İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ կը պատրաստուէի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յօդուածիս վերջին տողերը աւարտել, Հալէպէն կը հասնէր ցաւալի լուրը։

Հալէպ գտնուող եւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ սակրաւորներէն մին կը վիրաւորուէր, կոխելէ ետք կերպընկալէ պատուած ականի մը վրայ, որուն հետեւանքով ան ծանր կերպով կը վիրաւորուէր ու հիւանդանոց կը փոխադրուէր։

Լուրը արագօրէն կը տարածուէր համացանցի ճամբով եւ արդէն պարզ կը դառնար, որ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող հայ սակրաւորի կեանքը վտանգուած չէ։

Աւելի ուշ եւ մինչեւ այս նիւթին աւարտը յստակ կը դառնար, որ բժիշկները ստիպուած եղած են հատել սակրաւորի ոտնաթաթը։

Խնդրին արագ արձագանգ կու տար Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արմէն Սարգսեան։ Ան կը խօսէր «Շանթ Նիւզ» լրատուական կայքին ու կը հաղորդէր, որ առաքելութիւն իրականացնող սակրաւորներուն գտնուած վայրը հեռու է բախման կէտերէ։ Սարգսեան նաեւ կը հաստատէր աւելի վաղ հրապարակուած տեղեկութիւնը վիրաւորուած սակրաւորին մասին, անգամ մը եւս հաստատելով, որ անոր կեանքին որեւէ վտանգ չի սպառնար։

Սուրիա եւ յատկապէս Հալէպ մարդասիրական առաքելութեան համար մեկնած սակրաւորները, իսկապէս կը կատարեն մարդկային բարձր պարտականութիւն ու տակաւին չէ բացառուած, որ մօտիկ ապագային ալ նման դէպքերու ականատես դառնանք, որովհետեւ անոնց գտնուած տեղը եղած է զինեալ բախումներու հանդիսատես վայր մը, հետեւաբար նաեւ բոլոր ամումներով վտանգաւոր։

Բոլորս կը յիշենք, թէ ինչ թէժ ու արիւնալի բախումներու ականատես դարձաւ Հալէպը. կը յիշենք նաեւ, թէ ինչ տեսակի արիւնարբու ահաբեկիչ զինեալներ պաշարած էին, հայութեան համար իւրայատուկ դիրք եւ արժէք ունեցող, նաեւ Սուրիոյ ճարտարարուեստի գլխաւոր կեդրոն հանդիսացող ու «հայկական գոյն» ունեցող Հալէպը։

Այսօր արդէն նոր փուլ է այդ քաղաքին համար։ Շատեր կը խօսին, որ արդէն մեկնարկը տրուած է Հալէպի վերականգման փուլին, սակայն գետնի վրայ երեւելի իրադրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հակառակ ռազմական գործողութիւններու աւարտին՝ քաղաքը մտած է նոր պատերազմի մը մէջ, որ կը «յատկանշուի» տնտեսական տիպի բաւական սուր խնդիրներով։

Հիմա այս բոլորէն անդին մեզմէ շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ կարիք ունի Հայաստան երկիրը նման բարդ դրութեան մը մէջ յայտնուիլ, նաեւ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնել Սուրիոյ մէջ։

Անշուշտ եթէ հարցերուն նայինք ներ-ազգային հայեացքներով, ապա մեզմէ շատ-շատեր պիտի յանգին այն եզրակացութեան, թէ Հայաստանի կառավարութեան նման նախաձեռնութեան մը մէջ յայտնուիլը, առհասարակ չի բխիր հայութեան ընդհանուր շահերէն…

Բայց եթէ խնդրին նայինք շրջանային ընդհանուր տեսարանի պատուհանէն, ապա աւելի քան յստակ պիտի դառնայ, որ վարչապետ Փաշինեանի (կամ ով ալ ըլլար գործող իշխանութիւնը կամ ղեկավարը) առած քայլը դրական քայլ է։

Նման որեւէ նախաձեռնութեան պարագային ռիսքերն ու վտանգները մեծ են, սակայն եթէ հաշուի առնենք, որ ընթացք առած նախաձեռնութիւնը մարդասիրական առաքելութիւն մըն է, ապա այդ պարագային մտավախութիւններուն մեծ տոկոսը կրնայ փարատիլ։

Անշուշտ այստեղ հարկ է հաշուի նստիլ այս նախաձեռնութեան վերաբերեալ սուրիական կողմէն լսելի դարձող գնահատականներուն հետ, որոնք ամէն պարագայի պիտի ամրացնեն երկու բարեկամ երկիրներու առկայ դրական կապերը։

Չմոռնանք, որ Սուրիոյ պատերազմի ամենէն ծանր փուլերուն Հայաստան եղաւ այն սակաւ երկիրներէն, որ հակառակ ստեղծուած պատերազմական քաոսին, երբեք չփակեց իր Դամասկոսի դեսպանատան եւ Հալէպի հիւպատոսարանի դռները, քաջ գիտակցելով, որ այդպիսի քայլ մը, ինչ տիպի ժխտական արձագանգներու կրնայ առաջնորդել, յատկապէս Սուրիա ապրիլ շարունակող հայկական համայնքի զաւակներուն կողմէ, որոնց համար դեսպանատան մը ներկայութիւնն ու գոյութիւնը ամէն բանէ աւելի բարոյական ներկայութեան մը եւ համահայկական նեցուկի մը արգասիքն էին։

Ամէն պարագայի եւ հասկնալու համար Սուրիոյ մէջ այսօր տիրող ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս արաբական շրջանակներուն մօտ Հայաստանի նախաձեռնութեան վերաբերեալ առկայ գնահատականները, կարճ զրոյց մը ունեցայ դամասկոսահայ հասարակական գործիչ Վահէ Մահշիկեանին հետ։

*

-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Հայաստանի կողմէ մարդասիրական առաքելութիւնը:

-Իրականութեան մէջ սպասելի էր եւ քիչ մը ուշ եղաւ այս քայլը: Անշուշտ շատ ճիշդ առնուած որոշում մըն է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, բայց մենք, որպէս հայ եւ սուրիացի, կ՚ակնկալենք եւ կը սպասենք աւելին:

Սուրիան եւ Հայաստան ունին փոխադարձ յարգանք իրարու հանդէպ, ունին համընկնող շահեր, հետեւաբար, պէտք է առիթէն օգտուինք: Մենք, որպէս սուրիահայեր, Սուրիան կը տեսնենք որպէս առաջին եւ կարեւոր դաշնակից՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։ Զգացական կողմէ եթէ դիտենք, կը տեսնենք, որ Սուրիան եւ սուրիացի ժողովուրդը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ հինաւուրց կապեր ունին, 4-5 հազար տարուան պատմութիւն ունինք մենք Սուրիոյ ժողովուրդին հետ:

Յետոյ չմոռնանք, որ շատ մը հարցերու մէջ Սուրիան Հայաստանին կրնայ նեցուկ կանգնիլ, նկատի ունենալով, որ ան նաւթ ունեցող, կազ ունեցող, ցանք ունեցող երկիր մըն է, ինչպէս նաեւ իր 25 միլիոն բնակչութեամբ մեծ շուկայ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար, նաեւ դուռ կը հանդիսանայ արաբական եւ իսլամական աշխարհին:

Քաղաքական գետնի վրայ շատ մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ եւ լուրջ մօտեցում պէտք է ունենայ Հայաստանը Սուրիոյ հանդէպ, նոյնիսկ ռազմավարական դաշինք կնքելու, դաշնակից ըլլալու մտադրութիւն ունենայ: Հարիւր հոգինոց մարդասիրական խումբ ուղարկելը յատկանշական քայլ մըն է, պէտք է շատ աւելին յուսանք, նոյնիսկ, ինչու չէ, Ռուսաստանի նման զինուոր ունենանք սուրիական հողերուն վրայ, թող փոխադարձ մարզումներ ըլլան՝ հայ սպաները Սուրիոյ մէջ կամ սուրիացիները Հայաստանի մէջ, թող դաշինք կնքեն եւ ուժեր զետեղուին զիրար պաշտպանելու համար։

-Արդեօք այս առաքելութիւնը որեւէ վտանգ կը սպառնա՞յ Հայաստանին:

-Երբեք, ընդհակառակն, Հայաստանը Սուրիոյ հանդէպ պէտք է դիրքորոշում ունենայ, այսինքն չէզոք չըլլայ: Մենք չէզոք երկիր չենք կրնար ըլլալ։ Վերջապէս ինչո՞ւ Հայաստանին վտանգ պիտի սպառնայ, ի՞նչ վտանգի մասին է խօսքը, երբ քաջ գիտենք, թէ Սուրիոյ դէմ, Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ ահաբեկիչներն են, որ կը կռուին եւ ոչ թէ յստակ եւ ատոր համար ալ, Հայաստանը պէտք է համագործակցի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:

-Գիտենք, որ դուք Դամասկոս կը բնակիք եւ շփում ունիք տեղական մարմիններու հետ: Ի՞նչ կը մտածեն արաբ հայրենակիցները, ինչպէ՞ս կը գնահատեն, ի՞նչ կը խօսուի հայկական մարդասիրական նախաձեռնութեան մասին:

-Տեղացի ժողովուրդը միշտ հայերուն մասին լաւ տպաւորութիւն ունեցած է. գիտէ, որ հայերը բարի գործեր կ՚ընեն, հաւատարիմ են, երբեք որեւէ մէկ հատուածի դէմ թշնամական դիրքորոշում չունին, գիտեն, որ հայերը մարդկային սկզբունքներու վրայ հիմնուած կը գործեն, հետեւաբար այս քայլը եւս արաբները կ՚ընկալեն որպէս ճիշդ եւ մարդասիրական նպատակներով առնուած քայլ: Լաւ ձեւով կ՚արտայատուին, ճիշդ ընկալած են, երբեք սխալ մեկնաբանութիւններ չլսեցինք այդ մասին:

-Արդեօք այս քայլը ձեւով մը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենա՞յ հայկական համայնքին վրայ:

-Անշուշտ, բնական է, որ այս քայլը միայն դրական պիտի ազդէ Սուրիոյ հայ համայնքին վրայ: Այնքան ատեն, որ այս խումբը մարդասիրական նպատակներով եկած է Սուրիա, այս քայլը մարդկային, մարդասիրական կողմէ պիտի դիտուի եւ հետեւաբար հայերուն աւելի յարգանքով պիտի մօտենան, որովհետեւ միշտ, երբ բարեկամը իր բարեկամին օգնութեան կը հասնի նեղ օրերուն, անոր քայլը կրկնակի իմաստ կը ստանայ: Երբ արաբները պիտի տեսնեն, որ Հայաստանէն հայեր իրենց նեղ օրերուն Սուրիա եկած են եւ իրենց հարցերով կը զբաղին, անշուշտ այդ մէկը լաւ անդրադարձ պիտի ունենայ տեղւոյն հայ համայնքին վրայ, որովհետեւ ի վերջոյ նոյն ժողովուրդն ենք. ի՞նչ տարբերութիւն՝ Հայաստանի հայ թէ տեղացի հայ:

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/25-03-2019-հայաստանի-մարդասիրական-առաքելութիւնը-կը-շարունակուի-հալէպի-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın