնաւորութիւն  ու լուսամիտ մտաւորական մը, սիրուած էր շատերու կողմէ:Այժմ  Թուրքիոյ պատրիարքութեան Աթոռը թափուր է, եւ ներկայ պահուս դրութեամբ Աթոռի միակ օրինական մարմինն է Կրօնական Ժողովը:

Կրօնական ժողովը առաջին հերթին պէտք է որոշէ ,Աթոռի  85-րդ գահակալի ընտրութեան սկիզբ տալ եւ մինչեւ ընտրութեան պէտք է  ընտրել տեղապահ մը:

Թէեւ  համայնքի մէջ ընդհանուր  համաձայնութիւն մը կայ որ, Աթոռի 85-րդ  գահակալի ընտրական  գործընթացը, հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման յաջորդած ներկայ քառասունօրեայ սուգի ժամանակաշրջանի աւարտին պիտի սկսի,սակայն ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեան ,նոր Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի սկսելու համար արդեօք քառասուն օր սպասելու պարտադրութիւն մը կայ,թէ՛ ոչ՞: Եթէ կայ , ինչու՞ ,Աթոռի 82- գահակալ Շնորհք Պատրիարքի եւ 83-րդ գահակալ Գազանճեան Պատրիարքի  վախճանումէն ետք չ՛կիրակուեցաւ՞, հոս ի հարկ է նշել թէ, Շնորհք Պատրիարք վախճանեցաւ 1990 ի Մարտին ,անոր յաջորդին ընտրութեան գործընթաց սկսաւ Ապրիլ 1990-ին ,իսկ Գազանճեան Պատրիարքը վախճանեցաւ 10 Մարտ 1998- ին ,անոր յաջորդին ընտրական գործընթացը սկսաւ   21 Մարտ 1998- ին, հետեւաբար սուգի ժամանակաշրջանը , Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրական գործընթացին սկզիբ տալու առուամով արգելք մը չի հանդիսանար,արդեօք՞, ուրիշ արգելքներ կան:

Արդեօք՞ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրական գործընթացը հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման եօթնօրէնքի աւարտին կարելի  չէր սկիզբ տալ:

Տքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın