Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ իր նստավայրէն ներս ընդունած է Հայաստանի մէջ սուրիական համայնքի պատուիրակութիւնը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Սուրիոյ հանրապետութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը:
«Արեւելք»ի աղբիւրին փոխանցմամբ պատուիրակութիւնը նախագահած է վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած դամասկահայ բժիշկ Տօքթ. Ճօրճ Բարսեղեանը։
Հանդիպման ժամանակ քննարկումները կեդրոնացած են երկրի ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին մասին:
Աղբիւրին համաձայն Հայաստան հաստատուած սուրիացի գործարարներ իրենց ցանկութիւնը յայտնած են այդ գործընթացին մասնակցելու վերաբերեալ:
Նախագահ Ասատ ընդգծած է, որ Սուրիոյ բարեկամ համարուող Հայաստանի Հանրապետութեան որդեգրած սկզբունքային դիրքորոշումները եւ Սուրիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական պատերազմի ողջ ընթացքին իր ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստանը ըլլայ այն առաջատար երկիրներէն, որոնք արդար իրաւունքն ունին մասնակցելու Սուրիոյ վերականգման աշխատանքներուն:
İlk yorum yapan siz olun