İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԲՐՇ. ՍԵԴՐԱՔ ՍՐԿ. ՏԱՎՈՒԹՀԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

(ԿԱՐԴԱՑՈՒԱԾ՝ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
(Գումգաբը, 17 Մարտ 2019))

Սիրելի սգակից եղբայրներ եւ քոյրեր,

Օրհասական ժամն է ահաւասիկ։ Խաղաղութեան ծոցը հասաւ հոգին՝ Թրքահայութեան անզուգական հոգեւոր պետ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբա¬զան Պատրիարքի։ Լռեց Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաղաղակ բերանը։ Դառն կսկիծ ու խռովք յառաջացուցած էր անոր անդարմանելի հիւանդութիւնը, որ շուրջ տասը տարիներ առաջ անձայնութեան մատնած, խլած ու ամլացու¬ցած էր անոր իմացականութիւնը։ Հակառակ անշրջելի իրականութեան, հազարներ չկրցին ընդունիլ պարզուած տեսարանը ու հաշտուիլ անոր հետ։ Այդ ցաւալի տեսարանը վայրագօրէն եկած կանգնած էր հասարակութեան առջեւ։


Մեր սիրելի Հոգեւոր Պետը, որ թէ՛ որպէս վարդապետ՝ իր տեսչական շրջանին եւ որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական պատմական Աթոռի 84րդ գահակալ ընտրուե¬լէ ետք, երբ կը կատարէր իր երդումը իշխանական գաւազանի տուու¬չու¬թեան ընթացքին կ՚ուխտէր ամէն բանէ գերադաս պահել իր ազգին, ժո-ղո¬վուրդին ու բարենպատակ հաստատութիւններուն շահն ու իրաւունք¬ները, նկատի ունենալով երկրի օրէնքներն ու բարձրագոյն շահերը։


Իր գահակալութեան շրջանին էր, որ Պատրիարքարանը գործեց որպէս արդի կազմակերպեալ հաստատութիւն ու յաջս յարանուանութիւններու, դիւանագիտական կառոյցներու եւ պետական աւագանիին, վերահաս¬տատեց բարոյական հեղինակութիւնը 550 ամեայ պատմական ու նուիրապետական Պատրիարքական Աթոռին։


Այն օրերուն Աթոռոյ մամլոյ դիւանը, խորհրդականներու խումբը, իրաւական յանձնախումբը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ տրուպ անձս, տիկնանց կազմեր, մշակութային ու գեղարուեստական յանձնախումբեր եղան իրեն անմիջական գործակիցները։

Համայնքային հաստատութիւններու իրաւունքներու դէմ շարայարուած ամէն տեսակ ոտնձգութիւններու դիմաց յանդուգն կեցուածքով բազմաթիւ շփումներ ունեցաւ պետական աւագանիին հետ։ Ի նպաստ ազգին սեպհա¬կանատիրութեան իրաւունքը վերաշահելու մտօք աշխոյժ այցելութիւններ կատարեց դէպի մայրաքաղաք։ Հանդիպումներ ունեցաւ ու երկխօսութիւններ հաստատեց նախարարներու եւ տեղակալներու հետ։ Իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին իրեն կ՚ընկերա¬նա¬յին մամլոյ բանբերը եւ իրաւական յանձնախումբի անդամները։ Սէմինարներու եւ փանէլներու իրականացման համար ահագին շփումներ կատարեց ակադեմականներու, կաճառներու ու համալսարանի դասախօսներու հետ։ Այնքան աշխատեցաւ ու մեզ իրաւաբաններս խրախուսեց սահմանա-դրութեան բարեփոխեալ օրինակի մը պատրաստութեան գծով։ Ան ջանք թափեց Պատրիարքական Աթոռոյ իրաւական (de juri) կարգավիճակի հաստատման համար Մշակոյթի եւ գեղարուեստի հանդէպ իր ունեցած անկորնչելի զօրակ¬ցու¬թիւնը ի յայտ կու գար ամէնուրեք արտքաղաքի մէջ սարքուած երգչախմբային համերգներու ընթացքին։ Յանկարծ իր պատկառելի ներկայութեամբ կը գօտե¬պնդէր ու հայրական հոգածութիւնը ցոյց կու տար իր հօտի զաւակներուն՝ հարազատներուն, որոնք իրենց յագագով կը ծանօթացնէին հայ երգը, հայ մշակոյթն ու գեղարուեստը մեր հարեւաններուն։


Այս բոլոր վիթխարի իրագործումներուն շնորհիւ է որ ակնյայտնի դարձաւ թէ Հայ հասարակութիւնն ալ իր Պատրիարքական Աթոռով ու բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններով որպէս բաղկացուցիչ տարրը այս հողերուն, հակառակ ամէն տեսակ խոչընդոտներու, դարերէ ի վեր կը գոյատեւէր որպէս հպատակ նախ Օսմանական Կայսրութեան ու աւելի ետք հաւատարիմ քաղաքացի Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

Սոյն իրականութեան չհանդուրժող մոլեռանդ ցեղապաշտներ սկսան համացանցի ու այլ միջոցներով զանազան սպառնալիքներ ուղղել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին հասցէին, որոնց յառաջ բերած հոգեցնցումներն ու քանդիչ ազդեցութիւնը եկան բոյն դնել անոր այնքան մաքրամաքուր, որքան յանդուգն սրտին ու հոգւոյն վրայ։ Մինչեւ որ վատթարացուցին անոր հոգեմտաւոր աշխարհը ու զայն զգետնեցին մատնելով ամլութեան ու անգործութեան։
Այն բացառիկ ու աշխոյժ կենսունակութիւնը, որ ստեղծուած էր ժողո¬վուր¬դին լայն խաւերուն մօտ, յանկարծ դաւալագլոր անկումի ենթարկուեցաւ։


Նորին Ամենապատուութեան անողոք հիւանդութեան աւելի քան տասնամեայ տեւողութեան շրջանին մթնոլորտի փոփոխութեան պատճառաւ կարծես խաւարագոյն ամպամած երկինք մը պարզուեցաւ։


Շիջաւ իր մտային պայծառութեան օրերու երկխօսութեան ու հանդուրժողութեան վսեմ գաղափարականը, իր տեղ թողլով զգացական ու ենթակայական կարգախօսերու, նաեւ անկաշկանդ քմահաճ իրագործումներու։

Երբեք կարելի չէր անտեսել անոր ընծայած կարեւորութիւնն ու արժէքը հանդէպ Պոլսոյ Պատրիարքական Նուիրապետական պատմական Աթոռի վարչային ինքնավար հանգամանքին, որուն հանդէպ կը տածէր անվերապահ սէր, արժէք ու ակնածանք։ Այնքան, որ կարեւորեց ու լիազօր ներկայացուցիչ նշանակեց մեզ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հովանիին ներքոյ գումարուած կանոնադրութեան բազմաթիւ նիստերու։


Վստահ ենք թէ անոր ցաւատանջ հոգին պիտի երթայ ու հանգչի Երկնաւոր Հօր լուսեղէն օթեւաններուն մէջ ու արժանի պիտի ըլլայ անթառամ պսակներու։
Բարի երթ Սրբազան Պատրիարք Հայր։ Աստուած օգնական։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın