Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի, Տիարպեքիրէն ընտրուած, հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան օրեր առաջ խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին շնորհաւորած էր Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով ու կոչ ուղղած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պատշաճ կերպով արձագանգելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար երկխօսութիւն սկսելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութեան:
«Յաջողութիւն Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ընկերներուն» նախադասութիւնը Փայլան արտասանած էր հայերէն:
«Թերթ»ը կը գրէ, որ Փայլանի հայերէն խօսքը խորհրդարանէն ներս բարկացուցած է ազգայնականները:
«Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտօնական լեզուն թրքերէնն է եւ ատիկա ամրագրուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ: Երբ շարք մը քիւրտ պատգամաւորներ իրենց երդումը քրտերէն արտասանեցին, այդ մէկը բողոքարկուեցաւ ու անոնց պարտադրուեցաւ անգամ մը եւս արտասանել երդումը՝ այս անգամ թրքերէն: Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ Թուրքիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր ազգ Խորհրդարանէն ներս սկսի իր լեզուով խօսիլ», լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ միաւորում» (ASİMDER) կազմակերպութեան նախագահ Կեոքսէլ Կիւլպէյ:
Ան մեղադրած է հայազգի պատգամաւորը խորհրդարանի ամպիոնը իր շահերուն համար օգտագործելու, թուրք ազգը ցեղասպանութեան համար մեղադրելու համար:
Իսկ վերջին հայերէն նախադասութեամբ, ըստ Կիւլպէյի, Փայլան փորձած է «գաղտնի ուղերձ» մը յղել՝ ակնարկելով, որ պիտի շարունակէ շահարկել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Խորհրդարանէն ներս:
İlk yorum yapan siz olun