İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԻՒՆԵՍՔՕ»Ն ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊՈՐՏԱՍԱՐԸ ՆԵՐԱՌԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ

«Ակունք»ը վկայակոչելով «Իւրօ նիւզը» կը հաղորդէ, որ «ԻւՆԵՍՔՕ»ն որոշած է  Թուրքիոյ ներկայ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Պորտասարը (թրքական անուանումը` Կեոպեքլիթեփէ) ընդգրկել Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ:

Աղբիւրին համաձայն, սոյն որոշումը Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն ընդունած է 3 Յուլիս 2018-ին Պահրէնի մէջ տեղի ունեցած իր 42-րդ նիստին ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ 6 տարի առաջ Պորտասարը ներառուած էր «ԻւՆԵՍՔՕ»ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին մէջ:

Պորտասարի հնավայրը կը համարուի աշխարհի ամենահին տաճարի հայրենիքը, որ ըստ մասնագէտներու` 12.000 տարուան կեանք ունի:

1995-էն ի վեր գերմանացի եւ թուրք հնագէտներ պեղումներ կը կատարեն այդտեղ: Մասնագէտները կ’ենթադրեն, որ առայժմ յայտնաբերուած է սոյն հնավայրին 5 առ հարիւրը միայն:

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/03/41034/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın