Տարի մը եւս կը թողունք մեր ետին ,պիտի թեւակոխենք նոր տարիէ մը ներս: Հին տարին մեր անցեալի մաս պիտի կազմէ, իր յիշատակութեան արժանի ուրախ,զուարթ,տխուր,յաջող ու անյաջող դէպքերով: Իսկ նոր տարին,մեր յոյսերը,պահանջքները ու փափաքները պիտի նորոգէ ու պիտի գրգռէ, նաեւ մեր առջեւ պիտի բանայ նոր հօրիզոններ : Տարի մը որը, իր իմաստը կ՛առնէ նորութեան գաղափարին մէջ: Բոլորս ալ կը ցանկանք նորութեան, կ՛երազենք, կը մաղթենք նորութիւն ու կը յուսանք ՝, հակառակ որ, յաճախ յուսահատութիւններ եւ յուսախաբութիւններ կ’ապրինք : Երբ, նորը կը յայտնուի մեր առջեւ, հինը կը մոռնանք, կ՛անտեսենք ու ընդհանրապէս չենք փափաքիր անոր դարձը:
Մեր կեանքի ելեւեջներու մէջ,ատեն ատեն կ’ապրինք յաջողութիւններ եւ նաեւ անոր կից ձախութիւններ,խաղաղաութեան քովը կռիւը, արցունքի քով հրճուանքը,երջանկութեան քով դժբախտութիւնը, բախտութեան քով անբախտութիւնը, առողջութեան քով հիւանդութիւնը, խանդավառութեան քով տանջանքը,անդորրութեան քով վրդովանքը,հարուստութեան քով աղքատութիւնը,նոր յոյսերու իրականացման քով յուսախափութիւնը:Այս բոլորն ալ քով քովի իրարու հետ մտերիմ բարեկամներ են :Երբեմն ալ,անոնք մեր կեանքի ընթացքին մէջ իրարու հետ տեղ կը փոխեն:
Ինչպէս որ, միւս անցեալ բոլոր տարիները ,2018 թուակիր տարին ալ եղաւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի համար անակնկալներով լեցուն տարի մը: Ապրեցանք ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը, առողջութիւնն ու հիւանդութիւնը, խաղաղութիւնն ու պատերազմը: Լացինք ու խնդացինք: Պիտի փորձենք էջ մը դարձնել մեր կեանքէն , գիտնալով հանդերձ թէ, այդ դարձուած էջը՛, չի կրնար չընկերանալ մեզի, մեր կեանքին բոլոր տարիներուն ընթացքին եւ մենք չենք կրնար վերապրիլ այդ էջին մէջի ապրումները, այնպէս, ինչպէս՛, երբ գիրքի մը էջը դարձնենք, այդ էջը կը մնայ տպուած ու հաստատուած գիրքին մէջ, եւ անոր բովանդակութիւնը՝ մեր մտքին մէջ:
Մենք,մեր կեանքը կ՛ապրինք նորութիւններ երազելով ու սպասելով:Երազելը գեղեցիկ իսկ սպասելը հաճելի է: Սակայն, ըստ իս, մեզի համար կարեւագոյնը, ՛՛Հաշտութիւն՛՛ը,”Սէր” ը, “Հաւատք”,ը եւ “Յոյս”ն է, որոնք մարդուս կեանքի ընթացքին ուղղութիւն կուտան: Եթէ `,մենք ”Հաւատք”ի համար հաւատալը, ”Սիրուելու” համար սիրելը, “Յուսալու ” յոյս տալը ,”Հաշտութեան” համար հաշտուիլը լաւ սորված ենք եւ անոնք լիակատար կրնանք իրագործել ,այդ պարագային , մեր ապրած կեանքը մեզի համ կուտայ:
Քրիստոսի սուրբ Ծննդեան առթիւ եւ նոր տարուան սեմին, մեր բոլորին մաղթանքն է որ Յիսուս Մանուկի ծնունդը թող ըլլայ,ամբողջ աշխարհի համար ՛՛Հաշտութեան՛՛ ու ՛՛Խաղաղութեան՛՛ յոյսի լուսանշան: Մեր աղօթքը բարձրացնենք խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ որ ,դադրին պատերազմներն ու հալածանքները ամենուրեք, յիշելով համայն աշխարհի երկիրները ։ Մեր սրտագին փափաքն է որ ,համայն աշախարհի քաղաքական հիմնախնդիրները իրենց արդար լուծումը գտնեն, ժողովուրդները ծաղկին ու բարգաւաճին: Համայն աշխարհը վերագտնէ իր երբեմնի փառքի օրերը:
Եթէ`,մենք,մեր ետին թողած տարուայ համայնքային, մշակոյթային, երիտասարդական,ընկերային կեանքին ակնարկ մը նետենք, կը տեսնենք շարք մը ուրախալի եւ ազգօգուտ աշխատանքներ,սակայն կան նաեւ,շարք մըն ալ այնպիսի աշախատանքներ որոնք,թերեւս թերի են,թերեւս ալ գերակատար աստիճանի չի հասան, մենք այդ աշխատանքները, առանց հիասթափութեան մատնուելու որպէս, յուսադրիչ աշխատանքներ նկատելով ,կրկին աչքէ անցնելու ենք.
Տարեվերջին ,նոր տարուայ գիշեր զիրար պիտի շնորհաւորենք ջերմագին ու լաւագոյն բարեմաղթանքներով, թերեւս ալ իրարու նուերներ պիտի փոխանակենք,տեսնելու համար երջանիկ, ուրախ դէմք մը կամ ժպիտ մը որը,մեզ ալ պիտի երջանկացնէ:
Ամանորի գիշեր ,բոլորս ալ, նոր տարին պիտի դիմաւորենք եւ նոր տարիէն ներս մուտք պիտի գործենք տարբեր միջոցներով, բայց բոլորս պիտի ապրինք ու պիտի վայելենք նոյն պահը, ,պահ մը որ,հոգապէս պիտի գոհացնէ մեզ : Ահա,այդ պահուն ,մեր ներաշխարհին մէջ պիտի ծնի նոր կեանք մը,նոր յոյս մը, նոր ոյժ մը, նոր պահանջք մը, նոր ճամբայ մը եւ ինչ ինչ նորութիւններ, որոնք մեզի պիտի առաջնորդեն դէպի նոր հօրզոններու.
Ամանորի (Նոր տարի) տօնը , ընդունուած օրացոյցով տարբեր ժողովուրդներու կողմէ կը նշուի ընթացիկ տարուայ վերջին օրուայ եւ յաջորդ տարիի օրուայ գիշերը: Միջագետի տարածքին մէջ,նոր տարին նշելու սովորութիւնը գոյութիւն ուներ թեռևս Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին: Ամանորով կը նշուի տարուայ սկիզբը։ Տարին ,ժամանակի այն ժամանակաշրջանն է, որի ընթացքին ՛՛Երկիր՛՛ մոլորակը ,Արեգակի շուրջը լրիւ պտոյտ մը կը կատարէ:
Յունուար 1- ը՝ որպես տարուայ սկիզբ, սահմանուել է Հռոմի կայսր Յուլիոս Կեսարի կողմէ Ք.ա 46 թ.-ին։
Տարուայ գաղափարն առաջին անգամ ծագել է Հին Արեւելքի մշակոյթային կենդրոններէն Եգիպտոսի մէջ: Այն կը կապուի Նեղոս գետի(Նիլ) յորդահոսման ։ Որով պայմանաւորուած էր ,Եգիպտացիների կեանքը, երկրագործական աշխատանքները։Նեղոս գետի(Նիլ) ի յորդահոսման սկիզբը կը զուգադիպէր Սիրիուս աստղի երևալուն։ Եւ ահա այդ աստղի և Նեղուս գետի յարդահոսման միջև ընկած ժամանակաշրջանն ալ կոչեցին ՛՛Տարի՛՛։Աշխարհի երկիրներու մեծ մասը Ամաորը կը տօնեն Յունուար 1-ին,որը ըստ Գրիգորեան Օրացոյցի տարուայ առաջին օրն է:
Սիրելիներ, Եկեք.
Դանիէլ Վարուժանի ”Անդաստան” ով միասնաբար մեր ետին թողունք հին տարին եւ ուրախ ,վառ յոյսերով մուտք գործենք նոր տարիէն ներս:
ԱՆԴԱՍՏԱՆ
Դանիէլ Վարուժան
Արեւլեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւն թող ըլլայ
Ո’չ արիւններ,քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամէն գիւղակի’
Օրհներգութիւ’ն թող ըլլայ:
Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերութի’ւն թող ըլլայ..
Ամէն աստղէ ցօղ կայլակի
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի,
Եւ ոչխարներն երն սարին վրայ արաածին’
Ծիլ ու ծաղիկ’ թող ըլլայ:
Հիւսային կողմն աշխարհի
Առատութիւ’ն թող ըլլայ
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդին
Ու լայն ամբարն աղուաններուն երբ բացուի’
Բերկութիւն’ թող ըլլայ:
Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերում’ թող ըլլայ…
Ծաղկի’ մեղրը փեթակներուն
Յորդի գինին բաժակներուն,
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի’
Սիրերգութիւն’ թող ըլլայ
Դանիէլ Վարուժան.
Ամանորի, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտբութեան տօներու առթիւ, ջերմ շնորհաւորանք եւ լաւագոյն բարեմաղթանքներով ,ձեր բոլորին կը մաղթեմ հոգեկան խաղաղութիւն,մարմնական առաողջութիւն,գործերու յաջողութիւն ,սիրտերու երջանկութիւն եւ միտքերու իմաստութիւն:Նոր Տարին, արդիւնաբեր ու խաղաղաբեր թող ըլլայ.
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Օրհնաբեր ու շնորհառատ Սուրբ Ծնունդ
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզ ,մեզ ,մեծ աւետիս
Աստուածային Օրհնութիւնը ձեր բոլորին վրայ ըլլայ.
İlk yorum yapan siz olun