İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 29-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ

ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԷՆ 29 ՏԱՐԻ  ՅԵՏՈՅ
ՆՈՅՆԻՍԿ ՄԵԾ ԿԱՐՕՏՈՎ ԵՒ ԽՈՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՅԻՇՈՒՈՂ    ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ 
ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՇՆՈՐՀՔ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ:

             (27 Սեպտեմբեր 1913- 7 Մարտ 1990)

 Շնորհք Արք. Գալուստեան ծնած է 1913 թուականին, Եոզկատի Իյտէլի գիւղին մէջ: Աւազանի անունով կը կոչուէր Արշակ: Զաւակն էր գիւղին հարուստ եւ ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկուն:
Հայրը կը կոչուէր Միհրան, իսկ մայրըՙ Շուշան-Կիւլթանէ: Ունէր եղբայր մըՙ Արմէն եւ երկու քոյրՙ Անուշ եւ Շնորհիկ: Անոնցմէ Անուշ վաղամեռ եղաւ, իսկ Շնորհիկ կորսուեցաւ պատերազմի խառնաշփոթութեան մէջ: Ա. Աշխարհամարտին, 1915ին, երբ տակաւին հազիւ երկու տարեկան էր, Արշակ որբացաւ իր հօրմէն: Եղբայրը, Արմէն, իրմէ առաջ ղրկուած էր Թալասի Ամերիկեան որբանոցը, ուր ան յետագային այլ որբերու հետ զոհ գնաց ջերմի համաճարակին, 1923-ին:
Երբ Արշակ գիտակցութեան տարիքին հասաւ, կ՛ապրէր մօրըՙ Շուշանին եւ քրոջըՙ Շնորհիկին հետ:

1922-ին, փոքրիկն Արշակ բաժնուեցաւ իր մօրմէն, երթալու համար նախ Նահր Իբրահիմի «Լիբանան», ապա Նազարէթի «Պաղեստին» ամերիկեան որբանոցները, իսկ յետոյ Կեսարիոյ Թալաս գիւղի Ամերիկեան քոլէճը, որ որբանոցի վերածուած էր այդ օրերուն, ուր ապաստան գտած էր նաեւ իր եղբայրըՙ Արմէն:

Այդ թուականէն սկսեալ փոքրիկն Արշակ առանձին էր այլեւս, զուրկ ընտանեկան տաքուկ յարկի մը ընձեռած բարիքներէն: Այնուհետեւ, ան 33 երկար տարիներ ետքՙ 1955ին էր որ պիտի գտնէր իր սիրեցեալ մայրը:
Երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք ունեցաւ դժնդակ մանկութիւն մը, ճաշակելով կեանքի բազմապիսի դառնութիւնները.
1961-1990  ժամանակաշրջանի Թուրքիոյն Հայոց Պատրիարք Արք.Շնորհք Գալուստեան  իր վախճանումէն 29 տարի յետոյ  իսկ դեր մեծ կարօտով ու խոր յարգանքով կը յիշուի :
Ան ,այնպիսի հոգեւոր առաջնորդ պատրիարք մըն էր որ, իր ուրոյն տաղանդը ու առանձնայատկութիւնները  ունէր, որոնց գլխաւորները կարելի է հետեւալ ձեւով  շարել: Համայնքի եւ իր ժողովուրդի նկատմամբ ունեցած սէր ու գութը,իսկական հոգեւոր առաջնորդ մը ըլլալու յատկութիւնը, յատկապէս Անատոլուէ գաղթած երիտասարդներու նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութիւնը ու հայրական մօտեցումը , գաղթական հայ երիտասարդներու դաստիրարկութեան  ու  տոհմիկ կրթութեան կապակցութեամբ ունեցած հոգետարութիւնը, իր կեցուածքով ու խօսքերով հեղինակութիւն մը ու յարգալիր անհատականութիւն մը  ըլլալու հանգամանքը: Ան ազնիւ վերաբերմունքով բոլոր տեսակ բացասական ու նեղացուցիչ հարցերու ու պարագաներու դէմ շիտակ ու վճռակամ ձեւով  իր համայնքին տէր կանգնող ,իրական հոգեւոր առաջնորդ մըն էր, Համայնքին  ՛՛Հայր՛՛ն էր : Հիմնական վարուելակերպ մը ունէր բոլորին  հանդէպ, մարդոց անխտիրութեամբ ու մարդասիրութեամ  կը մօտենար :
Իսկական վանական մըն էր,երջանակայիշատակ պատրիարքը ,Իսթանպուլի Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի նկատմամբ  մասնայատուկ սէր ու ջերմ մօտեցում մը  ունէր:
Այգեգործութեամբ եւ հողի հետ  սիրով ու հետաքրքութիւնով կ՛զբաղէր,ունէր նաեւ արդիւնաբեր ու զօրաւոր գրիչ մը,օժտուած էր գրական շնորհներով ,որպէս արձակագիր ,թարգմանիչ,փիլիսոփայ ,կրօնական  հեղինակն էր, եկեղեցական, բարոյագիտութեան,փիլիսոփայական,դաստիրակչական ու  ընկերային նիւթերու շուրջ բազմաթիւ գիրքերուն :

Բացի այսոնցմէ ,լաւ դաստիրակ ու ուսուցիչ մըն էր  նաեւ, պարտաստեծ  հոգեւոր առաջնորդներ , իր աշակերտներէն եղած են,Մեսրոպ Արք.Մութաֆեան,
Գարեգին Արք. Պեքճեան, Արամ Արք. Աթէշեան ,Սահակ  Մաշալեան Սրբազան եւ նաեւ բազմաթիւ հոգեւորոկաններ .
Այսօր ,զինքը կը յիշենք մեծ կարոտով ու ակնածանքով.
Աստուած հոգին լուսաւորէ.

Տքթ.Սարգիս Ատամ   

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın